Մինչ միջազգային թէ տեղական բեմահարթակներու վրայ սուրիական տագնապի քաղաքական լուծման միտող ջանքերը կը շարունակուին, Հալէպը կը դիմագրաւէ մերթ շրջափակման, մերթ ջրազրկման, մերթ ապահովական դժուարութիւններ:
Աւելի քան տասներկու օր շրջափակման ենթարկուած Հալէպի բնակչութիւնը դէմ յանդիման գտնուեցաւ բազմակողմանի տագնապներու. ջուրի, վառելանիւթի, ելեկտրականութեան, համացանցի ծառայութեանց խափանումը, սղաճը, անգործութիւնը առաւել վատթարացուցին բնակչութեան արդէն իսկ ծանր վիճակը:
Հալէպի շրջափակումով թէեւ քաղաքի բնակչութիւնը սովի չմատնուեցաւ պետական պատկան կողմերուն բաւարար պահեստներ ապահոված ըլլալուն բերումով, սակայն ջուրի, ելեկտրականութեան եւ վառելանիւթի տագնապն ու սննթամթերքի որոշ տեսակներու անգտանելիութիւնը անել կացութեան մատնեցին բնակչութիւնը: Կ՛ակնկալուէր, որ նահանգային պատասխանատուներ քաղաքի շրջափակման հաւանականութիւնը կանխատեսելով` առնուազն վառելանիւթի պահեստներ ապահոված ըլլային, ջրհորներ փորելու կողքին, ջուրը բնակչութեան հասանելի դարձնելու համար ջրբաշխման նոր դրութիւն ստեղծելու ջանքեր ի գործ դրած ըլլային, սակայն նման շտապ աշխատանքներ տեղի չունեցան, եւ բնակչութիւնը ստիպուեցաւ անգամ մը եւս «իր գլխուն ճարին նայելու»:
Բարեբախտաբար սուրիական բանակը, երկրի պահպանման հիմնական երաշխիքը, ոգի ի բռին պայքարեցաւ ու ահաբեկչական գրոհայիններէն ազատագրեց դէպի Հալէպ մուտքի միակ ճանապարհը` Ասրիէ-Խանասերի ուղին, եւ դժուարութիւնները աստիճանաբար վերանալ սկսան:
Համայնքային առումով եւս, թէեւ շարունակուեցան ջրամատակարարման, սննդակողովներու, վառելանիւթի յատուկ նիւթական եւ այլ օժանդակութիւններու զանազան աշխատանքները, սակայն ակնկալելի էր քաղաքի շրջափակման ծանր պարագաներուն տակ միասնական, համադրուած շտապ աշխատանքներու ցանցի մը ստեղծումը` աւելի ընդգրկուն եւ ամբողջական դարձնելու հայ բնակչութեան ջուրի, վառելանիւթի եւ այլ կարիքներու բաւարարման գործը:
Բարեբախտաբար քաղաքի շրջափակումը վերջ գտաւ, այնուամենայնիւ պատերազմը կը շարունակուի, իսկ պատերազմական պայմաններու մէջ անհրաժեշտ է պատրաստ ըլլալ տարաբնոյթ դժուարութիւններու յաղթահարման ու մանաւանդ ծառայողական աշխատանքները համադրել ու ժամանակի պահանջներուն համապատասխանեցնել` հնարաւորինս օգտուելու մեր նուիրեալ ծառայողներու ներուժէն եւ աւելի կազմակերպ ու տուեալ պահի պահանջներուն յարիր դարձնելու օժանդակութիւններուն աշխատանքը:
Սուրիահայ գաղութի զաւակներուն միասնական ոգիին շնորհիւ` համայնքը անցնող չորս տարիներու ընթացքին կուտակեց դիմադրողականութեան ուժ եւ ճկունութիւն, կը մնայ յուսալ, որ արտակարգ պարագաներու հաւանականութիւնները տեւաբար աչքի առաջ ունենալով` համայնքէն ներս տարուող օժանդակութեան աշխատանքները դառնան աւելի կազմակերպ, համալրուած ու ընդգրկուն եւ դուրս գան հատուածական աշխատանքներու պարունակէն:
Համալրուած ճիգերով առաւել նպատակասլաց ու արդիւնաւէտ կը դառնան տարուող աշխատանքները:
Զ. Պ.