Quantcast
Channel: Անդրադարձ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 13366

«Լիբանանահայութեան Ուժը Ամբողջ Սփիւռքի Եւ Հայութեան Ուժն Է»

$
0
0

ՊԵՏԻԿ

Շատ ճիշդ ու այնքան կարեւոր:

Այս յայտարարութիւնը լսեցինք երեսփոխան Յակոբ Բագրատունիէն` իբրեւ ցոլացում ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի մտասեւեռումին:

Ըլլամ աւելի պարզ: Այսօր սփիւռքահայութեան սիրտն ու ուղեղը Պէյրութն է: Ունէինք այնքան գործունեայ Հալէպը, որ համայն սփիւռքահայութեան տուաւ մտաւորական սերունդներ, գրական դէմքեր ու ազգային եւ քաղաքական ղեկավարներ: Այսօր` ակնարկ մը համատարածէն ու Պէյրութը պիտի տեսնենք սփիւռքահայութեան «մայրաքաղաքը»:

Լիբանանի աշխարհաքաղաքական դիրքը եւ լիբանանահայութեան ներկայութիւնը սփիւռքի մեր բոլոր օճախներուն մէջ Պէյրութի ուսերուն կը դնեն այն ծանր պատասխանատուութիւնը, ինչ որ նախապէս դրուած է Հալէպի ուսերուն, եւ այսօր Լիբանանը դարձաւ սփիւռքի «պարենաւորման կեդրոն»:

Հոս պարզ կը տեսնենք այն յայտարարութեան իմաստն ու կարեւորութիւնը` լիբանանահայութեան ուժը ամբողջ սփիւռքի եւ հայութեան ուժն է: Այլ խօսքով, զօրաւոր լիբանանահայութիւն` կը նշանակէ զօրաւոր սփիւռք: Բնականաբար, առանց անտեսելու հայրենիքի եւ սփիւռքի կապի նախարար Հրանուշ Յակոբեանի այնքան` գնահատելի գործունէութիւնը, անխոնջ աշխատանքը սփիւռքը հայրենիքին կապելու ու արդարացնելու «Արի տուն» հրաւէրին կարեւորութիւնն ու արժմէականութիւնը: Սփիւռքի 1700 ներկայացուցիչները, մէկտեղուած` նախարար Հրանուշ Յակոբեանի շուրջ, արտայայտեցին իրենց ցաւերն ու մտահոգութիւնները եւ լսեցին հայրենիքի կոչը: Հոս աւելի կը շեշտուի հաւասարակշռուած իրականութեան մը պահանջը. զօրաւոր սփիւռք` հզօր Հայաստան:

Սփիւռքահայութիւնը ուժեղ է եւ կը պահէ իր կշիռը, եթէ ուժեղ է լիբանանահայութիւնը իր ղեկավարութեամբ եւ իր ներկայացուցիչներով:

Աս կոչ մը թող նկատուի սփիւռքի նոյնիսկ հեռաւոր անկիւնները ցրուած մեր բոլոր լիբանանահայերուն` նոյեմբեր 20-էն առաջ դիմելու diasporanote.mfa.gov.lb, արձանագրելու համար յառաջիկայ երեսփոխանական ընտրութիւններուն մասնակցելու իրենց իրաւունքը ու ըլլալ գիտակից հայ եւ պարտաճանաչ լիբանանցի:

 

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 13366

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>