Quantcast
Channel: Անդրադարձ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 13370

Հայաստանի Հողին Վրայ Կ՛ուզեմ Ապրիլ, Բայց…

$
0
0

ՀԱՄԲԻԿ ՊԻԼԱԼԵԱՆ

Հզօր ղեկավարութեան եւ զայն առաջնորդող գաղափարի կարիք կայ մեզ ամէն օր քիչ մը աւելի աւերող ցուլերը զգետնելու համար: Ղեկավարութիւն, որ սրահ լեցնելու համար փողի, թմբուկի եւ գոռացող բարձրախօսերու կարիք չզգայ:

ՅԱԿՈԲ ՊԱԼԵԱՆ
(«Ազդակ», 8-8- 2017)

Քաղաքամերձ բլրակի մը շուքին տակ, սրտցաւ ու հայրենասէր հայորդի մը իր բնակարանին ծաղկաւէտ եւ անուշաբոյր պատշգամը նստած, կը խոկար: Ան իր հայեացքը ուղղած ծաւի ծովու հորիզոնին` կը դիտէր հանդարտ ալիքները: Թէեւ ան յանձնուած էր իր երեւակայութեան յորձանուտին, սակայն ունէր ներքին խլրտում մը:

Խլրտում, որ հայրենի հողէն հեռու մնալու մտատանջութիւնն էր, հաւանաբար:

Սփիւռքահայու հոգեվիճակ:

Միւս կողմէ, զարմանալին այն է նաեւ, որ, հակառակ սփիւռքացած եւ հոգեմաշ առօրեայի մը, երբ երկու անձեր (հայ) հանդիպին, ներքին ձայն մը զիրենք կը մղէ անպայման անդրադառնալու, խօսելու եւ զրուցելու վերանկախացած հայրենիքի մասին: Անոնք շատ անգամ կը մեղադրեն անցեալը, կ՛անիծեն ներկան եւ կը հայհոյեն անորոշ ապագային ու կ՛եզրակացնեն, թէ անհայրենիք հայու փրկութիւնը (վերածնունդը), բացառապէս իր հայրենի հողին վրայ է, հակառակ հոն տիրող բազմաբնոյթ դժուարութիւններու, առկայ մտահոգութիւններու, տկլոր ու ապազգային գործելակերպերու եւ տխեղծ մտայնութեան:  

Իսկ ինչո՞ւ մտածել հայրենիք վերադարձի մասին, հարց կրնայ տալ ուրիշ հայորդի մը, որ կը վայելէ սփիւռքի «բարիք»-ները, ունի հանգստաւէտ կեանք ապրելու բոլոր հնարաւորութիւնները: Հանգստաւէտ, անշուշտ ոչ բոլորի համար եւ համեմատականօրէն շատ քիչերու վերապահուած, նկատի առած տուեալ երկրին աշխարհագրական դիրքը, քաղաքակրթական մակարդակը, յառաջդիմութեան աստիճանաչափը, զարգացման հոլովոյթը, տուեալ երկրի պետականութեան հիմքերն ու գործելու մեքանիզմը, պատասխանատուութիւն ստանձնած ղեկավարութեան տեսակը, կազմաւորումն ու որակը, կարողականութիւնն ու մշակուածութիւնը:

Ի դէպ, միամտութեամբ չենք վարակուած, այլապէս ընդունելու, թէ օտար ափերու վրայ ազգեր ու ժողովուրդներ կ՛ապրին դրախտի մէջ, պետական կառոյցներ զերծ են փտածութենէ, կաշառակերութենէ, փառամոլ ու կասկածելի շահարկումներէ: Այդուհանդերձ խոստովանիլ է պէտք, որ անոնք կը գործեն, այսպէս ասած, որոշակի հաւասարակշռութիւն պահելու մօտեցումով:

Այսինքն, քաղաքակիրթ ու կայացած երկիրներու մէջ առկայ ստուերային գործերն ու պետական շահերը, դրամատիրական ախորժակներն ու ժողովուրդին օգնելու մեքանիզմները չեն խաչաձեւեր զիրար, այլ ունին փոխադարձ ընկալումի չափորոշիչներ, անգիր կանոններ: Ուրիշ խօսքով, տուեալ երկիրներու ընկերատնտեսական համակարգերը կը գործեն ոչ թէ ի հեճուկս ժողովուրդի աղքատացման, կեղեքման ու բնաջնջման, այլեւ` գէթ ժողովրդական միջին դասակարգի մը պահպանումի ի խնդիր:       

21 սեպտեմբեր 1991:

Վերանկախացած հայրենիքի սրբազան տօնացոյցերէն ամէնէն խորիմաստը, հոգեհարազատն ու պատուաբերը:

Ըստ իս, հաւանաբար այս օրը պէտք է ըլլայ այն միակը, մայիսի 28-էն ետք, որ կոչուած ըլլայ ազգը համախմբելու (աւելի հայացնելու) Արարատի սրբազան հայեացքին տակ ու անով սերտացնելու, օղակաւորելու եւ բիւրեղացնելու ազգային հաւատամքն ու գաղափարախօսական արժեհամակարգը:

Ի դէպ, գաղտնիք չէ, որ տարտղնած (սփիւռքացած) ազգն անգամ կրնայ մէկ դրօշի, քայլերգի ու տեսլականի շուրջ համախմբուիլ, եթէ երբեք տուեալ ազգի բաղադրիչ տարրերը` հասարակութեան բոլոր շերտերը, բարձր գիտակցութիւնը ունենան բոլորուելու պետականութեան շուրջ, որ իր կարգին օժտուած ըլլայ այնպիսի կառոյցներով եւ յառաջադէմ գործելաձեւերով, որոնք մրցունակ են, յաւակնոտ եւ ըստ էութեան քաղաքական մշակոյթով հարստացած:

Այո՛, քաղաքական մշակոյթ, որ խորքին մէջ արդի ժամանակներու ամէնէն ազդու եւ հզօր «զէնք»-երէն մէկն է, յայտնապէս երբ անիկա շաղախուած ըլլայ դիւանագիտական, արհեստավարժ  ու տնտեսական նուաճումներով:

Եւ ահա, մտորումի այն կիզակէտը (քաղաքական մշակոյթի ձեւաւորում), որուն կը ձգտի իւրաքանչիւր հայ, յայտնապէս ընդգծելով ճշմարտութիւն մը անսեթեւեթ, թէ հայահաւաքի ու հողահաւաքի հայոց գերագոյն տեսլականը կրնայ իրականանալ առհասարակ տուեալ արժեհամակարգին բացարձակ ըմբռնումով ու այդ ուղղութեամբ անմնացորդ նուիրումով:

Նուիրում, որուն ետին կը կանգնի պետական կարգն ու սարքը, ազգային ներուժն ու հայ քաղաքական եւ յեղափոխական մտքի ժառանգութիւնը: Այլ խօսքով` նման սրբազան աշխատանքի մը յաջողութեան գրաւականը` ամբողջ հայութեան անսակարկ աջակցութիւնն ու նեցուկն է` տնտեսական, գիտական, փորձառական ու տարբեր բնագաւառներու կարողականութեամբ:     

Ճիշդ այս հասկացողութենէ թելադրուած, ուզեցինք շեշտադրել, թէ այս տօնը պէտք է, որ ստեղծէ այն պատեհ առիթը, գէթ տարին անգամ մը, հայութեան սեփականութիւնը դարձնելու պետականաշինութեան փայլքն ու գործունէութեան հաշուետուութիւնը: Իրօք, հաշուետուութիւն, պետական բարձր մակարդակի եւ թափանցիկ մօտեցումով: Հաշուետուութիւն, բոլոր բնագաւառները ընդգրկող եւ առանց վերապահութեան:

Հարց տանք, թէ անկախութենէն աւելի քան 25 տարի ետք հայոց պետականութիւնը ստեղծա՞ծ է այն միջավայրն ու մթնոլորտը, ուր պիտի կատարուին հաշուետուական գործընթացներ` յանուն հայրենիքի հզօրացման, ամրակայման եւ բարգաւաճման: Խօսքը չի վերաբերիր խորհրդարանական հաշուետուութեան, այլ ազգային բարոյական արժեչափերու եւ քաղաքական հասունութեան: 

Յայտնենք, որ ականատես կ՛ըլլանք ամէն առիթի հնչեցուած կարգախօսերու շքերթի մը, ճոռոմ խօսքերու եւ աննպատակ ելոյթներու, որոնք մեզ` ազգովին կը մղեն մե՛րթ ուրախանալու, մե՛րթ տխրելու եւ մերթ յոռետեութեամբ լեցուելու:

Ինչո՞ւ: Որովհետեւ Հայաստանի վերանկախացումով պէտք էր անկախանար նաեւ հայ քաղաքական միտքը, իր բոլոր դրսեւորումներով, որպէսզի իր կարգին լծուէր հայ քաղաքացիական կրթութեան առաւել ճառագայթումին եւ ամրապնդման:

Հակառակի պարագային, ինչ որ յամեցող իրականութիւն է, երբ հայ գիւղացին, արհեստաւորը, պաշտօնեան, ուսուցիչը, պատմաբանն ու գիտնականը ենթակայ են դրամատիրական խենեշ ճնշումներու, սարսափը կ՛ապրին ստրկատիրական նորովի մտայնութիւններու, ազատ ու անկախ չեն իրենց մտածումներուն մէջ, ապա անոնց մտածումի առանցքը կ՛ըլլայ երկրէն շուտափոյթ հեռանալը, արտագաղթը:

Յիշեցնե՞լ է պէտք, որ Հայաստանի ժողովուրդին 73 տոկոսը աղքատ է ու կ՛ապրի շատ դժուար պայմաններու մէջ: Իսկ արտագաղթողներու թիւը տարուէ տարի կ՛աւելնայ: Ու մենք, գրեթէ ամէն օր, կը լսենք խոստումներու եւ աղօթքներու շարադրանքներ, յոյսի բարբաջանքներ ու տոկալու սին պատգամներ:

Միւս կողմէ, մտահան չենք ըրած, որ Հայաստան շրջապատուած է գազան ու մարդակեր թշնամի պետութիւններով: Թուրքն ու ազերին տիւ եւ գիշեր կ՛որոճան բնաջինջ ընելու հայութիւնը եւ կ՛աշխատին կեանքի կոչել փանթուրանական երբեմնի ծրագիր-երազը:

Ճիշդ է նաեւ այն, որ Արցախի քաջարի ժողովուրդը իր պետութեամբ ու բանակով ոգի ի բռին կ՛աշխատի պահել ու պահպանել ազատագրուած հայրենիքը, դէմ դնել թշնամի հորդաներու ոտնձգութիւններուն, համախմբել հայութիւնը, շունչ ու ոգի սերմանել նորահաս սերունդներու, այդուհանդերձ, հայութեան համար գերխնդիր է նաեւ ունենալ հզօր ու բարգաւաճ Հայաստան, դիմակայելու համար նորովի մարտահրաւէրները, որոնք կը սպառնան մեր գոյութեան:

Արդ, հեշտութեամբ պահանջուած ազգային ռազմավարութեան մասին երբ ձայն կը բարձրացնէ սփիւռքահայութիւնը, խորքին մէջ կ՛ուզէ անյապաղ գործի լծել հայոց պետութիւնը, որպէսզի առանց երկմտանքի, խիզախօրէն եւ քաղաքակիրթ մօտեցումով աշխուժացնէ հայաստանակեդրոն պետական աշխատանքները: 

Իսկ նման սրբազան ռազմավարութիւն կեանքի կը կոչուի այն ատեն, երբ կայ փոխադարձ վստահութիւն, ազգային արժանապատուութեան խոր գիտակցութիւն եւ նախաձեռնութեան ոգի, որոնցմով հայ քաղաքական միտքն ու պետականութիւնը պիտի կարենայ նուաճել ռազմաքաղաքական բարձունքներ:

Ըլլալ հզօր ազգերու շարքին, կ՛ենթադրէ ունենալ ինքնուրոյն տեղ ու դեր արդի ժամանակներու աշխարհաքաղաքական համակարգին մէջ: Ունենալ յառաջադէմ հայրենիք ու կայացած պետութիւն, կ՛ենթադրէ հայատրոփ աշխատանք եւ ազգային ուղղուածութիւն: 

Այս բոլորը կը պահանջենք, որպէսզի մենք` բոլորս հպարտօրէն եւ քաջաբար ա՛լ որոշենք (ոչ թէ փափաքինք) ապրիլ վերանկախացած հայրենիքի հողին վրայ:

17 սեպտեմբեր 2017                                                                          


Viewing all articles
Browse latest Browse all 13370

Trending Articles