ՍԵԴՕ ՊՈՅԱՃԵԱՆ
Հայկական սփիւռքը մէկ ամբողջութիւն մը համարելու մեր մտապատկերը ներելի թիւրիմացութիւն մըն է, որովհետեւ մեր գաղթօճախները որքան անհամար, նոյնքան իրարմէ տարբեր են` իրենց շրջապատով, կենցաղով, սովորութիւններով եւ այլ յատկութիւններով:
Նոյն մեկնակէտով, մեր գաղութներէն իւրաքանչիւրը իբրեւ մէկ ամբողջութիւն ժամանակաւոր բնոյթ ունի, որովհետեւ, ըստ պայմաններու, անոնց թուական եւ կարողական որակն ու քանակը կ’ենթարկուին դրական կամ բացասական փոփոխութեան` ըստ տուեալ երկրի կամ տարածաշրջանի ընձեռած քաղաքական, տնտեսական կամ ընկերային պայմաններուն:
Պարզ խօսքով, մեր պատկերացուցած սփիւռքեան ամբողջութիւնը ակամայ ենթակայ է յարափոփոխութեան օրէնքին, որ իւրաքանչիւր գաղութին կը պարտադրէ ձեւական թէ էութենական պատշաճեցում` ըստ իր շրջապատի պահանջներուն:
Այս պայմաններու տակ մեր գաղութներու գոյատեւումը, մանաւանդ` անոնց ուժական եւ գործօն գոյութիւնը, հիմնուած են եռանկիւնային յարաբերութեան մը վրայ: Այդ եռանկիւնը կը կազմեն նոյնինքն գաղութը, տուեալ գաղութին հիւրընկալ երկիրը եւ Հայաստանը: Իր գոյատեւման եւ մեր ազգային օրակարգի սատարման աշխատանքին մէջ գաղութը ներգործօն ազդեցութեան տակ է` իր սեփական հաւաքականութեան, հիւրընկալ երկրին եւ Հայաստանին կարիքներուն, պահանջներուն, դիւրութիւններուն եւ դժուարութիւններուն:
Այսպիսի բարդ ու խրթին իրավիճակի ենթակայ է իւրաքանչիւր գաղթօճախ: Այս բացատրութեամբ նաեւ պէտք է ընկալել հայկական սփիւռքի մէկ ամբողջութեան ըլլալու պատկերացումին թիւրիմացութիւնը:
Սակայն սփիւռքեան այս դժուարին կացութեան մէջ առկայ է մէկ հիմնական հասարակ յայտարար` մեր հայեցի ինքնութեան պահպանումը: Հայկական սփիւռքը մէկ ամբողջութեան վերածողը եւ իւրաքանչիւր գաղութի գոյատեւման երաշխիքը խարսխուած են հայեցի ինքնութեան պահպանման, արմատաւորման եւ կիրարկման վրայ:
Հետեւաբար շատ բնական է հայեցի ինքնութեան առաջնահերթութիւնը թէ՛ սփիւռքի եւ թէ՛ հայրենիքի համար: Բաւարար թէ անբաւարար մակարդակներով ծրագրումներ կը կատարուին ու կը գործադրուին, որպէսզի սփիւռքահայուն ջամբուին հայեցի ինքնութեան բաղադրեալները կազմող մեր ազգային գիտակցութիւնը, արժէքները, աւանդութիւնները մշակոյթը, ինչպէս եւ` քաղաքական դատի գիտակցութիւնը:
Պէտք է ընդգծել` հարցը հայապահպանումի մասին չէ, այլ` հայեցի ինքնութեան մասին: Հայապահպանումը կրաւորական մօտեցում մըն է, ուր կը բացակային մեր անհատական եւ հաւաքական գոյութեան նպատակային տուեալները:
Հայեցի ինքնութիւնը գիտակցական հայու զարգացման մասին է, ուր հայեցի գոյատեւումը անքակտելի մասն է մեր ազգային պայքարին, առաքելութեան եւ նպատակներուն:
Որքան ալ կարեւոր ըլլան հայեցի ինքնութեան զարգացման եւ ամրացման ձգտող մեր ծրագրումները, գիտակցական ինքնութիւնը ապահովելու համար անհրաժեշտ է ջամբուող գիտելիքները իմաստաւորող հոգեկան ու մտային տուեալը: Այսինքն` այդ գիտելիքներուն իմաստ, լիցք եւ սլացք տուող ներշնչարանը:
Դաշնակցական երիտասարդութեան համար մէկ եւ միակ է մեր ինքնութեան ներշնչարանը: Այդ ներշնչարանը հայրենիքն է:
Դաշնակցութեան երիտասարդական միաւորները ոչ միայն տեսականօրէն, այլ գործնապէս գաղափարական հանգանակի վերածած են Հայաստանը` իբրեւ սփիւռքահայու ինքնութեան ներշնչման աղբիւր:
Մեր գաղութներու տարածքին եւ կեդրոններուն մէջ, դաշնակցական պատանիին եւ երիտասարդին համար ամէնօրեայ ապրում եւ գործ է Հայաստանի գիտակցութիւնը եւ ներշնչումը: Իրենց այս աշխատանքը աւելիով կ՛ամրապնդուի իրենց կազմակերպած տարեկան հայաստանագնացութան ծրագրով, ուր անոնք շաբաթներով կը դաստիարակուին ու կը ներշնչուին Հայաստանի եւ Արցախի դաշտերուն մէջ ու լեռներուն վրայ:
Տակաւին երկու ամիս առաջ, ամրան, հայաստանագնացութեան գործնական փաստը յաւելեալ գօտեպնդում տուաւ սփիւռքի մէջ մեր հայեցի ինքնութեան պահպանման:
Սփիւռքահայ հարիւրաւոր դաշնակցական պատանիներ, երիտասարդներ եւ մարզիկներ ապրեցան ու մասնակից եղան հայաստանագնացութեան, որ յատկանշուեցաւ` բանակումներով, բանակավայրերով, դաստիարակչական ծրագիրներով, հայրենիքի տարբեր շրջաններ այցելութիւններով, համահայկական խաղերով, փառատօներով…
Յատկապէս պէտք է ընդգծել հայաստանագնացութեան մասնակցող Դաշնակցութեան երիտասարդական ու պատանեկան միութիւններու եւ Դաշնակցութեան յարակից կազմակերպութիւններու անդամներուն գերակշռող ներկայութիւնը: Մեր երիտասարդներն ու պատանիները գործնապէս դաստիարակուեցան ու իրողապէս ապրեցան հարազատ հայրենիքի փորձառութիւնը:
Անոնք վերադարձան տուն` իրենց բնակած գաղթօճախները: Վերադարձան հայօրէն աւելի դաստիարակուած, աւելի վճռական դարձած եւ մանաւանդ` աւելի հայացած: Աւելի՛ն. վերադարձան իբրեւ աւելի գիտակից հայեր:
Միայն հայրենիքը կրնար ներշնչել հայեցի ինքնութեան այդ գիտակցութիւնը: Որովհետեւ, ուր ալ ըլլանք սփիւռքի տարածքին, մեր ինքնութեան ներշնչարանը Հայաստանն է:
Լոս Անճելըս,
19 հոկտեմբեր 2017