Quantcast
Channel: Անդրադարձ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 13451

Անդրադարձ. Հեգնական Երեւոյթէն Անդին

$
0
0

ՎԱՀՐԱՄ ԷՄՄԻԵԱՆ

Թուրքիոյ տնտեսութեան նախարար Նիհաթ Զէյպեքճի յայտարարեց, որ Թուրքիա կրնայ մաքսային համաձայնագիր կնքել Եւրասիական տնտեսական միութեան (ԵՏՄ) հետ` աւելցնելով, որ իր երկիրը բանակցութիւններու առաջարկ ստացած է ռուսական կողմէն:

Առաջարկի աղբիւրին մասին ակնարկը Երեւանը մղեց բոլորին` մասնաւորաբար Մոսկուային եւ Անգարային յիշեցնելու, թէ այդ մասին խօսիլը զաւեշտալի է, որովհետեւ Թուրքիան այն երկիրն է, որ 1993-էն ի վեր միակողմանի կերպով փակած է Հայաստան-Թուրքիա սահմանը` Թուրքիոյ եւ ԵՏՄ-ի մաքսային տարածքի միջեւ միակ ցամաքային սահմանը:

Զէյպեքճիի յայտարարութիւնը առաջին ընթերցումով պարզապէս հեգնական է, սակայն իրողութեան մէջ խորք ունի: Այդտեղ կարելի է նշմարել հետեւեալ երեք կէտերը. Առաջինը, որ ամէնէն անմիջականն է, այն է, որ թրքական կողմի յայտարարութիւնը չի բխիր ԵՏՄ-ի հետ մաքսային համաձայնագիր կնքելու անկեղծ ցանկութենէ մը, այլ պատասխան է քանի մը օր առաջ Գերմանիոյ վարչապետ Անկելա Մերքելի կատարած այն յայտարարութեան, թէ Թուրքիոյ եւ Եւրոպական Միութեան միջեւ Մաքսային միութեան համաձայնագիրը «առայժմ պիտի չփոխուի կամ պիտի չարդիականացուի»: Անգարայի պատասխանը հետեւեալն է. «Եթէ չարդիականացնէք Մաքսային միութեան համաձայնութիւնը, մենք համաձայնագիր կը կնքենք ԵՏՄ-ի հետ: Եթէ Գերմանիոյ մօտ դժկամութիւն կայ մեզ ընդունելու, ապա Ռուսիան պատրաստ է մեզ ընդունելու»:

Երկրորդը` Թուրքիան բաց ձեռքերով ընդունելու ռուսական կողմին ցուցաբերած պատրաստակամութիւնն է: Մոսկուա ամէն իմաստով կը փորձէ շահագործել Թուրքիա-Արեւմուտք խոր տարակարծութիւնները եւ Թուրքիան «խլել» կամ առնուազն առաւելագոյն չափով հեռացնել Ռուսիոյ հակառակորդ ճամբարէն:

Երրորդ` Պերլին սկսած է տնտեսական ճնշում բանեցնել Անգարայի վրայ եւ պիտի շարունակէ կարծր քաղաքականութիւն կիրարկել, մինչեւ որ Թուրքիան ի վերջոյ սորվի, թէ Գերմանիան հասարակ երկիր մը չէ եւ անոր հետ խնդիր ունենալ կը նշանակէ խնդիր ունենալ Եւրոպական Միութեան հետ, որուն մէջ տիրական ու մղիչ ուժն է Գերմանիան:

 

 

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 13451

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>