Quantcast
Channel: Անդրադարձ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 13366

Խմբագրական «Յուսաբեր»-ի. Ազգին Ու Հայրենիքին Նուիրուած Անօթը

$
0
0

Դաշնակցութեան հիմնադիրները ազգային տեսիլք, նպատակ ունեցող յանձնառու երիտասարդներ էին, որոնք ծրագրային ձեւակերպում տալէ ետք զիրենք զսպանակող ազգային-ընկերային գաղափարներուն, հետզհետէ բիւրեղացուցին կազմակերպական կառոյց մը, որ պէտք էր գոհացում տար գործնական պահանջներուն, կազմակերպութիւնը դարձնէր ուժական, նախաձեռնող եւ միջավայրին յարմարող, ժողովուրդի բազկերակին ականջալուր: Եթէ 127 եւ աւելի տարի ետք քաղաքականապէս կենսունակ կը մնայ Դաշնակցութիւնը, մեծ մասամբ գաղափարական կեդրոնացուածութեան եւ կազմակերպական ապակեդրոնացուածութեան կը պարտի զայն, դրութիւն, որ լիարժէք դրսեւորման հնարաւորութիւն տուած է իւրաքանչիւր շարքայինի: Կը հետեւի, որ կազմակերպութեան անդամը, ի՛նչ դիրքի կամ պատասխանատուութեան ալ կոչուած ըլլայ, ոչ միայն հնարաւորութիւն ունի, այլեւ պարտաւոր է սեփականացուցած գաղափարներու իրագործման հետամուտ ըլլալու` կազմակերպական կարգին համաձայն:

Իսկ կազմակերպութեան հիմնական օղակը խումբն է, որուն պարտաւոր է անդամակցիլ ամէն մէկ դաշնակցական` անկախ իր կուսակցական ցենզէն ու ստանձնած պատասխանատուութենէն: Անպաճոյճ եւ լակոնական շարադրանքով մը փորձեցինք ուրուագծել Դաշնակցութեան կենսունակութեան մէջ կազմակերպական իր կառոյցին դերը: Աւելի խոր, մանրամասնեալ ու համապարփակ նկարագրութիւնը տուած է Նիկոլ Աղբալեան իր «Մտածումներ ՀՅ Դաշնակցութեան մասին» գրքոյկով:

Դաշնակցութեան կազմակերպական կառոյցին ծանօթութիւնը շարքային երիտասարդ ընկերներուն թէ ընդհանրապէս հետաքրքրուած հայ անհատներուն համար, բնական է` տարբեր դիրքերէ, ուսանելի է ու շատ հարցերու պատասխան տուող. օրինակ, ինչո՞ւ անհատի ամուլ պաշտամունք չկայ ու չի կրնար ըլլալ Դաշնակցութեան մէջ, թէեւ բիւրաւոր օրինակելի ու զոհաբերող, բարձր իմացականութեամբ ու հզօր կամքով օժտուած խոնարհ թէ յայտնի անհատականութիւններ երբեք չեն պակսած իր շարքերէն` հեռաւոր թէ մօտիկ անցեալին, նաե՛ւ այսօր: Դաշնակցութեան կազմակերպական կառոյցը պետութեան ընդհանուր համակարգի համար բնորդ` մոտել ալ կրնայ ծառայել, բոլոր քաղաքացիները, անկախ իրենց գրաւած դիրքէն, ուսման մակարդակէն, սեռէն ու տարիքէն, ինչպէս օրէնքին առջեւ, այնպէս ալ իրաւունքներով ու պարտաւորութիւններով գործնապէս հաւասար դարձնելով:

Ընկերային այս դաշինքին մէջ էական դեր ունի ազատ, անկախ, ժողովրդավար եւ արդար հայրենիքի գաղափարին անմնացո՛րդ նուիրումը: Աւելի՛ն. անցած տարի սեղանի վրայ դրուեցաւ ազգ-բանակ յղացքը` իբրեւ Միքայէլ Վարանդեանի «Համաժողովրդական բանակ»-ի ժամանակակից տարբերակ: Սեփական հայրենիքին մէջ ազգի գոյութիւնը պաշտպանելու այս գործիքի արդիականացումը բնականաբար սոսկ ռազմական-պաշտպանական նպատակի պիտի չծառայէ այսօր, այլ աւելի լայն գործառոյթ ունենայ, կեանքի բոլոր ոլորտներն ընդգրկէ, որպէսզի կենսունակ դառնայ ու յարատեւէ: Այս առումով ալ գաղափարական կեդրոնացումով ապակեդրոն գործելակերպը լաւագոյնս կրնայ արդիւնաւորել զայն:

Յաջողութեան հիմնական պայմանն այն է, որ հրապարակուած առանցքային գաղափարը, որ կոչուած է պաշտպանել ազգ-բանակը, գործնականին մէջ ու շօշափելիօրէն ծառայէ ազգին ու հայրենիքին, ապա թէ ոչ կը վարկաբեկուի ու կը ձախողի ան: Պարագան նոյնն է որեւէ գաղափարի. գործադրուելէ ետք ան պէտք է ծառայէ ամբողջի դատին, հասարակութեան բարօրութեան եւ իրաւունքներու պաշտպանութեան: Ինչպէս կազմակերպական հարուստ աւանդներ ունի Դաշնակցութիւնը, նոյնքան ալ բարոյական ըմբռնումներով հարստացուցած է հայ կեանքը: Մինչ մենք քաղաքացիի իրաւունքներուն եւ պարտաւորութիւններուն մասին կը խօսինք, դաշնակցական մարդուն համար կայ միայն բարոյական պարտաւորութեան եւ բաւարարութեան խնդիր: Այսինքն դաշնակցականի վարձատրութիւնը իր դաւանած գաղափարին անմնացորդ ծառայութիւնն է, անոր հնարաւորութիւնը: Նման բարոյական հիմքեր դրած է Զաւարեաններու սերունդն ու յաջորդները հարստացուցած են զանոնք. այդ մթնոլորտի մէջ է, որ առաւելագոյնս ինքնադրսեւորուած են սերունդներ ու արդիւնաւորած իրենց ուխտը` դառնալով գաղափարական մէկական հսկաներ:

Վերջապէս, Դաշնակցութեան դրօշին տակ կազմակերպուող յաջորդական սերունդներն առաջին հերթին պարտաւոր են առողջ ու անեղծ պահպանել այս աւանդները, կենսաւորել զանոնք, կատարելագործել ու հարստացնել` այն գիտակցութեամբ, որ Դաշնակցութիւնը ամէն բանէ առաջ ու վեր հայ ազգի ու հայրենիքի ծառայութեան կոչուած անօթ մըն է, զոր սերունդներ կեանքի գնով կերտած ու կատարելագործած են, որուն պիտի գուրգուրալ եւ հետը ազնուութեամբ, պատասխանատուութեամբ եւ բծախնդրօրէն վարուիլ:

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 13366

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>