Quantcast
Channel: Անդրադարձ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 13466

Կարծրատիպը Կոտրելով …

$
0
0

ՄԱՏԼԷՆ ՄԱՐՏԻՐՈՍԵԱՆ

Տան դռնէն ներս մտնելու վրայ էի, երբ ինձմէ ոչ այնքան հեռու, պարտէզին մէկ անկիւնը անսովոր բան մը նշմարած` ես ինծի հարց կու տամ. պարա՞ն է, այդքան երկար, գունաւոր ու աղուոր, ո՛չ. գօտի՞ է, ո՛չ. ու ճշգրիտ ի՛նչ ըլլալը գիտնալու հետաքրքրութեամբ, կամաց-կամաց ու այնքա՜ն զգուշ իրեն մօտենալով` մատներովս զայն շօշափելու չհասայ, երբ յանկարծ շարժելու սկսաւ:

– Օ՛ձ է, օ՜ձ, Աստուա՛ծ իմ,- սարսափած պոռացի:

Ամերիկայի ամայացած փողոցներուն մէջ ձայնս լսող չկար, նոյնիսկ եթէ ըլլար, հայերէնով ըսածս հասկցող կա՞ր… ու անմիջապէս ըրած սխալիս անդրադարձած` անգլերէնով ձայնս բարձրացնել փորձեցի, բայց այդ մէկն ալ չեղաւ. վախէս լեզուս բռնուած էր արդէն. իրմէ այնքան հեռու կեցած, խայթուելու ամենափոքր հաւանականութիւնն անգամ չունենալով, չեմ գիտեր, թէ ինչո՛ւ այդքան տակն ու վրայ եղայ, ու անընդհատ աջ, ձախ, ներս ու դուրս մտնել- ելլելով, ընելիքս չգիտցած, բայց աչքս երբե՛ք իրմէ չհեռացնելով` նկատեցի, որ մեծ քարի մը շուրջ ինքզինք փաթթելէ ետք, կամաց-կամաց սողալով` քովի տան պարտէզի կողմը ուղղուեցաւ. հոն, ուր երկու երեխաներ իրարու հետ կը խաղային: Անոնց հաշուոյն աւելի սարսափած` անմիջապէս դրացուհիիս դուռն է, որ կը թակեմ, ու հազիւ բացուած` թարգմանաբար ու քաշուած ձայնով մը վանկ առ վանկ կակազելով` «օ-ձ, օ-ձ, կայ հոն», մատովս ալ ցոյց տալով ըսի:

Երկուքով կարծես աւելի իրար անցանք, ու ի՞նչ ընելու կամ չընելու մեր տալիք որոշումին մէջ շուարած` դրացուհիս ճիշդ լուծումը գտաւ, ու անմիջապէս անասուններու հսկողութեան կեդրոն հեռաձայնեց: Արձակուրդի պատճառով գրասենեակը փակ էր: «Ուրեմն պէտք է, որ ոստիկանութեան լուր տանք», առաջարկեց: Այդպէս ալ ըրաւ, բայց պատասխանատու պաշտօնեաներուն համար եղածը մահու կենաց հարց չըլլալով` այնքան հանգիստ ու քիչ մըն ալ անհոգ.

– Երկու ժամէն ձեր քով կ՛ըլլանք,- պատասխանեցին:

– Բայց այդքան ժամանակ օձը իր տեղը չի մնար, այնպէս չէ՞…

– Կը փորձենք աւելի շուտ գալ,- աւելցուցին:

Ամերիկացիի մտայնութեամբ, այլեւս ընելիք չունենալով, դրացուհիս իր երեխաները հաւաքած, ներս կ՛անցնի, իսկ ես, ինչպէս միշտ, ունեցած ամէն տեսակ դժուարութիւններուս առջեւ, այս անգամ եւս, «ի՞նչ ընեմ» հարցուցած, եղբօրս` Յակոբին կը հեռաձայնեմ, որ սարսափած ձայնս լսելով`

– Դուն բան մըն ալ մի՛ ըներ, միայն ներս անցիր, ես հիմա կու գամ,- պատասխանեց:

– Բայց մինչեւ գալդ այդ սուղունը գիտե՞ս ուրտեղե՜ր կրնայ հասնիլ ու ճամբու ընթացքին, ի՜նչ ու ի՜նչ վնասներ կրնայ հասցնել…

– Ո՛ւր կ՛ուզէ, թող հասնի, ի՛նչ կ՛ուզէ, թող ընէ, բայց եթէ կը նախընտրես իրեն հետեւիլ, ուրեմն դուրս մնալով` շարունակէ զինք «վայելել», կատակեց:

Երկուքիս տուներուն միջեւ Ամերիկայի համար կարճ սեպուած հեռաւորութիւնը ինծի համար աւելիով կարճցած էր կարծես, երբ այնքան շուտ հասաւ ան, ու առանց ժամանակ կորսնցնելու, օգնութեան համար ամբողջ թաղին մէջ` բացի ինձմէ ոչ ոքի հանդիպած, փնտռտուքի մը մէջ ինկաւ… ու ինքնաշարժին մէջ հաստ երկաթէ ձող մը  միայն գտած` անով վիզին վրայ զօրաւոր հարուած մը իջեցուց ու ճնշած մնաց հոն, երբ մինչ այդ խեղճ սողունը իր ինկած թակարդէն ինքզինք ազատելու ճիգին մէջ, աքցանի պէս այնքան լայն բացուած բերանէն իր միակ զէնքը` լեզուն դուրս հանելով հոս-հոն կը զարնէր, բայց ապարդիւն… քանի մը վայրկեան ետք արդէն անշարժացած էր անիկա: Առաջատար Ամերիկայի մէջ, օրական տեսակ-տեսակ մարդասպանութիւններու կողքին, այս մէկն ալ ոճիր կը սեպուի՞ արդեօք, հապա՞ որ այդպէս է, ինքնիրենս, կ՛ըսեմ. ուրեմն, հակառակ մեր արեւելքցիի մտայնութեան, երկուքս ալ, մէկը որպէս կատարող, իսկ միւսը` ընկերացող, յանցաւորներ ենք. ահաւասիկ փորձա՜նք, կը մտածեմ, բայց անմիջապէս կը մխիթարուիմ, եղածին համար նուազագոյն վկայ մ՛իսկ չկար հոն. Ամերիկայի ամայացած փողոցներու վնասին պէս, այս մէկն ալ շահն է կարծես… Ու «այդ ամէնը ոչ ոք տեսաւ»-ի ուրախութեամբ, աւելի՛ն, նման «հերոսութիւն» անգամ մըն ալ չկրկնելու որոշումով մեր գործը վերջացուցած, այնքան արագ տոպրակի մը մէջ զայն դնելով` աղբաման կը նետենք:

Ներս կ՛անցնիմ ու մտածումներուս մէջ թաղուած` կը հասնիմ հոն, ուր մանկութեանս օրերուն մեծ քրոջս` Մարոյին հետ միասին ամառուան արձակուրդներուն մեր գիւղի տան բակին մէջ աղիւսէ շինուած պատերուն ներքեւ բացուած խոռոչները խառնշտկելով` իրեն հետ խաղալու համար մեր փնտռած թռչունին փոխարէն` երկուքով բարակ-բարակ թելեր գտած ու դուրս հանած էինք զանոնք, երբ հայրս վրայ հասաւ. իրականութեան մէջ պզտիկ օձի ձագուկներ էին անոնք, որոնց պատճառով այլեւս առանձին բակ ելլելը մեզի համար արգիլուելով` երկու ցաւցնող ապտակի ալ համը առինք, բայց «օձը մարդ կը մեռցնէ, օձէն հեռու պէտք է մնանք» մեզի տրուած խրատականով մը ու մէյ մըն ալ մեր ձեռքը որեւէ տեղ չմտցնելու խիստ ազդարարութեամբ, հօրս հետ միասին, երկու մեծ յանցաւորներու պէս, անչափահասներու մեր դատավարութեան վերջ տրուած` ներս կ՛անցնինք:

Այդ օրէն ասդին օձին հանդէպ մէջս թաքնուած վախն ու նախզգուշութի՞ւնն էր, որ զիս այդքան իրար անցուց, չեմ գիտեր. բայց երկու պարագաներուն ալ, մանկութեանս օրերուն ու յատկապէ՛ս այդ օրը, օձը ինծի չէ վնասած. ու վստա՛հ եմ, որ միշտ իր ճամբան բռնած, կամաց-կամաց սողալով` ինքն իր որջը կը գտնէ, ու հոն մտած` ոչ ոքի կը վնասէ, եթէ իրեն չմօտենաս. ի տարբերութիւն կարգ մը մարդոց, որոնց մօտենաս կամ ո՛չ, կը վնասեն, քեզ փաթթած` կ՛ատեն, իրենք զիրենք ամէն մարդէ վեր դասած` բարձրացած ոտքերդ վար կը քաշեն, խօսքով կը խայթեն, կը թունաւորեն, ու ոչ ոքի հանդուրժած, օգնելու կամ բան մը շինելու փոխարէն, կը վնասեն ու ամէն ինչ կը քանդեն…

Անցեալի, իմ ու ինծի նմաններու մտքին մէջ, մանկութեան օրերէն ի վեր այդ սողունին հանդէպ մեզի թելադրուած ու մեզի հետ մեծցած վախն ու նախզգուշութիւնը, այսօրուան կեանքի մէջ մարդ դիտելու ու ճանչնալու մեր ձեռք բերած փորձառութեան վրայ վստահած, երկարամեայ այդ կարծրատիպը կոտրելով կ՛ըսեմ.

– Օձէ մի՛ վախնաք, մարդ-օձերէ վախցէ՛ք:

 

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 13466

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>