Quantcast
Channel: Անդրադարձ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 13366

Յուշատետր. Մեզմէ Վերջ Մեզմէ Առաջ (Բ.)

$
0
0

Ռ. Հ.

Մեծ ճշմարտութեան մը գիւտը ըրած ըլլալ չեմ յաւակնիր, եթէ ըսեմ, որ մինչ «Մեզմէ վերջ»-ուան մասին մտածելը կը խոցէ մեր սիրտը. «Մեզմէ առաջ»-ուան մասին մտածելը ոչինչ կը շարժէ մեր սրտին ու մեր զգացականութեան մէջ: Ի՛նչ տարօրինակ ճակատագիր է, Տէ՛ր Աստուած: Եթէ «Մեզմէ վերջ»-ը պիտի չտեսնենք, ասիկա ահաւոր կորուստ մըն է մեզի համար: Բայց եթէ «Մեզմէ առաջ»-ը չտեսանք, ատիկա երբեք կորուստ մը չէ մեզի համար: Ընդհակառա՛կը, մեզ հանգստացնող, մեզ ոգեւորող ու երջանկացնող մտածում մըն է: Լա՛ւ որ աւելի առաջ աշխարհ չենք եկեր, լա՛ւ որ անցեալի կիսավայրենի կամ անքաղաքակիրթ մարդը չենք եղեր, որովհետեւ հիմա գոյութիւն պիտի չունենայինք: Մեզմէ առաջուան կեանքի մասին մտածելը բոլորովին տարբեր է մեզմէ վերջուան կեանքին մասին մտածելէ: Միայն թէ սա իսկապէս կարեւոր տարբերութիւնը ամէնէն ծանրակշիռն է թերեւս: Կը հաւատանք, որ մեզմէ վերջ կեանքը պիտի շարունակուի մինչեւ անյիշելի ժամանակներ, բայց կարծես չենք հաւատար, որ մեզմէ առաջ կեանք մը կար անյիշելի ժամանակներէ ի վեր: Մեր միամիտ տրամաբանութեամբ, կամ` մեզի պարտադրուած զգացական հակումներու ազդեցութեան տակ, կը մտածենք, որ տիեզերքի պատմութեան ամէնէն կարեւոր մասը սկսաւ մեզմով: Անկէ առաջուանը երկրորդական կարեւորութիւն ունի: Կրնանք հիացումով մտիկ ընել մեզմէ հարիւր տարի առաջ գրուած երաժշտութիւն մը, կրնանք հիանալ մեզմէ երկու հարիւր տարի առաջ կառուցուած յուշարձանի մը վրայ, կրնանք աղօթել մեզմէ հարիւր տարի առաջ կառուցուած եկեղեցիի մը մէջ, նոյնիսկ երբեմն կը սկսինք թեւածել անցեալի խորհուրդներուն ու հրաշալիքներուն երկնակամարին վրայ, բայց այս բոլորը որքա՞ն մեզ կը հաշտեցնեն այն գաղափարին հետ, թէ ահաւոր ժամանակներէ ի վեր ուրիշներու կողմէ կեանք մը ապրուած էր առանց մեզի:

Մեզմէ առաջուան կեանքի մասին իմ մտածումներուս ու թերահաւատութիւններուս մէջ հարց մը միայն կայ, որ բաւական խոցած է սիրտս: Ասիկա մտածելն էր իմ հօրս ու մօրս մասին, անոնց կենդանութեան օրով իսկ: Այո՛, որքան ալ հաւատայի, որ ինծի համար կեանքը սկսած էր իմ ծննդեան թուականով, դիմացս կային հայրս ու մայրս, երկու ամենասիրելի էութիւններ, որոնք ամէն վայրկեան կը փաստէին, թէ ինձմէ առաջ ուրիշներու կողմէ ապրուած կեանք մը կար, եւ թէ` ես այդ կեանքին մէկ պտուղն էի: Կը յիշեմ, թէ քանի՜ քանի՛ անգամներ նայած եմ ծերունազարդ հօրս, երբ ան պատուհանին քով կը նստէր ու իր յոգնած աչքերով «փասիանս» կը բանար, կամ կը ծխէր` մտածկոտ նայուածքներ ուղղելով դէպի փողոց, նայած եմ ու մտածած եմ, որ հայրս ալ ատենօք եղած էր փառաւոր երիտասարդ մը, ան ալ ապրած էր կեանքի բարիքները, սիրած էր, զաւակներ աշխարհ բերած էր: Հիմա երբեմն երբ մեզի կը նայէր, երբ կը նայէր մեր երիտասարդ հասակին, մեր առոյգ վազվզուքներուն, մեր ներկայի անհոգ ապրումներուն, ան ալ իր երիտասարդութեան օրերը չէ՞ր յիշեր արդեօք, չէ՞ր խոցուեր իր կորսնցուցած անցեալը յիշելով: Այս պատկերն էր միայն, որ զիս քիչ մը կը տառապեցնէր «Մեզմէ առաջ»-ի մը մասին մտածելու ստիպողութեամբ: Այսօր ես ալ նոյնը կը զգամ, ինչպէս անշուշտ կը զգան բոլոր այն մարդիկը, որոնք իրենց կեանքին կէսէն շատ աւելին ապրած են: Ես այսօր զիս շրջապատող իւրաքանչիւր երեխային կը նայիմ որպէս «Մեզմէ վերջ»-ուան կեանքի հերոսներէն մէկը, իւրաքանչիւր մանուկ, իր հրաշալի պատկերով ու իր անմեղ պոռչտուքներով, դէպի կեանք իր հրաշագործ վազքով ինծի կը յիշեցնէ, թէ ան «Մեզմէ վերջ»-ուան դերակատարը պիտի դառնայ օր մը, պիտի վայելէ այն, ինչ որ մենք պիտի կորսնցնենք, ու օր մըն ալ պիտի նստի ու պիտի դժուարանայ հաւատալու, որ մենք գոյութիւն ունեցած ենք:

Բայց, Աստուած իմ, մենք գոյութիւն ունինք ահաւասի՛կ ու իրողութիւն ենք, ճշմարտութիւն ենք: Մենք ո՛չ «Մեզմէ առաջ» ենք, ո՛չ ալ «Մեզմէ վերջ», մենք այսօրն ենք, հրաշալի այսօրը, որ կը վերածնի ամէն առաւօտ օրուան արեւին հետ զուգընթաց կերպով: Մեզ ստեղծողը թերեւս ուզեր է, որ մենք չմտածենք ո՛չ առաջուանին մասին, ո՛չ ալ վերջուանին մասին, ուզեր է, որ կուշտուկուռ ապրինք միայն սա ներկան, սա այսօրը, որ մարդոց համար միշտ միակ իրականութիւնը եղած պէտք է ըլլայ հազարաւոր տարիներէ ի վեր, եթէ մարդիկ իսկապէս կային հազարաւոր տարիներ առաջ: Մեզ ստեղծողը կարծես ուզեր է վարագոյրով մը գոցել մեզմէ առաջուանն ու մեզմէ վերջուանը ու երկու վարագոյրներու միջեւ մեզի տրամադրեր է հոյակապ ներկայ մը, որ հազար հատ անցեալ ու հազար հատ ապագայ կ՛արժէ, բայց ասիկա ընելու ընթացքին բան մը մոռցեր է, կամ թերեւս ալ չէ մոռցեր, այլ յատկապէս տնօրիներ է: Չէ արգիլեր, որ մեր իմացականութիւնը երբեմն ուզէ անդին հրել մեզմէ առաջուանին ու մեզմէ վերջուանին վրայ իջած վարագոյրները ու նայիլ, թէ ի՛նչ կայ այդ վարագոյրներուն ետին: Երանի՜ թէ բնաւ չփորձէինք նայիլ այդ վարագոյրներուն ետին, որովհետեւ իրականութեան մէջ երկուքին ալ ետին այլեւս ոչինչ կայ մեզի համար իրական ու շօշափելի: Մեզի համար կայ միայն մեր ժամանակը, որ հրաշալիօրէն մեզմով կը սկսի ու մեզմով կը վերջանայ:

rh@normarmara.com


Viewing all articles
Browse latest Browse all 13366

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>