Ամանորի եւ Ս. Ծննդեան տօներուն առիթով, կու գամ սրտագինս ողջունելու լիբանանահայ մեր ժողովուրդի զաւակները եւ մաղթելու, որ Ս. Ծննդեան նորոգող եւ կենարար լոյսը բոլորին բերէ նոր, աւելի բարօր, աւելի ազնիւ եւ ներդաշնակ կեանքի մը փորձառութիւնը:
Կ՛անդրադառնամ, որ յատկապէս միջինարեւելեան կեանքի անկայուն մեր պայմաններուն հետեւանքով, մեր ժողովուրդը 2015 տարին կը փակէ ծանրաբեռնուած աշխարհի հարցերով եւ առօրեայ կեանքի մտահոգութիւններով: Այլ սակայն, ահաւասիկ, դարձեալ Նոր տարին է մեր դիմաց եւ մենք, տօնական մթնոլորտի մէջ, կը հրաւիրուինք վերյիշելու, որ քսանմէկ դարեր առաջ, Բեթղեհէմի մթին երկնակամարին վրայ շողացող աստղի մը յայտնութեամբ, Փրկիչին ծննդեան աւետիսը տրուեցաւ տագնապահար մեր աշխարհին ու մարդկութեան:
Աստուած մարդացաւ, որպէսզի կեանքին մէջ Իր ներկայութեամբ, աշխարհը շարունակաբար ողողուի Աստուծոյ ճանաչողութեան ճառագայթով:
Վստահաբար, ընկերային ու հասարակական տագնապներով լեցուն մեր առօրեային մէջ, այսօր մենք դարձեալ կարիքը կը զգանք երկնային պայծառ լոյսի մը յայտնութեան, որպէսզի անով կարենանք կրկին անգամ հարազատօրէն վերապրիլ Ս. Ծննդեան կենսատու աւետիսը` անով լուսաւորելու մեր գոյութիւնը եւ անոր առաջնորդութեամբ հասնելու աւելի գեղեցիկ, աւելի ազնիւ եւ աւելի արդար ու աստուածահաճոյ կեանքի մը պայմաններուն:
Հետեւաբար, մեր սրտագին մաղթանքն է, որ 2016 թուական մուտք գործենք երկնային կենարար լոյսի առաջնորդութեամբ, աստուածաստեղծ կեանքի հարազատ պատկերը մեր աշխարհին մէջ դարձեալ վերականգնուած տեսնելու անկեղծ բաղձանքով ու հոգեկան մեր խռովքը ընդմիշտ փարատելու տենչով:
Սակայն բոլորս ալ գիտենք, որ ներկայ աշխարհին մէջ անհրաժեշտ են բարոյական կամք, մասնաւոր հոգեւոր ճիգ եւ գիտակից հաւատք, որպէսզի Ս. Ծննդեան նորոգող եւ կենդանարար լոյսը թափանցէ աշխարհով կլանուած մարդկային մեր գիտակցութեան մէջ եւ հասնի մեր հոգիներուն: Բոլորս ալ կ՛անդրադառնանք նաեւ, որ օտարամուտ բարքերու դիմաց, ներքին կործանարար տագնապներու հանդիսարանի սկսած է վերածուիլ նաեւ մեր ընտանեկան եւ ազգային առօրեան: Այո՛, այսօր, ափսոսանքով պէտք է նաեւ անդրադառնանք, որ մեր կեանքէն սկսած են նահանջել ու անհետանալ նաեւ այն քրիստոնէական առաքինութիւններն ու ազգային տոհմիկ բարքերը, որոնք դարեր շարունակ, նոյնիսկ սփիւռքեան պայմաններու մէջ, պայծառատես հաւատքի եւ հերոսական ճիգի մէջ պահեցին մեր ժողովուրդը:
Արդ, տօնական այս մթնոլորտին մէջ, աշխարհի մտահոգութիւններէն եւ տագնապներէն չսասանելու ցանկութեամբ, մեր կեանքին մէջ երկնային լոյս եւ առաջնորդութիւն ունենալու անկեղծ տենչով ու մարդկային ընկերութեան մէջ սիրոյ, արդարութեան ու ճշմարիտ եղբայրութեան ներդաշնակ կեանք տեսնելու սրտագին սպասումով, մեր հոգիի աչքերը ուղղելով դէպի Աստուած` դէպի աղբիւրը բոլոր բարիքներուն եւ անմահական պարգեւներուն, հեղ մը եւս մեր սրտի բաղձանքը միացնենք հրեշտակներու երկնաբարբառ մեղեդիին եւ ըսենք.
«Փառք ի բարձունս Աստուծոյ եւ յերկիր խաղաղութիւն, ի մարդիկ հաճութիւն»:
Ամանորեան այս մթնոլորտի մէջ կու գամ ի սրտէ մաղթելու, որ Ս. Ծննդեան վերափոխիչ եւ կենդանարար շունչը մեր մէջ ծնունդ տայ աւելի բարիին, աւելի վսեմին ու ճշմարիտին: Թող որ աստուածային օրհնութեան հետ, մեր կեանքին մէջ դարձեալ ճառագայթեն հայ եկեղեցւոյ ու հայոց պատմութեան դարաւոր արժէքները, որպէսզի մենք կարենանք նաեւ մեր հաւաքական կեանքը վարել երկնային լոյսի առաջնորդութեամբ, աչալուրջ եւ շրջահայեաց կենցաղով, ազգային շունչով ու հայրենական հաւատարմութեամբ:
Թող ամենաբարին Աստուած օրհնէ մեր հայրենիքը եւ զայն դարձնէ աւելի բարգաւաճ ու ծաղկուն, կեանքի կործանարար անակնկալներէն պաշտպանէ Լիբանանը, զօրացնէ մեր ազգի կեանքին մէջ գործող եկեղեցիները, վարժարանները, հոգեւոր եւ ազգային կեդրոններն ու կառոյցները եւ զանոնք շարունակաբար մղէ ապագայատեսիլ աշխատանքի: Եւ վերջապէս, երկնային լոյսի հպումին կարօտ հաւատացեալ մեր ժողովուրդին կը մաղթենք բարի տարի, արի հաւատք եւ երկնային կենդանարար լոյս:
Շնորհաւոր Նոր տարի: Ձեզ եւ մեզ մեծ աւետիս. Քրիստոս ծնաւ եւ յայտնեցաւ:
Օրհնեալ է յայտնութիւնն Քրիստոսի:
Աղօթարար`
ՇԱՀԷ ԵՊՍ. ՓԱՆՈՍԵԱՆ
ԱՌԱՋՆՈՐԴ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՀԱՅՈՑ