Quantcast
Channel: Անդրադարձ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 13366

Անկախութեան Վերականգնումէն 26 Տարի Ետք Ժամանակն Է, Որ Մենք Ալ Մեր Օրակարգը Թելադրենք

$
0
0

ԺԱԳ ՅԱԿՈԲԵԱՆ

26 տարիներ անցած են Խորհրդային Միութեան փլուզման եւ Հայաստանի Հանրապետութեան վերանկախացման` շարունակելով հայ ազգի անկախ լինելութեան ընթացքը եւ հաւատարիմ մնալով 1918-ի մայիսեան յաղթանակներէն ծնունդ առած հանրապետական կարգերուն:

Բնականաբար 26 տարիներէ ի վեր շատ բան փոխուեցաւ աշխարհաքաղաքական պայմաններուն մէջ: Սակայն չփոխուեցաւ Հայաստանի Հանրապետութեան շրջափակուած ըլլալուն իրականութիւնը` իր պարտադրած ընկերային-տնտեսական մեծ մարտահրաւէրներով: Ունեցանք զինուորական յաղթանակ, բայց ներքին ախտերուն պատճառով ժողովրդագրական պատկերը շարունակեց իր աւերը գործել` հետզհետէ աւելի մեծցնելով արտագաղթի կշռոյթը: 26 տարի տեւեց, մինչեւ որ վերագտնենք մենք զմեզ եւ գիտակցինք, որ անհրաժեշտ է կարեւորութիւն տալ տեղական արտադրութեան, գիւղատնտեսութեան, սրբագրել անցեալի ընթացքը, որուն պատճառով անկախութեան առաջին տարիներուն տիրեց հայրենի տնտեսութեան համատարած թալանը եւ փոշիացումը:

Այո՛, շատ բան փոխուեցաւ անցնող ժամանակաշրջանին: Բազմաթիւ տեղատուութիւններ արձանագրուեցան շրջանի բազմաթիւ երկիրներու մէջ: Միջինարեւելեան կարգ մը երկիրներ ներքին խոր տագնապներ դիմագրաւեցին: Ուրիշներ նոր դերակատարութիւններ ստանձնեցին: Քանիցս փորձ կատարուեցաւ շրջանի պատկերը փոխելու, նոր սահմաններ յառաջացնելու` նոր գոյացութիւններու եւ պետութիւններու ստեղծումով: Եւ տակաւին այդ ընթացքը կը շարունակուի: Վկայ` 25 սեպտեմբերին Իրաքի քրտական ինքնավար մարզին մէջ տեղի ունենալիք անկախութեան հանրաքուէն, որ, եթէ կայանայ, պիտի ըլլայ քրտական պետութիւն ստեղծելու մինչեւ հիմա կատարուած բազմաթիւ փորձերէն ամէնէն լուրջը:

Այսօր միջինարեւելեան եւ կովկասեան իւրաքանչիւր պետութիւն, իւրաքանչիւր ժողովուրդ իր օրակարգը ունի, իր ազգային-ռազմավարական ծրագիրը ունի, կը փորձէ իր շահը առջեւ տանիլ` տնտեսական եւ համարկումի մեծ ծրագիրներու մասնակցելով, իր ազգային նպատակները այսօրուան յարափոփոխ աշխարհին մէջ յառաջ քշելով: Կարեւոր օրինակ մըն է քրտական գործօնին զօրաւոր կերպով մէջտեղ գալը ո՛չ միայն Իրաքի, այլ նաեւ Սուրիոյ, Թուրքիոյ եւ Իրանի մէջ: Եւ կարծես քիւրտերը ժամանակին հետ մրցավազքի մտած են, կը հետապնդեն այդպիսի նպատակներ, որոնք, մեր կարծիքով, իրենց կարողութիւններէն վեր են: Կամ միգուցէ կը կարծեն, թէ ուժի յորդում ունին…

Բայց եւ այնպէս քիւրտերը, հակառակ իրենց բազմաթիւ փորձերուն, տակաւին պետական կազմաւորում չունին: Եւ հակառակ դարձեալ բոլոր փորձերուն, ըստ երեւոյթին, տեսանելի ապագային ալ պիտի չունենան: Սակայն մենք ունինք մեր պետականութիւնը` բազմաթիւ սերունդներու զոհողութիւններով ձեռք բերուած: Լաւ կամ թերի` մեր անկախ հանրապետութիւնն է, որուն պէտք է գուրգուրանք եւ յանձնառու ըլլանք անոր առաւել ամրապնդման եւ հզօրացման:

Գուցէ ներկայիս կացութիւնը եւ աշխարհաքաղաքական վիճակը այդքան ալ յարմար չեն ազգային մեծ նպատակներ առաջադրելու եւ զանոնք իրագործելու, բայց ասիկա պատճառ չի կրնար ըլլալ, որ Հայաստանը եւ հայ ազգը, ընձեռուած առիթներու սահմաններուն մէջ, իրենց շահերը չհետապնդեն, իրենց ուրոյն օրակարգը, ռազմավարական ծրագիրները չունենան առջեւ մղելիք: Բոլորն ալ ունին, մենք ալ պիտի ունենանք անկախութեան վերականգնումէն 26 տարիներ ետք:

Այդ օրակարգին մաս կը կազմէ նախ շրջանային համարկումի կարեւորագոյն ծրագիրներուն մէջ աւելի ազդու խօսք ունենալը, աւելի աշխուժ ըլլալը այդ մարզին մէջ: Ռուսիոյ հետ դաշնակցային իւրայատուկ յարաբերութիւններ ունենալուն բերումով, Հայաստան արդէն անդամ է շրջանային համագործակցութեան եւ համարկումի մէկէ աւելի հարթակներու` զինուորական եւ տնտեսական բնագաւառներուն մէջ, ինչպիսին են ԱՊՀ-ն, Եւրասիական տնտեսական միութիւնը եւ Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագիրի կազմակերպութիւնը: Նոյեմբերին ալ կը սպասուի Հայաստանի հետ Եւրոպական Միութեան նոր համաձայնագիրի ստորագրութիւնը, որուն համար հայկական կողմը պէտք չէ ճիգ խնայէ` առաւելագոյն օգուտը քաղելու համար անկէ:

Երկրորդ կարեւորագոյն բաղադրիչը այս օրակարգին շրջանային տնտեսական մեծ ծրագիրներուն Հայաստանի Հանրապետութեան աշխուժ մասնակցութիւնն է` գլխաւորաբար Իրանի հետ ունեցած մեծ ծրագիրները ամէն գնով կեանքի կոչելով: Այդ ծրագիրներուն իրագործումը բոլորին համար ալ օգտակար պիտի ըլլայ` ուժանիւթային համագործակցութեան, առեւտուրի, փոխադրութեան եւ ենթակառուցուածքային բնագաւառներուն մէջ: Ընձեռուած առիթները պէտք չէ կորսնցնել եւ համապատասխան կամք պէտք է դրսեւորել հայկական կողմէն` ձեռք բերուած համաձայնութիւնները անպայման կեանքի կոչելու առումով:

Երրորդ բաղադրիչը այս օրակարգին` սփիւռքի գործարարներու ներդրումներուն աշխուժ նեգրաւումով հայրենի արտադրութեան թափ տալն է` նոր նշաձողեր ճշդելով մանաւանդ տեղեկատուական արհեստագիտութեան բնագաւառին մէջ: Այս երրորդ բաղադրիչին մէջ կ՛իյնան նաեւ համահայկական տնտեսական, մշակութային, կրթական, ազգային եւ զանազան այլ բնոյթի նախաձեռնութիւններուն եւ ծրագիրներուն յաճախակի դառնալն ու իրագործումը` անոնց առաւելագոյն արդիւնաւէտութեան ակնկալիքով, որպէսզի հայրենիք-սփիւռք յարաբերութիւնները չստանան բաժակաճառային բնոյթ: Սփիւռքի գոյութիւնը ինքնանպատակ չէ, աշխատանք պէտք է ծաւալել զայն աւելի եւս կազմակերպելու համար, որպէսզի անոր կարողականութիւնը ուղղուի հայրենիքի հզօրացման: Այս ծիրին մէջ անշուշտ շարունակելով յատուկ դեր վերապահել հայաստանամերձ երկիրներու հայագաղութներու պահպանման ու կազմակերպման:

Անկախութեան վերականգնումէն 26 տարի ետք հայ քաղաքական մտքի ուշադրութիւնը պէտք է սեւեռուած մնայ այս օրակարգին մշակման վրայ: Որպէսզի զգացնել տանք, թէ մենք եւս լուրջ գործօն ենք այս շրջանին մէջ եւ մեր` հայութեան ու Հայաստանին ներկայացուցած քաղաքակրթական ազդակով կարեւոր ըսելիք ունինք:

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 13366

Trending Articles