ԹՈՐԳՈՄ
– Շատ լաւ ըրեր ես տղադ դասախօսութեան բերելով, ա՛ս տարիքին պէտք է վարժեցնել,- ըսաւ բառերը հատիկ-հատիկ հնչելով եւ բաղաձայնները պայթեցնելով: Ապա ափը գլխուս վրայ հանգչեցուց, փաղաքշական շարժումով մը, որ շատ հաճելի թուեցաւ ինծի:
Նստաւ հօրս քով:
Առաջին անգամն էր, որ կը տեսնէի այդպիսի ինքնաբուխ, անմիջական մարդ մը, որուն ձայնը եւ կերպարանքը առասպելական թուեցան ինծի:
1960-ականի սկիզբն էր: Համազգայինի Ճեմարանի «Վասպուրական» սրահին մէջն էինք: Գրական-դասախօսական երեկոյ մըն էր: Ես Սուրբ Նշան վարժարանի նախակրթարանի առաջին կամ երկրորդ դասարանի աշակերտ էի: Հայրս, ինչպէս միշտ, զիս հետը բերած էր ձեռնարկին, թէեւ ես ոչինչ կը հասկնայի: Սրահը լեցուն էր հանդիսատեսներով, որոնք ուշադիր կը հետեւէին դասախօսին: Իմ ուշադրութիւնս սակայն, այս «առասպելանման» մարդուն վրան էր:
Ձեռնարկի աւարտին ուրիշներու նման ինք ալ հարցուց հարցում մը, որ կարծես, թէ դասախօսութենէն երկար տեւեց:
Ի վերջոյ իջանք սրահէն եւ հօրս հետ երբ սկսանք քալել դէպի տուն, ինք ալ միացաւ մեզի, անշուշտ` միշտ խօսելով: Մտածեցի, որ մեզի կու գայ, սակայն մեր տունը չհասած, կանգ առաւ շէնքի մը մուտքին: Հոն եւս տուաւ դասախօսութիւն մը, որուն ընթացքին հայրս քանի մը անգամ «գիշեր բարի» ըսաւ:
Երկրորդ անգամ այդ մարդը տեսայ մեծ սրահի մը բեմին վրայ: Առանց դադարի կ՛արտասանէր: Մտածեցի, որ ինծի երբ պարտականութիւն մը տան «գոց» սորվելու, այնքան կը դժուարանամ, այս մարդը այսքան երկար գրութիւնը ինչպէ՞ս «գոց» ըրած է:
Հազիւ կը հասկնայի, որ հայոց պատմութիւն մըն է: Մարդը կը տագնապէր, կը տանջուէր, կ՛արտայայտէր հայրենասիրութիւն մը, զոր վարակած էր հանդիսատեսներուն: Ուրեմն մտածեցի, որ պատմութեան մէջ մեր սորված հայը, այ՛ս մարդն է:
Աւելի ուշ համոզուեցայ, որ այս մարդը հայկական արժէքներով ապրող, տագնապող եւ հաւատացող հայն է, որ իր էութիւնն ու ապրումները դրսեւորած, նիւթականացուցած է զանազան շօշափելի միջոցներով:
Տասնամեակներ ետք: Դասախօսական երեկոյ մը «Վասպուրական» սրահին մէջ: Ձեռնարկը պիտի սկսի եւ միայն քանի մը հոգի ներկայ ենք: Յանկարծ…
– Ո՞ւր են, ո՞ւր են հայերը, – պոռաց, երբ սրահ մտնելով տեսաւ դատարկ աթոռները:
Քանի մը հոգիի բարեւելէ ետք, նստաւ քովս եւ հարցուց.
– Տղա՞դ է քովինդ:
– Այո՛:
– Աստուած պահէ: Շատ լաւ ըրեր ես դասախօսութեան բերելով:
Չգիտցայ, թէ արդեօք յիշե՞ց, որ նոյն խօսքը ժամանակին հօրս ըսած էր:
Շուրջը նայեցաւ, հաշուեց ներկաները եւ ըսաւ.
– Ճիշդ Յիսուսի աշակերտներուն թիւն ենք, միայն Յուդան չէ եկած: Յուդանե՜րը չեն եկած…:
……………………………………………………………………………………………………..
Յակոբ Կիւլոյեանի նման ինքնաբուխ, անմիջական, հաւատաւոր հայերը իւրայատուկ ձեւ մը ունէին ապրելու իրենց հայկականութիւնը, ատով վարակելով իրենց շուրջինները, հարստացնելով, գունագեղ դարձնելով մեր առօրեան: Ազգովին մեր արագ նահանջի թաւագլոր զառիթափին, այդպիսիները այսօր դժբախտաբար կրնան դառնալ ծիծաղելի, մինչ մե՛նք խղճալի ենք, իսկ ազգային կեանքը աղքատ է անոնց բացակայութեամբ:
«Պէ՛տք է փրկել», կը պոռանք, առանց անդրադառնալու, որ այլեւս գոյութիւն չունեցող բանը կարելի չէ փրկել:
Նո՛րը կարելի է ստեղծել, պարզապէս առանց պոռոտախօսութեան եւ մաշած խրատներու: