ՍԱԼԲԻ ՔԻՒՐՔՃԵԱՆ-ԹԱՇՃԵԱՆ
Նազանքով թեւածող անձրեւի կաթիլներուն տակ քայլերս միացած էին այն խումբ մը հայորդիներուն, որոնք արհամարհելով տերեւաթափ ալիքներու նման շորորուն հոսքը արքայութեան հորիզոնէն` մթնշաղի մէջ միտքեր կ՛որոնէին:
Խոկումի մենութեամբ աչքերս յառած կը մնային հեռուէն իր յաւերժութիւնը ամրապնդող ծիծեռնակի այն բոյնին, որ մէկուկէս միլիոն նահատակներու անմար ջահով կ՛արձագանգէր յաղթանակի ու յարութեան լուսաւոր ղօղանջը:
Իւրաքանչիւր քայլափոխիս ինծի կը թուէր, թէ գաղթի երկար ճամբան բռնած հայորդիներ այժմ կը տողանցէին հաստատ քայլերով դէպի անմահութեան բագին, եւ անոնց մէջ հազարաւոր ձայներ դարձեա՛լ կը գոռային «քիչ ետք հասնող» կարաւանի այն խումբին` վրէժի ցասումով լեցուելու ու երբեք չզիջելու իրաւատիրութենէ, նոյնիսկ` բռնակալ ոսոխին անխնայ հարուածներուն տակ, երբ այս վերջինը պատրաստ էր անմեղ զոհերու արեան գինիով արբենալու` իբրեւ կանխամտածուած ծրագիր մը յաջողութեամբ պսակուած:
Բայց ո՛չ. արցունքի կաթիլներ չէին հոսեր այտերէս, այլ «եղէգնեայ գրչով» կ՛ալեկոծէր հոգիս, շունչիս մէջ կը հեւար «ատելութեան կոչ»-ը, «բժիշկին գիրքէն փրցուած էջեր»-ով կը բաբախէր սիրտս, եւ «զարնուած որսորդը» տակաւին կը մնար այն լերան վրայ, որ զինք կը հիւծէր մահուան ճահիճին մէջ:
Զիս դիմաւորողը քիչ անդին կ՛ըլլար յաղթաբազուկ Հայ Նեմեսիսը, որ պահակազօրի իր դիրքին մէջ զգուշաւոր իր պարտքը կը կատարէր` «Ցեղին սիրտը» մաքրամաքուր սրբութեան անդորրութիւնը լուսարձակելով:
Ծունկի կու գամ Ծիծեռնակաբերդի ջահին առաջ, հերո՛ս նահատակի անմար յաւերժութեան…
10/10/2017
Ծիծեռնակաբերդ