Quantcast
Channel: Անդրադարձ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 13366

Տաճկական Ֆէսը Եւ…Սրբազանին Վեղարը

$
0
0

ԼԵՒՈՆ ՇԱՌՈՅԵԱՆ

Gomitas-3_111615

Անցեալները հայկական հրապարակային ձեռնարկի մը գացեր էի:

Թէեւ մեր գաղութը նօսրացած է հիմա ու հարկեցուցիչ արտագաղթի մը անկասելի ալիքները շարունակ կը տարտղնեն մեր համրանքը, բայց մարդոց նկատառելի կորիզ մը տակաւին կառչած է քաղաքին: Արեւմտեան աշխարհին ու անոր գոյնզգոյն խայծերուն կռնակ դարձնողներուն թիւը դեռ արհամարհելի չէ բարեբախտաբար:

Մարդուժի զգալի պակասը, սակայն, կը մտահոգէ ու կը խռովէ համայնքային պատասխանատուները: Այնուհանդերձ, գաղութային տարաբնոյթ ձեռնարկները դեռ յուսախաբ չե՛ն ըներ իրենց կազմակերպիչները: Մեր սրահները, զարմանալիօրէն, մի՛շտ ալ կը լեցուին խուռներամ բազմութիւններով, երբեմն նոյնիսկ այն պատրանքը տալով, թէ կարծես կ՛ապրինք անցեալի երջանիկ ու բարգաւաճ շրջանները, երբ Հալէպը «երազային» էր…

Այս անգամ եւս ունեցայ այդ պատրանքը: Սրահը լեփ-լեցուն էր, շատեր` ոտքի կանգնած, տեղի չգոյութեան պատճառով:

– Կեցցէ՜ Հալէպի հայութիւնը,- մտածեցի ես ինծի:

Ընկերակից կատակասէր բարեկամս, որ նստած էր իմ կողքին, դիպուկ արտայայտութեամբ մը հաստատեց.

– Հալէպահայութիւնը ալիւրի տոպրակի պէս է: Որքա՛ն թօթուես, դեռ պարկին յատակը ալիւր մնացած կ՛ըլլայ…

Սրահէն ներս հեղձուցիչ էր օդը:

Թէեւ նոր թեւակոխած ենք աշունը, սակայն տապը տակաւին կը յամառի չլքել մեզ, կը խոնաւցնէ մեր ներքնաշապիկները, քրտինքի կայլակներ կը պայթեցնէ մեր ճակատներուն վրայ:

Այնուամենայնիւ, ամէն ոք ուրախ է, որովհետեւ… յորդո՛ւն է սրահը, որովհետեւ դեռ ալիւր կայ տեւաբար թօթուըւող պարկին մէջ…

Գօտեպնդիչ ուրի՛շ երեւոյթ մըն ալ մեր հոգեւոր պետերուն միասնական ներկայութիւնն է սրահին մէջ:

Մեր տառապեալ ու շուարուն ժողովուրդը մի՛շտ խանդաղատանքով կը դիտէ իր հոգեւոր պետերը, կը ներշնչուի անոնց ներկայութենէն ու խօսքէն, ու որեւէ ձեռնարկի առաջին շարքերուն վրայ տեւաբար կը փնտռէ անոնց քաջալերական ներկայութիւնը:

Հօտի ու հովիւի թելադրական պատկերն է ասիկա: Խրախուսիչ եւ յուզիչ` միաժամանակ:

Յայտագիրը սկսած էր արդէն կէս ժամէ ի վեր, ու ես արտասովոր ճիգ կը թափէի իմ ուշադրութիւնը կեդրոնացնելու բեմական խօսքին ու պատկերներուն վրայ, քանի որ ճի՛շդ իմ ետին… «խանգարիչներ» կային:

Խումբ մը երիտասարդներ էին ասոնք, թերեւս` նորաւարտ ճեմարանականներ կամ արհեստաւոր տղաք, որոնք մերթ ընդ մերթ կը շաղակրատէին բարձրաձայն: Անշահեկան մեկնաբանութիւններ կը կատարէին յայտագրին մասին, ռամիկ խօսակցութիւններ կամ կատակներ կ՛ընէին` առանց անդրադառնալու հաւանաբար, թէ իրենց շուրջիններուն լուռ զայրոյթը կը հրաւիրէին իրենց վրայ:

Տղոցմէ մին, պահ մը, ակնարկելով առաջին շարքին վրայ նստած սրբազան հօր վեղարին ու դառնալով իր ընկերներուն`

– Տղա՛ք, սրբազանը այս տաք օդին դեռ ֆէսը գլուխէն չհանեց,- ըսաւ:

Ցնցուած էի:

«Ֆէսը գլուխէն չհանեց»…

Հայ տղաք, 18-20 տարեկան, հայ եկեղեցականին գեղեցիկ վեղարը կը շփոթէին օսմանցի թուրքերու ֆէսին հետ… Ի՜նչ հեգնանք:

Երբ տուն վերադարձայ, երկարօրէն մտածեցի ֆէսի ու վեղարի այս անհամատեղելի զուգահեռին մասին:

Նախ հարց տուի ես ինծի, թէ մեր դպրոցներուն մէջ, կրօնագիտութեան դասապահերուն, ինչո՞ւ տարրական բացատրութիւններ չեն տրուիր եկեղեցական սպասներու կամ զգեստներու մասին: Ու եթէ կը ջամբուին այդ գիտելիքները, ինչո՞ւ հայ տղաքը շրջանաւարտ կ՛ըլլան մեր վարժարաններէն` առանց դոյզն գաղափար մը ունենալու, թէ ի՛նչ է վեղարը, ի՞նչ է փակեղը, ի՞նչ է խոյրն ու սաղաւարտը, ի՞նչ է տարբերութիւնը փիլոնին ու շուրջառին, ի՞նչ է կոնդակը կամ ո՞րն է պանակէն…

Ընդունելի՞ է, որ մեր զանգուածները (պատանի, երիտասարդ թէ երէց) ամէն ատեն ու ամէն առթիւ շփման մէջ ըլլան մեր հոգեւորականներուն հետ, հաղորդակցին անոնց հետ, բայց անծանօթ մնան «Վեղար»-ին կամ միւս բառերուն:

Մէկը պէտք չէ՞ բացատրէ մեր սիրելի տղոց, թէ սրբապղծութիւն է վեղարը շփոթել տաճկական ֆէսին հետ:

Օ՜, հայ եկեղեցականին սրածայր վեղարը:

Որքա՜ն գեղեցիկ է անիկա:

Գեղահունչ է նոյնիսկ բա՛ռը` «Վեղա՜ր»:

Ըստ Մալխասեանի բացատրական բառարանին, «Վեղար»ը զուտ հայերէն արմատ բառ մը չէ, այլ տառադարձուած տարբերակն է լատիներէն velarium բառին, որ կը նշանակէ քող, ծածկոյթ: Եւ արդարեւ, վեղարը ծածկոյթով գլխանոց մըն է:

Վեղարը խորհրդանիշն է կուսակրօնութեան, ոչ ամուսնացեալ կարգավիճակի: Դպրեվանքերու մեր այն սաները, որոնք կ՛աւարտեն իրենց ուսումը ու կ՛որոշեն հրաժարիլ աշխարհիկ կեանքէ եւ ընդգրկել եկեղեցական ասպարէզ` իրենց աբեղայական ձեռնադրութեան պահուն կը ստանան վեղար:

Սեւ մետաքսեայ երկար ծածկոյթով այդ սրածայր գլխարկը երբ մասնաւոր աղօթքներով ու օրհնութեամբ կը դրուի նորընծայ աբեղաներուն գլխուն, խռովիչ ի՞նչ զգացումներու անձնատուր կ՛ըլլան ենթակաները արդեօք, չեմ գիտեր: Բայց վստահ եմ, որ այդ ճակատագրական ու բախտորոշ պահէն ետք մեր կուսակրօն եկեղեցականները հաճոյքով կը փարին իրենց վեղարին ու զայն իրենց գլխուն վրայ կը կրեն պաշտօնական ու արարողական բոլո՛ր առիթներով, հպարտութեամբ ու հմայքով…

Այո՛, եզակի հմայք մը ունի վեղարը:

Չէ՞ք անդրադառնար, թէ որքա՜ն վայելչութիւն ու պատկառանք կու տայ անիկա զայն կրողին: Ամէնէն խստադէմ դիմագիծով կղերականն անգամ վեղարին շուքին տակ կը գեղեցկանայ կարծէք, անոր դէմքը կը լուսաւորուի…

Պիտի համարձակիմ ըսել, որ մոգական դիւթիչ բան մը կայ ո՛չ միայն վեղարին արտաքին ձեւին, այլեւ` անոր ներքին շինուածքին, բանուածքին, ծածկոյթին ալեծուփ երանգին մէջ: Մանաւանդ` սա մեր հայկական սրածայր վեղարը:

Եւ արդէն, աշխարհի վրայ  հայ եկեղեցականէն զատ ո՛չ ոք կը գործածէ սրածայր վեղար: Ատիկա մասնայատուկ է միայն ու միայն Հայց. եկեղեցիին: Եթէ հազար եկեղեցական համախմբուած ըլլայ հսկայ հրապարակի մը վրայ (օրինակ` Վատիկանի Ս. Պետրոսի հրապարակը), դուք անվարա՛ն, հեռուէ՛ն, անմիջապէս կրնաք զատորոշել հայ  եկեղեցականը իր սրածայր վեղարով…

Մեր զոյգ կաթողիկոսներն իսկ կը զանազանուին իրենց վեղարներով: Ամենայն Հայոց հայրապետը իր վեղարին վրայ, ճակտին վերեւ, ունի ականակուռ խաչ մը, մինչ Կիլիկիոյ հայրապետին վեղարը անզարդ է, սովորական:

*

Հինէն ի վեր, եկեղեցական արարողութիւններու ընթացքին, միշտ ալ հետաքրքիր աչքերով դիտած եմ մեր վեղարաւոր եկեղեցականները, անյագ շահագրգռութեամբ զննած եմ տօնական օրերու անոնց գունազարդ զգեստները, ուշադրութեամբ ականջ տուած եմ անոնց բեմական խօսքին կամ պատգամներուն:

Բայց այս բոլորին մէջ, ինծի համար, վեղարը մնացած է ամէնէն հմայիչն ու խորհրդաւորը: Մանաւանդ սիրած ու յափշտակութեամբ հետեւած եմ ազնուական այն շարժուձեւին, զոր արագօրէն կը կատարեն վեղարաւոր հոգեւորականները` իրենց ուսին շուրջառ մը առնելու պահուն:

Արդարեւ, դասուն մէջ, խորանին առջեւ կանգնած, սրբազան հայրը (կամ հոգեշնորհ վարդապետ մը) շատ շնորհալի շարժումով մը իր վեղարաւոր գլուխը թեթեւօրէն կը խոնարհեցնէ, երկու ձեռքերով ետեւէն քիչ մը վեր կը քաշէ վեղարին ծածկոյթը, մինչեւ գլխանոցին գագաթը, մինչ նոյն պահուն իր ետին կանգնած քահանայ մը շուրջառը կամ մանիշակագոյն փիլոնը կը հանգչեցնէ անոր ուսին: Այնուհետեւ, վեր քաշուած ծածկոյթը վար կը սահեցուի դարձեալ` ուղղակի շուրջառին կամ փիլոնին վրայ: Բայց հոս, ծածկոյթին հասակը կրճատուած կ՛ըլլայ այլեւս, որովհետեւ սեւաթոյր կերպասին մէկ մասը կը կորսուի փիլոնին տակ…

Հայ եկեղեցականին սրածայր վեղարը առնչութիւն մը ունի՞ հայ եկեղեցիներու սրածայր գմբէթին հետ:

Այս հարցումը առիթով մը, Պոլսոյ մէջ ուղղեր էի Պուլկարիոյ եւ Ռումանիոյ զոյգ թեմերու երբեմնի (այժմ հանգուցեալ) առաջնորդ Տիրայր արք. Մարտիկեանին: Մեր այս սիրելի սրբազանը, որ շատ զուարճախօս ու կատակասէր անձ մըն էր, ինծի պատմեց հետեւեալը.

– Ռումանիոյ Սուչաւա քաղաքը գացեր էի` տեղւոյն հայկական եկեղեցիին մէջ կարեւոր արարողութեան մը հանդիսապետելու համար: Պայուսակիս մէջ ունէի ծալուող վեղար մը: Եկեղեցիին դրան առջեւ հանեցի վեղարը, շտկեցի ու դրի գլխուս: Իմ կողքին կանգնած ռումէն եպիսկոպոսներ հարց տուին ինծի, թէ ի՞նչ կը խորհրդանշէր այս սրածայր վեղարը:

– Արարա՛տը,- պատասխանեցի:

– Բայց Արարատը սպիտակ է, իսկ ձեր վեղարը` սեւ,- ըսաւ անոնցմէ մին:

– Որովհետեւ մենք սուգի մէջ ենք, Արարատը գերի է,- պատասխանեցի…

Հալէպ      

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 13366

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>