ՅԱՐՈՒԹ ՉԷՔԻՃԵԱՆ
Արեւելեան Գերմանիան օրին արդէն իսկ ծրագրուած կերպով կազմ ու պատրաստ էր մօտալուտ եւ անխուսափելի դարձած յետհամայնավար ժամանակաշրջանին համար: Կազմած էր հեզասահ փոխանցման, Արեւմտեան Գերմանիոյ վերամիացման խորհուրդ, երբ նոյեմբեր 1989-ին Արեւելեան Գերմանիան դռները բացաւ դէպի Արեւմուտք` նախանշանը տալով Խորհրդային Միութեան փլուզումին: Որեւէ գործարան կամ ձեռնարկութիւն չթալանուեցա՛ւ (1):
Արեւելեան Գերմանիոյ յաջորդեցին Պալթեան երկիրները` սկսելով Լիթուանիայէն, որուն Գերագոյն խորհուրդը 11 մարտ 1990-ին Խորհրդային Միութենէն անկախութիւն հռչակեց (2):
1988-ին սաստկացած, Ազրպէյճանի կողմէ հայ բնակչութեան եւ Լեռնային Ղարաբաղի Ինքնավար Մարզի հայ բնակչութեան ցեղային մաքրագործման` ցեղասպանութեան եւ Խորհրդային Միութեան ուղղակի եւ անուղղակի մեղսակցութեան դէմ սկսաւ հայ ժողովուրդի կամաւորական ինքնապաշտպանութեան եւ ազատագրական պայքարը` յանգելով հայ ժողովուրդի յաղթանակին եւ Արցախի անկախութեան: 1988 դեկտեմբերին Հայաստանի հիւսիսը պատահած ահաւոր երկրաշարժին, որուն պատճառով զոհուեցաւ 25 հազար մարդ, Խորհրդային Միութիւնը համապատասխան օժանդակութիւն չկրցաւ ցուցաբերել` նոյն տարուան ընթացքին դրսեւորելով երկրորդ «հակահայ» դիրքորոշում, հայ ժողովուրդը մատնելով մեծ յուսախաբութեան:
Ահա վերոնշեալ իրողութիւններու տրամաբանական հետեւողութեամբ, «21 սեպտեմբեր 1991-ին հանրաքուէի մասնակցելու իրաւունք ունեցող Խորհրդային Հայաստանի բնակչութեան 95,5 առ հարիւրը, շուրջ` 2 միլիոն 57 հազար մարդ, մասնակցեցաւ անկախութեան հանրաքուէին. քուէարկողներուն շուրջ 2 միլիոն 43 հազարը (99,54 տոկոսը) «ԱՅՈ» ըսաւ «Համաձա՞յն էք, որ Հայաստանի Հանրապետութիւնը լինի անկախ ժողովրդավարական պետութիւն` Խորհրդային Միութեան կազմից դուրս» հարցումին: Միայն 0,46 տոկոսը «ՈՉ» ըսաւ: Ամբողջ սփիւռքահայութիւնը, իր կարգին, եթէ առիթը ունենար մասնակցելու հանրաքուէին, հաւանաբար նոյն համեմատութեամբ «ԱՅՈ» պիտի քուէարկէր» (3), (4):
Համայն հայութեան երազը իրականացաւ: Անկախութեան պատճառած համաժողովրդային ցնծութիւնը երկար չտեւեց սակայն, քանի որ ժողովուրդին քուէարկած երկու պահանջներէն` «Անկախ» եւ «Ժողովրդավարական պետութիւն», երկրորդը` կարճ ժամանակ ետք վերածուեցաւ մենատիրական սակաւապետութեան, նախագահական կառավարման դրութեան: Եսակեդրոն առաջին նախագահին մօտիկ խումբ մը անմիջապէս գազանօրէն յափշտակեց ամբողջ ժողովուրդին պատկանող ազգային հարստութիւնը (5):
Վերանկախացման առաջին իշխանութիւնը ստեղծուած կացութեան յարմարող ընկերային, տնտեսական ծրագիր չէր մշակած եւ չմշակեց` անիշխանութեան եւ թալանի մատնելով խորհրդայինէն մնացած տնտեսութիւնը: Վերնախաւը մեծ ու փոքր գործարանները եւ ձեռնարկութիւնները թալանեց եւ փակեց` յուսալքութեան եւ յուսախաբութեան մատնելով ժողովրդային զանգուածը, որ մնաց անգործ ու թշուառ, ցասումով նախընտրելով խորհրդային ժամանակաշրջանը… Անկախութիւն կերտող ժողովուրդին եւ նորաստեղծ իշխանութեան միջեւ աներեւակայելի բաց մը ստեղծուեցաւ, անօթութեան եզրին հասած ժողովուրդ եւ` անոր իրաւունքը յափշտակած, իշխանութեան տիրացած մեծահարուստ միլիոնատէրերու ամբարտաւան դասակարգ…
Ըստ բառարաններուն, «Անկախութիւն» կը նշանակէ` ինքնավարութիւն, ազատութիւն, անկախ ըլլալու վիճակ, ուրիշ պետութեան ենթարկուած չըլլալը, ինքնօրէնութիւն, ինքնիշխանութիւն, որոնք ընդհանուր առմամբ կիրարկուեցան, սակայն խորհրդային մշակոյթը, վարչաձեւը, կառավարման դրութիւնը, գործելաոճը, մեքենականութիւնները, վարչական եւ ընկերային յոռի բարքերը մնացին գրեթէ անփոփոխ: Անշո՛ւշտ կարելի չէր կարճ ժամանակի ընթացքին խորհրդային շրջանի յոռի ազդեցութիւնը, կառավարման մշակոյթը վերացնել, քանի որ այդ միջավայրին մէջ ապրած ու մեծցած սերունդներուն մեծամասնութեան համար զգալի չէր ցարդ ճնշուած, ընկճուած ազգային իւրայատկութեան, հոգեմտաւոր ինքնութեան անաղարտ վերականգնումի անհրաժեշտութիւնը, քանի որ տարբերութիւնը հաւանաբար չէին գիտեր: Այս անհրաժեշտութիւնը տակաւի՛ն կը մնայ իրագործելի:
Երկրին այժմու նախագահը եւ վարչապետը քանիցս դէմ արտայայտուեցան «չինովնիկ» (խորհրդային ժամանակաշրջանի ընդհանրապէս փտած պետական պաշտօնեայ) գործելաոճին, մտայնութեան եւ մշակոյթին, սակայն գործնապէս ի՞նչ կը կատարուի այս մշակոյթին արմատապէս վերացման համար: Ազգային, հայրենասիրական, բարոյական, քրիստոնէական դաստիարակութեամբ սնանած արժանապատուութեան տէր, բարձրագոյնէն մինչեւ սովորական պաշտօնակատար անձը ընդհանրապէս խիղճով, անաչառութեամբ ու վեհանձնութեամբ, անսակարկ նուիրումով կը ծառայէ իր ժողովուրդին` մերժելով «չինովնիկութիւնը» եւ կրաւորականութիւնը: Իսկ արդարադատութիւնը տակաւին կը մնայ խոցելի:
Ազգային հոգեմտաւոր անկախութիւնը տակաւին արմատապէս չէ վերականգնած: Խորհրդայինին գրաքննութեան ենթարկած եւ նենգափոխած հայոց պատմութիւնը, յամառօրէն, ցարդ իբրեւ աղբիւր կ՛օգտագործուի: Վերանկախացումէն ետք իշխանութեան առաջնահերթութիւններէն պէտք էր ըլլար ծրագրուած կերպով եւ սփիւռքահայութեան օժանդակութեամբ, քանի որ սփիւռքը քայլ առ քայլ հետեւած էր խորհրդային վարչակարգին ապազգայնացման հոլովոյթին, յանձնաժողովի մը միջոցով մէկ առ մէկ վերացնել խորհրդային իշխանութեան պարտադրած ապազգային, հայադաւ նենգափոխումները, որոնց գլխաւորը` իսկական արեւելահայերէնի վերականգնումը: Այս պարագային, իւրայատուկ ազգ մը ըլլալը բնորոշող ազգային լեզուական անկախութիւնը չէ իրականացած տակաւին, եւ այժմ տխրահռչակ Ստալինի հրահանգով խեղաթիւրուած, ռուսերէնախառն «արեւելահայերէնը» կը գործածուի տակաւին, որ կը վտանգէ եւ սկսած է աղաւաղել նաեւ արեւմտահայերէնը:
Որքանո՞վ հանրապետութեան կրթական համակարգը անկախացած է: Շուրջ 20 տարի առաջ, երբ դասագիրքի մը մասին ակնարկութիւն կատարեցի, թէ անոր մէջ կը պակսէր ազգային դաստիարակութիւնը, պատասխանատու զրուցակիցս յոխորտաց, թէ ապրելով հայրենիքին մէջ, իրենք ազգային դաստիարակութեան պէտք չունէին… Աշխարհի վրայ ո՞ր մեծ ու պզտիկ երկիրներուն զաւակները իւրայատուկ ազգային, քաղաքացիական կրթութիւն չեն ստանար: Տեղեակ չեմ այժմու կրթական ծրագիրէն, սակայն պէտք է վերականգնին բոլոր ժամանակաշրջաններու վերաբերող` անաղարտ «հայոց պատմութիւնը» եւ մշակութային ժառանգութիւնը, յատկապէս ազատագրական պայքարի եւ Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան հարազատ պատմութիւնը:
Կը մէջբերեմ Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան վերջին վարչապետ Սիմոն Վրացեանի «Հայաստանի Հանրապետութիւն» գիրքէն անկախութեան պահուն իրավիճակը ներկայացնող հատուած մը. «Այո՛, արցունքի ու տառապանքի ծովից ծնուեց Հայաստանի անկախութիւնը: Ոմանք չէին հաւատում նրան, անկախութիւն ու հանրապետութիւն բառերը դնում էին չակերտի մէջ: Եւ այդպէս վարուելու հիմքերը շատ էին զօրաւոր, իրօք որ զարհուրելի էին պայմանները, եւ անկախութիւնը այդ պայմաններում թւում էր հեգնանք:
«Փաստօրէն հայերի ձեռքը մնացել էր մի փոքրիկ հողաշերտ` հազիւ 12 հազար քառ. քմ: Աղքատ ու կիսակործան մի երկիր` կծկուած ցամաք լեռների մէջ, աշխարհի խուլ անկիւնում, ծանրաբեռնուած` գաղթականներով ու որբերով, շրջապատուած` ատամ կրճտացնող թշնամիներով, անհաց, անդեղ, անօգնական: Սով հիւանդութիւն, աւար ու աւեր, լաց ու թշուառութիւն, կոտորածի սարսափ» (5):
Այս պայմաններուն մէջ ծնունդ առած Հայաստանի Հանրապետութիւնը իր պողպատեայ կամքով, տեսիլքով, ծրագիրով ու անձնուրաց հերոսական ղեկավարութեամբ, գերազանց ճիգով հողահաւաք կատարեց, «փոքրիկ հողաշերտը» տարի մը ետք` 1919-ին վերածելով մօտ վեցապատիկին` 70 հազար քառ. քիլոմեթրի, նաեւ հայահաւաք կատարեց` 500 հազար հայ բնակչութիւնը 1919-ին բարձրացնելով մէկ միլիոն 300 հազարի (6):
Փորձելով զուգահեռներ գծել Ա. հանրապետութեան հետ, վերանկախացած Հայաստանը նաեւ հողահաւաք կատարեց` իր լրումին հասցնելով 1988 թուականին սկսած Արցախի ժողովրդային, կամաւորական ազատագրական պայքարը` 1994-ին մեծ մասամբ ազատագրելով բռնագրաւուած Արցախի տարածքները: Միւս կողմէ, սակայն, արդէն գոյութիւն ունէր կայացած, յառաջադէմ, զարգացած երկիր` իր բոլոր ենթակառոյցներով ու բարեկեցիկ ժողովուրդով, համալսարաններով, տնտեսութեամբ, գործարաններով, մեթրոյով եւ այլն: Կարիքը կար խորհրդային կեդրոնացեալ վարչական, տնտեսական դրութենէն հեզասահ անցում կատարել դէպի ազատ տնտեսութիւն` ժողովուրդը պահելով իր հողին վրայ, աշխատավայրին մէջ: Պատահեցաւ ճիշդ հակառակը, փոխանակ ամրապնդելու եւ զարգացնելու գոյութիւն ունեցող տնտեսութիւնները եւ հայահաւաք կատարելու` տեղի ունեցաւ տնտեսութեան քայքայում, թալանում, փակում` պատճառելով աններելի ու աղէտալի զանգուածային հայրենալքումի, որ կը շարունակուի տակաւին, աներեւակայելի ու անհաւատալի թիւերով:
Կարկտան ու անբաւարար միջոցներով իրարու յաջորդող իշխանութիւնները բարելաւեցին երկրին տնտեսութիւնը, սակայն արտագաղթին առաջքը չառնուեցաւ, թէեւ այժմու կառավարութիւնը գնահատելի ու հետեւողական ճիգով կը փորձէ բարելաւել հանրապետութեան բոլոր մարզերը եւ բնագաւառները:
Այս բոլորով հանդերձ, կը հպարտանանք մեր յառաջադէմ ու յարատեւ զարգացող 26-ամեայ հայրենիքով`
– Քաղաքացիին եւ այցելուներուն անվտանգութիւնը երաշխաւորող կարգ ու կանոնով եւ ապահովութեամբ,
– Զարգացող գիւղատնտեսութեամբ` երկրագործութեամբ` անասնաբուծութեամբ, պարէնաւորմամբ` պահածոներու, ձկնեղէնի եւ կաթնեղէնի համակարգով,
– Աշխարհահռչակ դիրքի հասած համակարգչային մարզով,
– Հաղորդակցութեան, համացանցի եւ բջիջայինի գերարդիական դրութեամբ,
– Գեղեցիկ ու կազմակերպ արդիական օդակայանով,
– Արուեստի, գեղարուեստի, երաժշտութեան եւ թատրոնի միջազգային չափանիշներու համապատասխանող բարձր որակով,
– Գեղեցիկ ու արդիական մայրաքաղաք Երեւանով` իր խնամուած գեղեցիկ այգիներով, զբօսավայրերով, զարգացող կենդանաբանական պարտէզով, հաղորդակցութեան բոլոր միջոցներով, շինարարութեամբ, ենթակառոյցներով:
Շարքը երկար է…
Բայց մանաւա՛նդ կը հպարտանանք մեր հայրենիքի պաշտպան հզօր բանակով եւ մեր հերոս ազգի քաջարի զինուորներով, անոնց ծնունդ տուող ժողովուրդով եւ հայրենիքի պաշտպանութեան համար մահուամբ անմահացած նահատակներով:
12 սեպտեմբեր 2017
————————–
(1) «Հայաստանի Հանրապետութեան վերանկախացման 25-րդ տարեդարձին` վերյիշենք քիչ մը պատմութիւն», «Ազդակ» բացառիկ 2017, էջ 85-91:
(2) ( https://en.wikipedia.org/wiki/Baltic_states_under_Soviet_rule_(1944%E2%80%9391) )
(3) ( https://en.wikipedia.org/wiki/Armenian_independence_referendum,_1991 )
(4) «Հայաստանի Հանրապետութեան վերանկախացումի 25 տարիները եւ հայ ժողովուրդին ակնկալութիւնները», Հայաստանի Հանրապետութեան անկախութեան վերականգնման 25-ամեակին նուիրուած «Ազդակ»-ի բացառիկ 21 սեպտեմբեր 2016, էջ 80-86:
(5) ( http://www.aztagdaily.com/archives/310121 ) «Հայաստանի Հանրապետութեան անկախութեան հռչակագիրը եւ ազգային հարստութեան կառավարումն ու հաշուետուութիւնը»:
(6) «Հայաստանի Հանրապետութիւն», Բ. տպ. Պէյրութ, 684 էջ, 1958 տպարան «Մշակ», էջ 177:
(6) ( https://en.wikipedia.org/wiki/First_Republic_of_Armenia )