Quantcast
Channel: Անդրադարձ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 13471

Փոքր Ճշդումներ` Մուսա Լերան Ժողովուրդին Եւ Պատմութեան Առնչուող

$
0
0

ԵՍԱՅԻ ՀԱՒԱԹԵԱՆ

Ժամանակի ընթացքին կարգ մը սխալ  տեղեկութիւններ կրնան  տարածուիլ որեւէ  ընկերութեան մէջ: Այս մէկը անշուշտ «բնական» երեւոյթ կրնայ նկատուիլ: Այս երեւոյթը  կրնայ պատահիլ որեւէ ժողովուրդի եւ որեւէ բնագաւառի ծիրին  մէջ:

Հայ ժողովուրդի պատմութեան հետ կապուած` տարածուած են անստոյգ տեղեկութիւններ, որոնք ժամանակի ընթացքին «ճիշդ» սկսած են նկատուիլ:

Այս ձեւի «սխալներ» տարածուած են նաեւ` Մուսա Լերան ժողովուրդի պատմութեան հետ առնչուող: Անուշադրութեան պարագային, կրնան իրականութիւնները անստոյգ նկատուիլ, եւ սխալները կը դառնան իրականութիւն…

Այս փոքր նշմարով մեր ժողովուրդի ուշադրութեան կ՛ուզենք յանձնել տարածուած կարգ մը սխալ տեղեկութիւններ եւ կատարել ճշդումներ:

Ա.- Մովսէս անունը, որ մեծ ժողովրդականութիւն վայելած է մուսալեռցիներուն մէջ, որեւէ առնչութիւն չունի հերոսամարտի լերան ՄՈՒՍԱ անուան հետ: Մուսա Լեռը իր անունը առած է որպէս ներշնչումի լեռ` եւ այդ մէկը դարեր առաջ, յունական ժամանակաշրջանին: Ֆրանս Վերֆելի վէպով է, որ Մովսէս անունը աւելի տարածուեցաւ, քան` Մուսա անուանումը (յիշենք, որ Վերֆել հրէական ծագում ունէր): Հետեւաբար լեռը, ժողովուրդը եւ հերոսամարտը բոլորն ալ Մուսա անուանումը ունին:

Բ.- Մուսա Լերան հերոսամարտը սկիզբ առած է 31 յուլիս 1915-ին, երբ ժողովուրդը բարձրացած է լեռ, եւ աւարտած է 13 սեպտեմբերին` երբ ժողովուրդը ֆրանսական փրկարար նաւերուն վրայ բարձրացած` սկսած է  ուղղուիլ  դէպի Փոր Սայիտ: Ուրեմն հերոսամարտը տեւած է 45 օր: Հետեւաբար ճիշդ չէ հերոսամարտը կոչել քառասնօրեայ:40 օրերու բնորոշումը դարձեալ Ֆրանս Վերֆելի դիւցազներգութեան ` «Մուսա Լերան 40 օրը» վէպի  անուանումէն յառաջ եկած է (հոս ալ կարելի է կապ մը տեսնել հրեայ ժողովուրդի պատմութեան 40 տարիներու անապատային դեգերումներուն հետ):

Գ.- Խորհրդային ժամանակաշրջանին, բազում ուրիշ ազգավնաս երեւոյթներու կողքին, խեղաթիւրուեցաւ նաեւ Մուսա Լերան հերոսամարտի պատմութիւնը: Նպատակը յստակ էր. նուաստացնել կարգ մը ղեկավարներ (որոնց մեծամասնութիւնը դաշնակցականներ էին) գերգնահատելով այլ հերոսներ, որոնք իրականութեան մէջ հերոսներ էին, ինչպէս` Եսայի Եաղուպեանն ու Պետրոս Տմլաքեանը, սակայն հերոսամարտի ընդհանուր ղեկավարները չէին: Արդարեւ, երկու հերոսներն ալ (վերակազմեալ Հնչակեան) չէթէական խումբի խմբապետներ էին եւ քաջագործութիւններ կատարեցին, սակայն անոնք ընդհանուր հրամանատարի պարտականութիւն չունէին: Սկիզբը առանձին ճակատներ ունէին իրենց հրամանատարները, յետոյ, սակայն, աւելի գործնական նկատուեցաւ զինուորական ընդհանուր պատասխանատու նշանակել Մովսէս Տէր Գալուստեանը, որ փաստօրէն դարձաւ հերոսամարտի զինուորական ընդհանուր պատասխանատուն (ի՞նչ ընենք հիմա, եթէ դաշնակցական էր): Պէտք չէ մոռնալ նաեւ, որ հերոսամարտի զինուորական մարմինը Խտրպէկի ՀՅ Դաշնակցութեան  կոմիտէի կազմն էր: Այդ կազմն էր, որ լերան քարտէսը պատրաստած էր Մովսէս Տէր Գալուստեանին հետ եւ բանակցած էր Քեսապի կոմիտէութեան հետ միասին լեռ բարձրանալու համար: Դժբախտաբար Հայաստանի անկախացումէն անցած են 26 տարիներ, սակայն չեն սրբագրուած պատմական այս  սխալները: Չմոռնանք ըսելու նաեւ, որ բոլորովին անտեսուեցաւ հերոսամարտի կեդրոնական վարչութեան ատենապետ վերապատուելի Տիգրան Անդրէասեանի մեծ դերակատարութիւնը հերոսամարտի ընթացքին, որովհետեւ հոգեւորական էր եւ խորհրդային ժամանակաշրջանին հոգեւորականները նսեմացնելու աշխատանք կը տարուէր…

Դ.- Մուսա Լերան հերոսամարտի տօնը կը զուգադիպի Ս. Խաչի տօնին: Մուսալեռցիք ալ կ՛ըսեն` Խիչէն, սակայն տօնը, որ կը տօնեն աշխարհի տարբեր երկիրներուն մէջ ապրող մուսալեռցիները, հերոսամարտի տօնն է եւ ոչ թէ` Ս. Խաչի տօնը: Այնպէս որ, իւրաքանչիւր սեպտեմբերի կիսուն յիշուող ժողովրդային տօնակատարութիւնները հերոսամարտի յիշատակումներ են: Աւելորդ է ըսել նաեւ, որ  վերջին տարիներուն տարածուած «Այնճարի օր» անուանումը բոլորովին սխալ է: Ցարդ այնճարցիք չեն որոշած յատուկ օր նշանակել Այնճարին նուիրուած` որպէս տօն…

Ե.- Տարածուած է նաեւ պատմական տեղեկութիւն, որ իբր թէ մուսալեռցիները եօթը գիւղով լեռ բարձրացած են: Երգի մէջ կամ քերթուածի կը յիշուի «7-ը գիւղով  լեռ բարձրանալու» իրողութիւն մը: Իրականութեան մէջ, սակայն, Մուսա Լերան պատմական գիւղերը վեց են` Եողունօլուք, Խտրպէկ, Պիթիաս, Հաճիհապիպլի, Վագըֆ եւ Քեպուսիէ: Հետեւաբար ճիշդ չէ 7-ը գիւղի բնորոշումը: Ատենին նկատի առած են երկու Ազզերները որպէս առանձին գիւղ, սակայն անոնք փոքր գիւղակներ էին, ինչպէս Ամաճը, Զուդունէն, Դրժընիկը…

Զ.- Մուսա Լերան հերոսամարտի կարեւորագոյն երեւոյթներէն մէկը ՄԻԱՍՆՈՒԹԻՒՆՆ էր լերան վրայ` առանց կուսակցական կամ յարանուանական  խտրութեան: Եթէ Պիթիասի պատուելին դէմ էր լեռ բարձրանալու գաղափարին,ապա Եողունօլուքի պատուելին համամիտ գտնուեցաւ լեռ բարձանալու: Կեդրոնական վարչութեան ընտրութեան ընթացքին ժողովականները առաջարկեցին տէր Աբրահամ Տէր Գալուստեանին անունը, որ իրաւամբ ամէնէն երեւելի անձնաւորութիւնը կը նկատուէր Մուսա Լերան ժողովուրդին մէջ. առաջնորդական փոխանորդը, սակայն, խնդրեց, որ պատուելի Անդրէասեանը ընտրեն, որ աւելի ուսում ունէր եւ կը տիրապետէր օտար լեզուներու: Հետեւաբար չկային յարանուանական հայցեր, ինչպէս հետագային շատեր ուզեցին տեսնել:

Հետեւաբար Մուսա Լերան հերոսամարտի 102-րդ տարեդարձի առիթով փորձենք սրբագրել այս տարածուած թիւր տեղեկութիւնները եւ արժանին մատուցենք արժանաւորներուն:

Փա՛ռք ու պատիւ Մուսա Լերան մարտիկներուն:

15 սեպտեմբեր, 2017
Մուսա Լեռ- Այնճար


Viewing all articles
Browse latest Browse all 13471

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>