Quantcast
Channel: Անդրադարձ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 13529

Միջին Արեւելքը` Տէր Զօրի Ազատագրումէն Ետք

$
0
0

ԵՂԻԱ ԹԱՇՃԵԱՆ

Տէր Զօրը` ազատագրուած… Կը յիշեմ 2009 թուականը, երբ լիբանանահայ վարժարաններու աշակերտներով այցելեցինք Տէր Զօր, անապատ մը, որուն տաք աւազը մօտ մէկ դար առաջ շաղախուած էր հայ գաղթականներու արիւնով: Բազմաթիւ պատմութիւններ լսած ենք գաղթականներու տառապանքներուն մասին: Մարդիկ, որոնք օրերով եւ ամիսներով այդ անապատին մէջ տեսած են անմարդկային տանջանքներ, սակայն դիմադրած են բոլոր դժուարութիւններուն: Կրնամ ըսել, որ բախտաւոր եմ Տէր Զօրի յուշամատուռը այցելած ըլլալուս համար: Սրբավայր մը, որ այլեւս գոյութիւն չունի, որովհետեւ սեպտեմբեր 2014-ին ՏԱՀԵՇ-ի ահաբեկիչները պայթեցուցին զայն, սակայն չկրցան ջնջել անոր յիշողութեան

2017 ձմրան սուրիական բանակը յայտարարեց Տէր Զօրի ազատագրման գործողութեան սկիզբի մասին: Մօտ 3 տարիէ ի վեր սուրիական բանակային զօրամաս մը ՏԱՀԵՇ-ի կողմէ պաշարուած էր Տէր Զօր քաղաքին մէջ, եւ վերջապէս անցեալ շաբաթ սուրիական բանակային ուժերը, ռուսական օդուժին օգնութեամբ, ազատագրեցին քաղաքը: Այս դէպքը Սուրիոյ աշխարհաքաղաքական քարտէսին եւ շրջանային քաղաքականութեան վրայ հսկայ արձագանգ մը յառաջացուց:

Իրանի արտաքին քաղաքականութիւնը դարձեալ յաղթանակ մը արձանագրեց, երբ  Իրան ճամբայ բացաւ Պաղտատէն Տէր Զօր, ապա` Դամասկոս եւ դէպի Պէյրութ, այսպիսով իր քաղաքական դիրքը ամրապնդելով եւ ցամաքային ելք ունենալով դէպի Միջերկրական ծով` Հըզպալլայի միջոցով: Ռուսիոյ համար ասիկա դարձեալ քաղաքական յաղթանակ մըն էր, որովհետեւ այսպիսով Ռուսիա յստակ պատգամ մը հասցուց աշխարհին եւ մանաւանդ Միացեալ Նահանգներուն, որ Ռուսիոյ քաղաքական եւ ռազմական ներկայութիւնը այլեւս վիճելի չէ սուրիական տարածքին:

«Ալ Մոնիթոր»-ի լրագրող Ալի Ռըզք այս գործողութիւնը կը նկատէ ռազմավարական յաղթանակ, որովհետեւ սուրիական բանակը շրջանը ազատագրեց  քանի մը ռազմական ճակատներէ, եւ ամէնէն կարեւորը` Ռաքքայի ճամբով, ուր փակեց ճանապարհը դէպի Տէր Զօր քաղաք քրտական ուժերու որեւէ յառաջխաղացքի: Միացեալ Նահանգներ մտադիր էին, որ իրենց դաշնակիցը` Սուրիական ժողովրդավարական բանակը շուտով ազատագրէր Ռաքքան, ապա ուղղուէր դէպի Տէր Զօր, սակայն ասիկա տեղի չունեցաւ, եւ Ռուսիա ծանօթ ըլլալով Ամերիկայի ծրագիրին` աւելի շուտ շարժեցաւ:

Այսպիսով, Ամերիկայի ի գործ դրած բոլոր ճնշումները, որ փակէր Իրանէն դէպի Դամասկոս ճամբան, ապարդիւն անցան: Սուրիոյ մէջ Իսրայէլի դերակատարութիւնն ալ նուազեցաւ. անցեալ շաբաթ Անգլիա յայտարարեց, որ իր ռազմական օժանդակութիւնը պիտի կասեցնէ սուրիական ընդիմադիր ուժերուն, որոնք կը գտնուին երկրին հարաւը` Յորդանանի սահմանին մօտ: Այսպիսով, կը մնայ Սուրիոյ հիւսիսը, որ տակաւին ամբողջութեամբ կառավարական ուժերուն հակակշիռին տակ չէ: Իտլիպը տակաւին Ժապհաթ Նուսրայի եւ թրքամէտ այլ զինեալ ուժերու ձեռքին տակ է, եւ շատ հաւանական է, որ ապագային Թուրքիա զիջի այս տարածքը սուրիական կառավարութեան, եթէ նախագահ Ասատ համաձայնի Թուրքիոյ հետ գործակցաբար վերջ տալ քրտական կիսանկախ շրջաններուն, որոնք Միացեալ Նահանգներու հսկողութեան տակ են: Սակայն «Շարք Աուսաթ» օրաթերթը «Իրանական-թրքական համաձայնութիւն` Ռուսիոյ հովանաւորութեամբ. Իտլիպի դիմաց` հարաւային Դամասկոսը» խորագիրով յօդուածի մը մէջ կը նշէ, թէ շատ հաւանական է, որ թրքական ուժերուն եւ Թուրքիոյ քաղաքական ազդեցութիւնը երկարաձգուի Իտլիպի մէջ, պայմանաւ որ սուրիական ընդդիմադիր զինեալ խմբաւորումները քաշուին հարաւային Դամասկոսէն եւ յանձնեն շրջանը կառավարական ուժերուն, այսպիսով մայրաքաղաքը եւ անոր շրջակայքը կ՛ըլլայ կառավարութեան ազդեցութեան տակ: Հոս նաեւ կարեւոր է նշել, որ Սայիտա Զէյնապի շրջակայքը տակաւին կը մնայ ընդդիմութեան վերահսկողութեան տակ, հետեւաբար թէ՛ Իրանի եւ թէ՛ Հըզպալլայի համար այս համաձայնութիւնը կրօնական եւ ռազմավարական նշանակութիւն ունի:

Հաւանաբար շատեր, որոնք կը կարծէին, թէ Տէր Զօրէն ետք Իտլիպի ուղղութեամբ պիտի սկսի սուրիական կառավարական ուժերու զինուորական գործողութիւն մը, պէտք է անդրադառնան, որ ներկայիս Ռուսիա կարիքը ունի Թուրքիոյ, որպէսզի արգիլէ որեւէ նախայարձակում` Իտլիպէն Լաթաքիոյ կամ Հոմսի վրայ, մինչ սուրիական ուժերը տարածուած են երկրի արեւելեան սահմաններուն մօտ: Փութին ամէն ջանք պիտի թափէ, որ Միացեալ Նահանգներու ազդեցութիւնը ոչնչացնէ Սուրիոյ հիւսիսային շրջաններուն մէջ, որոնք կը գտնուին քրտական ջոկատներու տիրապետութեան տակ: Ըստ երեւոյթին, Սուրիա ունի ընտրութեան հարց` երկու ճակատներու միջեւ. կա՛մ հիւսիսային ճակատը եւ երկար պատերազմ մը քիւրտերուն հետ, եւ այս պարագային` Միացեալ Նահանգներու եւ Ռուսիոյ միջեւ բախում, կա՛մ ալ հարաւային ճակատը` Տարաայի եւ Թանֆի շրջանները, ուր սուրիական ընդդիմութիւնը որբ մնացած է:

Yeghia.tash@gmail.com

 

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 13529

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>