Ռուսական «Ինթրըսթինկ Ուըրլտ» (Interesting World) լրատուամիջոցի գլխաւոր խմբագիր Իկոր Շիրիայեւը Արցախի Հանրապետութիւն կատարած իր այցելութենէն ետք վստահ է, որ Լեռնային Ղարաբաղը աշխարհի այն եզակի վայրերէն է, որ իրակա՛ն է, կը հաղորդէ «Արցախփրէս»ը:
«Ֆէյսպուք»-ի իր էջին վրայ ան կը կիսէ իր այցելութեան տպաւորութիւնները:
«Այցելելով աշխարհի շատ գեղեցիկ եւ տարաշխարհիկ վայրեր` Ղարաբաղը կը համարեմ այն հազուագիւտ վայրերէն մէկը, զոր ես իրական կ՛անուանեմ: Այո՛, կան աւելի բարձր լեռներ, աւելի տարաշխարհիկ բնութիւն, աւելի հարուստ երկիրներ: Բայց Ղարաբաղը իրական է: Ի՞նչ կը ներառեմ այդ բառին մէջ. այստեղ կը բնակին ճիշդ դաստիարակուած մարդիկ, որոնք շատ բան ապրած են եւ զարմանալի կերպով` այդքանէն ետք, ոչ թէ աւելի վատ, այլ աւելի լաւ մարդ դարձած են: Անոնք ոչ ոքէ ոչինչ կը խնդրեն: Իրենց միակ փափաքը այն է, որ զիրենք հանգիստ ձգեն եւ թոյլ տան ապրիլ այն հողին վրայ, որ իրենցը կը համարեն, եւ այդ հարցով ես անոնց հետ բոլորովին համաձայն եմ: Բացի այդ, ոչ մէկ տեղ ես ինքզինքս այդքան ազատ եւ նոյն ատեն ապահով կը զգամ, որքան` Ղարաբաղի մէջ. ասիկա յարակարծական է` նկատի ունենալով այս երկրին տխուր պատմութիւնն ու ոչ դիւրին ներկան, բայց ըսածս փաստացի է», կը յայտնէ Շիրիայեւը:
Ան շնորհակալութիւն կը յայտնէ բոլոր այն մարդոց, որոնք կազմակերպած էին իր այցելութիւնը: Լրագրողը գոհունակութեամբ կը պատմէ, որ իր կնոջ հետ Սիրահարներու տօնը նշած է արցախեան բարձրադիր ձիւնոտ բնակավայրերէն մէկուն մէջ:
Ան ոգեւորուած է այն բանով, որ թէ՛ Հայաստանի, թէ՛ Արցախի մէջ մարդիկ կը ճանչնան զինք, յայտնելով, որ կը տեսնեն իր լուսանկարները ու կը կարդան յօդուածները:
Շիրիայեւը կը նշէ, որ Արցախէն վերադառնալէն ետք հաւաքած է մեծ թիւով լուսանկարներ եւ տեսանիւթեր, որոնք պիտի մշակուին եւ հրապարակուին յօդուածներու հետ: