Թերթի մը համար տարեկան հրապարակային թափանցիկ հաշուեյարդարը կարեւոր կը համարենք` ե՛ւ մեր ընթերցողներուն հետ կիսելու մեր մտահոգութիւններն ու առաջադրանքները, ե՛ւ ակնկալելու «Գանձասար»-ի յառաջընթացին ի նպաստ խմբագրութեանս ուղղուած կառուցողական եւ շինիչ առաջարկներու, քննադատութեանց առնչուող նամականիի հաստատումը:
2015-ը իր աւարտին հասաւ: Պատերազմական տարի մը եւս գլորեցինք. տարի մը, որ լի էր դժուարութիւններով, հիասթափութիւններով, միաժամանակ` մաքառումներով ու հոսանքն ի վեր թիավարելու վճռակամութեամբ:
Սուրիական պատերազմի, յատկապէս Հալէպի պայմաններուն մէջ, երբ ելեկտրականութիւնը համարեա՛ անջատուած է, համացանցի ծառայութիւնը` խափանուած, թերթի տպագրութեան համար թուղթ ապահովելն անգամ դժուար, տպագիր մամուլ, պաշտօնաթերթ պահելը (երբ պետական տպագիր մամուլն անգամ Հալէպի մէջ դադրած է հրատարակուելէ) ինքնին ձեռքբերում ու պայքար կը համարուի:
«Գանձասար» անցնող տարուան մէջ անխափան ընթացքով լոյս տեսաւ, հրատարակուեցաւ Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին նուիրուած բացառիկը, որուն շնորհահանդէսը լուսարձակի տակ առաւ հրապարակուած իւրաքանչիւր նիւթ եւ առիթ հանդիսացաւ կարծիքներու փոխանակման:
Հակառակ տնտեսական դժուարութիւններուն, համացանցային ծառայութեան երկարաժամկէտ ընդհատումին, կարեւոր համարելով մամուլի ելեկտրոնային մարզի աշխուժացման հրամայականը եւ ի կատար ածելով մեր նախորդ տարուան խոստումը` բարելաւուեցաւ «Գանձասար»-ի կայքէջը, աշխուժացաւ «Գանձասար»-ի ներկայութիւնը ընկերային ցանցի վրայ: Թերթի` Դիմատետրի, որուն միջոցով նաեւ կայքէջի օգտատէրերուն թիւը հասաւ 13 հազարի: Այսպիսով, «Գանձասար» դարձաւ սուրիահայութեան ձայնը համայն հայութեան հասցնող վաւերական աղբիւր:
Անապահովութեան ու հրթիռներու տարափին տակ տպագրութեան եւ ցրւումի աշխատանքները եւս կանգ չառին: «Գանձասար»-ը հասաւ բոլորին:
Այս տարուան գլխաւոր նորութիւններէն համարուեցան թերթի աշխատակիցներու, յօդուածագիրներու խորհրդակցական պարբերական հանդիպումները, որոնք առիթ հանդիսացան թերթի ընթացքին եւ համայնքային տարբեր աշխատանքներու գծով մտքերու փոխանակման եւ սրտբաց քննարկումներու:
Հալէպի իր թղթակիցներուն կողքին, «Գանձասար» ունեցաւ իր մնայուն թղթակիցները Սուրիոյ կարգ մը շրջաններուն մէջ: Թղթակիցներու մեր ցանցը սակայն կը կարօտի ընդլայնման:
Հակառակ գաղութէս ներս մարդուժի նօսրացման, ակնառու էր Հալէպէն մեկնած թէ Հալէպ բնակող սուրիահայ հրապարակագիրներու ժրաջան գործակցութիւնն ու սուրիահայ համայնքը յուզող տարբեր նիւթերով շարունակական յօդուածներու, հարցազրոյցներու լոյս ընծայումը «Գանձասար»-ին մէջ: Ինչ որ, համահայկական տարբեր հարցերու արծարծման կողքին, թերթը դարձուց սուրիահայութեան գլխաւոր բեմը:
Այսուհանդերձ, ժամանակակից մամուլի հեւքոտ վազքին հասնելու համար զերծ չմնացինք բացթողումներէ:
Քաջալեր հանդիսանալով հանդերձ մասնագիտացած մարդուժի պատրաստութեան, չյաջողեցանք ունենալ սուրիահայութեան տագնապի բազմաթիւ կողմերը հետաքննող, հարցաքննութիւններ, լրատուական տեղեկագրեր պատրաստող ու այս աշխատանքին տրամադրուող մարդուժ (թէկուզ` սիրողական մակարդակով):
Զարգացնելով տեղական լրահոսը` երբեմն թերացանք համահայկական կամ միջազգային լրատուութեան հետ քայլ պահելու աշխատանքին մէջ, յատկապէս նկատի ունենալով շաբաթաթերթ ըլլալու «Գանձասար»-ի հանգամանքը:
«Գանձասար»-ի տարեկան բացառիկը այս տարի եւս չհրատարակուեցաւ: Այս իմաստով անհրաժեշտ է յառաջիկայ տարեշրջանին յաղթահարել տարեկան բացառիկի հրատարակման դժուարութիւններն ու հրատարակել գաղութի ազգային, մշակութային կեանքը արտացոլացնող ու սուրիահայութեան տագնապը ամփոփող բացառիկ թիւ մը:
Յառաջիկայ տարի յաւելեալ աշխատանքով պիտի կարենանք սրբագրել այս բացթողումներն ու հնարաւորինս ձգտիլ քայլ պահելու սփիւռքահայ մամուլէն ակնկալուած չափանիշներուն հետ:
Շնորհակալութիւն կը յայտնենք բոլոր անոնց, որոնք անվերապահօրէն գործակցեցան մեզի հետ, քաջալերեցին ու խրախուսեցին մեզ:
«Գանձասար»-ի երիտասարդ աշխատակազմը միեւնոյն նուիրումով ու յանձնառութեամբ պիտի շարունակէ ծառայել հայ մամուլին` հակառակ տագնապի պատճառով յառաջացող բազմաբնոյթ դժուարութիւններուն:
Խաղաղ ու անամպ երկինք կը մաղթենք սուրիական հայրենիքին ու մայր մեր Հայաստանին:
Զ. Պ.