Quantcast
Viewing all articles
Browse latest Browse all 13488

Նամականի

Պատուարժան պատասխանատուներ «Ազդակ» օրաթերթի,

Կ՛ուզենք մեր խորին երախտագիտութիւնը եւ շնորհակալութիւնը յայտնել ձեզի` ընդհանրապէս ձեր կատարած մեծ աշխատանքին համար եւ մասնաւորապէս 18 հոկտեմբերի թիւին «50 տարի առաջ» բաժնի մէջ լոյս տեսած, հոգելոյս հայր Սահակ վրդ. Քէշիշեանի կողմէ Ս. Գրիգոր Նարեկացիի գլուխ գործոցին` «Մատեան ողբերգութեան» գործին

առաջին ֆրանսերէն լիակատար թարգմանութեան մասին 1967-ին ձեր թերթին մէջ լոյս տեսած յօդուածը վերահրատարակելու համար:

Ինչպէս միշտ, դուք ձեր առաքելութիւնը լաւագոյնս կը կատարէք, եւ մեզի համար մեծ ուրախութիւն էր մեր հարազատ վարդապետին յիշատակին արժեւորումը: Վարդապետ, որ իր թարգմանական աշխատանքներով, իր կեանքով, կենցաղով ու ծառայութեամբ վաստակաւոր անուն մը ունեցաւ հայ ժողովուրդի զաւակներուն մէջ:

Յիշատակը անթառամ մնայ հայր Սահակին, ու ձեր բոլոր ծրագիրներն ու աշխատանքները կատարեալ յաջողութիւն ունենան:

Հայր Սահակ վրդ. Քէշիշեանի եղբօրորդին`
ՍԱՐԳԻՍ ՔԷՇԻՇԵԱՆ

Դամասկոս, Սուրիա


Viewing all articles
Browse latest Browse all 13488

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>