«Ցոյց տանք մեր հասարակութեան, որ ընդունակ ենք յեղափոխական կռիւը յաջողութեամբ առաջ տանելու:… Ցոյց տանք ամբողջ աշխարհին, թէ հայն ալ գիտէ կռուիլ ազատութեան համար»:
Խանասորի արշաւախումբի հրամանատար` ՎԱՐԴԱՆ
Պարզ զինուորական գործողութեամբ մը կամ արշաւանքով մը պէտք չէ բաւարարուիլ, երբ կը տօնենք ու կը նշենք Խանասորի արշաւանքը: Ընդհակառակը, հայոց պատմութեան էջերը ցոյց կու տան, որ Խանասորի արշաւանքը այն անդրանիկ արարքն է, որ կատարուեցաւ պաշտպանելու համար շարունակ ոտնակոխուած հայ ժողովուրդին արդար իրաւունքը: 25 յուլիս,1897-ին կատարուած այս պատմական արշաւանքը օրինակ դարձաւ եւ դեռ ալ մինչեւ այսօր կը դառնայ, որ «Երկաթէ շերեփ»-եան ոճով շարունակուի պայքարը` հայ ազգի պաշտպանման, ազատութեան եւ անկախութեան: Խանասորի սխրանքին արդիւնքն են պատմութեան էջերուն մէջ արձանագրուած անկիւնադարձային դէպքեր, որոնց կարգին «խենթերուն գտած 28 մայիս 1918-ի հնար»-ը, 18 փետրուար 1921-ի հակախորհրդային ապստամբութիւնը` Խորհրդային Հայաստանի մէջ, 27 յուլիս 1983-ի Լիզպոն հինգին սուրբ արարքը եւ, դեռ աւելի՛ն, 25 տարիներ առաջ Արցախի ազատագրութեան հերոսական պայքարը:
Ամենայն բծախնդրութեամբ, լաւապէս ուսումնասիրուած գործողութիւն մըն էր Խանասորի արշաւանքը, որ մինչեւ այսօր ուսումնասիրութեան առարկայ դարձած է` իր ստեղծած կարգապահութեան, ռազմական արուեստի եւ աւանդին պատճառով եւ կը նկատուի ՀՅ Դաշնակցութեան ազատագրական պայքարի պատմութեան մէջ յիշատակելի գործողութիւն մը` իր մտայղացումէն մինչեւ աւարտ:
Շատ մը հարցադրումներ կատարուած էին, թէ ի՛նչ պատճառներով Նիկոլ Դուման, որ իր առաջադրած այս արշաւանքին չէր նշանակուած արշաւախումբի ղեկավար:
Նոյնինքն հայրենասէր եւ մարտունակ Դումանի համար երկրորդական էին այս հարցադրումները: Պաշտօնը վստահուած էր անոր գործընկերներուն` Վարդանին, Իշխան Արղութեանին եւ այլ հերոսներու:
Անոնք միասնաբար եկած էին վրէժ լուծելու Վանի քիւրտ մազրիկ ցեղէն: Այս կատարուած արշաւանքը, որ մեծ յաջողութեամբ պսակուեցաւ, պոռթկումն էր հայորդիին:
Հայ ֆետայիները «կարկուտ տեղացնելով Խանասորայ դաշտում»` կրցան լաւապէս չէզոքացնել արիւնարբու թշնամին եւ զգաստութեան հրաւիրել մազրիկ ցեղի ղեկավար Շարաֆ պէյն ու անոր հետեւորդները, որոնք անձնատուր ըլլաով եւ վերջնականապէս տեղի տալով` անգամ մը եւս չհամարձակեցան իրենց հալածանքն ու թալանը շարունակել:
Այսպէս, 120 տարիներ թաւալած են եւ հայորդին կը գիտակցի ու կ՛ըմբռնէ գոյութիւնը խանասորեան հերոսամարտի ստեղծած կամքին ու գաղափարականին, որ դուռ բացաւ եւ դարձաւ տիպար օրինակ մը` այլ պոռթկումներու, արարքներու եւ հերոսամարտերու: