«Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկութեան Հայկական Համայնքներու բաժանմունքի տնօրէն Ռազմիկ Փանոսեանի այս զեկոյցը գրուած է բանաւոր մատուցման համար եւ ո՛չ որպէս յօդուած: Հայաստան-Սփիւռք 6-րդ համաժողովին (Երեւան, 18 Սեպտեմբեր 2017) ներկայացուած այս զեկոյցը, մանր սրբագրութիւններէ ետք յանձնուած է հրատարակութեան:
Այս զեկոյցը Սփիւռք – Հայաստան յարաբերութիւններու նիւթին շուրջ այնպիսի մօտեցում մը պիտի ներկայացնէ, որ սոյն համաժողովին ոճէն կամ սպասուածէն կը տարբերի: Խօսքերս սահմանափակուած պիտի մնան կրթական ծիրէն ներս` առանց քաղաքական որեւէ հարցի անդրադառնալու: Զեկոյցիս առանցքը արեւմտահայերէնի պահպանման ու զարգացման մարտահրաւէրներն են սփիւռքեան իրականութենէն ներս:
Հիմնական դրոյթս հետեւեալն է. եթէ իսկապէս կ’ուզենք արեւմտահայերէնը պահել, ամրապնդել եւ զարգացնել, պէտք է սփիւռքակեդրոն ըլլանք, սփիւռքակեդրոն մօտեցումներ ու ծրագիրներ մշակենք:
Աւելցնեմ, որ խօսքս աւելի շատ ուղղուած է Սփիւռքի ղեկավարութեան, մտաւորականներուն, լեզուով ու մշակոյթով զբաղող անձերուն:
Արեւմտահայերէնի հիմնական հարցը ի՞նչ է. ուղղագրութի՞ւն, քերականական կանոննե՞ր, արեւելահայերէնի հետ մերձեցո՞ւմ: Ըստ իս, ասոնք կարեւոր են, բայց այս հանգրուանին մեր հիմնական հարցերը չեն: Եթէ UNESCO-ի վերլուծումը լաւ կարդանք, պիտի տեսնենք, որ հիմնական հարցը լեզուն յաջորդ սերունդին փոխանցելու մարտահրաւէրն է: Հո՛ս է, որ լեզուին ամէնէն լուրջ նահանջը կը տեսնենք: Ուրեմն՝ հո՛ս է, որ շեշտը պէտք է դնենք ու մեր ներդրումները կատարենք:
Տեղեակ եմ, որ մեր գաղութները փոխուած են։ Կեթթոներու մէջ չենք ապրիր եւ ազգային ինքնութիւն պահպանելու ընթացքները կը տարբերին անցեալէն: Այս ընդհանուր խնդիրներուն մասին պիտի չխօսիմ` ժամանակի սղութեան պատճառով: Արեւմտահայերէնի նահանջին համար միջազգային իրողութիւններն ու ընկերային հոսանքներն այպանող շատ մելան կը հոսի, թէպէտեւ այս հարցերուն մասին լուրջ ուսումնասիրութիւններ չկան առայժմ:
Սակայն, շատ քիչ կը խօսուի Սփիւռքի ղեկավարութեան դերին մասին:
Լեզուն պահելը կամ ոչ առաջին հերթին բարոյական որոշում մըն է: Կ’ուզե՞նք, որ արեւմտահայերէնը գոյատեւէ թէ՞ ոչ: Ինքնախաբէութեամբ չզբաղինք` միասնաբար «անշո՜ւշտ» բացագանչելով: Սփիւռքի եւ Հայաստանի մէջ արդէն գոյութիւն ունի այն մտածելակերպը կամ եզրակացութիւնը, թէ սփիւռքեան պայմաններուն մէջ լեզուն պահելն անիմաստ է եւ թէ ասկէ ետք մեր ինքնութիւնն ուրիշ հիմերու վրայ պէտք է կերտենք: Ես բացարձակապէս կը մերժեմ այս մօտեցումը ու անոր ենթադրած պարտուողականութիւնը: Թէպէտեւ միաժամանակ աւելցնեմ, որ երբեք չեմ ըսած թէ ազգային ինքնութիւնը միայն լեզուի վրայ խարսխուած է կամ թէ միայն լեզուով կ’արտայայտուի:
Ուրեմն՝ խօսքս անոնց ուղղուած է, որ կը հաւատան թէ լաւ կ’ըլլայ եթէ արեւմտահայերէնը գոյատեւէ եւ զարգանայ:
Մենք՝ Սփիւռքի կրթական ու մշակութային ծիրէն ներս գործունեայ անհատներ ու կառոյցներ, պէտք է քիչ մը ինքնաքննադատութեամբ զբաղինք։ Ու՞ր է որ ձախողած ենք ու կը շարունակենք ձախողիլ: Սովորաբար լեզուի եւ դպրոցներուն անկումը կը վերլուծենք առանց հայելիին նայելու ու մեր թերութիւնները նշմարելու: Կ’այպանենք համաշխարհայնացումը (globalisation), ծնողները, մեր ապրած երկիրներուն կրթական օրէնքները եւ նոյնիսկ` երեխաները, բայց երբեք չե՛նք հարցներ թէ մե՛նք` կրթական ծրագիրներու պատասխանատուներ, տնօրէններ եւ ուսուցիչներ, ի՞նչ սխալ ըրինք:
Չորս կէտեր մատնանշեմ:
Առաջինը կը վերաբերի հայեցի դաստիարակութեան գաղափարին, որուն ընդմէջէն հայերէնն ու հայեցին նոյնացուցած ենք մեր դպրոցներուն եւ մեր մտածելակերպին մէջ: Կը կարծեմ, որ այս միաձուլումը իր բացասական դերը սկսած է ունենալ: Լեզուն «կեթթոյացուցած» ենք եւ կեթթոյին անունը դրած ենք «հայեցի դաստիարակութիւն»: Այսինքն՝ հայերէնով հայոց պատմութիւն, գրականութիւն, լեզու ու կրօնք կը սորվեցնենք առանց աշխարհին հետ հայերէնով առնչուելու։
Այս պատճառով ալ, առանց անդրադառնալու կ’ամրապնդենք այն գաղափարը թէ անգլերէնը, սպաներէնը կամ ֆրանսերէնը, օրինակ, աշխարհի հետ կապուելու լեզուներ են, բայց ո՛չ հայերէնը։ Այս երեւոյթը իրապէս վտանգ մըն է մեր լեզուի կենսունակութեան համար, որովհետեւ այն լեզուն կը նուաստացնէ ու զանիկա միայն մէկ «նիւթի»` հայկականութեան լեզու կը դարձնէ, եւ այդպիսով, տարիներու ընթացքին, լեզուն կը սկսի իր այժմէականութիւնը կորսնցնել` դառնալով գեղեցիկ, բայց սառած յուշապատկեր մը, «ծրար» մը` մեծ հօր ու մեծ մօր լեզուն եւ ո՛չ թէ մեզի հասակակից բարեկամներու հետ յարաբերելու լեզուն կամ նորարարութիւններու լեզուն:
Երկրորդ՝ լեզուն վերածեցինք պարտադրանքի, բեռի, գաղափարախօսութեան եւ նոյնիսկ` սրբութեան, երբ այն պզտիկին ու պատանիին համար պէտք է ըլլայ հաճոյքի, խաղի ու աշխարհին բացուելու լեզու: Եթէ 21-րդ դարու սկիզբը կ’ուզենք արեւմտահայերէնը ամրապնդել ու զարգացնել, ուրեմն լեզուն պէտք է անպայման դուրս գայ պարտադրանքի կամ պարտականութիւն ըլլալու ծիրէն ու գրաւիչ դառնայ երիտասարդ սերունդին համար: Այո՛, ասիկա կարելի է իրականացնել:
Երրորդ՝ շարունակելով նախորդ գաղափարը, մանկավարժական մեր մօտեցումները չկրցանք թարմացնել` քայլ պահելով արդի կրթական մօտեցումներուն հետ: Շարունակեցինք հայերէնը սորվեցնել որպէս «մայրենի» նոյնիսկ երբ շատ տեղեր այն արդէն վերածուած էր երկրորդ լեզուի` պահանջելով ուսումնական մեթոտաբանութեան փոփոխութիւն, մասնաւորապէս` արեւմտեան Սփիւռքի մէջ: Կը խօսինք նահանջի մասին, կը տեսնենք դրական արդիւնքի պակասը, բայց տակաւին դասական մօտեցումներուն կառչած կը մնանք` պարտադրելով, որ պզտիկն ու պատանին լեզուն սորվին տափակ մթնոլորտի մը մէջ` փոխանակ զանիկա հաճելի պայմաններու տակ «իւրացնելու»:
Չորրորդ՝ սկսանք հաւատալ, որ մեր հարցերուն լուծումները ուրիշ տեղէ մը, այսինքն՝ Երեւանէն պիտի գան: (Վստահ եմ, որ այս կէտն է, որ ամենէն շատ ընդվզում պիտի յառաջացնէ այս սրահին մէջ:) Հոս է, որ «սփիւռքակեդրոնի» գաղափարը աւելի պիտի ընդլայնեմ:
Յետեղեռնեան Սփիւռքի ղեկավարները, մասնաւորապէս` Միջին Արեւելքի մէջ, այսօրուան մեր գաղութները կերտեցին: Անոնք ո՛չ միայն հայախօսութեան կը հաւատային, այլեւ զանիկա իրագործեցին իրենց ջանքերով ու իրենց գաղութներու հնարաւորութիւններով: Անոնք հիմնուեցան 19-րդ դարու Զարթօնքէն բխած եւ Օսմանեան կայսրութեան մէջ տարածուած հայկական դպրոցներու փորձառութեան ու մանկավարժական գիտելիքներու հարուստ աւանդութեան վրայ: Ուզեցին եւ կրցան շարունակել կրթական ու լեզուական իրենց աշխատանքները` ապաւինելով իրենց անցեալի փորձին եւ իրենց ժամանակակից կրթական նորարարութիւններուն:
Ներկայիս, կարծէք սկսած ենք մեր հարցերուն լուծումը փնտռել այլուր` երկրի մը մէջ, ուր արեւմտահայերէնը այդքան ալ կեդրոնական հարց մը չէ։ Այո՛, արեւմտահայերէնի հանդէպ որոշ հետաքրքրութիւն մը կայ այնտեղ, բայց մենք մեզ չխաբենք. փաստերը չկան թէ այդ հետաքրքրութիւնը շօշափելի արդիւնքի պիտի առաջնորդէ:
Թող սխալ չհասկցուիմ, որ հայրենիքը որեւէ դեր չունի արեւմտահայերէնի պահպանումին մէջ: Մասնագիտական ծիրէն ներս Հայաստանի համալսարաններն ու մասնագէտները որոշ դերակատարութիւն կրնան ունենալ` հետազօտական աշխատանքներ տանելով, բայց ո՛չ մանկավարժական ծիրէն ներս, ուր մեր ներկայի կարեւորագոյն պէտքերն են:
Կը խորհիմ, որ Սփիւռքի ղեկավարներն ու մտաւորականները իրենց պատասխանատուութիւնն ուրացած եւ անկէ խուսափած կ’ըլլան, երբ կ’ըսեն թէ նախաձեռնութիւնները, լուծումները եւ նոյնիսկ մարդուժը Հայաստանէն պէտք է գան: (Չմոռնանք, որ մեր ներկայ ազգային ինքնութիւնը, ներառեալ` մեր երկու աշխարհաբարները, կերտուած են սփիւռքեան կեդրոններու մէջ։)
Ուստի, արեւմտահայերէնի պարագային Սփիւռքն է, որ առաջնահերթ դեր ունի իր լեզուն պահելու ու զարգացնելու համար: Հայաստանը թող օգնէ կարգ մը ծրագիրներով, բայց արեւմտահայերէնի բանալին կը մնայ արեւմտահայերու ձեռքը, եթէ անշուշտ կ’ուզենք, որ ան գոյատեւէ որպէս իւրայատուկ լեզուական ճիւղ:
Մանկավարժական եւ մեթոտաբանական գետնի վրայ, Սփիւռքի եւ Հայաստանի միջեւ մօտեցումներու շատ մեծ տարբերութիւններ կան։ Հայաստանի մանկավարժական մօտեցումը չի յարմարիր յատկապէ՛ս արեւմտեան Սփիւռքին, ո՛չ ալ` հոգեբանութիւնը: Արեւմտեան Սփիւռքը յաջողած է հայերէնը սերունդէ սերունդ փոխանցել միա՛յն երբ հիմնուած է ի՛ր տեղական մանկավարժական մօտեցումներուն վրայ եւ իր զաւակներուն կրթութեան համար օգտագործած` ի՛ր միջոցները։
Կը մնայ հարցնել՝ արդեօք Սփիւռքի ղեկավարները, մանաւանդ կրթական ծիրէն ներս, պատրա՞ստ են այս պատասխանատուութիւնը ստանձնելու:
Ահաւասիկ ա՛յս է սփիւռքակեդրոն ըլլալու գաղափարը։ Հարկաւ, խօսքն այստեղ դասական Սփիւռքի մասին է։ Նոր Սփիւռքը, որ կազմուեցաւ անկախութենէն ետք, ուրիշ մարտահրաւէրներու եւ խնդիրներու առջեւ կը գտնուի։ Այդ պարագային, կարեւոր դեր մը վերապահուած է Հայաստանի ղեկավարութեան՝ արեւելահայերէնի ամրապնդումին ու զարգացումին ուղղութեամբ։
Զեկոյցս վերջացնեմ գործնական օրինակներով: Դիւրին է խօսիլ, վերլուծել, քննադատել: Դժուար է վերլուծումը ծրագրի վերածել եւ այդ ծրագիրը իրականացնել: Այս կապակցութեամբ խօսիմ «Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկութեան աշխատանքներուն մասին:
Երկու ամառէ ի վեր քառասունի շուրջ մասնագէտներ, ուսուցիչներ եւ արեւմտահայերէնով արտադրող արուեստագէտներ կը համախմբենք մէկ շաբաթ տեւող սեմինար-ճամբարի մը, որուն ընթացքին անոնք առիթը կ’ունենան ստեղծելու արեւմտեան Սփիւռքին յատուկ մանկավարժական գործիքներ՝ խաղեր, երգեր ու լեզուական ծրագիրներ: Տարուան ընթացքին կը հետեւինք անոնց աշխատանքներուն եւ 2018ին պիտի սկսինք այս բոլորը հանրութեան տրամադրել՝ մասնայատուկ կայքէջի մը միջոցաւ: Ուսուցիչներ, ծնողներ եւ արտադասարանային հայերէն սորվեցնողներ պիտի կարողանան ձրիաբար օգտագործել այս «միջոցները» կամ «գործիքները»:
Զուգահեռ այս ծրագրին, 2017ի ամրան, հարաւային Ֆրանսայի մէջ կազմակերպեցինք «Զարմանազան» անունով արեւմտահայերէնի ճամբար մը` 10էն 15 տարեկան պատանիներուն համար: Շուրջ քառասուն երախաներ ու պատանիներ` այլազան երկիրներէ, արեւմտահայերէնով տարբեր ձեռնարկներու մասնակցեցան։ Այս խումբին մէջ կային բնաւ հայերէն չխօսող, ինչպէս նաեւ քիչ կամ սահուն հայերէն խօսողներ։ Հասարակաց լեզուն արեւմտահայերէնն էր։ Պէտք է տեսնէիք թէ այս չորս շաբթուան ընթացքին ինչպէ՛ս բարելաւուեցաւ անոնց հայերէն լեզուի իմացութիւնը։ Անոնք սկսան արեւմտահայերէնով բարդ գաղափարներ արտայայտել, ե՛ւ լեզուն սիրել, ուզելով գործածել։ Անոնք տխրութեամբ մեկնեցան ճամբարէ մը, որ հայերէնին նուիրուած էր: Երբ վերադարձան տուն, շարունակեցին խանդավառութիւնը եւ փոխադարձ կապերը պահեցին։
Ո՛չ մէկը անոնց հայկականութիւն եւ հայեցի դաստիարակութիւն քարոզեց։ Ո՛չ մէկը անոնց լեզու պարտադրեց, ո՛չ ալ անընդհատ սրբագրեց անոնց սխալները:
Բայց անոնք ինքնաբերաբար սորվեցան որովհետեւ սիրեցին մթնոլորտը եւ առիթ ունեցան իրենց այժմէական մշակոյթը ստեղծելու. լեզուական կամ մշակութային «ծրար» մը չստացան որպէս բեռ կամ պարտականութիւն:
«Զարմանազան» ճամբարը կը բաղկանար երկու մասէ. մէկը վերը յիշուած պատանեկան բաժինն էր, միւսը վերաորակաւորման խտացուած դասընթացք մըն էր հայկական դպրոցներու 15 ուսուցիչներու՝ Փարիզի INALCO համալսարանի հետ գործակցաբար։ Ուսուցիչները պատրաստուեցան երեխաներուն հետ առնչուելով, անոնց պէտքերը ու կարողութիւնները դիտելով:
Ուրիշ նորութիւն մը. ուսուցիչներու վերապատրաստութեան մէկ մասն էր նաեւ նոր լեզու մը սորվիլ, այսինքն՝ նիւթը դիտել ո՛չ թէ միայն սորվեցնողի տեսանկիւնէն, ալ նաեւ` սորվողի:
Այս մանրամասնութիւնները կը յիշեմ միայն մանկավարժական փոփոխութիւններու եւ նորարարութիւններու օրինակներ ցոյց տալու համար:
Աւելի մեծահասակներուն համար` 16էն 24 տարեկան, դարձեալ շաբաթ մը երկարող մէկ այլ ճամբար կազմակերպեցինք, նոյնպէս Ֆրանսայի մէջ, ուր համագործակցեցանք «Վիքիմետիա Հայաստանի» հետ` Վիքիփետիայի (կամ՝ Ուիքիփետիայի) յօդուածներ գրելու համար: Միա՛յն յօդուածներուն թիւը չէր կարեւորը, այլ նաեւ` գրելու եւ կարդալու սէր ու խանդավառութիւն ստեղծելը:
Ճամբարին մասնակցողները հայերէնով կարդացին արդի գրականութիւն ու ստեղծագործական եւ խմբային աշխատանքներու մէջ մխրճուեցան:
Ամէնքս գիտենք ելեկտրոնային գործիքներու կարեւորութիւնն ու կը խօսինք այդ մասին: Արեւմտահայերէնի ուղղագրութիւնը սրբագրելու ծրագիրը յառաջիկայ տարի պատրաստ պիտի ըլլայ այլազան խելախօսներու (սմարթֆոն) եւ համակարգիչի ծրագիրներու համար: Կը հաւատանք, որ ասիկա թափ պիտի տայ աւելի շատ հայատառ գրելու:
Հայկազեան Համալսարանին հետ, 2017-18 ուսումնական տարեշրջանին, Լիբանանի հայկական վարժարաններու ուսուցիչներուն համար մասնայատուկ վերաորակաւորման ծրագիր մը կ’իրականացնենք:
Եզրափակեմ: Չյուսահատինք` ըսելով, որ արեւմտահայերէնը կը մաշի։ Այո՛, անիկա վտանգուած է, բայց անոր վտանգէն դուրս գալու բանալին մեր ձեռքն է:
Մարդո՛ւժ, մարդո՛ւժ եւ մարդո՛ւժ պէտք է պատրաստել` Սփիւռքի մէջ, Սփիւռքի յատուկ եւ Սփիւռքի համար: Մարտահրաւէրը մեծ է, բայց յաղթահարելի:
Անշուշտ՝ նիւթական ներդրում կը պահանջէ, բայց անկէ աւելի կարեւոր` տեսլական մը կը պահանջէ, որ պետականութեամբ տարուած չէ եւ կը վստահի ինքն իրեն:
Եթէ արեւմտահայերէնը պիտի ամրապնդենք ու զարգացնենք – վստահ եմ, որ նշմարեցիք թէ միա՛յն պահպանումի մասին չեմ խօսիր – սփիւռքակեդրոն շարժումի մը պէտք ունինք, որ կը հաւատայ այս տեսլականին, կը հաւատայ իր լեզուին, եւ պատրաստ է վերլուծումէն անցնելու գործի եւ միջոցներ որոնելու:
19-րդ դարու առաջին կէսին, խումբ մը «գրոց բրոց» մտաւորականներ եւ վարդապետներ` Պոլիս, Թիֆլիս ու Վենետիկ նստած, մեր երկու աշխարհաբարները ստեղծեցին ու տարածեցին. հայերէնը վերականգնեցին որպէս ամէնօրեայ լեզու առանց պետութեան մը ներդրումին, առանց կեդրոնական եւ կեդրոնացնող մարմիններու: 21-րդ դարու սկիզբը, օժտուած` համացանցային բոլոր դիւրութիւններով, աշխարհասփիւռ հայերս պիտի չկրնա՞նք արեւմտահայերէնը զարգացնել եթէ ջանք թափենք ու մենք մեր ուժերուն ապաւինինք:
Ափսո՛ս եթէ չփորձենք: