Quantcast
Channel: Անդրադարձ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 13366

Մեր Իրագործումները Եւ Խնդիրները(Գ.)- Դադրեցնե՛նք Բամբասանքները Եւ Անշահախնդիր Գուրգուրանք Մեր Միջնաբերդին` Հայ Դպրոցին…

$
0
0

ՐԱՖՖԻ ՏԵՄԻՐՃԵԱՆ

Վերջին ամիսներուն լիբանանահայ իրականութեան մէջ ամէնէն շատ յուզող ու քննութեան առարկայ դարձող նիւթը հայ դպրոցն է: Մէկ կողմէն կարգ մը վարժարաններու միաւորումը, այլ դիտակէտէ նոր վարժարանի մը բացումը, այլուր այլ վարժարանի մը տնօրէնութեան անձնակազմի փոփոխութիւնը, ուրիշ տեղ աշակերտութեան թիւի նուազումը, եւ տակաւին, որակային ու տնտեսական խնդիրներն ու այլ հարցեր գաղութին մէջ հանդիսացած են ներքին եւ արտաքին բամբասանքներու շարժառիթներ:

Այո՛, անցնող ամիսներուն հայ դպրոցը դարձած է կիներու առաւօտեան սուրճի ընկերակիցը, սրճեփներու քով հաւաքուած գործաւորներու եւ պաշտօնեաներու առօրեան, երբեմն նոյնիսկ գիշերային հաւաքոյթներուն ժամանակը լեցնող ու «գոհունակութիւն» պատճառող թեման: Տակաւին, լիբանանեան լրատուական ցանցներն անգամ չեն զրկուած հայ դպրոցին մասին «դիտողներու թիւ» աւելցնող շրջանառութեան դրուած այս «բարիք»-ներէն, մինչ ուրիշներ ձեռնածալ նստած հոսկէ ու հոնկէ կը սպասեն ժխտական լրահոսներուն…

Մարդիկ նոյնիսկ սկսած են հաւատալ, որ հայ դպրոցը կարիքն ունի «ժողովրդային շարժում»-ի` լիբանանեան հասարակութեան ներկայացնելու իրենց պահանջը` առանց գիտակցելու, որ նմանօրինակ երեւոյթներ պարզապէս վնասակար են եւ ապարդիւն…

Այս մօտեցումները ամէնօրեայ խծբծանքները աշակերտներուն մէջ կը ստեղծեն դպրոցին եւ կառոյցին նկատմամբ անվստահելիութիւն, տնօրէնութեան եւ ուսուցչակազմին նկատմամբ համակրանքի նուազում եւ կրթութեան նկատմամբ` անտարբերութիւն եւ անլրջութիւն:

Դժբախտաբար մեր միջավայրին մէջ ամէն մարդ ամէն ինչի մասին ըսելիք ունենալու իրաւասութիւնը տուած է իր անձին, անկախ անկէ,  թէ՛ ինք որքանո՛վ տեղեկութիւններ ունի, թէ` արտայայտութիւններուն մէջ որքա՛ն առարկայական հիմքեր կան, թէ` որքանո՛վ այդ խօսքերը շինիչ են… Դիմատետրի եւ այլ ընկերային ցանցերու առկայութիւնը առաւել եւս նպաստած է, որ ստեղծուի այսպէս կոչուած «ազատ» միջավայր, ուր առանց սահմանափակումներու ընդհանրապէս սեւը ճերմակին դիւրութեամբ կը խառնուի, սխալը` ճիշդին, վատը` լաւին:

Կրնայ պատահիլ, որ լիբանանեան այլ վարժարաններու նման` մարզին մէջ կան բազմաթիւ բացթողումներ եւ անընդունելի երեւոյթներ, որոնց հետագային պիտի անդրադառնանք, սակայն դժուարութիւնները չեն յաղթահարուիր հրապարակային ցեխարձակումներով, այլ` հաւաքական աշխատանքով եւ պատասխանատուութիւններ վերցնելով:

Տակաւին, անընդունելի է, որ այս «պազար»-ներուն մէջ դպրոցի մը կամ պատասխանատուի մը լաւ կամ վատ ըլլալը կախեալ ըլլայ այս կամ այն անձին գործի ընդունուելու իրադրութենէն եւ կամ ալ անհատական-նիւթական շահերէ: Դպրոցը անձնական եւ տեղայնական շահարկումներու առարկայ չի կրնար դառնալ: Հայ դպրոցը «խանութ» չէ, այլ ազգային սրբութիւն է:

Գուրգուրա՛նք մեր միջնաբերդին` հայ դպրոցին:

Գուրգուրանքի առաջին քայլը հրապարակային ու սալոնային քննարկումներէն անդին ճիշդ տեղը եւ գիտական տուեալներով հարցերը քննելն ու ներկայացնելն է, այլապէս իւրաքանչիւր անտեղի խօսք ու արտայայտութիւն քար մը եւս կը հանէ հայ դպրոցի սիւներէն…

 

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 13366

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>