ԱՀԱՐՈՆ ՇԽՐՏԸՄԵԱՆ
Այս օրերուն, երբ յարգանքն ու գիտակցութիւնը սկսած են ընկրկիլ հաւատքի առջեւ, Ռուզան Սալխանեան թարգմանաբար` «Մայր Թերեզա. անձնական դիմանկար մը», Լէօ Մաասպուրկի գրիչով, Մայր Թերեզայի մասին յիսուն պատմուածքներու ընտրանի մը կը ներկայացնէ հայ ընթերցողին: Գերմաներէն գիրքը լոյս տեսած է Մայր Թերեզայի ծննդեան հարիւրամեակին առիթով: Երեւանի պետական համալսարանի գերմաներէն լեզուի եւ գրականութեան բաժնէն վկայեալ Ռուզան Սալխանեան հայերէնի թարգմանած է գերմաներէնէն:
Իսկական անունով Ագնէս Գոնտժա` Մայր Թերեզա ծնած է Մակեդոնիոյ Սքոփիա քաղաքը, 27 օգոստոս 1910-ին: Տակաւին պատանի` Մայր Թերեզա կը մեկնի Իրլանտա` միանալու «Իրլանտայի Լորեթա քոյրեր» վանականներու միաբանութեան: 1931-ին կ՛ընդունի կուսակրօնութիւն եւ կը ստանայ Թերեզա անունը: 1948-ին Հնդկաստանի Կալկաթա քաղաքին մէջ կը հիմնէ բարեսիրական խմբաւորում մը,որուն գործունէութիւնը կը միտէր հիմնելու մանկատուներ, դպրոցներ, հիւանդանոցներ: 1979-ին Մայր Թերեզա արժանացաւ Նոպէլեան խաղաղութեան մրցանակին` «կարիքաւոր մարդոց օգնելու գործունէութեան համար»: Մայր Թերեզա մահացաւ 5 սեպտեմբեր 1997-ին, 87 տարեկան հասակին:
Մայր Թերեզա կը նկատուի աշխարհի ամենահեղինակաւոր կիներէն: Անոր կեանքն ու գործունէութիւնը մեծ հետք ձգած են մարդկութեան պատմութեան վրայ: «Արմատներով եւ արիւնով ալպանացի եմ: Քաղաքացիութեամբ` հնդիկ: Կաթողիկէ միանձնուհի եմ: Կոչումով համայն աշխարհին կը պատկանիմ: Սրտով կը պատկանիմ Յիսուսի սրտին»: Ահաւասիկ, քանի մը տողերու մէջ Մայր Թերեզայի հաւատոյ հանգանակը` իր իսկ արտայայտութեամբ:
Լէօ Մաասպուրկի գիրքը այլազան փուլերու դրուագներ կը նկարագրէ Մայր Թերեզայի կեանքէն` նկատի ունենալով, որ հեղինակը երկար տարիներ Մայր Թերեզային ընկերակցած էր տարբեր երկիրներ այցելութիւններուն: Պատմուածքներուն ընդմէջէն ընթերցողը կը ծանօթանայ սրբուհիին ներաշխարհին, անոր մարդասիրական ծառայութիւններուն: Որքա՜ն երանելի պիտի ըլլար, եթէ մարդ արարածը բանիւ եւ գործով հետեւէր Մեծ Բարեսէրի խօսքերուն:
Ահաւասիկ քանի մը պատգամներ` Մայր Թերեզայէն.
– Մարդիկ կ՛ըլլան անհասկցող, անհեթեթ եւ եսասէր, միեւնոյնն է, ներեցէ՛ք անոնց:
– Այն բարիքը, որ կ՛ընէք այսօր, վաղը կրնայ մոռացութեան մատնուիլ, շարունակեցէք ձեր բարի գործը…
– Անհրաժեշտ չէ, թէ ո՞վ ի՛նչ կը խօսի ձեր մասին, ժպիտով ընդունեցէք այդ բոլորը եւ շարունակեցէք ձեր գործը: Ի՞նչ կրնաք ընել աշխարհի մէջ խաղաղութիւնը ամրապնդելու համար, գացէք տուն եւ ձեր ընտանիքը սիրեցէք:
– Մեծագոյն աղքատութիւնը սրտի եւ հոգիի աղքատութիւնն է: Բառերը աւելորդ են, երբ չեն բխիր մարդուն սրտէն:
Որքա՜ն ճշմարտութիւն եւ իմաստութիւն կը բովանդակեն Մայր Թերեզայի մարգարէաշունչ վերոյիշեալ այս տողերը:
Մայր Թերեզա շատ մը իմաստուն մտքերու հեղինակ է միաժամանակ`
Կեանքը հնարաւորութիւն է, օգտագործէ՛:
Կեանքը գեղեցկութիւն է, հիացի՛ր:
Կեանքը երանութիւն է, ճաշակէ՛:
Կեանքը երազէ, իրագործէ՛:
Կեանքը մարտահրաւէր է, դիմագրաւէ՛:
Կեանքը պարտականութիւն է, կատարէ՛:
Կեանքը խաղ է, խաղա՛:
Կեանքը սուղ է, գուրգուրա՛:
Կեանքը հարստութիւն է, պահպանէ՛:
Կեանքը սէր է, վայելէ՛:
Կեանքը խորհուրդ է, իմացի՛ր:
Կեանքը խոստում է, յարգէ՛:
Կեանքը վիշտ է, յաղթահարէ՛:
Կեանքը երգ է, երգէ՛:
Կեանքը պայքար է, ընդունի՛ր:
Կեանքը ողբերգութիւն է, սրտապնդուէ՛:
Կեանքը արկածախնդրութիւն է, խիզախէ՛
Կեանքը կեանք է, կերտէ՛:
Կեանքը շա՜տ սուղ է, մի՛քանդեր…
Բազմաթիւ մարդոց համար Մայր Թերեզան սուրբ կը նկատուէր տակաւին կենդանութեան օրօք: Անոնցմէ մէկը Լէօ Մաասպուրկն էր,աւստրիացի կուսակրօն քահանայ եւ իրաւաբան մը: Ան երկար տարիներ «Աղքատներու հրեշտակ»-ի կողքին ծառայած է իբրեւ անոր խորհրդատուն, ուղեկցած է անոր ճամբորդութիւններուն: Անձամբ ապրած է թուղթին յանձնած իր պատմութիւնները:
Գիրքին մէջ յատկանշական տեղ կը գրաւեն «Սովետական Սուրբ ծննդեան տօն» եւ «Հայաստանեան արկածախնդրութիւններ» բաժինները: Այստեղ Լէօ Մաասպուրկ կը նկարագրէ Մոսկուայէն Երեւան ճանապարհորդութեան ընդմէջէն խորհրդային դիւանակալական բարքերը, Հայաստան կեցութեան ընթացքին Մայր Թերեզայի դիմակալած ծանր պայմանները: Այսուհանդերձ, Մայր Թերեզա կը մնայ լաւատես, յանձնառու` իր առաքելութեան: Խօսքը տանք հեղինակին. «Հակառակ որ նիւթական մեծ դժուարութիւններ ունեցանք, հոգեպէս շատ դժուար օրեր անցուցինք, սակայն երբ կը մեկնէի Հայաստանէն, ինծի թուեցաւ, թէ զիս դրախտէն դուրս կը վտարէին»:
Լէօ Մաասպուրկ իր պատմուածքներուն մէջ կ՛անդրադառնայ 1988-ի մեծ երկրաշարժէն ետք Մայր Թերեզայի Հայաստան կատարած այցելութեան, հանդիպումներուն, բարեգործութիւններուն:
Այսօր աշխարհի աւելի քան 120 երկրիներու մէջ կը գործեն Մայր Թերեզայի 584 կեդրոններ, ուր անօթեւան մարդիկ կը գտնեն պատսպարան:
«Մայր Թերեզա. անձնական դիմանկար մը» գիրքին թարգմանիչ Ռուզան Սալխանեան հայ ընթերցողին առջեւ կը դնէ ժամանակակից սուրբի մը կեանքին տարբեր երեսները: Կեանք, որմէ միայն դասեր կարելի է քաղել, սիրել բարին, անտեսել չարը, ապրիլ բարիքի համար, կարեկցիլ տկարին …
Գիրքին յառաջաբանը գրած է Գէորգ ծ. վրդ. Եղիայեան: «Խոկալով կարդա՛ այս էջերը եւ որոշէ կեանքիդ ճամբան…» խորագրով իր յառաջաբանին մէջ հայր Եղիայեան դիտել կու տայ, թէ Մայր Թերեզայի կենսագրականը հայերէն թարգմանութեամբ յանձնել հայ հասարակութեան` կը նշանակէ յանձնել անոր գանձարան մը… «Այս պատճառով, սիրելի՛ ընթերցող, թախանձախնդիր կը հրաւիրեմ քեզ, որ կարդաս այս հատորը, որպէսզի ձեռքերովդ շօշափես սիրոյ հրաշալիքները եւ նկատես, թէ Աստուած որքա՛ն հզօր է իր ծառաներուն կեանքին մէջ, երբ այդ ծառաները ընկալեն Անոր խօսքը եւ հետեւին Անոր խօսքին, ինչպէս հետեւեցան առաքեալներն ու սուրբերը, որոնք իրենց կենցաղով եւ գործերով դարձան մարդկութեան իսկական կոթողները, տիտաններն ու օրինակները: Այդ տիտաններէն մին էր աշխարհահռչակ Մայր Թերեզա: Ուստի կարդա՛ այս էջերը, խոկա՛ անոնց բովանդակութեան վրայ եւ որոշէ՛ կեանքիդ ճամբան». յառաջաբանը կ՛աւարտէ հայր Եղիայեան:
Գերմանացի հեղինակ Լէօ Մաասպուրկ իր նախաբանին մէջ յոյս կը յայտնէ, որ ճշգրիտ ձեւով ներկայացնէ Մայր Թերեզայի անձը` մաղթելով, որ գիրքը մարդոց առաջնորդէ դէպի Յիսուս այնպէս, ինչպէս որ պիտի փափաքէր Մայր Թերեզա:
Հայերէն հրատարակութեան առիթով Ռուզան Սալխանեան յատուկ շնորհակալութիւն կը յայտնէ ազնիւ մեկենաս մագիստրոս Գրիգոր, Քրիսթին եւ Քերոփ Ճապուրեաններուն: «Լուսաւորչի կանթեղ» հրատարակութեան` մատչելի եւ դիւրասահ հայերէնով, ընթերցասէրներու լայն հասարակութեան համար հրամցուած այս գիրքը ուղեցոյց մըն է իւրաքանչիւր հայ ընտանիքի համար: