Quantcast
Channel: Անդրադարձ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 13471

Խմբագրական «Հայրենիք»-ի. Տարուան Մարդը

$
0
0

khemp-2_010616

Ամանորի առթիւ սովորութիւն դարձած է ընտրել տարուան քաղաքագէտը, տնտեսագէտը, արուեստագէտը, մարզիկը, եւ դեռ շարքը երկար է: Նմանօրինակ ընտրութիւն կամ մրցանք տարիներէ ի վեր ստեղծուած սովորութիւն է… իսկ ներկայ համաշխարհայնացած օրերուն` հաւանաբար շահաբեր չափազանցութիւն կամ հասութաբեր աւելորդաբանութիւն: Բնականաբար այս տարեվերջի մրցանակաբաշխութիւնը, մեր հայրենիքէն ներս ալ ընդհանրացած է:

Սակայն այս ստեղծուած եւ երբեմն շինծու նկատուած տարուան լաւագոյնին կամ տարեշրջանի անձնաւորութեան կարելի է այլ կերպարանք, այլ ընթացք տալ եւ մոռցուած կամ լուսանցքի տակ առնուած անծանօթ տիպարներ, անյայտ հայորդիներ նկատել տարուան մարդը:

Հաւանաբար, եթէ տեղեկացնենք, որ երեւանաբնակ Կարէն Յարութիւնեանը կը պատկանի այդ փաղանգին եւ կարելի է զինք նկատել այս տարուան հերոսը, առաջին հերթին, հարց պիտի տանք, թէ ո՞վ է այս մարդը, կամ աւելի ճիշդը ինչպէ՞ս կարելի է զանազանել այս մէկ Կարէն Յարութիւնեանը միեւնոյն անունն ու մականունը կրող եւ հաւանաբար քանի մը հատին պարագային ալ, միեւնոյն տարիքը բոլորած Կարէններուն հետ:

Այս տարուան հերոսը` Կարէն Յարութիւնեանը, կը տարբերի միւսներէն: 42 տարեկան այս երեւանաբնակ ընտանիքի հայրը այն Կարէնն է, որուն երկու զաւակներէն մէկը` քսանամեայ Արշակը, զոհուեցաւ, երեք այլ հայորդի բանակայիններու կողքին, անցեալ մարտին, յետ ազերի բանակի մէկ անակնկալ յարձակումին:

Իր կարգին, նախապէս հայրենի բանակին ծառայած Կարէն Յարութիւնեան 15 տարիէ ի վեր վերադարձած էր տուն, իր ընտանեկան պարտաւորութիւնները կատարելու եւ կողակիցին ու ընտանեկան պարագաներուն հետ կեանքը շարունակելու:

Սակայն Կարէն Յարութիւնեանի կեանքը շատ աւելի դժուարացաւ, եւ իր զաւակին մահուան գոյժէն ետք, չկրցաւ համոզուիլ պատահածին: Իր մէջ հետզհետէ զարգացաւ վրէժխնդրութեան բուռն մարմաջը:

Նոյնիսկ Կարէն այցելեց իր զաւակին եւ անոր զինակիցներ` Էդուարդի, Յակոբի եւ Սամուէլի նահատակութեան վայրը, Արցախի սահմանամերձ խիտ անտառներուն մէջ:

Կարէն Յարութիւնեանի մէջ յստակացած էր կատարուելիքը` ապառնին:

Ան որոշեց վերադառնալ ռազմաճակատ, հոն, ուր աւելի մօտիկ պիտի զգայ ազգին համար զոհուած իր որդւոյն:

Կարէն Յարութիւնեանի պահանջածն ու փափաքածը պարզ եւ «կաթիլ մը մեղրէ» յառաջացած վիճաբանութենէ մը ծագած ոճիր չէ, ո՛չ ալ անոր յաջորդող` վրէժ ու վենտեթա մը: Ընդհակառակը, անոր համար յստակ է, որ ազգային շահերը կրնան վտանգուիլ, եւ ան մտադրած է ամէն գնով պաշտպանել իր հայրենիքը:

Կարէն Յարութիւնեան ամենայն ինքնավստահութեամբ դիմած է վերստին միանալու հայոց բանակին եւ մեկնելու ճակատ:

Կարէն եւ իրմէ առաջ իր առջինեկ զաւակը` Արշակը կրնային միանալ երկրէն հեռացողներու հոսանքին: Սակայն անոնց համար տարբեր իմաստ ունին հայրենի հողն ու հայրենասիրութիւնը:

Ահաւասիկ տարուան մարդը, տարուան հերոսը:

30 դեկտեմբեր 2015

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 13471

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>