ՄԵԹՐ Գ. ՏԷՐՏԷՐԵԱՆ
Տասն տարիներէ ի վեր Լիբանանի հայոց Ազգային առաջնորդարանը գնահատելի նախաձեռնութիւնը առած է շաբաթական չորս էջանի թերթ մը հրատարակելու` «Ճրագ» անունով, որ ամէն կիրակի ժողովուրդին կը բաժնուի եկեղեցիներու բանկալին եւ Դիմատետրի վրայ, նշանաբան ունենալով` «Քու խօսքդ իմ ոտքերուս ճրագ է, ու իմ շաւիղներուս` լոյս» խիստ ողջունելի խոստումը, որուն յարգումին անհամբերացած կը սպասեն հաւատացեալները:
Լարուած հետաքրքրութեամբ ուզեցինք առաջնորդուիլ այս «Ճրագ»-ով, եւ մեր ձեռքը անցաւ թերթի համարներէն` Ժ. տարի, թիւ 21, 21 մայիս 2017 թուակիրը, որուն վերնագիրն է «Կիրակնօրեայ աստուածաշնչական ընթերցումներ», եւ ծայրէ ի ծայր կարդացինք բոլոր չորս էջերը, եւ` անխառն չեղաւ մեր գոհունակութիւնը, քանի որ ունեցանք նաեւ տարակոյսներ, յուսախաբութիւններ եւ… անդոհանքներ:
«Ճրագ»-ի Ա. կողքին բովանդակութեան մէջէն տարակոյս պատճառեցին մեզի հետեւեալ պարբերութիւնները.
1) Յիսուս ըսաւ. «Աշխարհ եկայ յայտնելու, թէ որո՛նք են կոյրերը, եւ որոնք` տեսնողները, որպէսզի կոյրերը տեսնեն, եւ անոնք, որ կը տեսնեն, կուրանան»: Անշուշտ, խօսքը կը վերաբերի հոգեպէս կոյր եւ տեսնող մարդոց մասին, բայց Յիսուս բնաւ պիտի չուզէր, որ տեսնող, բայց հոգեպէս մոլորեալները կուրանային… այլ պիտի ուզէր զանոնք եւս հոգեպէս տեսնող դարձնել…
2) «Հաստատ գիտցէք, թէ ես եմ ոչխարներուն դուռը: Բոլոր անոնք, որոնք ինձմէ առաջ եկան, գող էին եւ աւազակ»:
Այսպիսի խօսք, որ յատուկ է բռնակալներուն, Յիսուս չի կրնար ըսած ըլլալ, քանի որ բռնակալ մը չէր, այլ` իմաստուն ու խոնարհ առաջնորդ մը, հոգեւորական ղեկավար մը, որ կ՛առաջնորդէր` առանց տիրակալելու… Այսպիսի խօսք կը ծառայէ միայն բռնակալներու եւ տիրակալող դասակարգերու քարոզչութեան… քանի որ ասոնք ունին մենատիրական մոլուցք եւ մրցակից չեն ուզեր ունենալ: Նազովրեցի Յիսուս տիրապետելու մոլուցք չունէր. ունէր առաջնորդելու առաքելութիւն, որ սուրբ առաքելութիւն մըն է եւ կը մերժէ տիրակալելու ամէն փորձութիւն: (Յիշենք, որ հին չին տեսանող փիլիսոփայ Լաօ Ցէ` Յիսուսէն դարեր առաջ քարոզած էր. «Առաջնորդել` առանց տիրակալելու…»):
3) «Ես եմ դուռը, ով որ ինձմէ անցնելով` ներս մտնէ, պիտի փրկուի»:
Այսպիսի խօսք յատուկ է ինքնակալի մը, եւ ոչ թէ` խոնարհ ու ծառայասէր Նազովրեցի Յիսուսին, որ լուաց իր աշակերտներուն ոտքերը…
Այսպիսի խօսք կ՛ըսէր անցեալին` եկեղեցիներու ինքնակալ ու դպրական (scholastique) դաւանանքի տիրակալ Վատիկանը, որ կը մերժէր ճանչնալ Հայաստանեայց եկեղեցւոյ առաքելականութիւնը եւ Աստուծոյ հետ հաղորդակցելու իրաւունքը, եւ վերը յիշուած մէջբերումին յար եւ նմանը կ՛ըսէր, երբ կը մերժէր կաթոլիկ վարժարանի մը իբրեւ ուսանող ընդունիլ հայ առաքելական պատանի մը` ըսելով. «To be in communion with God you have to pass by the Vatican…» (Աստուծոյ հետ հաղորդակից ըլլալու համար պէտք է որ անցնիս Վատիկանէն): Յիսուսին սխալմամբ վերագրուած այս խօսքը կը սազի մաքսատան մը պետին, կամ` ներկայացման մը կիշէն նստած անձին, եւ բնաւ` Յիսուսի: Այս նենգափոխումը կրնան կատարած ըլլալ նաեւ միջնադարեան արծաթասէր ու խաւարամիտ եկեղեցականներ` Վատիկանէն, երբ պապը «Թողութեան գիր» կը ծախէր մեղանչած, բայց տկարամիտ հաւատացեալներուն, անոնց համար յատուկ տեղ խոստանալով դրախտի մէջ: Կոշտ խօսքով, դրախտը ծախու հանուած էր… ով որ «Յիսուսէն անցնէր»` այդ «գիր»-ը գնելով… կը փրկուէր… դրախտ կ՛երթար, որքա՛ն ալ մեղանչած ըլլար: Նոյնիսկ` սատանա՞ն… Կարճ կապենք:
Բարեբախտաբար այսօր, եւ երեք տարիներէ ի վեր, Վատիկանը կը բոլորէ բարենորոգումի հանգրուան մը` Ֆրանչիսկոս պապի ղեկավարութեամբ, որ Պուէնոս Այրեսի թեմի առաջնորդ արքեպիսկոպոսը եղած օրերէն, Վատիկանի դպրական հնամաշ աստուածաբանութեան փոխարէն, կը հետեւէր ազատագրութեան աստուածաբանութեան` խոնարհութեան ու ծառայասիրութեան օրինակելի տիպար հանդիսանալով կաթոլիկ եկեղեցականներուն: Ան կը թելադրէ մեծ ուշադրութեամբ կարդալ պիպլիական բնագրերը, քանի որ ատոնք ունին երկու կամ երեք հազար տարիներու պատմութիւն եւ չեն համապատասխաներ մեր այսօրուան լեզուին ու բառապաշարին: Ան կ՛ըսէ, որ պէտք է հիմնուիլ Յիսուսի խօսքերուն գլխաւոր պատգամին վրայ եւ ոչ թէ` պարագայական մանրամասնութիւններուն եւ այլաբանութիւններուն, որոնք կրնան նենգափոխուած ըլլալ… Յիսուսի ուսմունքին մաքրամաքուր աղբիւրներուն թշնամիներուն կողմէ: Եւ մենք, մեր կարգին, կ՛աւելցնենք, որ այդ նենգափոխումներուն գլխաւոր հեղինակը կը հանդիսանայ քրիստոնէութեան գլխաւոր թշնամին` սիոնականութիւնը… որովհետեւ Յիսուս կեանքի բարոյական նպատակը կը համարէ ըլլալը եւ ոչ թէ` ունենալը… մինչդեռ սիոնականութեան բարոյական առաջնահերթ նպատակը ունենալն է: Յիսուս Լերան քարոզին մէջ ըսաւ. Քանզի ինչ կ՛արժէ մարդ, երբ աշխարհը շահի, բայց իր անձը կորսնցնէ: Այսինքն` երբ շատ բան ունենայ, բայց մարդ չըլլայ…
«Ճրագ»-ի այս թիւի Բ. էջին «Սուրբեր եւ տօներ» սիւնակին մէջ «Համբարձումը» վերնագրին տակ` մեծապէս հակասական ու տխմար գրութիւն մը, որ ճիգ կը թափէ կարծէք, որ հաւատանք իր խօսքերուն, որոնք յուսախաբ կ՛ընեն լուրջ ընթերցողը: Յիշենք այս գրութեան միայն չորս սխալները.
1) Համբարձման միջոցին Յիսուս առաքեալներուն իբր թէ պատուիրեր է, որ մինչեւ Պենտեկոստէի օրը մնան Երուսաղէմ, ուր Ս. Հոգին պիտի իջնէ եւ բնակի իրենց մէջ… Այս գրութեան հեղինակին հարց կու տանք. եթէ անոնք չմնան Երուսաղէմ, Ս. Հոգին չի՞ բնակիր անոնց մէջ: Ս. Հոգին ինչո՞ւ միայն Երուսաղէմ պիտի իջնէ մասնաւորաբար: Ս. Հոգին արդէն ամէն տեղ չէ՞, երբ Աստուած ամէն տեղ է, եւ Աստուծոյ միեւնոյն անձին մէջ կան` Հայր Աստուած, Որդին Աստուած եւ Հոգին Սուրբ Աստուած: Ս. Հոգին Հայրէն եւ Որդիէն տարբե՞ր է եւ տարբե՞ր պաշտօն ունի եւ անոնցմէ անջատ կամ գաղտնի՞ կը գործէ: Բայց հարկ չկայ շարունակել հարցումներու երկար շարքը: Երուսաղէմի վրայ այս շեշտադրումը անբաժանելի մասնիկն է սիոնականութեան քարոզչութեան, քանի որ, համաձայն իրենց ծրագրին, Երուսաղէմը մայրաքաղաքը պիտի ըլլայ համայն սիոնավար աշխարհին, սիոնականութեան կողմէ տիրապետուած աշխարհին: Սիոնականութիւնը յատուկ ծանուցումներ կը դնէ թերթերուն մէջ` դասախօսութեան հրաւիրելով, որուն նիւթն է` «Jerusalem, The Capital of the World»: Երբ Փարիզ կը գտնուէինք, մօտէն հետեւած ենք Օdeon ազգային թատրոնի ամսական յայտագիրներուն, որոնց մէջ անպայման սպրդեցուած կ՛ըլլան մէկ-երկու հրէական անուններ: Օր մը, ուրիշ բան գտած չըլլալով, նուագախումբի մը յայտագրին վրայ կար` Cantate à Jerusalem…
2) «Քրիստոս համբարձաւ, որպէսզի երկինքը երկրին միաւորէ եւ աստուածացնէ ու փառաւորէ մարդկային բնութիւնը»:
Հարց կու տանք. Քրիստոս արդէն 40 օրեր առաջ հրաշափառ յարութեամբ երկինք բարձրացած չէ՞ր… ինչո՞ւ իր ընելիքը հոն չըրաւ այդ ատեն: Եւ երկինքը երկրին միաւորելու հա՞րց կար, թէ՞ արդէն երկինքն է, որ ստեղծեր էր երկիրը, իսկ Աստուած արդէն մարդը ստեղծեր էր իր պատկերով… եւ զայն ո՛չ աստուածացնելու եւ ո՛չ ալ փառաւորելու կարիք մնացեր էր: Հոս եւս հարկ չկայ շարունակելու հարցումներու երկար շղթան:
3) «Ան երկինք ելաւ` առանց լքելու իր սիրելի առաքեալները, եւ` բոլոր անոնք, որ կը հաւատան (իրեն) ու կը սիրեն զինք»:
Բայց Աստուած ոխերիմ չէ եւ փոխադարձ շահերու վրայ հիմնուած չէ Անոր սէրը` մարդոց հանդէպ, անխտիր բոլոր մարդոց հանդէպ: Ան նոյնիսկ ներեց վաղամեռիկ Պետրոս Դուրեանին, որ իր անբուժելի հիւանդութեան պատճառով «մահուան տեսիլ» ունեցաւ եւ պոռթկաց. «Թող շանթ մը ըլլամ ու կողդ խրիմ, Աստուած ոխերիմ…»:
Փոխադարձ եւ նոյնիսկ անփոխադարձ շահերու վրայ հիմնուած մօտիկութիւնը յատուկ չէ Աստուծոյ եւ աստուածապաշտներուն, այլ` դրամապաշտ դրամատէրներուն, որոնց համար «մարդը մարդուն գայլ է» (Homo Homini Loupos), մինչդեռ Աստուծոյ եւ մարդասէր մարդոց համար «մարդը մարդուն եղբայրն է…»:
4) Յիսուս ըսաւ. «Ես ձեզի հետ եմ մինչեւ աշխարհի վերջը»:
Նազովրեցի Յիսուսին վերագրուած այս խօսքը շատ ծանրակշիռ սուտ մըն է, որ կրնայ ծառայել սատանայապաշտներու քարոզչութեան միայն…
Նազովրեցի Յիսուսին հաւատացող հայ Թոնդրակեցիները կը մերժէին «սկզբնական մեղք»-ի եւ «վերջին ահեղ դատաստան»-ի տոկմաները եւ կը պնդէին, որ «դրախտն ու դժոխք»-ը կը գտնուին այս երկրի վրայ: Բայց Քրիստոսի եկեղեցին կը խօսի երկրաւոր կեանքի եւ երկնաւոր կեանքի, ասդենական աշխարհի եւ անդենական աշխարհի, «արցունքի հովիտ» այս անցողիկ աշխարհի եւ յաւիտենական միւս աշխարհին մասին: Յիսուսի վերագրուած խօսքին մէջ չէ ճշդուած, թէ ո՛ր աշխարհի մասին է խօսքը, կ՛ըսէ` «մինչեւ աշխարհի վերջը…», սակայն, տրամաբանական եզրակացութեամբ, կրնանք ըսել, որ խօսքը կը վերաբերի ա՛յս, երկրաւոր աշխարհին, որ բայց ստեղծուած է Աստուծոյ կողմէ… Ուրեմն այդ ո՞ր ուժն է, որ պիտի կարողանայ վերջ դնել այս աշխարհին` ի հեճուկս Աստուծոյ կամքին… եթէ ոչ` սատանան: Հետեւաբար այս խօսքը կը ծառայէ միմիայն սատանայապաշտներու քարոզչութեան, հաւատք ընծայելով` սատանայի ուժին, որ կրնայ յաղթել ամենակալ եւ ամենակարող Աստուծոյ կամքին…:
«Ճրագ»-ի այս համարի Բ. էջի երկրորդ «Հարցում-պատասխան բաժին» վերնագրով սիւնակին մէջ մէջբերուած է Եփրեմ Ասորիի սա աղօթքը.
«Ամրացուր զիս Քու երկիւղովդ, զօրացուր տկարս Քու զօրութեամբդ… որ չարչարակից ըլլամ Քու սուրբերուդ»:
Այս աղօթքին առաջին մաղթանքը անօրինակ, ծանրակշիռ սրբապղծութիւն մըն է, որ լռելեայն Աստուծոյ կը վերագրէ երկիւղ պահանջող բռնատէրի կամք: Արդարեւ, բռնատէր մը արդէն ժողովուրդէն սէր չի կրնար ակնկալել, այլ կը գոհանայ եւ միայն կը պահանջէ երկիւղ եւ ստրկամտութիւն, որպէսզի ինք ապահով զգայ իր գահին վրայ: Մինչդեռ Աստուած սէր է, գթասիրտ ու ներողամիտ եւ` ողորմած: Եփրեմ Ասորիի աղօթքը ուղղուած է այնպիսի աստուծոյ մը կերպարին, որ խորհրդանիշն է անոնց, որոնք աստուածաՎԱԽութիւն կը քարոզեն` սրբապղծելով Աստուծոյ կերպարը, եւ փաստօրէն քարոզ կը կարդան հաւատացեալներուն` ենթարկուելու, ապաւինելու եւ ստրկանալու բռնատէր իշխանութեանց եւ շահագործող դասակարգերուն…
Այս աղօթքին երկրորդ մաղթանքը, սակայն, հիմնովին հակառակն է` «զօրացուր տկարս Քու զօրութեամբդ, որ չարչարակից ըլլամ Քու սուրբերուդ»: Այսինքն կարողանամ դիմադրել ոճրագործներու, բռնատէրներու եւ անարդարներու
չարչարանքներուն, քու սուրբերուդ նման: Այլ խօսքով, Աստուծմէ զօրութիւն կը խնդրէ, որպէսզի կարողանայ սուրբ դառնալ: Աշխարհական մը կրնա՞յ սուրբ դառնալ…
Եւ Ֆրանչիսկոս պապը կ՛ըսէ, որ Ս. Հոգին հոգեւորականներուն մենաշնորհը չէ, Ս. Հոգին կը ներշնչէ նաեւ աշխարհականներու գործերը: Հետեւաբար քաղաքականութեամբ զբաղող աշխարհականները եւս կրնան սուրբ գործ տեսնել ու սուրբեր դառնալ… սրբադասուելով նոյնինքն եկեղեցւոյ կողմէ, երբ կը լրացնեն միւս երկու պայմանները` գերազանց ուսմունքի (Eminens Doctrina) եւ արտասովոր սրբակեացութեան (Insignis Vitae Sanotitas): Այլ խօսքով, երբ քաղաքականութեամբ զբաղող աշխարհականներ սրբազան կռիւ կը մղեն` վասն ազգային ազատագրութեան, ընկերային արդարութեան, ընդդէմ` դրամատէր դասակարգին եւ յօգուտ` աշխատաւորներուն, աղքատներուն, կարօտեալներուն ու տկարներուն, եւ վասն` խաղաղութեան ու մարդկութեան բարօրութեան, կրնան սուրբեր դառնալ, ոչ միայն եկեղեցիին սրբադասումով, այլեւ` ժողովուրդին ձայնով, «Ձայն բազմաց` ձայն Աստուծոյ» սկզբունքով (Vox Populi, Vox Dei): Լատին Ամերիկայի ժողովուրդները սուրբ հռչակած են Քոմանտանթէ Չէ Կեւարան, հայ ժողովուրդն ալ` զօրավար Անդրանիկ Օզանեանը եւ զօրավար Վարդան Մամիկոնեանը, քանի որ զօր. Անդրանիկին տրուած ազգային հերոսի պատուանունը համազօր է սրբութեան, ազատագրական աստուածաբանութեան մէջ:
«Ճրագ»-ի այս համարի Գ. էջին, «Մեր հայրերուն խրատները» վերնագրով սիւնակին մէջ, Յովհան Մանդակունիի ճառերէն մէջբերուած հատուածներէն երկուքին մէջ կան քարոզչական կոպիտ սխալներ. մին` պարտուողականութիւն քաջալերող, իսկ միւսը` սիոնականութեան ծառայող…
1) Աղօթել կը պահանջուի ոչ միայն մեղքերով ծանրաբեռնուածներէն, այլեւ` թշնամիներէն տանջուածներէն… փոխանակ այս վերջիններէն պահանջելու թշնամիներուն դէմ պայքարիլ: Թշնամիներէ բազմաչարչար (Վահան Տէրեանի բառերով` «Դու եօթնապատիկ խաչուած Տիրամայր») մեր ժողովուրդին համար միայն աղօթելու այս խրատը ինքնասպանութեան կոչ է:
2) Սիոնական առասպելներու եւ ստայօդ քարոզչութեան ծառայող խրատ մըն է նաեւ այս սիւնակի նախավերջին նախադասութիւնը.
«Աստուծոյ լացող մարդիկը իրենց ջերմեռանդ աղօթքներուն ու պաղատանքներուն համար Աստուծոյ կողմէ Գեդէոնը ունեցան, որ ազատեց Իսրայէլը»:
Հայ հաւատացեալը, որ պիտի կարդայ այս խրատը, պահ մը պիտի կասկածի, որ ուրեմն մենք թերացած ենք բաւարար չափով Աստուծոյ աղօթելու եւ լալու մեր պարտաւորութեան մէջ, որ ցարդ Աստուած մեզի չօգնեց ու մեզի չղրկեց մեր Գեդէոնը, որպէսզի ազատագրէր Արեւմտահայաստանը, եւ կամ պիտի եզրակացնէ, որ ուրեմն Իսրայէլը յատուկ եւ կարեւոր տեղ գրաւած է Աստուծոյ սրտին մէջ եւ մենք արժանի չենք եղած Աստուծոյ սիրոյն, քանի որ հայ ժողովուրդը աստուածահաճոյ գործ մը չէ կատարած, եւ ուրեմն մենք ստորադաս ժողովուրդ ենք… եւ այլն, եւ այլն:
«Ճրագ»-ի այս համարի Գ. էջի երկրորդ սիւնակը, որ կը կրէ «Հոգեւոր խորհրդատու» վերտառութիւնը, «Մարդոց չարութիւնը» վերնագրին տակ տրուած գրութեան վերջին պարբերութիւնը կը բովանդակէ շարք մը սիոնական կոտոշաւոր եւ անկոտոշ սուտեր եւ հակասութիւններ.
«Չարագործները աղքատին խորհուրդները կը հեգնեն, բայց Տէրը ինքն է անոր [աղքատին] ապաւէնը: Ո՜հ, տեսնէի Աստուծոյ ժողովուրդին փրկութիւնը, որ Սիոնէն պիտի գայ: Երբ Տէրը ետ դարձնէ գերի տարուած իր ժողովուրդը, Յակոբի սերունդները պիտի ցնծան եւ ուրախանան»:
Այս պարբերութեան մէջ ոչ մէկ հոգեւոր խորհուրդ կայ:
1) Աղքատի կերպարը հրեան չէ: Հրեայի կերպարը Շէյլոքն է` Վենետիկի միլիառատէր վաճառականը, Շէյքսփիրի համանուն թատերախաղին հերոսը եւ կամ… ռոչիլտները:
2) Աստուծոյ արարածները համայն մարդկութիւնն է, որ կը ներկայացնէ Աստուծոյ բոլոր ժողովուրդները եւ ոչ թէ հրեայ ժողովուրդը միայն: Աստուած արդարադատ եւ մարդասէր Աստուած ոչ մէկ խտրութիւն կը դնէ իր արարածներուն միջեւ եւ չունի իր կողմէ ընտրեալ ժողովուրդ մը:
3) Հրեայ ժողովուրդին փրկութիւնը Աստուծո՞յ կողմէ պիտի գայ, թէ՞` Սիոնէն… Եթէ հրեան աղքատն է. եւ անոր ապաւէնը` Աստուած, ինչո՞ւ Սիոնէն պիտի գայ հրեաներու փրկութիւնը եւ ոչ թէ` Աստուծմէ: Այս հակասութեան պատճառը այն է, որ հաւատացեալ հրեաները կը սպասեն իրենց Մեսիայի գալուստին, որպէսզի զիրենք առաջնորդէ խոստացուած, աւետեաց երկիր. իսկ Մեսիան տակաւին չեկաւ, ուրեմն այս պետութիւնը, որ Իսրայէլ կը կոչուի, հրեաներուն խոստացուած երկիրը չէ, եւ ամերիկացի հաւատացեալ հրեայ պատմաբան Ալֆրետ Լիլիընթալ, արդէն 1947 թուին, «Reader’s Digest»-ի մէջ գրեց հանգամանաւոր գրութիւն մը. «Այս պետութիւնը իմ պետութիւնս չէ, եւ անոր դրօշը իմ դրօշս չէ» վերնագրով: Այնուհետեւ ալ գրեց շարք մը պատմաքաղաքական հատորներ` մերկացնելով սիոնականութիւնը եւ զայն ներկայացնելով որպէս ոչ հրէական (ընդհակառակը` հակամովսիսական) ծաւալապաշտական, կայսերապաշտական վարդապետութիւն եւ շարժում, ինչպէս` «What Price Israel?» եւ «The Other Side of the Coin» հատորները: Բայց սիոնականութեան քարոզչութիւնը կ՛ուզէ ուղեղալուացում կատարել եւ մարդիկը համոզել, որ փրկութիւնը կու գայ սիոնականութեան ճամբով` Սիոնէն:
4) Հրեայ ժողովուրդը բնաւ գերի տարուած չէ, այլ ինք գաղթած է, եւ թափառիլը սիրելուն համար ստեղծուած է այս անգամ ալ «Թափառական հրեայ»-ի վէպը, իրենց իսկ կողմէ… Բայց նախադասութեան մէջ «գերի տարուած» սուտէն աւելի ծանրակշիռը այն է, որ կը կրկնէ «Աստուծոյ ժողովուրդ»-ի առասպելը, երբ կ՛ըսէ` «Երբ Տէրը ետ դարձնէ գերի տարուած իր ժողովուրդը…»:
5) Բայց հրէութիւնը ազգութիւն չէ, այլ` կրօն, մովսիսականութիւն: Նոյնիսկ հրեայ, բայց հակասիոնական պատմաբաններ անգամ ասկէ աւելին կ՛ըսեն.
«Հրեաները» ժողովուրդ իսկ չեն, այլ` սոսկ մովսիսականներ, եւ մովսիսական կրօնը կը դաւանին այլ ազգութիւններու եւ ցեղերու պատկանող մարդիկ: Խափշիկ մովսիսականներու` ֆալաշաներու պարագան մէկն է անոնցմէ:
Թել Աւիւի պետական համալսարանի պատմութեան դասախօս փրոֆ. Շլոմօ Սանտ, 2008-ին, Փարիզի մէջ, Faillard հրատարակչատունէն լոյսին ընծայեց 650 էջանի իր ակադեմական հատորը` «Comment fût inventé le peuple juif»? (Ինչպէ՞ս հնարուեցաւ հրեայ ժողովուրդը) վերնագրով: Փրոֆ. Շլոմօ Սանտ եւս Ալֆրետ Լիլիենթալի նման` հակասիոնական հրեայ մըն է, որ իր այս հատորին մէջ վաւերագրական հարուստ տուեալներով կը հաստատէ, թէ սիոնականներն են, որ յօրինած են հրեայ «ժողովուրդ»-ի եւ «ազգութեան» հակապատմական ու հակագիտական առասպելները` քաղաքական, ծաւալապաշտական, կայսերապաշտական ծրագիրներուն ծառայելու համար, Միջին Արեւելքի տարածաշրջանին մէջ:
6) Բայց ամէնէն կարեւոր պատմական փաստը այն է, որ սիոնականները փանթուրք երիտթուրքերէն աւելի մեղաւոր են Մեծ եղեռնի կրկնակ` Ցեղասպանութեան եւ տարագրութեան ոճիրներուն մէջ, քանի որ իրենք էին` փանթուրքիզմի ծրագրի մանկաբարձները, ամբողջ կէս դար` 1873-1923, երբ առաջին թուրք փանթուրք տեսաբանը յայտնուեցաւ` Զիա Կէօքալփը, որ գրեց իր «Թիւրքչիւլիւկիւն էսասլարը» (Türkçülüğün esasları) հատորը: Ամբողջ 50 տարի (1873-1923) ֆրանսացի, լեհ, գերման եւ աւստրիացի ու հունգարացի հրեայ սիոնական հեղինակներ` Լէոն Քահէոն, Ֆրանց Ֆոն Վեռներ, Ալպերթ Քոհին, Քոնսթանթի Պրոժեցքի, Արմինիուս Վամպերի եւ ուրիշներ հատորներ հրատարակեցին` գործածելով թրքական ծածկանուններ, ինչպէս` Թեքին Ալփ, Մուրատ Էֆենտի, Մուսթաֆա Ճելալէտտին փաշա եւ այլն, գովաբանելով թուրք ցեղին ու «Մեծն Թուրան» անգոյ կայսրութեան մը փառքի օրերը, եւ քաջալերելով այդ փառքին վերականգնումը: (Այս մասին մանրամասն տեսնել` մեթր Գ. Տէրտէրեան, «Սիոնիզմի եւ փանթուրքիզմի առնչութիւնները եւ անոնց սպառնալիքը Հայաստանի լինելութեան», Պէյրութ, 1990): Սիոնիզմը եւ փանթուրքիզմը հրեաներուն ու թուրքերուն պատկանող ծրագիրներ չէին, այլ` Արեւմուտքի դէպի Արեւելք ծաւալելու կայսերապաշտական տէրութիւններու նպատակներուն ծառայող վարդապետութիւններ: Այս է պատճառը, որ ամէն հրեայ սիոնական չէ, եւ ամէն թուրք փանթուրք չէ, այլ կան ոչ հրեայ սիոնականներ, եւ ոչ թուրք փանթուրքեր… որոնք սիոնականութեան եւ փանթուրքականութեան պաշտպաններն են` իրենց ծաւալապաշտական նպատակներուն համար…
Անշուշտ «Ճրագ»-ի խմբագիրները գիտակցաբար չէ, որ տեղ տուած են սիոնականութեան քարոզչութեան, այլ` անգիտակցաբար, անգիտութեան ու անտեղեակութեան պատճառով: Այս «Բաց նամակ»-ին նպատակն է պարզապէս իրազեկել անոնք, որպէսզի շատ աւելի մեծ ուշադրութեամբ ընտրեն պիպլիական բնագրերն ու եկեղեցական հայրերու գրութիւնները եւ դուրս ձգեն բանականութեան հետ խոտոր համեմատող ու հակասական խօսքերը, որոնք կը ծառայեն սիոնականութեան քարոզչութեան ու ուղեղալուացումին, քանի որ սիոնականութիւնը խլրդային երկարաշունչ աշխատանքով նենգափոխած է քրիստոնէութեան սկզբնական մաքուր գրականութիւնը, որովհետեւ ան թիւ մէկ թշնամին է Նազովրեցի Յիսուսի ուսմունքի մաքրամաքուր աղբիւրին եւ … բոլոր ժողովուրդներուն, քանի որ Աստուծոյ ընտրեալը եղած ըլլալ կը յաւակնին, ներառեալ` հայ ժողովուրդին, ինչպէս տեսանք: Յիսուսի ուսմունքին սկզբնական աղբիւրներուն նենգափոխումը կատարուեցաւ ոչ միայն սիոնականութեան կողմէ, այլեւ տիրող բռնակալ ու շահագործող դասակարգերու կողմէ` Յիսուսի վերագրելով հնազանդութեան եւ ստրկամտութեան քարոզ… մինչդեռ Յիսուս ինքն էր նաեւ խորհրդանիշը սրբազան ըմբոստութեան ու սրբազան կռիւի, երբ լումայափոխներն ու վաճառականները վտարեց խարազանով… Տիրող դասակարգերն էին նաեւ Յիսուսի կերպարը Քրիստոսի դիմափոխողները` եկեղեցւոյ էսթապլիշմենթին մեղսակցութեամբ… (Այս մասին տեսնել` Eric Fromm, «The Dogma of Christ»):
«Ճրագ»-ի խիստ նուիրական առաքելութիւն մը ունի` լուսաւորելու մեր ոտքերուն ընթանալիք շաւիղները, որպէսզի խաբուած զոհերը չդառնանք սիոնականութեան ապակողմնորոշող ու մոլորեցնող քարոզչութեան: Մեր եկեղեցին կը կարօտի նոր թոնդրակեան բարենորոգութեան մը, որուն ջահակիրը պէտք է ըլլայ «Ճրագ»-ը` մեծ զգուշութեամբ, բանականութեամբ ու ողջմտութեամբ մօտենալով պիպլիական երկհազարամեայ հին եւ սիոնականութեան կողմէ ականուած ու նենգափոխուած բնագրերուն:
Պէյրութ
21 յունիս 2017