Եթէ Աստուած կամենար ու ինձ նորից կեանք տրուէր, Ախօ, ես դարձեալ կ՛ուզէի քեզ հետ լինել, քո սերնդի հետ: Ու լինել էնպէս, ինչպէս եղայ: Մեր սերունդը Ապու ճնսից էր, Ախօ: Մէկուկէս կոտրած ֆշանկով ելանք կանգնեցինք օսմանցու դէմ: Իսկ եթէ զէնք ու փամփուշտ ունենայինք` հազար սասունցի բաւական էր, որ գերմանացու եւ ինկիլիզի թագաւորները չոքէին մեր առաջ ու մէկի թագը գլորուելով միւսի թագին դիպչէր, սուլթան Համիտի թագն էլ հետ :
ՉՈԼՕ
Ինտելիկենցիա, ինտելիկենտ… գիտես ինչ են դրանք: Ձին թիմարելու համար, ղաշաւին ձեռնոցով կը բռնեն: Ոջիլ, որ վրանին ընկաւ, գայլ կը կարծեն, պատերազմի կ՛ելլեն եւ իրենց դժբախտ-նահատակ կ՛երեւակայեն: Ցուրտ ու տաք եղաւ, Աստծոյ դէմ կռիւի կ՛ելլեն: Մէկ օր անօթի մնացին, տրտունջ, ղալմաղալ: Վերջին խօսք չունին, երկու ժամ կը ճառեն եւ մի լաբլաբու հազիւ կ՛արտասանեն: Կը քարոզեն, մարդկանց խելքէ կը հանեն եւ, երբ ծափեր կը շահին, արդէն իրանց հերոս, նահատակ կը համարեն:
ԴԱՇՆԱԿՑԱԿԱՆ ԽԵՉՕ
Ապրի՛ք, որ ժամանակին հասաք այս երկիրը ու չթողիք, որ հին վաստակը կորչի. բայց ես հոս չեմ մնար. հոս գործ չունիմ ընելու: Պխմիշ եմ եղած տունէ-տուն եւ անգործ քուռսիներու տակ նստելէն… Իմ գործը չէ խումբ կազմել, քարոզ կարդալ… Կ՛երթամ Իշխանի քով. զէնքերուն կը նայիմ, պակասները կը շտկեմ – ձեռքէս կու գայ:
… Մի զարմանար մարդկանց լեզուներուն ու իրենց կատարած գործերուն վրայ: Լսէ, տեսիր, բայց մի յուսալքուիր: Շարունակէ քո ուղիղ ճամբան:
ՎԱՐԴԱՆ ՇԱՀՊԱԶ
Բարգուշատի, Ղափանի, Սիսիանի եւ Արեւիկի շրջաններուն մէջ, հայ-թաթարական կռիւներուն ատեն, բազմաթիւ հայ գիւղեր իրեն կը պարտին իրենց կեանքը: Կորիւն ոչ թէ պաշտպանողական միջոցներով, այլ շեշտակի յարձակումներով կ՛ապահովէ հայ գիւղերը, թաթարները եւ քիւրտերը պահելով սարսափի մէջ: Իբր երախտագիտութիւն, այդ լեռնային ժողովուրդը իր նորածին մանուկները կ՛անուանէր Հարօ կամ Կորիւն (Կը վկայէ «Դրօշակ»):
ԳՈՄՍԱՅ ԿՈՐԻՒՆ
Դաշնակցութիւնը ուժ մըն է եղած, պատկառելի մեծութիւն մը, երբ որեւէ կերպով ազգային ընդհանուր շահերն են վտանգուած, ու այդ շահերու պաշտպանութեան անունով Դաշնակցութիւնը հրապարակ իջած: Արդարեւ, Դաշնակցութիւնը, պատմական ծանր պատասխանատու վայրկեաններուն, հարազատ արտայայտիչն է եղած միշտ հայ ժողովուրդին, անոր մտածողութիւնը, ցանկութիւնը, կամքը, ֆիզիքական ուժն է մարմնացուցած իր մէջ:
ՄԱԼԽԱՍ
ՀՅԴ 125-Ամեայ Ուղին`
125-Ամեայ Դրուագով
57.- 1915-ի ապրիլին, Վանի հայութիւնը ճարահատ կը դիմէ ինքնապաշտպանութեան: Կռիւները կը սկսին ապրիլ 7-ին եւ կը տեւեն մինչեւ մայիսի օրերը: Թուրքերը կը գործածեն ծանր թնդանօթներ. անոնք կու տան բազմաթիւ գրոհներ, բայց միշտ ետ կը մղուին` ծանր վնասներով: Մայիսի առաջին օրերուն, թուրքերը արագօրէն կը պարպեն իրենց դիրքերը եւ կը փախչին: Մայիս 3-ին, Այգեստանի եւ քաղաքամէջի հայերը կը վերամիանան եւ կը տիրեն ամբողջ քաղաքին: Վանայ պատմական բերդին վրայ կը ծածանի Դաշնակցութեան կարմիր դրօշակը:
58.- Ջարդի չենթարկուելու համար, Սասունի ժողովուրդը եւս կը դիմէ ինքնապաշտպանութեան: Սասնոյ հերոսամարտը կը տեւէ աւելի քան վեց ամիս: Կռիւներու սաստկութիւնն ու ֆետայիներու ցուցաբերած խիզախութիւնը ոչինչով ետ կը մնան 1904-ի ապստամբութենէն: Կը նահատակուին Կորիւնը, Պոլէի Մճոն, Աւրընայ Արամը եւ շատ ուրիշներ: Ռուբէն, իր կարգ մը զինակիցներով, սեպտեմբերի սկիզբը կը յաջողի անցնիլ Քանայ լեռները. միանալով հոն գտնուող Վահան Փափազեանի (Կոմս) խումբին, անոնք կը կտրեն պաշարման շղթան եւ կը հասնին Մանազկերտ` ռուս յառաջապահ ուժերուն մօտ:
Ռուսական բանակի անտրամաբանական շարժումները – իրարու յաջորդող յառաջխաղացքներով ու նահանջներով – անուղղակիօրէն դիւրացուցին եւ արագացուցին Տարօնի եւ Սասնոյ հայութեան ջարդը:
59.- Երկար համբերելէ ետք, 1915-ի յունիսի սկիզբը տարերային ձեւով պայթեցաւ Շապին Գարահիսարի ինքնապաշտպանական կռիւը: Հայերը գրաւեցին բերդը եւ ամրացան այնտեղ, մինչ թուրքերը կրակի կու տային հայկական բոլոր թաղամասերը: Բուռ մը քաջերու կողմէ 6000-ի հասնող թրքական ուժերուն դէմ մղուող կռիւները տեւեցին 18 օր, մինչեւ զինապահեստի եւ ուտեստեղէնի պաշարի սպառումը:
60.- Օգոստոս 5-ին` Մուսա Տաղի բարձունքներուն վրայ հաստատուած է Սուէտիոյ հայկական գիւղերու գրեթէ ամբողջ ժողովուրդը, ամէն կողմէ պաշարուած թրքական ուժերով: Այնտեղ, շուրջ 40 օր, Սուէտիոյ հայութիւնը օրհասական ինքնապաշտպանութիւն կը մղէ թուրք 4000 կանոնաւոր զօրքի եւ նոյնքան մը խուժանի դէմ: Արեւելեան Միջերկրականի ֆրանսական նաւատորմին հետ կապ հաստատելու եւ օգնութիւն խնդրելու բազմաթիւ փորձերէ ետք, սեպտեմբեր 7-ին եւ 8-ին Սուէտիոյ ծովեզրին կը մօտենան ֆրանսական «Կիշէն» եւ «Տեզեք» մարտանաւերը` փոխադրուելու համար Եգիպտոս: