Quantcast
Channel: Անդրադարձ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 13490

Հալէպ, Հալէպի Մէջ, Հալէպէն Հեռու. Բաց Զրոյց` Ներսի Եւ Դուրսի Միջեւ (Զ.)

$
0
0

ԶԱՐՄԻԿ ՊՕՂԻԿԵԱՆ.- Ձեր տուած օրինակները, այո՛, կը վկայեն, որ լեզուն կրնայ նաեւ հողէն հեռու, որոշ չափով մը, զարգանալ: Հալէպի պատմութեան մէջ ալ մենք կարդացած ենք այսպիսի օրինակներու մասին: Մեծագոյն վկան Հալէպի գրչատունն էր, Ս. Քառասնից Մանկանց եկեղեցւոյ կից, որ իր ամէնէն արդիւնաւոր ու փայլուն շրջանը կը բոլորէր գաղութի հոգեւոր, մշակութային եւ տնտեսական վերելքի ժամանակահատուածին` ԺԷ. դարասկիզբէն մինչեւ ԺԸ. դարու կէսը:

Գրչատունը ծաղկած էր յատկապէս այն ժամանակաշրջանին, երբ Կիլիկիոյ թագաւորութեան անկումէն ետք, կիլիկեան գրչութեան կեդրոնները խամրած էին: Այդ օրերուն Հալէպը եւ հալէպահայութիւնը տնտեսական ու մշակութային բարգաւաճման օրեր կ’ապրէին, այդ իսկ պատճառով, վաճառականներու եւ արհեստաւորներու կողքին, հոգեւոր մշակոյթի գործիչներ, եկեղեցականներ, ուսումնասէր վարդապետներ, գրիչներ, երաժիշտներ, նկարիչներ եւս կ’ուղղուէին Հալէպ: Հալէպը կը դառնար այն պարարտ հողը, ուր իրենց շարունակութիւնը կը գտնէին ու կը ծաղկէին կիլիկեան մշակութային աւանդոյթները: Եւ այս առումով կարելի է ըսել, որ Հալէպի գրչակեդրոնն ալ, այս կամ այն չափով, այդ աւանդոյթներու կրողն ու շարունակողն էր, օտար եւ այլակրօն միջավայրի մէջ իսկ: Հալէպ շարունակողի, պահպանողի իր այս դերը պէտք չէ թերագնահատէ ու ըստ այնմ պէտք է լծուի վերականգնումի աշխատանքներուն:

Լեզուի ուսումնասիրութեան մասին ձեր բերած օրինակները այլ իրողութիւն մըն ալ լուսարձակի տակ կը բերեն: Սփիւռքը, Հայաստանի հետ իր գործակցութեան կողքին, աշխարհին ու աշխարհի գիտութեանց դիմաց բաց ըլլալու հարստութիւնը ունի, աշխարհի մեծագոյն համալսարաններուն մէջ իր լեզուին ուսումնասիրութիւնը զարգացնելու կարելիութիւնը ունի նաեւ: Սա հարստութիւն է, որուն եթէ գիտակցինք ու մշակենք զայն, ապա նաեւ շրջանառութեան մէջ դնենք, պիտի կարենանք ուժեղացնել իւրաքանչիւր գաղութի մէջ գոյութիւն պահպանելու համար մաքառող նեղ շրջանակները: Ու այդ նեղ շրջանակները պիտի կարենան բացուիլ լայն շրջանակներու` միութիւններ, դպրոցներ, եւ նոր ուղղութիւն, նոր շունչ պիտի տան անոնց: Մենք յաճախ կը խօսինք սփիւռք-հայրենիք փոխանակումներուն մասին` մոռնալով երբեմն, որ սփիւռք-սփիւռք փոխանակումները եւս փրկարար դեր կրնան ունենալ լեզուի ու մշակոյթի պահպանման ճիգերուն մէջ: Այդ փոխանակումները բոլորովին չեն անտեսուած, սակայն նպատակային աշխատելաոճի մը շարունակականութիւնը չեն պահած:

Շռայլ լոզունգներով կարելի չէ հայապահպանում իրագործել, այո՛: Սակայն ո՞վ եւ ինչպէ՞ս պիտի քաջալերէ այս փոխանակումը: Բնականաբար` համահայկական տարողութեամբ գործունէութիւն ծաւալող մեր մշակութային միութիւնները:

Կառոյցները պահպանելէ քայլ մը անդին պէտք է անցնիլ ու խրախուսել, քաջալերել յատկապէս եռանդ եւ աշխատելու պատրաստակամութիւն ունեցող մեր երիտասարդները` ճիշդ անձը ճիշդ պաշտօնին կոչելով ու զարգանալու, զարգացնելու բոլոր կարելիութիւնները տրամադրելով անոր: Այս պարագային միայն կարելի է մտածել արմատական լուծումներու մասին:

Պատերազմին գործած աւերներուն մասին երկար խօսեցանք: Խաւարը անիծելու փոխարէն` մոմ մը վառելու մասին պէտք է մտածենք այլեւս:

Հայաստանէն Սուրիա վերադարձող ընտանիքներ կը տեսնենք, այո՛, որուն ի տես նոյնպէս ցաւ կ’ապրինք: Ցաւ կ’ապրինք, որովհետեւ գնահատելով հանդերձ հայրենադարձութիւնը խրախուսող պետական ջանքերը, սփիւռքի նախարարութեան շարունակուող ձեռնարկները, ներգաղթը քաջալերող ու արտագաղթը նուազեցնող գործնական, երկարաժամկէտ ծրագիրներ չենք տեսներ տակաւին:

Փափաքելի է, որ հայրենիք դարձը տեղի չունենայ պատերազմի պարտադրած պայմաններուն լոյսին տակ, այլ դառնայ ծրագիր, որպէսզի Հայաստան հասնողը հոն մնայ ու անորոշութեան չմատնուի, իսկ հայրենադարձութեան կոչերը քարոզչութեան սահմաններուն մէջ չմնան:

Սուրիահայութեան ցաւը ծախող վաճառականներ եղան, ցաւօք, յատկապէս` մամուլին մէջ: Անոր դիմադրութեան ուժը թերագնահատողներ ալ եղան:

Սուրիոյ հայութեան դիմադրողական թաքուն ուժը հայրենամերձ այս հողին հետ մեր հոգեկան ու ֆիզիքական կապին, յիշողութեան մէջ պէտք է տեսնել նաեւ:

Օրերս Քեսապ էի, ու երբ քեսապցիներու հետ կը զրուցէի մեր գոյութեան հիմքերուն ու Քեսապի մէջ հայկական ներկայութեան մասին, վերահաստատեցի այն համոզումս, որ հողին հետ կապը չի խզուիր, այնքան ատեն որ այդ կապը արմատներ նետած է հողին խորքը: Աշխարհագրական այս միջավայրը` Քեսապը թալանեցին,  քանդեցին, բայց հողը նոյն տեղն է, լեռները նոյն տեղն են ու կրկին կը կանչեն իրենց զաւակները` վերստին կառուցելու, վերստին ծաղկեցնելու զայն:

«Երեք ամիս վերջ հայու շունչէն կտրուած Քեսապին տեսքը ահաւոր էր, աշխարհագրական միջավայր մը,  առանց իր բնակչութեան, տխուր էր, մահամերձ, բայց կը կանչէր մեզ», կը շեշտէր քեսապցին ու կը պատմէր, որ գիւղացիներէն մէկը Քեսապ վերադարձէն ետք, երբ ի՛ր իսկ պարտէզի ծիրանի ծառէն փորձած էր ծիրան քաղել… դժուարացած էր. «Ծառը կարծէք նեղուած էր ինձմէ, ձեռքս չէր երթար քաղելու, գողութիւն կ’ընէի կարծէք, որովհետեւ երեք ամիս չէի խնամած զինք», ըսած էր: Ուրիշ մը` «Երբ պարտէզ կ’երթամ, կը նստիմ, հողը կ’առնեմ ափիս մէջ ու կը շփեմ, կը շփեմ, կարօտս կ’առնեմ եւ անբացատրելի ուժ մը կը զգամ», ըսած էր: Քեսապցիներու այս փորձառութիւնը պատգամ մը ունի իր մէջ, այդ պատգամը հողին կանչն է, պատմական մեր հայրենիքին հետ կապուած անմեռ յիշողութիւնն է: Քեսապը, որպէս Կիլիկեան թագաւորութեան վկայարան, թէ՛ պատմական, թէ՛ աշխարհագրական առումներով, իւրայատուկ իմաստ ունի: Այստեղ եւս պէտք է փնտռել դիմանալու գաղտնիքը:

Եկէք` այս լաւատեսութեամբ ներշնչուինք, ուրեմն, ու մեր զրոյցը, որ նորութիւն էր ինծի համար իր ձեւով ու բոլորովին տարբեր էր կրկնուող այն հարցազրոյցներէն,  որոնց հարցումները երբեմն նախքան հարցազրոյցը կը նախատեսէի,  գործակցութեան վերածենք: Մենք գիտենք, որ վերաշինութեան որեւէ գործընթաց կը սկսի քանդումով, թէեւ այս պարագային մեր կամքով չէր ու աղէտաբեր էր քանդումը: Այս աղէտը, սակայն, Աստուծոյ կողմէ կատարուած փորձութիւն ըլլայ, կամ աղէտին պատճառը մենք իսկ եղած ըլլանք, անցեալին կը պատկանի այլեւս: Մեր զրոյցը մոմ վառողներու շրջանակը ընդլայնելու պիտի նպաստէ, պէ՛տք է նպաստէ: Ներսի եւ դուրսի փոխանակման յատուկ սիւնակը սկիզբ մը կրնայ ըլլալ, հարկաւ:

(Շար. 6 եւ վերջ)

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 13490

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>