ՔՐԻՍՏ ԽՐՈՅԵԱՆ
Առաջին դասարան էի, ատկէ առաջ գացած էի, սակայն յիշողութեանս մէջ առաջին անգամը այդ էր: Ծննդավայրէս հեռու, հայրենիքիս աւելի մօտ, Հասիչէի նահանգին պատկանող, Թուրքիոյ սահմանին վրայ գտնուող այս գիւղը օտար չէ հայերուս համար:
Ռա՜ս Ուլ Այն:
Ռաս Ուլ Այնը 1915-ի ցեղասպանութենէն ետք դարձած էր հայ ժողովուրդի ապաստաններէն մէկը, ինչպէս` Տէր Զօրը: Հոս ապաստան գտած էր նաեւ Կիւրինէն տեղահանուած մեծ հօրս հայրը` Սամուէլ Խրոյեանը: 1972-ին էր, որ պիտի փոխադրուէին Հալէպ եւ հաստատուէին հոն, ուր հետագային պիտի ծնէր ստորագրեալս: Սկզբնական շրջանին գիւղը ունէր հայկական աշխուժ կեանք մը: Հոն կը գործէին Ազգ. Նահատակաց դպրոցը, կար նաեւ հայկական եկեղեցի մը` Ս. Յակոբը: Ամառնային արձակուրդին մենք չէինք բարձրանար Քեսապ կամ Լաթաքիա, կ՛երթայինք Ռաս Ուլ Այն գիւղը, իսկ երբ գիւղ կ՛ըսենք, կը հասկնանք կանուխ արթննալ:
Առաջին օրն էր. առաւօտուն ժամը 6:00-էն արթնցայ, անշուշտ` ոչ կամովին: Բոլորը արթուն էին, այդ ժամուն համարեա՛ բոլոր խանութները բաց կ՛ըլլան, նոյնիսկ խեղճ հաւերը առտու կանուխ կը սկսին կլոր-կլոր խորովուիլ: Մեծ հայրս մեկնեցաւ գործի, իսկ ես կրկին քնացայ, բայց այս մէկը երկար չտեւեց, ընդամէնը` մէկ ժամ: Ժամը 7:00-ին կրկին արթնցայ: Այս անգամ ի՞նչ տեսնեմ: Բոլոր դրացիները մեր քովն են: Սովորութիւն էր այս մէկը: Ամէն առտու դրացիներ միասին կը խմեն իրենց օրուան առաջին սուրճը, եւ այս անգամ, բախտէս, մեր տունն էր: Արթնցայ, յոյս չունիմ կրկին քնանալու: Անոնց ձայնին աստիճանը խուլին լսողութիւն կը պարգեւէ: Դրացիին աղջիկն ալ հոս է` ինձմէ երկու տարի մեծ աղջիկ մը: Անօթի եմ, «կաթիկ» կ՛ուզեմ, «գաւաթ»-ի հանգրուանին չեմ հասած, տակաւին պիպերոնին քովն եմ, բայց ինչպէ՞ս պիտի ըլլայ այդ մէկը, երբ աղջիկը դէմս նստած է: Ինչպէ՞ս զիջիմ էրքեկութենէս, երբ ես արդէն մանկական շրջանը թեւակոխած եմ: Մօրս ըսի, որ պատրաստէ եւ խոհանոց ձգէ: Երկու վայրկեան ետք ելաւ խոհանոցէն, պիպերոնը պատրաստ ըլլալուն նշանն էր ասի: Ներս գացի, քարին վրայ էր: Է՞, ոտքի՞ պիտի խմեմ «օղի»-ս: Սեւ տոպրակ մը, եւ դարձայ աշխարհի ամենապզտիկ փախստական ապրանք փոխադրողը: Ափսո՜ս, «Կինես»-ը լուր չունեցաւ:
Վերմակիս տակն եմ, մէկը չի զգար: Կէս ժամ մը հոն մնացի: ժամը 9:00 եղաւ, Հալէպ այս ժամուն նոր կը սկսէր օրս, հիմա արդէն ընթացք առեր է: Գիւղը պզտիկ է, ու բոլորը գիտեն զիրար: Եղբօրս հետ Ս. Յակոբ եկեղեցի գացի ու հոն գտնուող Հայոց ցեղասպանութեան նուիրուած յուշարձանին մօտ նկար մը առի, ապա եկեղեցի մտայ մոմ մը վառելու եւ աղօթք մը ընելու համար:
Մեծ հօրս խանութն ենք, նպարավաճառ է ան: Իր յաճախորդները բոլորը` արաբ, բոլորն ալ կը ճանչնան զինք եւ իր անունը կու տան (Ապու Հրաչ): Ես կը լսեմ, պարապ չեմ, պիստակի պարկին մէջ պզտիկ ափս կը նետեմ ու ափս կը լեցնեմ, ձաւարին վրայ մատնահետքերս կը ձգեմ, սուրճի մեքենան չկրցայ աշխատցնել, մարթատելներուն թուականը ստուգեցի, անոնք տակաւին չէին անցած, շամփանիաներուն չեմ հասնիր եւ խախուտ սանդուխին վրայ ոտք նետելու քաջութիւնը չունիմ: Դուման մըն ալ ես էի: Վճռական որոշումը եկաւ. «Խտօ՛ ու ռուհ ալ պէյթ»: Տատա՛, արաբերէն խօսիլ թերեւս չեմ գիտեր, բայց առաջին դասարան եմ, կը հասկնամ: Եղբայրս ալ չհակառակեցաւ, առաւ զիս եւ միասին վերադարձանք տուն:
Ժամը 1:00 եղած էր ու կէս ժամէն ճաշի ժամանակն էր:
Մեր տունը բակի մէջ էր, բակին մէջ կար երկու դրացի: Մէկ կէսը` երկու տուն, իսկ միւսը` ամբողջովին մեզի: Մուտքին բաղնիք ու յետոյ բակը, ետքը` դուռ մը եւ նստասենեակն ես արդէն: ՄՈՒՏՔԻՆ ԲԱՂՆԻ՞Ք, երկրաչափին վարձքը կատար:
Փառք Աստուծոյ, որ մեզի հետ տարեր էինք մեր «Փլէյ սթէյշըն»-ը, լարեցինք զայն եւ մինչեւ 2:30 խաղցանք` ճաշէն առաջ եւ ետք:
Ժամը 3:00: Հօրդ զաւակն ես եթէ, բա՛կ ել, ողջակէզ կ՛ըլլաս, այնուհետեւ խսիրը բացինք եւ սպունգները վրան դնելով` դադար մը առինք:
Դադարէն ետք այդ տաք օդին պաղպաղակը լաւագոյն զովացուցիչն է, մանաւանդ` փոքրիկին համար:
– Մե՛ծ մամա, դրամ կու տա՞ս:
– Երէկուանէն չմնա՞ց:
– Ո՛չ, քոմփիութըր խաղցանք եւ չիփս գնեցինք:
– Ակար(եթէ) աս մշղլէզը բերած էք, քոմփիութըրը ինչո՞ւ է, պանքայի վրա՞յ նստեր եմ: (Մշղլէզ` չեմ գիտեր ո՛ր լեզուով, բայց միշտ գործիք իմաստով կը գործածէր, հոս` «Փլէյ սթէյշըն»-ը):
Ինչպէ՞ս պիտի համոզէի մեծ մայրս, որ «Փլէյ սթէյշըն»-ին մէջ «Քաունթըր-սթրայք» չկար: Գթութիւն մը ակնկալելով` ըսի.
– Լա՛ւ, վնաս չունի: Այսօր` առանց պաղպաղակի:
– Եկո՛ւր, պաչիկ մը տուր, որ տամ:
Մեծ մայրս, լոյս իջնէ շիրիմին, շատ կը սիրէր մեզ:
Գիւղական կեանքի պարզութիւնը հանգստութիւն կու տար ինծի: Հոն չկան մարդիկ, որ անընդհատ կը ծիծաղին իւրաքանչիւր քայլիդ: Հոն պէտք չունիս հաքուիլ-շքուելու, կաղապարուելու ամէն տեղ:
Կէսօրուան ժամը 5:00-ին բոլոր տղոց ծանօթ 75 ս.ո. արժող դրօշակներով գնդակը առնելով` դաշտ գացինք ու 2 ժամ մը խաղցանք: Մթնցաւ, պէտք էր տուն երթայինք, որպէսզի ընտանիքս չմտահոգուէր մեզմով: Թէեւ եղբայրս 5-րդ կարգ էր, բայց հիմակուան պատանիներուն պէս բջիջային հեռաձայն չունէր լուր տալու համար մօրս: Տուն վերադարձանք, ի՞նչ տեսնենք, փողոցը, մեր տան դիմաց դրացիները հաւաքուած, աթոռները դրած, համագումար մը կը կատարէին: Նպատակը` իւրաքանչիւրը տեղեկութիւններ կու տար իր օրուան տարած աշխատանքներուն մասին (ո՞ր սենեակը սրբեց, ո՞ւր մնաց, ճաշը ի՞նչ էր, վաղուան կը բաւէ՞, թէ՞ քովը պէտք է ուրիշ բան մը եփել), ինչպէս նաեւ` նոր ծրագիր մշակել (վաղուան եփելիքը, սրբելիքն ու ընելիքը եւ ամենակարեւորը` առտու որո՞ւ քովն են սուրճի): Կէս ժամ մը իրենց հետ նստելէն ետք տուն մտանք ու լոգցանք: Ընթրեցինք եւ բակը նստանք: Այդ բակին տանիքը երբեք չեմ տեսած, հակառակ անոր որ աստիճանը բակին մէջն է եւ հոնկէ կրնաս ելլել, սակայն այս մէկն ալ խախուտ է: Եղբա՛յր, այս գիւղին հարցը ի՞նչ է աստիճաններուն հետ: Օդը զով, ձայն չկայ, աստղերը երկնքին, իսկ պատին վրայ` մողէզ: Այո՛, մողէզ: Ամէն գիշեր լոյսը երբ կը վառես, նոյն մողէզը մէջտեղ կու գայ, եւ տնեցիներէն ոչ ոք ճիգ կ՛ընէ դէմ դնելու անոր: Մենք ալ անոր վարժուելով` անտարբեր կը մնայինք, առաջին արտայայտութեամբ` «Ըհը՛, ելաւ նորէն»: Գիշեր եղած էր արդէն, անկողինս պատրաստեցի ու քնացայ` աղօթքիս մէջ Աստուծմէ խնդրելով, որ վաղուան խմելիք սուրճը մեր տունը չըլլայ: