Պ. ՍՆԱՊԵԱՆ
Հայոց լեզուի արարիչին հետ ներկայացուցչական դէմքերու խումբ մը կը կազմեն քովի դէմքերը, որոնք իրենց սերնդակիցներուն ու տաղանդակիցներուն հետ անհաւասարելի սիրով ու տքնութեամբ բարձրագոյն ու նրբագոյն կարողութիւններով օժտեցին աստուածարեալ վարդապետին գիւտը:
Դարերու ընթացքին չորս անգամ միայն առաւելագոյն փթթումով եւ ուժգնութեամբ ծաղկեցաւ հայոց լեզուն`
Թարգմանիչներու ջանքերով,
Նարեկացիի շունչով,
900-ական թուականներուն յայտնուած ընտրեալներու երկունքով ու
Չարենցի մօտ եւ Շուշանեանի սերունդին օրօք:
Պահ մը, թէկուզ մտածումով, աչքի առջեւ բերէք յիշեալ դէմքերուն գործերը, այդ գործերուն գործիքը` լեզո՛ւն, ու պիտի տեսնէք շուտով, թէ իւրաքանչիւրին մօտ ի՜նչ զարգացում արձանագրած է ան, ի՜նչ նրբերանգներ, ի՛նչ թափ ու թռիչք նուաճած:
Անոնց անհատականութիւնները մէկ-մէկ դրսեւորելու իր ներգոյակ զօրութենէն ետք, իւրաքանչիւրին անհատականութեան փոխադարձ ազդեցութիւնը կրած է նաեւ ինք` լեզո՛ւն, ճոխացնելով իր հնարաւորութիւնները, ուժը, հմայքը:
Արդարեւ, վարպետներուն գրչով վարդապետին գիւտը բիւրեղացաւ աւելի, ճիւղաւորուեցաւ աւելի, ստացաւ խորութեան նոր չափեր`
Նարեկացիին հետ ներքին բարդութիւններ տարբաղադրելու յորդ կարելիութիւն մը դրսեւորեց,
Զարդարեանէն պերճութիւն մը ժառանգեց,
Սիամանթոն որոտընդոստ շեշտ մը ընծայեց անոր,
Վարուժան` արու գեղեցկութիւն մը,
Օշական կիրքի մը հզօր տարերքով օժտեց զայն,
Չարենցը հողմավար օրերուն շարժումը փոխանցեց անոր,
Ու Շուշանեանը` խռովակոծ հոգիի մը խռովիչ երաժշտականութիւնը:
Պիտի ըսուի հաւանաբար, որ այս տպաւորութիւնները կու գան այդ դէմքերուն մշակած գրականութենէն եւ առաւելաբար կը վերաբերին անոնց գրական ժառանգութեան: Բայց ո՞վ է այն գրագէտը, որ կրցած է նկարագիր կազմել, դէմք ըլլալ, մեծ ըլլալ` առանց, իր գործածած լեզուին տիրապետած ըլլալու, առանց, իր կարգին, բան մը փոխանցած ըլլալու լեզուին:
«Ոչ մէկ արուեստագէտ,- կ՛ըսէ Շուշանեան,- իրապէս կրնայ մեծ ըլլալ` առանց տիրապետելու իր գործիքին, որ հոս լեզուն է»:
Լեզուն, որ բառ չէ իր խորագոյն առումին մէջ, բառերու դասաւորում չէ, հաւատքի մը, բաղձանքի մը, մեծ տարփանքի մը կամ նուաճուած երազի մը խտացումն է, յուշարարը, ոգեղինացումը, նոր կոչը, լինելութիւն մը: Բառերուն մէջ եռուզեռող այս կեանքը, այս ամբողջութիւնը զգացող, այս ամբողջին դիմաց տրոփելու հակամէտ անձին արիւնն է, որ կ՛որոտայ, երգ կ՛ըլլայ, լոյս, մեծութիւն, մեծագործութիւն:
Այսպէս ապրեցան, վարուեցան ու վաստակ կուտակեցին մեծերը` խորազգալով ցեղին յուռութքը եւ ժառանգութիւնը հարստացնելու համար այրելով շարունակ: Յափշտակուեցան նախ եւ ապա կիրքով ու «հաւատքի հրով վառուած» տքնեցան ու գումարեցին ամբողջական զոհաբերութեան մը փառքով կնքաւոր իրենց երկունքը ցեղին յաւերժատրոփ վաստակին: Մեծերը մեծցան ա՛յս եղանակով, ա՛յս ճամբուն վրայ:
ԸՆԿԱԼ քաղցրութեամբ, Տէր Աստուած հզօր,
Զդառնացողիս զաղաչանս,
Մատիր գթութեամբ առ պատկառեալս դիմօք,
Փարատեա, ամենապարգեւ, զամօթական տխրութիւնս
Բարձ յինէն, ողորմած, զանկրելի ծանրութիւնս,
Անջրպետեա, հնարաւոր, զմահացու կրթութիւնս,
Աւետեա, միշտ յաղթող, զխաբողին հաճութիւնս,
Բացատրեա, վերնային, զմոլելոյն մառախուղս,
Կնքեա, կեցուցիչ, զկորուսչին ընթացմունս,
Ցրուեա, ծածկատես, զըմբռնողին չար գտմունս,
Խորտակեա, անքնին, զմարտողին դիմեցմունս:
ԳՐ. ՆԱՐԵԿԱՑԻ
«Վա՜յ այն հոգիներուն` որ իրենց Սուլթանները չունին, վա՜յ այն սիրտերուն` որոնց մէջ արքայական պալատներ չկան:
«Վա՜յ այն հոգիներուն` որ գահակալներ չեն, լի ճոխութեամբ ու պերճանքով, ինքնիշխան ու աշխարհակալ:
«Վա՜յ այն սիրտերուն` որոնց մէջ չկայ ո՛չ գահ, ո՛չ մեծութիւն, ոչ փառքի պատուանդան…
«Այն հոգին որ գահազուրկ է, կը նմանի առագաստի անկողնի մը` որուն փեսան չկայ, այն սիրտը որ թագազուրկ է, կը նմանի մատանիի մը` որուն վրայէն թանկագին գոհարը ինկած է:
Ռ. ԶԱՐԴԱՐԵԱՆ
Ո՜վ հրաշալիք, ո՜վ հաւատքի աննիւթական հուր,
Ո՜վ զարմանագործ զօրութիւն,
Ո՜վ բոցեղէն բժժանք, ով անլոյծ խորհուրդ,
Ահաւասիկ քերովբէ մը մրափին մէջ Մեսրոպին,
Իր աջ ձեռքովն լուսագիծ`
Ակնթարթ մը` մենաստանին որմին վրայ
Հայկազնեան Այբբենարանը տառագրեց…:
Յանկարծ` Սուրբը, մեծ Տեսիլքէն ցնորաշարժ`
Մեռեալի մը պէս ընդոստ ոտքի,
Փետուր գրիչն եւ տախտակն ի ձեռին,
Հրաշքին տակ արտասուելով`
Որմին առջեւ անհունօրէն ծնրադրեց…:
ՍԻԱՄԱՆԹՕ
Իր ծոցին մէջ կը ծընին
Մռայլ Տանթէներն ու Հոմերները հըսկայ,
Իր ծոցին մէջ իմաստութիւնը երգ մ՛է`
Զոր գիշերուան մէջ խորին
Բանաստեղծները կը խմեն աստղերէն`
Որ նուագեն ցերեկուան մէջ` Մարդերուն:
Ան ամէնո՜ւն զինքը կու տայ, ամէնո՜ւն
Կը բաժնուի, եւ կը մնայ անբաժան
Նշխարհքին պէս.- ան նշխարհքն է` որ կ՛իջնէ
Ամէն առտու, սեղաններուն վրայ մեր,
Մարդեղութեան արիւնլուայ խորհուրդին:
Ու ես կ՛երթամ դէպի աղբի՜ւրը լոյսին…
ԴԱՆԻԷԼ ՎԱՐՈՒԺԱՆ
Հայ ժողովուրդ,
Դուն մարդկութեան տարեգրութեանց յանձնեցիր Ոճիր մը, որուն համար բոլոր ազգերու բառերը, չեմ կարծեր ունենան արդար որակում մը, դուն ապրեցար անանկ դժոխք մը, որուն քով բանաստեղծներուն երեւակայութիւնը կ՛աղօտի մեռնող լուսնկայի մը նման:
Այսօր…
Այսօր կա՛ս դուն նորէն: Կա՛ս դուն նորէն թերեւս ամէնէն աւելի անոնց հոգիին մէջ, որոնք աւազներու ովկէան մը լողալով կտրելու հրաշքը գործեցին, որոնք գերեզմաններու կափարիչը մեռելութիւնով խորտակեցին:
Կա՛ս դուն: Փա՜ռք քեզի ու բոլոր ապրողներուն:
Յ. ՕՇԱԿԱՆ
Ինչ ունեցել է ժողովուրդը քո
Հնում, անցեալում – լուսաւոր ու վեհ,
Ինչ ունի այսօր, ի՛նչ ցնորք ու խոհ –
Ո՛ղջը հաւաքել եւ քե՛զ է տուել:
Տուել է, որ դու այդ ամէնը այս
Օրերին խառնած, խոր հաւատքով լի`
Պարզես գալիքի ցնորքին անհաս –
Եւ ընդմի՛շտ մնաս մեծ ու սիրելի: –
Ե. ՉԱՐԵՆՑ
Հայոց լեզու, որքա՜ն կը սիրեմ քեզ: Ոչ մէկ աղջիկ երկրի վրայ կրնայ պարծենալ, թէ այդքան խանդաղատանք, այդքան գորով, այդքան աղապատանք ստացած է ինձմէ: Հաւատարմութիւնը, որ կը զգամ քեզի հանդէպ` աւելի զօրաւոր է քան մեր այս եղկելի կեանքը: Կ՛ուզէի քեզ սորվիլ, մինչեւ վերջին վայրկեանը, – քու յետին շեշտերդ ու քու յետին բառերդ: Քու ներքին երաժշտութիւնդ ու քու գծած ճամբադ` պատմութեան մէջ: Դուն, որ աղօթքն ես ու մեր հաճոյքը,- Հայոց լեզու, կը սիրեմ քեզ:
Վ. ՇՈՒՇԱՆԵԱՆ