Quantcast
Viewing all articles
Browse latest Browse all 13456

Պատմաքաղաքական Զիկզակներ. Հայաստանի Հզօրացման Երաշխիքը` Ազգային Տնտեսութիւնը

ԱՒՕ ԳԱԹՐՃԵԱՆ

Անկախութիւնը, անկախացումը գործընթաց մըն է եւ եղելոյթ մը. աշխարհագրական, ժողովրդագրական, քաղաքական, տնտեսական եւ մշակութային գործօններ կը ճշդեն այդ եղելոյթին հեզասահ կամ փոթորկոտ ընթացքը, անոր յաջող կամ ձախող աւարտը:

Ուրեմն, բնական իրողութիւն է, որ մարդ անհատը ձգտի իր անհատական ազատութեան: Անհատական ազատութեան ձգտող մարդ-անհատներէ կազմուած ազգ-հաւաքականութիւններ բնական է նաեւ, որ ձգտին իրենց հաւաքական ազատութեան, այսինքն` ազգային ազատութեան, անկախութեան ու ինքնիշխանութեան: Աշխարհի վրայ ու անոր գոյութեան սկիզբէն ի վեր չէ եղած եւ չկայ ասկէ աւելի բնական երեւոյթ, որովհետեւ այդ երեւոյթը մարդուն եւ ազգին համար բնածին է ու ոչ շրջանցելի:

Այս մեկնակէտէն ելլելով է, որ հայ ժողովուրդը իր պատմութեան ընթացքին պայքարած է, արիւն թափած է, հարիւր հազարներով մատաղ տուած է սուրբ հայրենիքի սիրոյն, ազատութեան ու անկախութեան համար: Այս առումով էր, որ վեց դարերու ստրկութենէ եւ Հայոց ցեղասպանութենէ ետք պիտի ծնէր Հայաստանի Հանրապետութիւնը 28 մայիս 1918 թուականին:

Նորանկախ հանրապետութիւնը երկու տարի ետք պիտի կորսնցնէր իր անկախութիւնը` մաս կազմելով Խորհրդային Միութեան:

Առաջին Հանրապետութեան անկումէն ետք անկախութեան գաղափարը պահպանուեցաւ ոչ միայն սփիւռքի մէջ, այլ նաեւ` Խորհրդային Հայաստանի մէջ: Մինչեւ 1991 թուականի սեպտեմբերեան հանրաքուէն` 70 երկարատեւ տարիներու ընթացքին այդ գաղափարը փայփայեցին ու զարգացուցին Հայաստանի լաւագոյն մտաւորականները, խորհրդային բանտերու մէջ իրենց կեանքը անցուցած քաղաքական գործիչները:

Սեպտեմբեր 21-ին Խորհրդային Հայաստանի քաղաքացիները պատմական որոշում կայացուցին` անկախութիւնը ընտրելով, իբրեւ միակ հնարաւոր կարգավիճակ եւ երկրի հետագայ զարգացման անշեղ ուղի: 1991 թուականի սեպտեմբեր 21-ին հայ հասարակութիւնը հանրաքուէով իր վճռական «Այո»-ն ըսելով` բռնեց անկախութեան ուղին:

20-րդ դարու մէջ 1918 թուականի մայիս 28-ով կը հիմնուէր Հայաստանի Հանրապետութիւնը, իսկ 1991 թուականի սեպտեմբեր 21-ին կը վերականգնէր անկախ պետականութիւնը: Այդ իսկ պատճառով Հայաստանը, ըստ էութեան, ունի անկախութեան երկու տօն` սեպտեմբերի 21 եւ մայիսի 28: Սակայն միանգամայն տարբեր էին այն ժամանակներն ու հանգամանքները, երբ հռչակուեցան Հայաստանի Հանրապետութեան Ա. եւ Բ. անկախութիւնները:

Հայաստանի Հանրապետութեան վերանկախացման տարեդարձն է այսօր, որուն դիմաց կանգ առաւ հայոց պատմութեան դժբախտ ընթացքը` իր վրայէն թօթափելով համայնավարական բռնատիրական վարչակարգերու դարաւոր լուծը եւ յայտարարեց, թէ այսուհետեւ հայ ժողովուրդը ինքն է տէրը իր ճակատագրին եւ բացարձակապէս իր որոշումով պիտի ապրի` ազատ, անկախ եւ ինքնիշխան:

Անգամ մը եւս փաստեց, որ ազատ ու անկախ ապրելու հայ ժողովուրդին ձգտումը կու գայ հայոց ծոցէն` Հայկէն, շղթայուած Արտաւազդէն, Մխիթար Սպարապետէն, Թովմաս Նազարբէկեանէն ու Արամ Մանուկեանէն: Այդ ձգտումն ու պարտադրանքը կու գայ հայութեան լինելու, թէ չլինելու իրողութենէն:

Պատմութիւնը վկայած է, եւ մենք քաջ գիտենք, որ հայը մինակ էր եւ պարտաւոր էր գիտակցիլ իր մինակութեան: Եւ այդ առանձնութեան մէջ տուաւ անկախութեան որոշումը: Այդ որոշումը, ինչպէս 1918 թուականէն առաջ, այդպէս ալ ամբողջ 70 տարիներ շարունակ քալած էր հայ գիւղացիին եւ մտաւորականին մտքին մէջ եւ գործնականացաւ 21 սեպտեմբերին:

Սփիւռքահայութիւնը նախազգացումը ունէր, որ հայրենիքը Խորհրդային Միութենէն անջատուելով, անկախութեան եղանակը ապրելով` պիտի ունենար 70 տարիներու համայնավար ամբողջատիրական վարչակարգի մը տիրապետութեան ազդեցութիւնը, եւ յոյսով էր, որ ժամանակի ընթացքին միասնական ճիգերով կարելի պիտի ըլլար դարմանել ու յաղթահարել եւ երկիրը դնել իսկական ժողովրդավարութեան հունին մէջ:

Հայութիւնը Հայաստանի վերանկախութեան ժամանակաշրջանին քաղեց իր քաղաքական դասը, թէ` ժողովուրդները իրենց պատմութեան ճակատագրական պահերուն առանձին կ’ըլլան, վկայ` 1918 թուականը, փաստօրէն, թէ` այդ պահերուն միայն ու միայն իրենց սեփական ուժին կրնան ապաւինիլ, թէ` կրօնական ու քաղաքակրթական նոյնութիւնը պատճառներ չեն, որ օտար պետութիւններ իրեն օժանդակեն, թէ` քաղաքական միջազգային ասպարէզին մէջ միայն առարկայական փոխադարձ շահերու նոյնութիւնն է, որ կրնայ հաւաքականութիւնները առաջնորդել քաղաքական եւ զինուորական գործակցութեան, թէ, վերջապէս, սեփական տնտեսական եւ զինուորական հզօրութիւնն է միակ երաշխիքը իր ճակատագիրը ըստ իր կամքին տնօրինելու:

Հայաստանի մէջ հաստատուած վարչակարգը իր զարգացման ընթացքին անցաւ ձախողութիւններու ու յաջողութիւններու ժամանակաշրջանի մէջէն:

Այսօր Հայաստանի Հանրապետութիւնը կրցաւ դէպի առաջ նայիլ` դասեր քաղելով անցեալէն: Հայաստանի Հանրապետութիւնը կերտեց իր պարտաւորութիւններուն եւ իրաւունքներուն գիտակից հայ նոր մարդը, եւ հայ քաղաքացին տակաւին անոր հաստատուն ըլլալուն համար դեռ բարելաւման աշխատանքի մէջ է: Այսօր ամէն հայու մէջ կը տեսնուի քաղաքական իրաւունքներուն գիտակցութիւն եւ այդ իրաւունքները հետապնդելու անզիջող վճռակամութիւն: Այս բոլորը ուրիշ բան չեն, եթէ ոչ` սեպտեմբեր 21-ի եւ Հայաստանի Հանրապետութեան արդիւնքը:

Հայաստանի Հանրապետութեան անվտանգութեան առաջին գրաւականը անվիճելիօրէն հայրենիքի բանակն է. ան անկախութեան ծնունդն է եւ մեր ժողովուրդի հպարտութիւնն ու պատիւը: Իւրաքանչիւրը իր դիրքին մէջ ճիշդ աշխատելու պարագային, արդիւնքները աւելի յաջող, տեսանելի եւ գործնական կը դառնան եւ ոչ թէ` վերացական:

Այնուհետեւ, տարիներու ընթացքին որդեգրուեցան քաղաքական դաշտի նոր ուրուագիծներ եւ հանրապետութեան մէջ իշխանութեան փոփոխութեամբ մերթ ընդ մերթ վերականգնեցան`

ա.- Հայ ազգային քաղաքականութիւնը,
բ.- Արցախի պահանջատիրութեան ամրապնդումը,
գ.- Հայոց ցեղասպանութեան հարցի արծարծումը, յատկապէս` Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին կատարուած նախաձեռնութիւնները, անոր ընդմէջէն հրապարակուած հռչակագիրը, իբրեւ համազգային գաղափարախօսութիւն:
դ.- Հայաստանի եւ սփիւռքի միջեւ յարաբերութիւններու վերարժեւորումը: Շարքը կարելի է երկարել:

Թէեւ Հայաստանի պետականութեան կողմէ վերջին տարիներուն կը նկատուի յառաջխաղացք զանազան բնագաւառներու մէջ, եթէ ոչ արագ ոստումով, սակայն զգալի ձեւով` հետեւեալ պարագաներուն.

– Հայ դատի ծիրին մէջ, կարելի է ըսել, Թուրքիոյ կողմէ հայութեան դէմ գործադրուած եւ մինչեւ այժմ անպատիժ մնացած ցեղասպանութեան ոճիրի միջազգային դատապարտումը ըլլայ միջազգային ընտանիքի մէջ կամ այլ հանդիպումներուն:

– Հայաստանի պետականութեան հզօրացման մէջ, ժողովրդավարութեան եւ իրաւական պետութեան նուիրագործման մէջ, ժողովուրդի բարօրութեան ապահովման եւ ընկերային արդարութեան հաստատման մէջ:

– Սփիւռք-հայրենիքի միաշաղախուիլը` հետեւեալ նախաձեռնութիւններու ընդմէջէն.

ա.- Համահայկական մարզական խաղեր,
բ.- «Մէկ ազգ մէկ մշակոյթ» ձեռնարկ,
գ.- Սփիւռք-հայրենիք խորհրդաժողով,
դ.- Սփիւռքէն հայ գործատէրերու համախմբում Երեւանի մէջ,
ե.- Երիտասարդական համագումարներ եւ խորհրդաժողովներ («Բազէ» համահայկական երիտասարդական փառատօն),
զ.- Հայ ուսուցիչներու վերաորակաւորման դասընթացներ,
է.- 27 նոյեմբեր 2005 թուականին հայրենի ժողովուրդը «Այո» քուէարկեց սահմանադրական բարեփոխումներու նախագիծին, ան իր հաւանութիւնը տուաւ Եւրոպական խորհուրդի հաւանութեան արժանացած սահմանադրական փոփոխութիւններուն, մանաւանդ որ այդ փոփոխութիւններուն իրականացումը Եւրոպական խորհուրդին առջեւ Հայաստանի ստանձնած պարտաւորութիւններէն մէկն է:

Հայաստանի Հանրապետութեան վերանկախացման տարեդարձը յաւուր պատշաճի արտայայտուող միտքերու նեղ շրջագիծէն դուրս գալով` հարկ է, որ վերածուին նաեւ ինքնաքննութեան եւ ինքնաճանաչման առիթի ու մեզ մղեն հաշուետուութեան կարգով անդրադառնալու մեր անցած 25 եւ աւելի տարիներու ուղիին:

Այստեղ լուսարձակի տակ կ’առնենք երկու հիմնական կէտ: Առաջինը տնտեսութիւնը, երկրորդը` արտագաղթը:

Տնտեսութիւնը այստեղ կը բնութագրենք հետեւեալ ձեւով. տնտեսական գործունէութեան գերնպատակը մարդոց նիւթական եւ հոգեւոր պահանջներու բաւարարումն է: Իւրաքանչիւր երկրի մէջ դարերու ընթացքին (պատմականօրէն) ձեւաւորուած է մարդոց գործունէութեան բնագաւառներու իւրայատուկ համակարգ («հաւաքածոյ»), որ պայմանաւորուած է տուեալ երկրի բնական պայմաններով ու միջոցներով, ինչպէս նաեւ` աշխարհագրական դիրքով, աշխատանքային միջոցներու մասնագիտական հմտութիւններով եւ այլ գործօններով:

Տուեալ երկրի մէջ մարդկային գործունէութեան բնագաւառներու պատմականօրէն ձեւաւորուած համակարգը կը կոչուի ազգային տնտեսութիւն կամ պետական տնտեսութիւն:

Սկզբնական շրջանին բոլոր երկիրներու տնտեսութեան հիմքը գիւղատնտեսութիւնն էր: Երկրի տնտեսական (հասարակական) զարգացման այդ փուլը կ՛անուանեն գիւղատնտեսական, իսկ արդիւնաբերութեան առնչութեամբ` մինչարդիւնաբերական:

Հայաստանի Հանրապետութեան վերանկախութեան ժամանակահատուածին մէջ, զանազան ծրագիրներու կողքին, որդեգրուեցան տնտեսական լայնածիր ծրագիրներ, սակայն անոնք բաւարար չէին, որ հազիւ երեք միլիոնի հասնող Հայաստանի բնակչութեան նիւթական գոհացում տային: Քաջ գիտենք, որ զօրաւոր տնտեսութեամբ է, որ երկիր մը միշտ կը զարգանայ, յառաջ կ’երթայ:

Այդ տնտեսութիւնը եթէ կը նպատակադրէ հաւաքական շահեր, ուրեմն հոն կարելի է տեսնել ուժեղ բանակ, բարձրորակ կրթական-գիտական, մշակութային, մարզական, ընկերային, եւ զանազան բնագաւառներ, որոնք յառաջխաղացք ու ոստում կ’արձանագրեն: Հետեւաբար Հայաստան աստիճանաբար դուրս կու գայ տնտեսական ծանրակշիռ տագնապէն: Թէեւ, 1991 մայիսին, պետական նախաձեռնութեամբ, Երեւանի մէջ գումարուեցաւ հայ գործատէրերու համագումարը (ֆորում), որուն նպատակն էր հայրենիք-սփիւռք տնտեսական յարաբերութիւնները զարգացնել եւ Հայաստանի մէջ սփիւռքահայ գործատէրերու ներդրումները քաջալերել: Այդ գործատէրերը անհամբեր կը սպասէին անոր առաջադրած ծրագիրներու իրագործումին: Բայց ափսո՜ս, այդ չիրականացաւ: Այլ աւելի՛ն. օրուան իշխանութիւններուն կողմէ 1990-1991 թուականներուն տեղի ունեցաւ հակառակ վարքագիծ մը, եւ այդ բոլորը պատճառ դարձան, որ խախտի ժողովուրդին վստահութիւնը պետութեան հանդէպ:

Առաջին հերթին հմուտ գիտնականներ, բժիշկներ, ակադեմիկոսներ ու արուեստագէտներ գաղթեցին հայրենիքէն` մեծ վնաս պատճառելով երկրին գիտական, առողջապահական ու մշակոյթի մարզերուն: Անոր յաջորդեց ժողովուրդը` կեանքի բարօր ապրուստ որոնելու համար, սփիւռքի հատուածին կասեցումը դէպի երկիր` մայր հայրենիք: Արդիւնաբերութեան մարզին դիմագրաւած տագնապին պատճառով խանութներու դարակները մնացին դատարկ, իսկ հաց ճարելու համար հարկ եղաւ ժամեր սպասել եւ այլն:

Այնուհետեւ, կը հետեւի զանգուածային արտագաղթը, հայրենիքը կը պարպուի զինք կառուցելու ելած զաւակներէն, որովհետեւ աշխատող ձեռքեր` գիւղացիներ, երիտասարդներ եւ գիտութեանց ու արհեստագիտութեանց տէր մարդիկ ապագայ չեն տեսներ սեփական հայրենիքին մէջ, կը մեկնին շուտով վերադառնալու համար, սակայն` շուտով այլ երկիրներու քաղաքացի ու մշտական բնակիչ դառնալու մղումով: Հայաստանի բնակչութեան թիւը բնական աճ արձանագրելու փոխարէն` մաշումէ մաշում կը ցատկէ®

Տարիներու ընթացքին տնտեսութեան բնագաւառը եթէ բարելաւուած ըլլար, այսօր Հայաստանը տարբեր մակարդակի վրայ պիտի ըլլար: Պարզ օրինակ մը տալու համար պէտք է ընդգծել, որ Սուրիոյ պատերազմին պատճառով հազարաւոր սուրիահայեր տեղափոխուեցան Հայաստան եւ իրենց աշխատասէր ու բազմազան փորձառութեամբ հիմնեցին հասութաբեր զանազան ձեռնարկներ, իսկ ուրիշներ դժուարութիւններու ու խոչընդոտներու պատճառով լքեցին Հայաստանը (այստեղ կը նշենք նաեւ հազարաւոր հայաստանցիներն ալ, որոնք տարուէ տարի կը լքեն երկիրը ու կը հեռանան): Երկիր մնացողները բաւական լուրջ հասութաբեր ձեռնարկութիւններ  հիմնեցին եւ պետութեան տնտեսութեան աջակցեցան: Այս մէկը բնականաբար մեզի մտածել կու տայ, որ եթէ արտագաղթողները վստահութիւն ունենային կամ այլ առիթներ տրուած ըլլար անոնց, վստահաբար մենք ազգովին աւելի շահաւոր պիտի ըլլայինք:

Ամէն պարագայի, այսօր մենք կը հաւատանք, որ հայրենիքի եւ սփիւռքի մէջ հայութիւնը հաւասարապէս եւ անխտիր պարտաւորուած է հասած ըլլալու գիտակցութեան այն անհրաժեշտ մակարդակին, երբ այլեւս գիտէ իրականութիւնները արդարօրէն տեսնել եւ դերերը ճշգրտօրէն բաժնել: Սփիւռքը հետզհետէ անվիճելի հետեւորդը կը դառնայ Հայաստանի իշխանութիւններուն որոշումներուն` քաղաքական, տնտեսական, մշակութային եւ ընկերային բնագաւառներով, որովհետեւ ազգի ծառայութեան մէջ մենաշնորհ չկայ:

Հայաստանի վերանկախութեան տօնն է այսօր. գուրգուրանք անոր, որովհետեւ անկախ պետականութիւն ունենալ կը նշանակէ արժանապատուութիւն ունենալ: Անկախ ու ինքնիշխան հայրենիք ունենալ կը նշանակէ մարդկայնօրէն ապրիլ: Անկախութիւն չունեցող ժողովուրդները ուշ կամ կանուխ դատապարտուած են մեռնելու: Անկախութիւն չունեցող, սակայն անկախութեան համար չպայքարող ժողովուրդները դատապարտուած են աւելի արագ կորսուելու եւ ձուլուելու: Իսկ անկախութիւն ունեցող եւ այդ անկախութիւնը պաշտպանել չգիտցող ժողովուրդները երբեք չեն կրնար փրկուիլ ստոյգ կորուստէ` թէ՛ իբրեւ ժողովուրդ եւ թէ՛ իբրեւ հողային տարածք:

Հայրենի ժողովուրդին տնտեսական կեանքի բարելաւումը եւ անոր ամուր կապուածութիւնը իր հողին` երաշխիքն են Հայաստանի անկախութեան հզօրացման: Այս ուղղութեամբ պէտք է աշխատին` հայրենի իշխանութիւնը, մեր եկեղեցին, սփիւռքը, որովհետեւ մեր հայրենիքի անկախութեան հզօրացումը կ’ենթադրէ Հայաստանէն արտագաղթի կասեցումը եւ շարունակուող փտածութեան դադարեցումը: Հայրենիքի հզօրացումը նաեւ կ’ենթադրէ մեր եկեղեցւոյ, մեր քաղաքական ու ազգային բոլոր կառոյցներուն ամբողջական մասնակցութիւնը` հայրենաշինութեան նուիրական գործին:

Միւս կողմէ, նկատի ունենալով, որ երիտասարդութիւնը այն անփոխարինելի ու անգերազանցելի ուժն է, որ կը համարուի ժողովուրդին յաջողութեան ազդակը եւ պահանջատէր բազուկը ու արթուն միտքը, հետեւաբար անհրաժեշտ է ամրապնդել ազգային խնդիրներու լուծման ուղղուած երիտասարդական համերաշխութեան մթնոլորտը: Երիտասարդութիւնը հետեւողականօրէն պէտք է պայքարի անարդարութեան, անօրինականութեան իւրաքանչիւր դրսեւորման դէմ, պէտք է նպաստէ Հայաստանի Հանրապետութեան քաղաքացիական հասարակութեան ձեւաւորման ու զարգացման, մասնակցի ժողովրդավարութեան զարգացման ու ամրապնդման:

Մեծ պատասխանատուութիւն դրուած է անկախութեան սերունդին վրայ, որ պէտք է ըլլայ` հայրենասէր, կրթուած, աւելի ազատ ու առաջադէմ, նուիրուած եւ նպատակասլաց: Անհրաժեշտ է, որ ա՛լ աւելի յաղթահարուին տնտեսական, ֆինանսական եւ ընկերային լուրջ մարտահրաւէրները, մենաշնորհ ու աւատապետական աշխատանքի ոճով եթէ գործենք, մենք կը խաթարենք ազգն ու հայրենիքը: Ազգի ու հայրենիքի հզօրացման համար անհրաժեշտ են` հաւաքական մտածումը, հաւաքական գործունէութիւնը եւ, վերջապէս, հաւաքական բարգաւաճումը, քանի որ զօրութիւնն ու հզօրութիւնը մեր հաւաքական ուժին մէջ է: Առ այդ, պէտք է ստեղծել նաեւ նոր աշխատատեղեր, գիւղատնտեսութեան բնագաւառին զարկ տալ, փոքր եւ միջին ձեռնարկութիւններուն` օժանդակութիւն, զարգացնել զբօսաշրջութիւնը եւ այլն:

Վերոյիշեալ բոլոր կէտերը նկատի առած` կու գանք այն եզրակացութեան, որ պետական հաստատութիւններու առողջացումը եւ ընկերային արդարութեան իրագործումը հիմքերն են թէ՛ արտաքին եւ թէ՛ ներքին հաւասարակշռուած քաղաքականութեան ու արդիւնաւէտ գործունէութեան:

Վստահելով հայրենիքի, Արցախի եւ սփիւռքի հայութեան համախմբումին` միասնականութեան, այսուհետեւ եւս կը կարողանանք դիմագրաւել բոլոր փորձութիւններն ու մարտահրաւէրները: Մինչ այդ պէտք է միշտ ըլլալ զգօն ու լայնախոհ, որովհետեւ ներկայ աշխարհակարգը ունի իր յստակ տրամաբանութիւնը. եթէ չես կրնար ապրիլ անկախ, ուրեմն չես կրնար ապրիլ ընդհանրապէս` իբրեւ ազգ, իբրեւ հաւաքականութիւն:

Հայաստանի Հանրապետութեան վերանկախութեան տարեդարձին առիթով ինքնասրբագրումի եւ ինքնաքննադատութեան խորհրդածութիւնները մեզ կը մղեն, որ անգամ մը եւս ընդգծենք, որ մենք ազգովին պարտաւոր ենք Հայաստանի հզօրացման համար առնել ուշացած նախաքայլեր` վերացնել փտածութիւնը, ժողովրդավարութեան ու մարդկային իրաւունքներու ոտնահարումները, անհրաժեշտ է, որ  հայ մարդուն մէջ վերականգնի հայրենի պետականութեան ու երկրի ապագային նկատմամբ հաւատքը, եւ վերափոխուի երկրի տնտեսական համակարգը` վերջ տալով մենաշնորհներու վրայ հաստատուած տնտեսական բռնութեան, պէտք է վերացնել աղքատութիւնը, կասեցնել արտագաղթը:

Այս բոլորը իրականացնելու համար անկասկած նախ կարեւոր է ամուր հաւատք ունենալ գործին հանդէպ: Ապա արդար, անշահախնդիր ոչ մենաշնորհուած ՏՆՏԵՍՈՒԹԻՒՆ, որպէսզի աւելի եւս խարսխանայ եւ հզօրանայ Հայաստանը` հայութեան հայրենիքը, այսպիսով մենք արժանին կը մատուցենք մեր ազգին` ունենալով բարգաւաճ, քաղաքակիրթ, հզօր, կայուն ու ժողովրդավարութեան հասկացողութիւններու հաստատում, գրաւելու մեր արժանի տեղը` միջազգային ընտանիքին մէջ:

 

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 13456

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>