Quantcast
Channel: Անդրադարձ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 13466

Լիբանանի Հանրապետութեան Նախագահ Միշել Աունի Յայտարարութիւնը` Նախագահ Սերժ Սարգսեանի Հետ Հանդիպումէն Ետք

$
0
0

Դրական եւ կառուցողական բանակցութիւններ վարեցինք նորին գերազանցութիւն նախագահ Սերժ Սարգսեանի հետ: Անդրադարձանք վերջին տարիներու երկկողմ յարաբերութիւններու ընթացքին, արձանագրուած շօշափելի յառաջընթացին, ինչպէս նաեւ ցայսօր անոնց ամրապնդման ուղղութեամբ իրականացուած հիմնական աշխատանքներուն: Մեր հանդիպումը անցաւ ջերմ ու բարեկամական մթնոլորտի մէջ, ինչ որ կ՛արտացոլեն մեզ միաւորող մարդկային ամուր կապերը, հայ եւ լիբանանցի ժողովուրդներու առանձնայատուկ յարաբերութիւններն ու յատկապէս հայկական արմատներով մեծաթիւ լիբանանցիներու առկայութիւնը: Այդ ներկայացուցիչներէն շատերը այսօր կ՛ուղեկցին ինծի` Լիբանանի կառավարութեան նախարարներ եւ երեսփոխաններ:

Նախագահ Սարգսեանի ուշադրութիւնը հրաւիրեցի այն իրողութեան վրայ, թէ մեր հասարակութեան մէջ ինչպիսի՛ գնահատանք կը վայելէ այդ հատուածը` իր կենսունակութեամբ, մշակոյթով, քաղաքակրթութեամբ, ընկերային գետնի վրայ եւ իրենց ազդեցիկ մասնակցութեամբ քաղաքական, տնտեսական կեանքին մէջ:

Քննարկեցինք նաեւ Միջին Արեւելքի մէջ տիրող իրավիճակը` այդ շրջանի որոշ երկիրներու ճգնաժամերը եւ բռնկած պատերազմները, յատկապէս` մեր դրացի Սուրիոյ մէջ: Մենք համաձայնեցանք այդ ճգնաժամերուն խաղաղ լուծումներ գտնելու եւ պատերազմական մեքենան դադրեցնելու անհրաժեշտութեան շուրջ, քանի որ բռնութիւնը միայն բռնութիւն ու ծայրայեղականութիւն կը ծնի, որուն ապացոյցն են մեր շրջանին մէջ սկիզբ առած վերջին եօթը տարիներուն շարունակուող խռովութիւնները: Նախագահ Սարգսեանին ներկայացուցի սուրիական պատերազմին պատճառով Լիբանանի դիմագրաւած մարտահրաւէրները, մասնաւորապէս` ահաբեկչական կազմակերպութիւններու ու անոնց բջիջներու սպառնալիքներուն ներթափանցումը ինչպէս մեր երկրին մէջ, այնպէս ալ շրջանի եւ աշխարհի այլ երկիրներուն մէջ: Այստեղ անոր վստահեցուցի, որ Լիբանանը յաջողութեամբ դիմակայած է այդ սպառնալիքները եւ ոչնչացուցած ահաբեկչական բջիջները` խաղաղութիւն եւ կայունութիւն հաստատելով մեր հանրութեան մէջ: Մենք փոխադարձաբար համաձայնեցանք, որ կարեւոր է, խարխսուելով յառաջդիմութեան մշակոյթի, անձերու եւ պետութիւններու իրաւունքներու յարգանքին վրայ, ամրապնդել երկկողմ ու միջազգային համագործակցութիւնը ահաբեկչութեան դէմ պայքարին մէջ, քանի որ որեւէ երկիր չի կրնար զերծ մնալ ատոր վտանգներէն:

Մենք խօսեցանք նաեւ սուրիացի գաղթականների խնդիրին մասին, որ աւելի բարդացած է Սուրիոյ դրացի երկիրներուն, յատկապէս` Լիբանանի մէջ: Նախագահին ներկայացուցի, որ մեր երկիրը տնտեսական, ընկերային, անվտանգութեան ճնշումներու կ՛ենթարկուի` իբրեւ հետեւանք իր տարածքին մէջ ունենալով աւելի քան մէկուկէս միլիոն գաղթական` անոնց կարիքները հոգալու համար միջազգային օգնութեան բաւարար չըլլալուն հետ միասին: Այս առիթով շեշտեցինք, որ անհրաժեշտ է աշխատանք տանիլ հասնելու միջազգային փոխադարձ համաձայնութեան, որ պիտի ապահովէ սուրիացի գաղթականներու վերադարձը իրենց երկրի անվտանգ տարածքներ եւ որ պիտի ըլլայ սուրիական պետութեան վերահսկողութեան ներքեւ:

Ես երախտագիտութիւնս յայտնեցի նախագահ Սարգսեանին միջազգային ատեաններուն մէջ Լիբանանի եւ անոր խնդիրներուն կողքին գտնուելու համար, ապա վստահեցուցի, որ Լիբանանը իր կարգին կանգնած է Հայաստանի կողքին` անոր ժողովուրդին, ինքնիշխանութեան, խաղաղութեան եւ բարգաւաճման բնական իրաւունքները պաշտպանելու գործին մէջ:

Նշեմ, որ բանակցութիւններուն ընթացքին անդրադարձանք Լիբանանին ուղղուած իսրայէլեան սպառնալիքներուն, որոնք կ՛առնչուին բացառիկ տնտեսական գօտիի նաւթային մեր իրաւունքներուն, բաժանարար պատի կառուցման, որ կը հասնի հարաւային մեր սահմանին մօտ գտնուող վիճելի կէտերուն: Հաստատեցի, որ Լիբանանը պաշտպանած է իր ցամաքային ու ծովային սահմանները օրինական բոլոր միջոցներով, եւ այդ գործին մէջ մենք կ՛ապաւինինք միջազգային ընտանիքի մեր բարեկամներուն` անոնցմէ ակնկալելով աջակցութիւն այդ սպառնալիքները դիմակայելու եւ իրավիճակը չսրելու խնդիրին մէջ:

Ես նաեւ իմ երախտագիտութիւնս յայտնեցի նախագահին յառաջիկայ հոկտեմբերին Երեւանի մէջ տեղի ունենալիք Ֆրանսախօս երկիրներու 17-րդ վեհաժողովին մասնակցելու` ինծի ուղղուած հրաւէրին համար եւ խոստացայ արձագանգել անոր` վեհաժողովի նախապատրաստական աշխատանքներուն մաղթելով ամենայն յաջողութիւն:

Շնորհակալութիւն:


Viewing all articles
Browse latest Browse all 13466

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>