Quantcast
Channel: Անդրադարձ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 13549

Զրոյցէն Ետք

$
0
0

ԻՇԽԱՆ ՉԻՖԹՃԵԱՆ.- Հիմա որ զրոյցը իր աւարտին հասաւ, աւարտեցա՞ւ անոր աւարտին հետ նաեւ… ամէն տագնապ, ամէն խօսք:

Այս զրոյցէն կարեւորագոյն ձեռք բերելին կրնայ ըլլալ հոս արծարծուած հարցերուն արտաբերումը, բանաձեւումը, յստակացում` կարելիութեան սահմաններուն մէջ: Կարելի էր ուրիշ զրուցավայր ընտրել, սակայն սուրիական պատերազմի ու յատկապէս Հալէպի կացութեան, անոր դերին ու անոնց մէջէն սփիւռքի հայկական ընդհանուր հարցերուն հասնելու յարմարագոյն վայրը նոյնինքն տեղի մամուլն է:

Պատերազմէն ու Հալէպէն, այսինքն նեղ ու անձուկ կացութենէն ու վայրէն մեկնելով դէպի ընդհանուր վայր ու ընդհանուր հայկական կացութիւն, թէեւ` յատկապէս մնալով սփիւռքի սահմաններուն մէջ,  երբեք չենք կրնար, այսօր, լաւատեսութեան ու դրապաշտութեան դրօշներ ծածանել, երբ մեր կեանքը ինքնաքանդումի լուրջ ճեղքեր ցոյց կու տայ մեզի: Այդ ճեղքերուն մատնանշումէն ետք միայն կարելի է պայքարիլ անոնց դէմ: Անոնց անտեսումը կա՛մ տհասութիւն է, կա՛մ ինքնախաբէութիւն: Առանց պայքարի` ախտաճանաչումն ալ ոչ ոքի օգուտ կը բերէ: Ախտաճանաչումէն առաջ` անոր զուգահեռ ու զայն զանցող պայքարը դարմանելու կոչում ունի: Դարմանումը երբեմն երկար ու երբեմն ալ կարճ ու հատու հոլովոյթ մըն է, նայած` պայմաններուն:

Զրոյցին երկայնքին փորձեցի հիմնական հարցերու հանդէպ արմատական կեցուածք ցուցաբերել: Անիմաստ լաւատեսութեան, անարմատ գովասանքի եւ անհիմն քննադատութեան արդիւնքը մեզ կրնայ անպատասխանատուութեան գիրկը նետել, եթէ արդէն իսկ չէ նետած: Որեւէ կացութեան պատասխան տալով կարելի է զայն հասկնալ: Սփիւռքի մէջ ինքնութեան մշտական կառուցումը կրնայ տեղի ունենալ` իբրեւ խմբական կամ անհատական իրականութիւն, լեզուով կամ անլեզու, մօտեցումի գաղափարալից կամ անգաղափար բովանդակութեամբ, աշխարհի ցանցային ու համացանցային գոյութեան նկատմամբ կեցուածք ունենալով: Աս է, որ կը թելադրեն նորագոյն զարգացումները, եթէ ականջ ունինք լսելու, աչք ունինք տեսնելու:

Այս բոլորը կը դիտուին սուրիական պատերազմին ու յատկապէս Հալէպի տագնապին բովին մէջ, բայց կ’անցնին անոնցմէ անդին, որովհետեւ պատերազմը կրնայ լարել մեր ուժերը, ստիպել, որ ապրինք ու նախկինէն աւելի լաւին դիմենք: Այս տեղի կ’ունենայ,  բնականաբար, երկու զուգահեռ զարգացումներով` Հալէպէն կամ Սուրիայէն ներս եւ դուրս: Դուրսը եւ ներսը ի՞նչ տեղի կ’ունենայ հիմա` կրնան ներսն ու դուրսը իրարու պատմել, իրարու փորձառութիւն փոխանակել` առանց այպանելու զիրար, առանց հեռանալու իրարմէ, առանց ուրանալու իրենց կապակցութիւնը` իր ներկայ բարդ ու բազմատեսակ զարգացումներով:

Վերջին կէտ մըն ալ` անհիմն լաւատեսութեամբ տարուած կոյր ընթերցողներուն: Շատ պատահաբար վերջերս դիմացս ելաւ Կիլիկիոյ Տարսոն քաղաքին մէջ հրատարակուած «Կիւդնոս» ազգային, գրական, գիտական եւ բարոյական կիսամսեայ հանդէսին առաջին թիւին խմբագրականը (Ա. տարի. 15 դեկտեմբեր 1913, թիւ 1, էջ 1-3): Եղեռնէն երկու տարի առաջ, ինծի անծանօթ խմբագիրը` Հ. Յ. Յակոբեան, Կիլիկիոյ հայութեան համատարած թրքախօսութեան հարցը կ’արծարծէ, կը քննադատէ, հայախօսութեան առիթներ կը փնտռէ եւ չի վարանիր ակնարկը նետել մինչեւ Շնորհալի ու Լամբրոնացի` սնուցման աղբիւրներ մատնանշելով: Ինչ որ հարիւր տարի առաջ կարելի էր, այսօր անորակելի վախերու մէջ կը խեղդուի: Այս իսկ պատճառով անհրաժեշտութիւն մըն էր այս զրոյցը:

 

ԶԱՐՄԻԿ ՊՕՂԻԿԵԱՆ.- Զրոյցը գործը խթանող խօսքն է, տագնապի յաղթահարման ճամբաներ յուշող խօսքն է: Զրոյցը սկիզբ մըն է, որ լաւատեսութեան կամ յոռետեսութեան ժամանակաւոր սահմաններէն դուրս կը բերէ զրուցողներն ու զրոյցին ականջ տուողները եւ գործի կը մղէ:

Մեր այս զրոյցը վկայութիւն մըն էր, նաեւ` որ ներս եւ դուրս եզրերը աշխարհագրական եզրեր են միայն, ներսն ու դուրսը, իրենց տարբերութիւնները պահելով հանդերձ, միանալու, մերձենալու են, որովհետեւ տագնապը միայն ներսը ապրողին տագնապը չէ, իսկ տագնապողը դուրսինն ալ է յաճախ:

Հալէպին տեղն ու դերը ճակատագրական անցուդարձերու բերումով շեշտուած են, ու այդ շեշտադրումը կը կրկնուի այսօր: Հալէպը ինքնութեան կառուցումի պարարտ հողն ու միջավայրը ունի ու սփիւռքեան հարցերու լուծման նպաստելու ուղիները ունի. անոր համար է, որ կ՛աղմկէ, կը պոռթկայ ու յամառօրէն կը փորձէ իր ուժը վերագտնել: Ինքնանորոգումը, սակայն, առողջ ու կառուցողական քննադատութենէն ծնունդ կ՛առնէ: Քննադատը ցեխարձակումներ կատարողէն շա՜տ հեռու ու բոլորովին այլ տարածքի վրայ կը գտնուի. կառուցումը խթանողն է ան, ու ինք իսկ կը մասնակցի այդ կառուցումին:

Զրոյցին ընդառաջելով` պատերազմի բովին մէջ ապրողին իրավիճակը պարզել փորձեցի ու քայլ մըն ալ անդին երթալով` զրուցակիցիս տեսակէտները լսել եւ հասկնալ ուզեցի, թէ մեր տագնապը հայկական այս նեղլիկ միջավայրէն դուրս, համահայկական շրջագիծի մէջ ինչպէ՞ս կը դիտուի, ո՞ւր կը հանդիպին տագնապները, եւ ո՞ր դաշտերուն մէջ կրնան հանդիպիլ անոնց լուծման ուղղուած ճիգերը: Փորձառութիւններու փոխանակումի միջոցներէն մէկն ալ զրոյցն է, կը կարծեմ ու վստահ եմ, ականատեսն եմ նաեւ, որ զրոյցին ականջ տուող սրտցաւ ազգայինները, հաւատք ունեցողներն ու այդ հաւատքով գործի լծուողները չեն պակսիր մեր մէջ այսօր:

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 13549

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>