ՄԱՐԳԱՐ ՇԱՐԱՊԽԱՆԵԱՆ
Վերջերս Երեւանի մէջ հրատարակուած տասնեակ մը գիրքեր կան գրադարանիս գրասեղանին վրայ, որոնք իրենց հերթին կը սպասեն… խօսելու: Այս մէկը, սակայն, ուրիշ է, կը հրմշտկէ, որ առաջ անցնի: Բառերուն ու երաժշտութեան հեղինակը ազգային հանրածանօթ երգիչ Գուսան Հայկազունն է, որ անձամբ նուիրեց զայն ինծի: Չդիմացայ իր հրմշտուկին եւ սկսայ իրմով զբաղիլ ու զինք (երգարանը) ուզեցի ծանօթացնել երգասէր ու ընթերցասէր հասարակութեան:
Երգարանին խորագիրն է` «Հայե՛ր միացէ՛ք»: Անոր սկիզբի էջերուն տպաւորապաշտ էջեր ունին Արմինէ Հայկազունը, որ խմբագիրն է նաեւ գրքին, Գրիգոր Գուզիկեանը, Արսէն Գրիգորեանը, Վրէժ Սարուխանեանը, որոնք վաստակաւոր ու անուն ունեցող երգիչներ են, երգչախումբի ղեկավար, գրող ու հրապարակախօս, եւ որոնք անկեղծօրէն ու արժանավայել կերպով կը գնահատեն ժողովրդասէր Հայկազունին տարիներէ ի վեր կատարած հայրենանուէր գործը: Այս գիրքին մէջ յատկանշական են նաեւ գրեթէ բոլոր երգերուն ընկերակցող երաժշտական նոթագրութիւնները, երգերուն մասին տրուած բացատրութիւններն ու քերթուածներուն ընդմէջէն սաւառնող ազգային ոգին: Այս երգարանի ներսի վերջին կողքին հնարամիտ կերպով միացուած է բոլոր երգերը լսելի դարձնող փոքր երգասկաւառակ մը: Երգարանը կը սկսի «Հայե՛ր, միացէ՛ք» հայրենակերտիչ ու անմոռանալի ազգայնաշունչ երգով, զոր Հայկազունը գրած է 1988¬ի մայիսին, արցախեան ժողովրդական պատմական օրերուն:
Եւ այսպէս, երգէ երգ առաջ… մինչեւ մեր օրերը… եւ մինչեւ իր ներզգացական ու անձնական թելերը հնչեցնող երգերը:
Գուսան Հայկազուն իր գրած վերջին երգին (28 մայիս, 2017) մէկ տան մէջ արդարացի համոզումով կ՛ըսէ. «Լինես թագաւոր բարի կամ դաժան, նախարար, գուսան թէ սարի չոբան, սուտ է ամէն բան, կ՛անցնի, կը գնայ, Հայրենիքն է լոկ, որ պիտի մնայ»:
Թելադրելի է, որ ունենանք այս երգարանը, որ ազգաշէն ու հայրենատէրի ոգիով ակաղձուն` գանձարան մըն է այս օրերուն:
Արագածոտնի մարզ, Ուշի գիւղ