«… ՀՀԿ-ի ու ՀՅԴ-ի գործակցութիւնից պէտք է շահի երկիրը: Հասարակութիւնը պէտք է իմանայ ՀՅԴ-ի աշխատանքի մասին` որպէս քոալիսիոն գործընկերի: Սակայն ՀՀԿ-ն եւ ՀՅԴ-ն տարբերւում են իրարից: ՀՅԴ-ի օրակարգը սոցիալական արդարութիւնն է: Մենք պէտք է պահենք մեր դիմագիծը, չսպառենք այն բարոյական կապիտալը, ինչը որ կայ: Այս խորհրդաժողովը կ՛օգնի, որ ծնուի ՀՅԴ տնտեսական ամբողջական հայեցակարգը, որի առանցքը կը լինի սոցիալական արդարութիւնը»:
ՀՐԱՆԴ ՄԱՐԳԱՐԵԱՆ
ՀՅԴ ԲԻՒՐՈՅԻ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑԻՉ
16 սեպտեմբեր 2017
Աղուերան
Յստակ է, որ Դաշնակցութիւնն ու Հանրապետական կուսակցութիւնը գաղափարական գործընկերներ չե՛ն: Այն դաշինքը, որ այժմ ի մի բերած է երկու քաղաքական ուժերը, կոչուած է հնարաւոր դարձնելու երկու կուսակցութեանց համագործակցութիւնը ազգային գերամեծար նպատակներու շուրջ, յատկապէս` երկրին դիմագրաւած արտաքին սպառնալիքներու մարզին մէջ:
Միւս կողմէ` պէտք է կարեւորութեամբ արձանագրենք, որ մայիս 18-ին արտասանուած ՀՀ նախագահի ճառը` Ազգային ժողովի անդրանիկ նիստի ամպիոնէն, հանգամանօրէն կը դնէ ընկերային արդարութեան առաջնահերթութեան խնդիրը: «Մենք այսօր պատերազմի նոր փուլ ենք յայտարարում անարդարութեանը», կ՛ըսէ նախագահը` գէթ սկզբունքային հողի վրայ իւրացնելով Դաշնակցութեան օրակարգը: Հետեւաբար երկու ղեկավար ուժերը իրենց առաջին դէմքերուն իսկ հրապարակային ելոյթներով կու գան հաստատելու, որ միասնական աշխատանքի կոյս տարածք մը գոյութիւն ունի այսօր` երկրէն ներս ընկերային արդարութեան կենսական առաջնահերթութիւնը լիարժէք թափով հետապնդելու: Պր. նախագահէն եկող այս հաւաստիքը հանրութիւնը պէտք է ընդունի որպէս անժամանցելի պարտամուրհակ:
Ըսած եմ ասկէ առաջ եւ կը կրկնեմ. գործող դաշինքին մէջ նախագահին կուսակցութիւնը կը ներկայացնէ մենաշնորհային համակարգի դասակարգային շահերը, իսկ Դաշնակցութիւնը կը ներկայացնէ հանրութեա՛ն շահերը: Հարց պէտք է տալ, թէ արդեօք այս երկու շահակցական շերտերու հանդիպումը հնարաւո՞ր է այս կէտին վրայ, երբ երկրի արտադրողական միջոցները լայն չափերով կը գտնուին մենաշնորհային համակարգի հակակշիռին տակ, որ ընկերային անարդարութեան գլխաւոր գործօնն է երկրէն ներս: Այս հարցումին պատասխանը կը բխի դաշինքի յառաջիկայ օրերու եւ ամիսներու արդիւնաւոր ընթացքէն: Փաստը այն է, որ յանկարծ քաղաքական բեմը, գէթ` սկզբունքօրէն, ծնունդ տուած կը թուի ըլլալ հանգիտութեան իր նոր եզրերուն… Յանկարծ երկու ուժերու հաւաքական յանձնառութեամբ կը թուի բիւրեղացած ըլլալ ընկերային գործի գործադաշտը` «պատերազմական» յայտարարելով գոյութիւն ունեցող արդարութեան ճգնաժամը երկրէն ներս…
Ուրեմն եկած է ժամանակը լոզունգներէն անդին անցնելու: Եկած է ժամանակը Դաշնակցութեան «պլատֆորմ»-ը դաշինքէն ներս վերածելու գործօն քաղաքականութեան: Եկած է ժամանակը խիզախ քայլերով կազմաքանդելու ազգային տնտեսութեան կեանքը պատուհասող մենաշնորհային համակարգը: Ընկերային արդարութեան հրամայականը այսօր միայն մէ՛կ առաջնահերթ թիրախ ունի Հայաստանի մէջ. իշխանութիւնը պէտք է կարենայ տարանջատել ինքզինք մենաշնորհային համակարգի շահերէն եւ սկսի գործելու իբրեւ հանուր ազգի ներկայացուցիչը` արմատականօրէն կարգաւորելով երկրի տնտեսակարգը եւ զայն բերելով մրցակցային դաշտէն ներս: Ասով պէտք է նշանաւորուի դաշինքը` որպէս հաւաքական մտատեսիլ: Ընկերային արդարութիւնը կը պահանջէ ընկերային կարգավիճակի հիմնական յեղաշրջում` աշխատատեղերու ստեղծման գործօնները խթանելով եւ ազգային եկամուտի շարունակական վերաբաշխումը ապահովելով: Հայ մարդը պիտի զգայ, որ այս երկրին տէրն է ինք եւ իր զաւա՛կը` իրմէ ետք: Միայն այդ հողին վրայ է, որ մենք կ՛ունենանք արտագաղթի խայծերը մերժող ԱԶԳ-ԲԱՆԱԿ, որ պատրաստ է ինքզինք նուիրաբերելու երկրի բոլոր մարտահրաւէրներուն ու ինքզինք դնելու պատմութեան նժարին վրայ` այժմ եւ միշտ եւ յաւիտեան: