ՆԱԹԱՆ ՊԵՏՐՈՍԵԱՆ
Նոր-ազատականութիւնը նախորդ դարու վերջաւորութենէն եւ ներկայ դարու սկիզբէն իսկ դարձաւ համաշխարհային տնտեսական համակարգ, գործադրուած` աշխարհի բոլոր ցամաքամասերուն մէջ:
Նոր-ազատականները խոստումներ տուին հանրութեան` «նոր աշխատանքներ» ստեղծելու, «ենթակառոյցի արդիականացում» կատարելու, «տնտեսական աճ» արձանագրելու եւ «ցած հարկեր» պարտադրելու իմաստով:
Այս եւ ուրիշ շատ խոստումներ կատարուեցան ի վնաս ժողովրդավարական համակարգին եւ հանրութեան ընդհանուր շահերուն: Հանրութիւնը շահագործուեցաւ եւ դարձաւ գործիք` նոր-ազատական տարրերուն ձեռքին մէջ: Հանրութեան դերակատարութիւնը եղաւ միայն իր բերած քուէն` նոր-ազատական ուժերու օգտին… հաւատալով եւ վստահելով անոնց «նոր աշխատանքներ» ստեղծելու եւ միւս խոստումներուն:
Օգտուելով 1970-ականներու վերջաւորութեան եւ 1980-ականներուն միջազգային գետնի վրայ տիրած սղաճի եւ անգործութեան երեւոյթներէն, նոր-ազատական մեծ ձեռնարկութիւններու եւ դրամատուներու կողմէ առաջադրուած տարրը, օգտագործելով լրատուամիջոցները, երկու երեւոյթներն ալ նկատեց «պետութեան կողմէ շուկայի հսկողութեան» եւ «հանրային սեփականատիրութեան» պատճառ դարձած երեւոյթներ: Անոնք գացին աւելիին. սկսան հանրային հատուածը անուանել «փտած» եւ «ժամանակավրէպ»:
Բոլոր այս միջոցները օգտագործուեցան հանրութեան մէջ անվստահութիւն եւ կասկած սերմանելու` տնտեսութեան մէջ պետութեան միջամտութեան դերակատարութեան նկատմամբ: Այսպիսով, հանրութեան մէջ ստեղծուեցաւ այնպիսի մթնոլորտ մը, ուր արտադրութեան միջոցներու սեփականաշնորհումը դարձաւ անհրաժեշտութիւն:
Շնորհիւ ժողովրդավարական համակարգին կողմէ ազատ ընտրութեան դրութեան` նոր-ազատական քաղաքականութիւն որդեգրող քաղաքական գործիչները (մեծ ձեռնարկութիւններուն քաջալերանքով) պետութիւններուն մէջ յաջողեցան կազմել օրէնսդիր մարմիններու անդամներուն մեծամասնութիւնը եւ յառաջ տարին արտադրութեան միջոցներու սեփականաշնորհման եւ շուկայի հոլովոյթի ապակեդրոնացման քաղաքականութիւնը:
2007-ի միջազգային ֆինանսական ճգնաժամը ապտակ մը եղաւ նոր-ազատականութեան եւ յուսահատութիւն պատճառեց հանրութեան, մասնաւորաբար` համեստ դասակարգին պատկանող մարդոց:
Այս յուսահատութիւնը համեստ հանրութեան մէջ յառաջացուց ինքնակազմակերպման գաղափարը, որպէսզի այդ հանրութիւնը իր սեփական ուժերով պայքարի ընդդէմ նոր-ազատական ազատ շուկայական տնտեսութեան կողմէ ծնունդ առած վայրագ մեծ ձեռնարկութիւններուն:
Վերջերս ծնունդ առաւ «grassroots democracy» անունով հոսանք մը, որ կը ձգտի կազմակերպել ժողովուրդը` ընդդէմ մեծ ձեռնարկութիւններու շահերուն: Ըստ «Եուր Տիքշընըրի» առցանց բառարանին, «grassroots democracy»-ն «քաղաքական հոլովոյթներու շարք մըն է, որ մէջտեղ եկած է համեստ քաղաքացիներու խումբերէն` իբրեւ ընդդիմութիւն մեծ կազմակերպութիւններուն կամ հարուստ անհատներուն, մասնաւորապէս կեդրոնանալով յատուկ քաղաքականութիւններու վրայ:
«Grassroots democracy»-ին հիմքերը դրուած են ամերիկացի փիլիսոփայ Նոամ Չոմսքիի «Գրաւէ՛» խորագրեալ գիրքին բովանդակած գրութիւններուն մէջ: Ան կը գրէ. «Դէպի ժողովրդավարութիւն ուղղութեան ստեղծումը ցնորքային չէ: Ան կրնայ կերտել նկատելի փոփոխութիւն մը` քաղաքական համակարգին մէջ: Անշուշտ մենք պէտք է դրամը հեռու պահենք քաղաքականութենէն, բայց այս ալ մեծ աշխատանքի կը կարօտի: Այդ ճամբուն հասնելու միջոցներէն մէկն է մեր սեփական ներկայացուցիչներուն ընտրութիւնը: Ասիկա անկարելի չէ»:
«Grassroots democracy»-ն կամ «ժողովրդային խաւերուն ժողովրդավարութիւն»-ը կը ձգտի հաստատել ժողովրդավարութիւնը մարդկային կեանքի բոլոր մարզերուն մէջ (ընկերային, տնտեսական եւ քաղաքական): Ան կը ձգտի հեռու պահել տնտեսութիւնը` մեծ ձեռնարկութիւններու ձեռքէն եւ աւելի ինքնավարութիւն ապահովել բանուորներուն, իսկ քաղաքական համակարգին վերաբերեալ անոր նպատակը ժողովրդավարութեան ծիրին ընդլայնումն է խորհրդարանէն դուրս` առիթ տալով քաղաքացիներուն մասնակցութիւն բերելու քաղաքական որոշումներուն` հանրաքուէներու եւ ցոյցերու միջոցով:
«Գրաւէ՛ Ուոլ Սթրիթը» շարժումը կարեւոր օրինակ մըն է «grassroots democracy»-ին: Անոր կողքին, կան նաեւ նոր ձեւաւորուած ձախակողմեան ուժեր, ինչպէս` Սպանիոյ Փոտեմոսը (Մենք կրնանք), յունական Սիրիզան եւ Փորթուգալի «Ձախ միաւորում»-ը, որոնք ծնունդ առին իրենց պետութիւններուն մէջ որդեգրուած խստամբերական քաղաքականութիւններու դիմադրութեան նպատակով եւ այդ քաղաքականութիւններուն փոխարէն` ընկերային եւ տնտեսական արդար համակարգ ստեղծելու համար:
Հայաստանի մէջ ալ (մանաւանդ` Երեւանէն դուրս քաղաքներուն մէջ, ուր բացակայ են ընկերային ու հանրային ծառայութիւնները), կրնան ստեղծուիլ այնպիսի խմբակցութիւններ, որոնք նպատակ պիտի ունենան կազմակերպել հանրութիւնը` զարկ տալու համար ժողովրդավարութեան եւ ամրապնդել ընկերային արդարութիւնը` օգտուելով եւրոպական օրինակներէն: