Quantcast
Channel: Անդրադարձ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 13481

Նորայր Սրբազան…Հայր Նորայր…Մոսիկ…

$
0
0

ՄԱԹԻԿ ԷՊԼԻՂԱԹԵԱՆ

Յիսուն տարուան վրայ երկարող բարեկամութիւն եւ մտերմութիւն մը` փոխադարձ յարգանքով եւ անկեղծութեամբ համեմուած:

Ծնած ենք նոյն տարին` 1956-ին, սփիւռքահայ պատմութեան խռովալից տարի մը` յատկանշուած Հայ եկեղեցւոյ տագնապով, որ կոչուեցաւ այդ տարեթիւով:

Նորայր սրբազանի նման այդ տարեթիւի ծնունդն է Պոլսոյ հայոց տարաբախտ պատրիարքը` Մեսրոպ արք. Մութաֆեանը, ճակատագիրը իր դաժան թաթը դրած է այդ թուականին աշխարհ եկած հայ եկեղեցականներուն վրայ:

Մոսիկը ճանչցած եմ Քեսապի գեղեցկագոյն վայրերէն` Տէփէսէի աղբիւրին մօտ, հոն, ուր Էքիզոլուքի, Գարատուրանի եւ Քեսապի  որսորդներն ու հովիւները կը հանդիպէին: Այնտեղ, որպէս պատանի հովիւ, ամրան արձակուրդներուն գիրքը ձեռքին եկած է Գարեգին Ա. Ամենայն Հայոց երջանկայիշատակ կաթողիկոսը:

1977 թուականին, երբ Գարեգին Բ. Կիլիկիոյ աթոռակից կաթողիկոս ընտրուեցաւ,  նախորդող տարին Նորայրը աբեղայ ձեռնադրուած էր: Այդ օրերուն ժողովրդային ասացուածք մը կը շրջէր, թէ Անթիլիասի միաբանութեան գլխաւորն ու կրտսերագոյնը քեսապցիներ են:

Սուրիոյ հիւսիս-արեւելքը` Ճեզիրէի շրջանը իր տասնեակ մը գիւղաքաղաքներու մէջ կայք հաստատած հայութեամբ  կեդրոն ունենալով Գամիշլին` աշխարհագրականօրէն անմիջական հարաւի շրջանն է պատմական Արեւմտահայաստանին: Շուրջ քառասուն տարիներ առաջ հոն տակաւին առկայ էր պահպանողական եւ աւատապետական մտայնութիւնը, այդ օրերուն քսան հազար հայորդիներով  բնակչութիւն ունեցող  Ճեզիրէն վարչականօրէն կապուած էր Բերիոյ թեմին, եւ` ցայսօր: Այլ քրիստոնեայ համայնքներ ունէին իրենց առաջնորդանիստ աթոռները: Հայութեամբ եռացող այդ շրջանը 1979 թուականին  առաջնորդական փոխանորդի պաշտօնի կոչուեցաւ  հազիւ քսաներեք տարեկան երիտասարդ միաբան Նորայր վարդապետը:

Երկու ժամանակամիջոցներու` 1979-1991 ապա` 1997-2001, տասնեօթը տարիներ հայր Նորայրը հովուեց Ճեզիրէի հայութիւնը, «այլոց» նման կեղծիքի եւ շողոքորթութեան նկարագրային գիծեր չունեցող միաբանը կարճ ժամանակամիջոցի ընթացքին շահեցաւ մեծ ժողովրդականութիւն, յաղթահարեց դժուարութիւններ, միշտ մնաց քաջ, կատարելագործեց արաբերէն լեզուն, այդ եւ այլ արժանիքով վայելեց պետական շրջանակներու համակրանքն ու վստահութիւնը, շրջանի քրտաբնակ մեծամասնութեան հետ շփում ունենալով` սորվեցաւ նաեւ քրտերէնը:

Գամիշլի այցելող ազգայինները վայելած են իր հիւրընկալութիւնը, յատկապէս` թոնիրի հացով եւ գոմէշի սերով (կամար) իր մատուցած նախաճաշերը առաջնորդարանին մէջ:

Գամիշլիի Ազգային Եփրատ վարժարանը, մանկապարտէզէն մինչեւ միջնակարգ, հազար եւ ութ հարիւր աշակերտներով տարածուած էր հողաշէն երդիքներու տակ: Նորայր վարդապետի եւ «Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկութեան հայկական բաժինի  երբեմնի տնօրէն դոկտ. Զաւէն Եկաւեանի համագործակցութեամբ եւ ազգային մարմիններու ժրաջան աշխատանքով Եփրատ վարժարանը օժտուեցաւ մեսրոպաշունչ արդիական ամրոցներով:

1998 թուականի մայիս 28-ին, Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան ութսունամեակին առիթով, սուրիահայ գաղութի զանազան շրջաններէն ազգային եւ ընկերական պատուիրակութեամբ մը ներկայ գտնուեցանք հայրենիքի մէջ կատարուած տօնակատարութիւններուն եւ Սօսէ Մայրիկի աճիւններու փոխադրութեան արարողութեան, Եռաբլուրի մէջ:  Նորայր ծ. վարդապետի խօսքը Սարդարապատի թանգարանին մէջ` ուղղուած Հայաստանի նախագահ Ռոպերթ Քոչարեանին, յիշարժան էր, ան ըսաւ, որ իւրաքանչիւր սուրիահայ,  երբ առաւօտուն իր աչքերը լոյսին կը բանայ, որպէս տեսիլք ունի յաւերժական Հայաստանն ու Արարատը:

Այդ թուականէն ուղիղ տասը տարիներ ետք, 2008-ի Ապրիլին, ուրախ օր մըն էր, երբ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետի ձեռամբ Նորայրը ստացաւ եպիսկոպոսական իշխանութիւն, շնորհաւորական ողջագուրման պահուն «Կեանքիս երջանկագոյն օրն է» մտերմաբար փսփսաց: Բնութեան զաւակի հարազատ նկարագիրով այդ իշխանութիւնը արժեւորեց  ան իր համեստութեամբ:

Նորայր սրբազանը կը յատկանշուէր աստուածատուր շնորհքով մը, որ կղերականի մը կարեւոր յատկանիշներէն մէկն է, ան ունէր սքանչելի ձայն, որ կը դիւթէր հաւատացեալը, հիմա ականջիս մէջ կը հնչէ «Նշանաւ ամենայաղթ խաչիւդ քո, Քրիստոս» շարականը, զոր կ’երգէր ան, երբ երիտասարդ մը հողին յանձնուէր: Ունէր նաեւ հռետորական կարողութիւն, շահամոլ կղերական մը չեղաւ ան, կը սիրէր իր մտերիմները եւ հաւատարիմ էր զինք սիրողներուն:

Ասպարէզի բերումով, որպէս հրատարակիչ, սերտ համագործակցութիւն ունեցայ Կիլիկիոյ կաթողիկոսարանի տպարանին հետ, իսկ երբ 2002-ին Նորայր ծ. վրդ. ստանձնեց տեսուչի պաշտօնը, ամէն տարի այս օրերուն ան կը ձեռնարկէր օրացոյցի տպագրութեան եւ իր պատրաստած տօնացոյցը կը ղրկէր, որուն շնորհիւ 2004 թուականէն մինչեւ 2012 հրատարակեցի Կիլիկիա հրատարակչատան օրացոյցը եւ գրպանի օրատետրը Հալէպի մէջ:

Նորայր սրբազանի տպարանի տեսչութեան շրջանը յատկանշուեցաւ «Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկութեան հայկական բաժինի հետ սերտ համագործակցութեամբ, դոկտ. Զաւէն Եկաւեանի հրատարակչական ծրագիրները իր պաշտօնավարութեան վերջին տասնամեակին, պետական մակարդակի բնոյթ ստացան, Անթիլիասի տպարանէն լոյս տեսան աւելի քան երկու հարիւր եւ յիսուն հատորներ: Կոթողական շարք մը` «Մատենագիրք հայոց»-ը արգասիքն էր այդ ճիգին, որ իրականացաւ Նորայր սրբազանին ջանքերով:

2012 աշնան, Հալէպէն հասնելէս ետք, երբ սովորականին նման այցելեցի տպարանի իր գրասենեակը, սարսուռ մը ունեցայ, պահ մը չճանչցայ իր անունը ցոլացնող շէն ու ժիր Նորայրը, իր անողոք հիւանդութեան սկիզբն էր: Բնական երեւնալու ճիգ մը ունէր, բացառիկ քաջութեամբ եւ զօրաւոր կամքով, փորձեց յաղթահարել ախտը: Կարճ ժամանակամիջոցի մը ընթացքին ապաքինեցաւ, բնականոն արտաքին ստացաւ: Սրտակիցներ իրարու հետ կը փսփսայինք իր առողջութեան մասին, սակայն ոչ մէկ արտայայտութեամբ ան կը զգացնէր իր ներքին խռովքը, որ պահեց մինչեւ իր վերջին շունչը:

Մոսիկը պատմական Կիլիկիոյ ծայրամասի` Քեսապի ծնունդ էր, ծնողքը, հարազատները եւ իր հայրենի գիւղը` Էքիզոլուքը  սրբութիւններ էին, ուր ամէն տարի աշնան իր արձակուրդը կ՛անցընէր յագեցնելու համար նաեւ իր որսորդական նախասիրութիւնը, Մեղրաձորի հովիտը, Չալմայի բարձունքներն ու կէօլի տափաստանը պիտի սգան իրենց զաւակին կորուստը:

Այսօր ան գնաց միանալու իր միաբանակից անդարձ մեկնող եղբայրներուն` Կորիւն, Արտաւազդ, Մեսրոպ, Արտակ, Վարդան, Սահակ, Զարեհ, Նշան, Սմբատ, Ներսէս, Ղեւոնդ, Տաճատ, Հրանդ լուսահոգի սրբազաններուն, որոնք Սիսի պատմական աթոռին Անթիլիաս հաստատուելէն ետք յիսնամեայ փառք մը կերտեցին: Ու հիմա կու գան նորերը, ոչ միայն քանակ այլեւ` որակ, ինչ որ կը վկայեն բոլոր անոնք, որոնք կը ծանօթանան Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան միաբաններուն ի սփիւռս աշխարհի:

Ժընեւ, 24 յուլիս 2017             

 

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 13481

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>