Quantcast
Channel: Անդրադարձ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 13471

Մեսրոպ Մաշտոց

$
0
0

ԵԴՈՒԱՐԴ ՊՈՅԱՃԵԱՆ

Հայոց առաջին մտաւորականը` ամբողջական առումով: Մեր դպրութեան տեսակ մը Հոգին Սուրբը` բառին լիիրաւ տարողութեամբ: Գաղափարապաշտ անձերուն թերեւս ամենամեծն ու ամենաշքեղը մեր մէջ, բազմարդիւ՛նը անկասկած` Տառերու Գիւտին այս ու այն կողմը տարածուող ժամանակներուն մէջ: Հայ մտաւորականութեան ընդհանուրին եւ անոր ընդհանրական խռովքներուն հա՛յրը հետեւաբար` կեանքին մէջ հայր չեղած այս մարդը, զաւակութեան ու խոնարհութեան մէջ իր գոյութիւնը աւարտած այս տարօրինակ միաբանը` տառապակէզ Մեսիայի մը դաւանանքէն ասդին, խորհրդասքանչ ուսմունքի մը ջահակրութեան ամենաբորբ օրերուն:

***

Օրերուն մարդը չեղաւ ան: Տարիներուն մտաւորականը չեղաւ: Ու չեղաւ միայն սերունդի մը տաղանդը, քանի մը յաջորդական սերունդներու հանճարը, միադէմ ու միակողմանի սուրբը: Եղաւ դարերո՛ւն մարդը, դարերուն մտաւորակաը, դարերուն տաղանդն ու դարերուն հանճարը: Ազգային ապրումներուն սուրբը, գրական ու կրթական ապրումներուն սուրբը` Կորիւններուն եւ Եզնիկներուն այս նուիրական դաստիարակը, հայոց առաջին ուսուցիչը:

***

Ու եթէ հիմա գումարէք իր մասին եղած խոշոր բառերը, անոնք խոշոր չեն երեւիր, ինչպէս կ՛երեւին առհասարակ ուրիշ անուններու քով: Եւ այդ գումարէն սուրբ մը ծնելէ առաջ եւ ետք` մա՛րդ մը կը ծնի. գիւտարար մը գոյանալէ առաջ եւ ետք` մա՛րդ մը կը գոյանայ. հանճար մը ի յայտ գալէ նորէն առաջ եւ ետք` նորէն մա՛րդ մը ի յայտ կու գայ: Եւ ոչ մէկ ապրում եւ իմացում զայն կրնայ լիովին ծածկել, քան` հայութեան ապրումին լծորդուած հայութեան իմացումը: Աշխարհներ ոտքի տակ առնող եւ բոլոր ձեւի խոնջէնքներուն իր լուսաւոր մտասեւեռումը հակադրող վտիտ մարմնով, բայց աշխարհաչափ հոգիով այս հայաստանցին` ո՛չ սուրբ բառով կը բացատրուի եւ ո՛չ ալ հանճար բառով: Կը բացատրուի հայութիւն եւ մարդ բառերով:

***

Բարի հայ կին մը ծնաւ Մաշտոցը, կ՛ըսեն, Հացեկացի մէջ: Խորհրդաւոր Վաղարշապատի պարիսպներուն ետին, ծնաւ զինք երկրորդ  ծնունդով մը, քրիստոնէութեան բարձրագոյն դաշնակիցներէն առաջինը, նահանգառատ Հայաստանի բովանդակ հայութիւնը: Ծնաւ զինք այս անգամ Այրարատեան դաշտը, ծնաւ նորէն Տարօնը, ծնաւ Վասպուրականը, ծնաւ Սիւնեաց աշխարհը, Գուգարաց աշխարհը… Օ՜, ծնան զինք մեր երկրին բոլոր հողերը, բոլոր ջուրերը, հողին կանանչներն ու երկնքի կապոյտները… Վանքերը, բերդերը, բիւ՜ր տառապանքները ազգին եւ հայկական անկոտրում յամառութիւնը ծնան զինք:

Հացեկացը ցորեանի հացով կերակրեց զինք. գիւղ մըն էր: Ինք, Հացեկացի տղան, իմացական լուսահացով կերակրեց մեծ ու պզտիկ անհամար հացեկացիներ, հայրենիք մը ամբողջ, ժողովուրդ մը բովանդակ: Օրհնեա՜լ Հացեկաց, քու ցորեաններուդ բարի եղանակներու ընթացքին, օր մըն ալ ամենաճառագայթեալ ցորեանը տուիր ազգին`

Մեսրո՛պը…

 

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 13471

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>