Quantcast
Channel: Անդրադարձ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 13607

Խմբագրական. Դատապարտանքներու Քաղաքական Գործնականացման Հրամայականը

$
0
0

469379_img650x420_img650x420_crop

Լիբանանեան քաղաքական դաշտին մէջ երկար ատենէ ի սպառ բացակայած համաձայնական մթնոլորտի նախնական վերականգնման առաջին երեւոյթները հազիւ թէ տեսանելի կը դառնային, Պէյրութի հարաւային արուարձանները ցնցած պայթումները ետքայլի հսկայական ոստում արձանագրեցին լիբանանեան եւ ընդհանրապէս շրջանային բեմին վրայ:

Քաղաքական թնճուկներու հանգուցալուծման առաջին փորձերու արդիւնաւորումը կը սկսէր մտածել տալ հետագայ դրական ընթացքներու մասին եւ խորհրդարանի դերակատարութեան կամ նախագահի բացակայութեան օրէնսդիր հաստատութեան գործառոյթներու աշխուժ աշխատելու մասին: Փաստօրէն սկսած էին երեւիլ համալիբանանեան կամք դրսեւորելու նախատուեալները, որոնց ճիշդ հունաւորման պարագային փուլ առ փուլ կարելի էր անցնիլ հանգուցալուծման այլ գործընթացներու: Բնականաբար խանդավառութիւն ցոյց տալը քաղաքական իրատեսութեան հասկացողութեան խոտոր կը համեմատէր, մանաւանդ Լիբանանի պարագային, ուր պատմութիւնը կը յուշէ, որ բնականոն ընթացակարգերը յանկարծակի կանգ կ՛առնեն եւ նահանջ կ՛արձանագրեն մետասաներորդ պահուն, երբ արտալիբանանեան միջավայրէ մը կարմիր լոյսեր վառէին:

Հիմա կտրուկ նահանջը ապահովական մակարդակի վրայ է: Ծայրայեղ տարրերու, ահաբեկիչներու դէմ լիբանանեան բանակը յատկապէս սահմանամերձ շրջաններու մէջ բուռն պայքարներ կը մղէր, իրաւապահ մարմիններու հետախուզական բաժանմունքները բացայայտումներ կը կատարէին եւ ահաբեկչական արարքներու նախապատրաստութիւններ բացայայտելով մեծ պայթումներ կը կանխարգիլէին: Այսուհանդերձ վտանգին անմիջականութիւնը, առկայութիւնը եւ ՏԱՀԵՇ կոչուող ահաբեկչութեան թափանցումը Լիբանան մնայուն արծարծումի նիւթ էր:

Միաժամանակ սակայն կար քաղաքական համոզում, փաստի երեւոյթով: Այս պայմաններուն եւ ներկայ ժամանակահատուածին գոյութիւն ունի Լիբանանը Սուրիոյ չվերածելու միջազգային չյայտարարուած համաձայնութիւն մը, որ կ՛արգելակէ դէպքերու բռնկուածութիւնը: Կարմիր գիծերը կը յարգուին եւ Լիբանանը չ՛առաջնորդուիր համընդհանուր պատերազմի: Իսլամական գլխաւոր դաւանանքներու հետեւող զանգուածներուն միջեւ լարուածութեան նշաձողի բարձրացումի նպաստող դէպքերու դիմաց լիբանանցին ականատես կ՛ըլլար նոյն վճռակամ քաղաքական դիրքորոշումներուն` չներքաշուելու առաջադրուած միջհամայնքային բախումներուն:

Սադրանքները այս իմաստով շատ են. նոյնպէս նաեւ զսպիչ գործօնները: Ինքնասպանական այս հզօր պայթիւնները սադրանքի շղթային կարեւոր օղակներն են: Նկատի ունենալով ստանձնող կողմին կրօնական դաւանանքին ծայրայեղականութիւնը եւ անշուշտ թիրախին թէ՛ դաւանանքային եւ թէ՛ քաղաքական պատկանելիութիւնը:

Հաւանաբար քաղաքական դաշտի վրայ նախակայացուող դրական մթնոլորտն էր, որ համալիբանանականացուց նաեւ դատապարտանքի ալիքը: Դատապարտանքները, ըստ բովանդակութեան, ոչ միայն կը մերժեն, կը դատապարտեն սադրանքն ու կիրարկուած ոճը, այլ նաեւ կը մերժեն անոր հետապնդած նպատակը եւ կը նախանշեն Լիբանանը ընդհարումներու ծրագիրներուն մէջ չներքաշելու քաղաքական կամքը:

Դժուար է բացառելը նման արարքներու շարունակականութեան վարկածը: Քաղաքական դաշտի վրայ յոյս ներշնչող առաջին քայլը, գումարած համալիբանանեան դատապարտանքին, առիթ պէտք է հանդիսանայ ընտրելու միակ ուղին: Համախմբուելու, ուժի կիրարկումը բացառելու, խզուած իրավիճակին վերջ տալու, պետական հաստատութիւնները բանեցնելու, համախոհական տարազներու յանգելու, օրինագիծեր քուէարկելու, հանրապետութեան նախագահ ընտրելու, մինչեւ աղբահանման ծրագիրներ վաւերացնելու եւ երկիրը ընդհանրապէս աղբազերծելու աշխատանքին ձեռնարկելու:

Լիբանանեան բոլոր կողմերը կը դատապարտեն: Բոլոր կողմերը պարտին նաեւ քաղաքական գործնականացում դրսեւորել դատապարտանքի միացեալ կեցուածքներուն:


Viewing all articles
Browse latest Browse all 13607

Latest Images

Trending Articles



Latest Images

<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>