Յ. ՊԱԼԵԱՆ
27 փետրուարին 28-րդ տարելիցը պիտի ըլլայ եղեռնագործութեան մը, զոր չյաջողեցանք միջազգային քաղաքական եւ արդարադատական հրապարակ բերել: Միացեալ ազգերու կազմակերպութիւն, Արդարադատութեան պատժական միջազգային ատեան եւ այլ մեծանուն կազմակերպութիւններու անուններով յղփացած ժամանակակից ընկերութիւնները ՈՉԻՆՉ ըրին եւ ըսին մեր անմիջական ներկային մէջ ժողովուրդի մը կողմէ այլ ժողովուրդի մը դէմ գործուած ոճրային արարքի մասին: Ոչ ոք անհանգստացաւ, եւ հիմա արդէն մոռցուած է, որ մարդիկ սպաննուած էին հայ եղած ըլլալու մեղքի համար:
Այս եղեռնագործութիւնը հարիւր տարուան հնութիւն չէ:
Ինչո՞ւ Սումկայիթի եղեռնագործութիւնը մնայուն օրակարգ չէ հայ ժողովուրդի քաղաքական եւ քարոզչական աշխատանքներուն համար: Այս բացակայութեան համար ուրիշները չենք կրնար ամբաստանել:
Եղեռնագործութեան հեղինակ պետութիւն եւ ժողովուրդ մեզի ժամանակակից են, դեռ ողջ են, անցեալ չեն: Երկիրը եւ պետութիւնը, որոնք թոյլ տուած են այդ ոճիրը, միջազգային ճանաչում ունին:
Ազրպէյճանը անդադար կը խօսի իր գաղթականներուն մասին, իսկ մենք, չեմ հասկնար` ո՞ր ամօթխածութեամբ կամ քաղաքական ճապկումով, չենք խօսիր Պաքուի եւ Ազրպէյճանի այլ շրջաններէն եկած մեր գաղթականներուն մասին, որոնց կը հանդիպինք, եթէ Երեւանէն դուրս գանք եւ երթանք Մասիս, կամ Տիգրանաշէն, հարիւրհազարաւորներ:
Բիւզանդական քսան տեսակ իմաստակութեան (sophisme) կարիք չկայ հարցը միջազգայնացնելու համար: Անշուշտ աւելի դիւրին է պատուիրակութիւն ընդունիլ եւ ղրկել, ընդունելութիւններ կազմակերպել, ինքնագոհութեան տեղեկատուութիւն ընել, քան` բախել միջազգային ատեաններու դռները: Եթէ օրին Մոսկուան եւ միջազգային համայնքը պատմական, ընկերային, մշակութային եւ արդարութեան արժէքներով առաջնորդուած ըլլային, չունենային կրաւորական վերաբերում, հայ ժողովուրդին խնայած կ՛ըլլային կրկին արեան տուրք տալ: Եւ նոյն ընթացքը կը շարունակուի բանակցային կոչուած բեմադրութիւններով, որոնք պատմութիւն եւ իրաւունք նկատի չեն առներ:
Վիրաւորական կրնա՞յ համարուիլ ըսելը, որ Պաքուի եւ Սումկայիթի ջարդերուն պատասխանատու են նաեւ իրաւարարի պարեգօտով պճնուած միջազգային համայնքը, այսպէս կոչուած` մեծ ճառերով մեծ բեմերու վրայ հանդէս եկող մեծ աստղերը:
Ամէն տեսակ հերոսներու անուններ կը յիշուին, բայց ինչո՞ւ երբեմն ալ չենք յիշեր Սամուէլ Շահմուրատեանը, որ թշնամիի գնդակով մեռաւ, ինչպէս շատեր: Բայց Սամուէլ Շահմուրատեանին գործը մնաց որպէս կտակ, որպէս հիմնաւորում` զոհերու եւ ժողովուրդի դէմ գործուած ոճիրը յիշեցնող, դատարան դիմելու իրողութիւն:
Սամուէլ Շահմուրատեանին` աշխատանքը ամբաստանագիր կազմելու բոլոր նիւթերը կը պարունակէ: Զանազան նպատակներու համար գիրքեր կը հրատարակուին, օտար լեզուներու կը թարգմանուին: Սամուէլ Շահմուրատեանին՝ յատուկ անուններով կազմուած ցուցակները կարծէք գաղտնի արխիւ են, Հայաստանի եւ սփիւռք(ներ)ի քաղաքական գործիչներուն եւ լրատուամիջոցներուն կողմէ չեն օգտագործուիր:
Յաճախ կը դիտեմ Հայաստանի հեռատեսիլի կայաններու հաղորդումները, անոնք հայրենասիրական զգացումներ կը հովահարեն, բայց Սումկայիթի եղեռնագործութեան մասին չեն խօսիր, Սամուէլ Շահմուրատեանին կազմած ցուցակները կրկին եւ կրկին չեն ներկայացուիր: Պէտք է յիշել եւ յիշեցնել ոճիրներու ահաւորութիւնը, խենեշութիւնը եւ մանաւանդ` ԴԱՏԱՐԱՆ տանիլ: Եւ եթէ հեղինակաւոր վկայութեան կարիք ըլլայ, դատական թղթածրարին մէջ յիշել գրականութեան նոպէլեան դափնեկիր Սվեթլանա Ալեքսիեւիչի էջերը:
Եթէ զանազան տուրիսատական հրավառութիւններով չենք շլացած, պէտք է կրկին եւ կրկին յիշել եւ յիշեցնել, թէ ի՛նչ պատահած էր.
– Ընտանիքի անդամներուն աչքի առջեւ բռնաբարած էին աղջիկ եւ կին, նոյնիսկ` եօթանասուն տարեկան կին:
– Իր բնակարանի պատուհանէն վար նետած էին հայուհին:
– Աշխատանքէ վերադարձող մարդը բանտարկած էին իր ինքնաշարժին մէջ եւ` կրակի տուած:
Նման նկարագրութիւններ կան նաեւ Սվեթլանա Ալեքսիեւիչի գիրքին մէջ:
Ինչո՞ւ Սամուէլ Շահմուրատեանին ամբաստանագիրը, ուր կան անուններ, թուականներ, թիւեր, Հայաստանի եւ սփիւռք(ներ)ի լրատուամիջոցներուն մէջ չեն յիշուիր, հայաբարբառ թէ օտարաբարբառ, հարցը տեւաբար ներկայացնելով ցեղասպանութեան միտումին մէջ, որպէս յաճախ մոռցուող համաթրքական ծրագրի օղակ:
Ինչո՞ւ ուսումնասիրուած, լուսանկարներու եւ վկայութիւններու փաստերով աշխարհի բոլոր լրատուամիջոցներուն չենք հասցներ Սամուէլ Շահմուրատեանին ամբաստանագիրը` որպէս անմիջական պատմութեան իրադարձութիւն, որուն մասին մարդկային եւ բարոյական դիրքորոշում պարտէին եւ պարտին ունենալ աշխարհի իրաւարարութեան եւ բարոյականութեան պաշտպանութեան իրենք զիրենք կոչած մեծանուն դէմքեր եւ պետութիւններ:
Երբ արդարութիւնը մասնակի է, շահախնդրուած է, կը կորսնցնէ իր հոգին, կ՛ըլլայ եւ ներկայանայ` որպէս ինք իր հակառակը:
Ճիշդ է` Սումկայիթի եւ Պաքուի ցեղասպանական արարքներու զոհերը նաւթահորեր չունին, չունէին… Իսկ մարդկային իրաւանց հռոմէացի ծերակուտականի պարեգօտ կրող եւ աշխարհի հեռատեսիլի պզտիկ պատուհաններէն երեւցող եւ խօսող մեծանունները նաւթային եւ այլ հանքերու շահագրգռութիւն ունին:
Հայաստան, բայց նաեւ` Ստեփանակերտ, այցելութիւններու եւ ընդունելութիւններու ընթացքին, աւուր պատշաճի արտայայտութիւններու մէջ, քաղաքական զեկուցումներ եւ այլ, Սումկայիթի եղեռնագործութեան, Պաքուի եւ Ազրպէյճանի այլ շրջաններէն բռնագաղթի ենթարկուած ժողովուրդի եւ անոր իրաւունքներուն մասին չի խօսուիր, բայց Ալիեւ հայր եւ որդի իրենց գաղթականները միշտ կը յիշեցնէին եւ կը յիշեցնեն հանրային կարծիքին:
Կը թուի, թէ մենք մոռցած ենք թուրք-ազերի Իսմայիլովի դատավարութիւնը եւ անոր հօր շնական յայտարարութիւնները: Դատուող Իսլայիլովի հայրը ըսած էր, որ, ափսոս, բոլոր հայերը չէին ջարդած… որպէսզի վկայող չմնար: Նացիներու վերջնական լուծումը:
Ասկէ առաջ յիշած եմ պարագան իր աշակերտ Ներսիկը մորթած Մամետովը, որ ըսած էր, թէ` «Ղարաբաղն է մորթում»: Աւելի՛ն. երբ ոճրագործ եւ ոճրածին Մամետովը սպաննուած էր հայերու կողմէ, թուրք-ազերի ղեկավարը ներկայ եղած էր անոր թաղման եւ` վրէժխնդրական ճառ արտասանած: Դեռ ի՞նչ փաստ պէտք է բերել` ցոյց տալու համար, որ պետական միտում եւ քաջալերանք կար հայոց դէմ կրկին ցեղասպանութիւն գործելու:
Հայոց դէմ գործուած նախկին եւ նոր ցեղասպանութիւնները մէկ նպատակ ունեցած են. հայը ոչնչացնել` տէր ըլլալու համար անոր հողին:
Սումկայիթի նախճիրը պատմական դէպք մը չէ, մնայուն սպառնալիք է, այսօրուան խնդիր է, անոր կողքով պէտք չէ անցնիլ:
Համաժողովներուն, խորհրդաժողովներուն, նոր նախագահ, հին նախագահ, վարչապետ, կուսակցապետ պիտի ըսեն, թէ ինչպէ՞ս, ե՞րբ Միջազգային դատարան պիտի տանին այս հարցերը, ինչպէս դատարան տարուեցան նախկին Եուկոսլաւիոյ մէջ ցեղասպանական ոճիր գործած ղեկավարներ:
Անդադար երթեւեկող Մինսքի խումբի համանախագահները կը մտածե՞ն նաեւ անժամանցելի եղեռնագործութիւններու մասին, որոնք եթէ արդարութեան բովէն չանցնին, ամէն կարգի սակարկութիւնները կը մնան փերեզակային մակարդակի վրայ:
Երբ հիմնահարցերու մասին չի խօսիր ղեկավարութիւնը, անոնց ուղղութեամբ չի գործեր եւ հաշուետուութիւն չ՛ըներ, հանրային կարծիքը կ՛ընդարմանայ, կը տուժեն` վերականգնումը, միացումը, մէկութիւնը եւ հզօրացումը:
Ամէն անգամ որ ազատագրուած Արցախի սահմանին վրայ երիտասարդ մը կը զոհուի, այդ կ՛ըլլայ յիշեցում, որ եղեռնագործութիւնը կը շարունակուի, քանի որ միջազգային համայնքը, ըստ մարդկային իրաւանց եւ արդարութեան, անկարող է վճիռ կայացնելու:
Այսքանը ըսել` մեր պարտականութիւնն է, որպէսզի գործենք այնպէս, որ Հայաստանը ձեռք բերէ ապագայ խաղաղութեան երաշխիք:
Երաշխիք է նաեւ հայրենիքի իւրաքանչիւր թիզ բնակուած հողը, բնակեցում, որ արտաքին ուժերէ եւ ազդակներէ կախում չունի, որ ո՛չ տուրիզմ է, ո՛չ ալ շաբաթավերջի բարձրախօսներով խանդավառ երեկոյ` ամեակներու եւ յոբելեաններու:
Երբ քսանութ տարիները չորսով բազմապատկուին, մեր յաջորդները, եթէ յիշեն, կրնան հարիւրամեակ տօնել:
Չես գիտեր` ինչո՞ւ կլոր թուականները յատկանշական կը համարուին եւ կը խանդավառեն կամ կը յուզեն:
Պատմութեան անիւը կանգ չ՛առներ: Անոր հետ ենք կամ չենք: Միջին չկայ:
Ըսե՞նք կրկին, որ վաղը միշտ ուշ է…
8 փետրուար 2018, Նուազի-լը-Կրան