Quantcast
Channel: Անդրադարձ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 13361

Գալուստ Գասպարեանի Յիշատակին

$
0
0

Այս քանի մը տողերով կ՛ուզեմ խղճի ու պարտականութեան խօսք մը ըսել քեզի նման անձնուրաց ու հաւատաւոր ընկերոջ մը յիշատակին:

Քառասուն օրեր առաջ մահը առյաւէտ հեռացուց մեզմէ Գալուստ Գասպարեանը:

Ցեղասպանութենէն ճողոպրած ընտանիքի զաւակ` իր երիտասարդութեան տարիներուն, աշխատանքի բերումով, յաճախ կը բնակէր մերթ Հալէպ եւ մերթ Լիբանան:

Համեստ էր ան ու պարտաճանաչ: Ամէն ջանք ի գործ կը դնէր մասնակցելու իր ժողովական կեանքին` կորովով ու խանդավառութեամբ:

Ան ծառայասէր էր: Շուտով կը փութար իր շուրջիններու օգնութեան ու սիրուած էր բոլորէն` հայ թէ արաբ շրջանակներէն:

Զաւակ չունէր Գալուստը, բայց բոլորին սիրելի մեծ հայրն էր ան:

Հակառակ իր յառաջացած տարիքին` ան յաճախ կ՛ուզէր այցելել ակումբ, ուր կը գտնէր իր ուրախութիւնն ու կորովը.

«Մեր տղոց քով կ՛երթամ», կ՛ըսէր ան:

Ղարաբաղի թէ ընդհանրապէս ազգային ճգնաժամային պահերուն ան իր շրթներուն տակէն գաղտնաբար կը մրթմրթար.

Կ՛եցցէ՛ դաշնակ կամաւորը…» արտայայտութիւնը.

Ոչ ոք գիտէր, թէ այդ տողերու ետին ան կը պահէր կամաւորական մեր հարուստ պատմութեան մէկ փոքր օղակը…

Հրաման մը կատարած ըլլալու ներքին հոգեկան սփոփումն ու ազգայնական վեհութիւնը:

Գաղափարական հաւատքի ու կուսակցակապաշտ տեսլականի տէր էր Գալուստ Գասպարեանը: Ան խորապէս կը հաւատար, որ դաշնակցական հերթապահի խօսքը ամէն տեսակի դատական ատեաններէ ու կառավարական աթոռներէ բարձր է ու գերիվեր: Ինչո՞ւ զարմանալ. այդ չէ՞ր նաեւ ամբողջ հին սերունդի հաւատքի ու համոզման պտուղ հետեւեալ արտայայտութիւնը. «Եթէ Դաշնակցութիւնը գաւազանն իսկ իբրեւ թեկնածու ներկայացնէ ընտրութեանց, այդ գաւազանը կը շահի ընտրութիւնները…»:

Անհատական ուժերով ան պայքարեցաւ կեանքի անարդարութեանց դէմ ու յաղթեց յաճախ` իր վճռակամութեամբ ու զօրաւոր անհատականութեամբ:

Սակայն ո՞վ կրնայ դէմ դնել մահուան վճիռին…

Վերջին օրերուն, ցաւի առթած տառապանքին տակ, մերթ ժպտալով ու մերթ յուզուելով` ան քանի մը անգամ կրկին երգեց` «Կեցցէ՛ դաշնակ կամաւորը…»:

Կարծէք` դաշնակցական կամաւորի համար մօտալուտ մահն անգամ պէտք է ընդունելի ըլլար:

Յաւերժ մեկնեցար, սիրելի՛ ընկեր, մինակ ձգելով ազնիւ կինդ, բայց կեանքի իրողութիւնն այս է…

Կարեւորը այս ճանապարհէն անցնելով` յիշատակելի ստուեր մը ձգելն է… եւ այդ ստուերը ձգեցիր դուն` քու քաջ խառնուածքովդ եւ խիզախ ու անզիջող գաղափարաբանութեամբդ:

Միշտ պիտի յիշենք քեզ:

ԸՆԿԵՐ ՄԸ


Viewing all articles
Browse latest Browse all 13361

Trending Articles