Թուրքիոյ մէջ նոյեմբերին տեղի պիտի ունենայ «Օսմանեան արխիւներու միջազգային 2-րդ համաժողով»-ը, որուն ընթացքին ի միջի այլոց պիտի քննարկուի նաեւ Հայոց ցեղասպանութեան հարցը:
Յատկանշական է, որ համաժողովին բացումը պիտի կատարէ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան, ինչ որ Ցեղասպանութեան ուրացման արշաւը աւելի՛ եւս խորացնելու նպատակ կը յուշէ:
Ըստ պաշտօնական յայտարարութեան, համաժողովին պիտի մասնակցին` «մտաւորականներ, պատմաբաններ, արխիւագէտներ», որոնք` «հիմնուելով պաշտօնական փաստաթուղթերու եւ Օսմանեան կայսրութեան ժամանակաշրջանէն արխիւային նիւթերու վրայ` պիտի քննարկեն պատմական փաստերը»:
Շարք մը այլ նիւթերու կողքին, պիտի կայանան նաեւ «Օսմանեան կայսրութեան մէջ արտագաղթը եւ բռնի արտագաղթը» եւ «Լոզանի ու նեղուցներու հարցը» խորագրեալ քննարկումները: