Quantcast
Channel: Անդրադարձ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 13466

Ակնարկ. Աշխարհաքաղաքական Օրակարգերու Բաղադրիչներ`Սարգսեան-Աուն Հանդիպման Առանցքին

$
0
0

Լիբանանի  նախագահին Հայաստանի Հանրապետութիւն տուած այցելութեան եւ այդ առիթով միջնախագահական հանդիպումներէն բխած երկկողմանի յայտարարութիւններուն մէջ կան աշխարհաքաղաքական օրակարգի վերաբերող խնդիրներու մասին նշումներ, ակնարկներ եւ բնականաբար երկու պետութիւներու դիրքորոշումներ, որոնք ուղղակի թէ անուղղակի համատեղելի կէտեր կ՛ընդգծեն։

Բնականաբար նախ շատ օրինաչափ պիտի նկատուէր եւ այդպէս ալ ընկալուէր, որ երկու նախագահները խօսէին երկու ժողովուրդներու դարաւոր բարեկամութեան, միջպետական յարաբերութիւններու անցած ուղիին, տարբեր ոլորտներու ուղղութեամբ համագործակցութիւնը խորացնելու եւ այս բոլորին մէջ լիբանանահայ համայնքին ունեցած ուրոյն դերակատարութեան մասին։

Այդ բոլորէն անդին, քաղաքական հարցերու քննարկումը առիթ էր նաեւ կովկասեան եւ միջինարեւելեան տարածաշրջաններուն վերաբերող ամենաթէժ իրադարձութիւններուն անդրադառնալու եւ կարեւոր ընդգծումներ կատարելու։

Նախագահ Սարգսեան ներկայացուցած է արցախեան հիմնախնդիրը եւ հաստատած, որ երկու նախագահներուն աներկբայ համոզումն է, որ հակամարտութեան լուծումը կայացած պիտի ըլլայ արցախահայութեան իր պատմական  հայրենիքին վրայ ազատ եւ անվտանգ ապրելու իրաւունքին վրայ։ Այս յստակացումին անմիջապէս կը հետեւի Երուսաղէմի հարցի ակնարկը, ուր կ՛ըսուի, թէ նախագահները համաձայն եղած են, որ հանգուցալուծման մէջ ամէնէն կարեւորը բանակցային գործընթացն է եւ ուժի կիրարկման բացակայութիւնը։

Ապա անցում կատարուած է սուրիական ճգնաժամին, բարձր գնահատուած ահաբեկչութեան ու արմատականութեան դէմ պայքարին Լիբանանի ունեցած ներդրումը եւ սահուն անցում կատարուած՝ գաղթականներու հարցին, որ մեծ տարողութեամբ կը դիմագրաւէ Լիբանանը եւ աւելի նուազ` Հայաստանի Հանրապետութիւնը։ Նման օրակարգային կէտերուն ներառուած է նաեւ Լիբանանի խաղաղութեան եւ կայունութեան համար Երեւանի ընգրկումը ՄԱԿ-ի խաղաղապահ առաքելութիւններուն։

Ահաբեկչութեան դէմ պայքարի, սուրիական ճգնաժամի  եւ գաղթականներու վերաբերող թղթածրարներու բաժիններու արծարծումով նախագահ Աուն եւս գրեթէ միեւնոյն դիրքորոշումով շեշտադրումներ կատարած է։ Իր բաժինին մէջ կ՛աւելնան Լիբանանին ուղղուած Իսրայէլի սպառնալիքները, Լիբանանի նաւթային իրաւունքներու խնդիրը եւ մանաւանդ Լիբանանի ցամաքային եւ օդային սահմաններու պաշտպանութեան առաջադրանքին մէջ միջազգային ընտանիքէն Պէյրութի ակնկալած աջակցութիւնը։

Եթէ նկատի ունենաք նաեւ պաշտօնական ընթրիքին առիթով երկու նախագահներուն կատարած յայտարարութիւնները, գերակայ երկու հիմնահարցերուն` Արցախի ինքնորոշման եւ Ցեղասպանութեան ուղղութեամբ կան վերլուծական եւ այժմէական նշանակութիւն պարփակող յայտարարութիւններ։

Երբ կ՛ըսուի, որ  աներկբայ համոզում է, որ հակամարտութեան լուծումը կայացած պիտի ըլլայ արցախահայութեան իր պատմական  հայրենիքին վրայ ազատ եւ անվտանգ ապրելու իրաւունքին վրայ, կը նշանակէ պարզապէս, որ կը յարգուի արցախահայութեան ինքնորոշման իրաւունքը եւ  հայրենիքին պատկանելիութիւնը։

Հիմա մէջբերենք պաշտօնական ընթրիքին նախագահ Աունի կատարած յայտարարութեան հետեւեալ բաժինը: Ակնարկելով օսմանեան քաղաքականութեան` ան կը նշէ. «Այդ մտածելակերպը ուրիշին մէջ կը տեսնէր թշնամին, որ պէտք է սպաննել եւ ոչնչացնել անոր մշակոյթն ու քաղաքակրթութիւնը: Այդ մտածելակերպը գործեց ամէնէն սարսափելի կոտորածները` պատճառելով միլիոնաւոր նահատակներ: Մեր երկու ժողովուրդներն ալ այդ մտածողութեան զոհերն էին: Հայ ժողովուրդը սուրով սպաննուեցաւ, լիբանանցի ժողովուրդը` սովի միջոցով: Ցաւօք սրտի այդ նոյն մտածելակերպը վերջին ժամանակաշրջանին վերստին երեւաց` խլելով հարիւր հազարաւոր զոհեր: Վստահաբար անցեալի կոտորածները չճանչնալը եւ անոնց հանդէպ պատասխանատուութեան բացակայութիւնը, անշուշտ, կը խրախուսեն ներկայ ջարդերը»։

Նախագահ Աուն հետեւողականութիւն կը ցուցաբերէ այս հարցին առնչութեամբ իր կատարած յայտարարութւներուն։ Ցեղասպանութեան 100-ամեակին առիթով իր ելոյթին մէջ ան զուգահեռ կատարած էր 20-րդ դարու առաջին ցեղասպանութեան եւ 21-րդ դարուն միջինարեւելեան տարածաշրջանին մէջ կրօնական արմատականութեան անունին տակ գործող ահաբեկչութեան կողմէ իրականացուող ցեղային զտումներուն միջեւ, քաղաքական ենթաթեքսթով փոխանցելով, որ միեւնոյն պետութիւնն է, որ օրին ուղղակի, այժմ միջնորդաւորուած կ՛իրականացնէ ցեղասպանական քաղաքականութիւն։ Իսկ վերջին հաստատումը, որ եթէ Ցեղասպանութիւնը միջազգային ընտանիքին կողմէ դատապարտուած ըլլար, կը կանխագիլուէր անոր կրկնութիւնը` պաշտօնական Երեւանի եւ ընդհանրապէս հայկական կողմին համար միշտ օգտագործուող տեսակէտ է։

Հայկական եւ լիբանանեան հիմնախնդիրներու համատեղելիութիւն գոյութիւն ունի։ Եւ այս մէկը ո՛չ միայն պատմական հարցերու կամ ժողովուրդներու բարեկամութեան վերաբերող երեւոյթներու, այլեւ այժմէական խնդիրներումակարդակով, որոնք աշխարհաքաղաքական ներկայ օրակարգի բաղադրիչներ կը նկատուին։

 «Ա.»

 

 

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 13466

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>