ՎԱՀՐԱՄ ԷՄՄԻԵԱՆ
Սուրիոյ կառավարամէտ աշխարհազօրէն ուժեր մուտք գործեցին Աֆրին: Աշխարհազօրի փոխհրամանատար Իպրահիմ Մաքթապի յայտարարեց, որ Սուրիան պիտի մնայ միացեալ: Սուրիական բանակը նաեւ քիւրտ զինեալներէն ստանձնեց Հալէպ նահանգի հիւսիսը գտնուող Թալ Ռիֆաաթ քաղաքի վերահսկողութիւնը: Աւելի՛ն, քիւրտ զինեալները Հալէպի մէջ իրենց վերահսկողութեան տակ գտնուող թաղամասերը յանձնեցին սուրիական բանակին եւ Թալ Ռիֆաաթի քիւրտ զինեալներուն նման մեկնեցան Աֆրին:
Աֆրինի մէջ կ՛ուրուագծուի մեծ ճակատամարտ մը, սակայն անոր արդիւնքը չի կրնար փոխել այն, ինչ որ վերոնշեալ զարգացումներու լոյսին տակ արդէն վերածուած է հաստատ իրողութեան. Եփրատի արեւմտեան ափին վրայ քրտական գործօնը չէզոքացուած է: Բնաջնջումի իսկական վտանգին լոյսին տակ քիւրտերը հրաժարած են իրենց Ռոժավայի երազէն եւ զայն փոխարինած «Միացեալ Սուրիա» ու «սուրիացի ժողովուրդը մէկ է» կարգախօսով:
Այսպիսով, քիւրտերը իրենք զիրենք կը գտնեն մասնատուած ու անհեթեթ կացութեան մը մէջ: Եփրատ գետը զանոնք բաժնած է երկուքի. արեւելեան ափին վրայ գտնուողները Միացեալ Նահանգներու կողքին են, իսկ արեւմտեան ափի քիւրտերը, բացառութեամբ Մընպեժի քիւրտերուն, արդէն միացած են Սուրիոյ վարչակարգին եւ Իրանին: Անոնք ինքնաբերաբար նաեւ միացած են Աֆրինը թուրքերուն ծախած Ռուսիոյ:
Ամերիկացիները արդէն նշած են, որ քիւրտերուն պիտի աջակցին մինչեւ ՏԱՀԵՇ-ի ամբողջական պարտութիւնը, որ մօտալուտ է: Իսկ վե՞րջը… Ինչպիսի՞ն պիտի ըլլայ Եփրատի արեւելեան ափին վրայ քրտական գործօնին վերջալոյսը: «Ֆորէյն Փոլիսի» կը գրէ, թէ ամերիկեան վարչակազմը կը պատրաստուի ջնջելու Միջազգային դաշինքին մէջ ամերիկացի պատուիրակի պաշտօնը: Վերջինս` յանձինս Պրետ ՄքԿըրքի, քիւրտերուն ու Ուաշինկթընի միջեւ հիմնական կապն է: Այդ պաշտօնի ջնջումը համազօր է ապահարզանի: Ամենայն հաւանականութեամբ, Եփրատի արեւելեան ափի քիւրտերը եւս հետեւին դիմացի ափը գտնուող իրենց եղբայրներու օրինակին: Անոնց ալ փրկութեան յոյսերը Դամասկոսն ու Թեհրանն են: Փրկութիւն մը, որ, հակառակ հրապարակային այժմու եւ ապագայ տօնախմբութեանց, իր մէջ կը պարունակէ յուսախաբութեան ու ձախողութեան դառն կսկիծը: