ՀԱՄԲԻԿ ՊԻԼԱԼԵԱՆ
… Անոնք յեղափոխեցի՛ն հայ կեանքը, յեղափոխեցի՛ն մեր պատմութիւնը:
ԶԱՐԵՀ ԱՐՔ. ԱԶՆԱՒՈՐԵԱՆ
Տիեզերահունչ աստուածութիւններու քաջահմուտ եւ սրտամօտ սրբազանին սա քանի մը բառերը, որոնք լոյս տեսած են անոր «Զաստուած տեսնել» պատկառելի հատորին մէջ, իրենց խորքով եւ անպաճոյճ տեսքով արդէն կը բնորոշեն Գիրերու գիւտին եւ Թարգմանչաց տօնին խտացուած խորհուրդն ու ապագայակերտ իմաստը:
Փաստօրէն, հայ կեանքի ու տեսիլքի ամենավառ ու անփոխարինելի երկու տօներուն մասին է խօսքը: Տօներ, որոնք կ՛իմաստաւորուին իրարմով, կը բիւրեղանան եւ կը շնչաւորուին զիրար սիրելով, ողջագուրուելով եւ յափշտակուելով: Տօներ, որոնք հիմք հանդիսացած են ազգի մը քաղաքակրթական նուաճումներուն, ազգային պատկանելիութեան եւ արժանապատուութեան խարսխումին:
Ահա հրաշափառ գաղտնիքը հայութեան գոյատեւման ու պահպանման: Գաղտնիք, որ պայծառ ու թափանցիկ է արեւու ճառագայթներու նման, ունի ուժեղ ներքին կառուցուածք` դարեր ապրելու եւ հզօր կարողականութիւն` յարատեւ ու յամառօրէն ստեղծագործելու:
Հոկտեմբերի առաջին շաբաթ. կրթական կեանքի, հոգեմտաւոր լոյսի ու հայեցի դաստիարակութեան վերամուտ: Սկիզբ` հայ դպրոցի զանգին ու նաեւ ահազանգին:
Այո՛, վերամուտի զանգին, որուն ղօղանջները կ՛արձագանգեն Ոսկեդարէն, 405 թուականէն, երբ Ս. Մեսրոպ ու անոր աշակերտները, ապաւինելով իրենց գիտական մտքին, մարդկային վսեմ կոչումին ու հայրենապաշտի կազմաւորումին, տիւ եւ գիշեր տքնեցան, հետազօտեցին, աներկիւղ ու վճռակամ աշխատեցան` յանուն հայ դիմագիծի ու տիպարի բիւրեղացման, յանուն տեսլապաշտ ու յառաջադէմ ազգի մը կերտումին:
Անոնք յեղաշրջեցին օրուան տկլոր ու տխեղծ մտայնութիւնն ու ինքնասպան ապրելակերպ վարելու մօտեցումները եւ ցոյց տուին հայակերտումի ճշմարիտ ուղին:
Անոնք, շնորհիւ իրենց նորարար ու յեղափոխաշունչ մտքին, նախաձեռնող ու ազատատենչ ոգիին դարձան ազգի մը յառաջամարտիկները, որոնց վիճակուած էր գիտակցիլ դարու հրամայական պահանջներուն, նետուիլ հոգեմտաւոր գուպարին մէջ եւ ապահովել հայութեան շարունակականութիւնը:
Արդար է ըսել, որ հայ գիրերու գիւտին շնորհիւ Արարատն անգամ հայացաւ ու զգեցաւ յարատեւութեան խորհրդանիշ պատմուճանը:
Ու դարեր շարունակ հայութիւնը ըմբռնեց մեսրոպաշունչ ոգիին մեծութիւնը ու հաւատարմօրէն քալեց անոր ճանապարհէն: Հայը հաւատարիմ մնաց հայոց մեծաց հոգեմտաւոր կողմնացոյցին, տոկաց` հակառակ տառապանքի ու հալածանքի, մութ ու խաւար դարերուն, եւ պաշտամունքի արժանացուց հայոց լեզուն, ազգի մեծասքանչն ու անփոխարինելի ոսկեղինիկը:
Ինչո՞ւ պէտք է ընդգծեցինք նաեւ վերամուտի ահազանգը:
Որովհետեւ քաջ գիտենք, որ սփիւռքացած հայը տակաւ կը կորսնցնէ իր դիմագիծը, կամովին կ՛օտարանայ հայ մշակոյթէն, կ՛ուրանայ հայ եկեղեցւոյ ուժին ու շարականին հրապոյրը, հայ մայրը` զուարթութեամբ յագեցած, իր զաւակը կը յանձնէ օտար վարժարան գիտակցաբար կ՛անարգէ հայեցի դաստիարակութիւնը, չ՛ուզեր լսել հայաշունչ որեւէ երգ ու պար, հայ ընտանիքի հայրը` տուրք տալով օտարամոլի մտայնութեան, կ՛արհամարհէ հայոց լեզուն անգամ` պէս-պէս պատճառաբանութիւն հրամցնելով ասդին ու անդին:
Որքանո՞վ արդարանալի եւ ըմբռնելի է, որ հայ դպրոցի մը տնօրէնը իր զաւակները յանձնէ օտար վարժարան ու բեմերէն կը ճարէ հայեցի դաստիարակութեան մասին:
Իսկ ահազանգին միւս երեսը կ՛առնչուի հայ իրականութեան, հայ մարդուն, հոգեւոր ու քաղաքական գործիչին, պատասխանատու ու ղեկավար շրջանակներու, որոնք կոչուած են ստանձնելու հայ կեանքի առաջնորդութիւնը:
Ու այս պատեհ առիթին, կրկին ու բարձրագոռ հարկ է ըսել, որ շատ անգամ ականատես կ՛ըլլանք այնպիսի ոչ հայավայել աշխատելաոճերու, տրամադրութիւններու եւ մօտեցումներու, ի հեճուկս ասոր կամ անոր, որոնց իբրեւ հետեւանք ազգային տուեալ կառոյց(ներու) հիմերն անգամ կը խարխլին, կը մաշին ու կ՛անշքանան:
Փաստօրէն, ի՜նչ կ՛արժէ Թարգմանչաց տօնին առիթով կազմակեպուած հանդէս(ներ) մը, որ չի փոխանցեր հայոց նուիրեալ մեծերու շունչն ու ոգին, կամքն ու տեսլականը: Արդեօք սոսկ ճարե՞ր արտասանելով, ինքնագոհ ժպիտներ բաշխելով, այսպէս ասած, մտածողի ու տագնապողի շպար հանդերձելով` հաւաքական կեանքը պիտի կարենա՞յ վերականգնիլ, որակաւորուիլ ու առաւել հայանալ:
Ու հաւաքաբար, առանց դոյզն խղճմտանքի, ժպտերես ու անհոգաբար կը շարունակենք մեր կեանքը, դէպի քաոս ու յստակ կործանում: Ինչո՞ւ կամովին կ՛անգիտանանք ստեղծուած ահաւոր վիճակներն ու ապառողջ կացութիւնները, որոնք պատուհաս են հայ իրականութեան, իսկ անոնց յամեցումը` ուղղակի կործանարար:
Յայտնապէս, երբ գաղութահայ կեանքի տարբեր կռուաններ, առաւելաբար կրթականի ու դաստիարակչականի առնչուող, տակաւ կը կորսնցնեն իրենց իմաստն ու կոչումը, կը դառնան անարդիւնաւէտ ու ինքնանպատակ, երբ հայ վարժարանի մը փակումը կ՛ընկալուի որպէս սովորական երեւոյթ, երբ հայոց լեզուի նահանջն ու աղաւաղումը կը դիտուի որպէս բնական ընթացք, երբ հայ մամուլի էջերը զիջած են փառքի ու ցուցամոլական հանդէսներու, երբ հայ գրողի ու մտաւորականի, լեզուաբանն ու քերականագէտի, յօդուածագիրի ու հրապարակախօսի լուրջ, խոհուն եւ հայաբոյր պատգամներն անգամ կ՛անտեսուին, ալ ինչ խօսք պէտք է ըսել նորահաս սերունդին, Թարգմանչաց տօնին առիթով:
Միանշանակ յայտնել է պէտք, որ հայ լեզուն ու վարժարանը ի հայրենիք ու սփիւռս աշխարհի կ՛ապրին օրհասի օրեր` զանազան պատճառներով:
Հոկտեմբերի երկրորդ շաբաթ. հայոց պատուաբեր գիրերու գիւտին ու անոր շունչ ու ոգի սերմանած` վեհափառ թարգմանիչներու յիշատակին նուիրուած տօնն է:
Այո՛, մեր սրբազան թարգմանիչները, որոնք օժտուած էին տուեալ ժամանակի գիտական ու բարոյահոգեբանական արժանիքներով, եւ տիրապետելով բազում լեզուներու ամենանուրբ արտայայտութիւններուն, պարզապէս հանդիսացան այն ապառաժեայ բարձունքը, քաղաքակրթական պատուանդանը, որուն վրայ հայ ազգը կրցաւ արձանագրել իր հաւաքական յիշողութիւնն ու ամրագրել աստուածահաճոյ տաղանդը:
Երբեմնի Վաղարշապատը, հայ ինքնութեան ու ստեղծագործ ոգիի օրրան էր հանդիսացեր: Հայոց Վռամշապուհ թագաւորը, քաղաքական փայլուն յաղթանակի եւ ազգային հպարտութեան դրօշը բարձրացուցած` թեւ ու թիկունք էր հայ գիրի ու ոգիի ստեղծիչ Մեսրոպ Մաշտոցի: Հապա՞ հայոց կաթողիկոս Սահակ Պարթեւ, իբրեւ հայ հոգեւոր ու ազգային արժէքներու պահապան ու գիտակից կղերական, արդէն իր խոր աջակցութիւնն ու հովանաւորութիւնը փոխանցած էր բոլոր անոնց, որոնք կը հաւատային լուսաւոր աշխատանքին ու հայեցի դաստիարակութեան:
Եւ դարեր շարունակ, հայ ինքնութեան, դիմագիծի ու պատկանելիութեան առաւել հարստացման եւ յառաջդիմութեան հիմքը հանդիսացաւ Թարգմանչաց սերունդը, որուն գիտական ու քաղաքակրթական իւրաքանչիւր նուաճում ազգային հոգեմտաւոր անգնահատելի գանձարանին մաս կազմեց` ցոյց տալով հայ հանճարի գերազանց փայլատակումը` քաղաքակրթական հին թէ նոր աշխարհի խորապատկերին մէջ:
Ու այսօր, կրնա՞նք քաջաբար յայտարարել, թէ մենք ժառանգորդն ենք Թարգմանչաց սերունդին, անոնց եզակի կամքին ու հայրենապաշտի ոգիին հաւատարի՞մ ենք, անոնց սրբատաշ հոգիի կանչին ականջալո՞ւր ենք, գիտակի՞ց ենք անոնց գործած սխրանքին ու յեղափոխաշունչ մտայնութեան:
Անոնք, 16 դարեր առաջ, տիրապետեցին քաղաքակրթական յաջողութիւններու ամենահզօր զէնքին` մայրենի լեզուին ու ինքնութեան, բայց մանաւանդ հաւատացին ազգային ինքնուրոյն դիմագիծի ու հանճարի զօրութեան: Անմնացորդ գործեցին ու նուիրումով յաղթեցին խաւարի մտայնութեան, գերազանցեցին իրենք զիրենք եւ դարձան ուխտապահը դարերու խորերէն ճառագայթող արժեհամակարգի:
Անոնք` սուրբ Մեսրոպ Մաշտոց, Սահակ Պարթեւ, Մովսէս Խորենացի, Եղիշէ, Ղազար Փարպեցի, Փաւստոս Բիւզանդ ու բազում հրաշք տիտաններ, եղան լոյսի ու յոյսի փարոսներ, հոգեկերտման ու հայակերտումի ամրոցներ:
Անոնք սիրեցին հայոց լեզուն, պաշտեցին ոսկեղինիկը, ըմբռնեցին գիրի ու գրականութեան անփոխարինելի արժէքը, պեղեցին պատմութիւնն ու անգիր բանահիւսութիւնը, եղան քերթողահայր ու պատմագիր, եղան մղիչ ուժն ու ոգեւորող միտքը` Նարեկացիի, Շնորհալիի ու Մխիթարեան հայրերու, եղան սրբազան հայեր ու արարատապաշտ նուիրեալներ, եղան հազարաւոր մագաղաթներու կերտիչը, մանրանկարիչներու սնուցիչը, բայց մանաւանդ` հայ հանճարի բոցավառումին նպաստող ամենահզօր պատուանդանը:
Անոնք հայացուցին Արարատը: Մենք ի՞նչ կ՛ընենք: