Հայոց Մեծ եղեռնի կառափնատէն ճողոպրած, ուսուցիչ, ազգային-կուսակցական գործիչ, Կարապետ Ճ. Մանճիկեանին` Կէրպօ Խոճային կրտսեր որդին էր Վահան Մանճիկեանը, Քեսապի «Փայլուն» Վահանը, որ իր մահկանացուն կնքեց 25 հոկտեմբեր 2015-ին, Քեսապի իր տան մէջ: Կրտսեր եղբայրն է նաեւ ազգային-կուսակցական գործիչ, բանասէր, հրապարակագիր, լոս անճելոսաբնակ Յակոբ Մանճիկեանին:
Ան ծնած էր Քեսապի Գարատուրան գիւղը, ուր անցուցած էր մանկութիւնն ու պատանեկութիւնը` յաճախելով ծննդավայրի ծխական նախակրթարանները: Ապա կը յաճախէ Քեսապի Ուսումնասիրաց միացեալ վարժարանը` ստանալով միջնակարգ կրթութիւն: Ապա կ՛ուղղուի Լաթաքիա, ուր կ՛ուսանի Կաթողիկէ միաբանութեան մը (արդեօք Ֆրանչիսքէն) Պուքա գիւղին մէջ հաստատուած, գիշերօթիկ, արհեստից վարժարանին մէջ, որուն փակման պատճառով կը զրկուի զայն աւարտելու հնարաւորութենէն:
Կը զինուորագրուի Սուրիական Հայրենիքի նորակազմ բանակին, ուր կ՛անցընէ 18 ամիսներ, որոնց ընթացքին ականատես կ՛ըլլայ 3 նախագահներու փոփոխութեան:
Գիւղ վերադառնալով, կը նետուի կեանքի ասպարէզ, զբաղելով մանրավաճառութեամբ 1953-էն մինչեւ 21 մարտ 2014-ի Քեսապի եւ անոր բնակչութեան տարագրումը Լաթաքիա: Ինչպէս Քեսապի բոլոր վաճառատուներն ու հաստատութիւնները, իր խանութն ալ կը կողոպտուի Քեսապ ներխուժած ահաբեկիչ, վարձկան թրքարիւն զինեալներուն կողմէ` վերջ դնելով վաճառատան մը պատմութեան եւ անոր տիրոջ այդ ասպարէզին:
Բայց եւ այնպէս իր այս ասպարէզի որդեգրումը պատճառ չի դառնար, որ ան անտեսէ պապենական հողը, զոր կը մշակէ մեծ եռանդով, զայն զարդարելով բազմազան պտղատու ծառերով, ու միշտ հոն կիրարկելով գիտութեան, գիւղատնտեսութեան պարգեւած նորարարութիւնները եւ օրինակ դառնալով հարազատներուն ու դրացիներուն:
Կ՛ամուսնանայ Ռիթա Պասմաճեանին հետ, դուստրը կրթական մշակ, ազգային-կուսակցական գործիչ, բազմատասնեակ տարիներու Ուսումնասիրաց վարժարանի ուսուցիչ-տնօրէն Ժոզէֆ Պասմաճեանին:
Եւ որպէս ծնողաց ազգային շունչով թրծուած ամոլներ, ծնունդ կու տան 3 զաւակներու` Կարօ, Տաթեւիկ եւ Յասմիկ: Եւ որպէս կրթական մշակներու, գաղափարի նուիրեալներու զաւակներ, իրենց տան մէջ միշտ վառ կը պահեն ուսման հանդէպ սէրը, ազգին, գաղափարին ու անոնց ծառայասիրութեան ոգին, եւ որպէս այդպիսին իրենց զաւակները կ՛ուղարկեն Պէյրութի (Ն. Փալանճեան) եւ Հալէպի (Ազգ. Քարէն Եփփէ) Ճեմարանները, անոնց ապահովելու ազգային ու հայեցի կրթութիւն եւ դաստիարակութիւն, եւ ի գին ծանր բարոյական ու նիւթական զոհողութեանց` կը յաջողին այդ ձգտումին մէջ:
Եւ որպէս գաղափարին ու ազգին նուիրեալ, տասնեակ տարիներու տեւողութեամբ Կարապետ Մանճիկեան մաս կը կազմէ ազգային-կուսակցական մարմիններուն` վարելով Քեսապի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ թաղական խորհուրդի, Քեսապի Ուսումնասիրաց միութեան վարչութեան եւ Քեսապի Ազգ. Ուսումնասիրաց վարժարանի հոգաբարձութեան պաշտօնները:
Լրիւ կեանքի մը տեւողութեան, մինչեւ խոր ծերութիւն, ան նեցուկ կը կանգնի իր կողակիցին` Ռիթային, որ նաեւ նուիրականօրէն կը ծառայէր միութենական, մշակութային կեանքին (ՀՕՄ-ի, Համազգայինի, Քեսապի թատերախումբի…) բազմամեայ գործունէութեան, եւ միասին իսկական ու կենդանի օրինակ կը հանդիսանան իրենց զաւակներուն ու ընկերութեան:
Իր սիրտը, հոգին ու մարմինը խորտակուեցան 21 մարտ 2014-ի Քեսապի արհաւիրքին (տեղահանութեան), երբ տարագրուեցաւ իր սիրած գիւղացիներուն հետ, Լաթաքիա: Երեք ամսուան տարագրեալի վիճակը, նման արմատախիլ եղած սօսի ծառի մը, նոյնիսկ բարեբախտ վերադարձի իրականութիւնը, չկրցան կասեցնել իր հալումաշումը: Նոյնիսկ կողակիցին երկարատեւ հիւանդութիւնն ու մահը, իր առողջութեան վրայ այդքան վատ անդրադարձ չձգեցին, որքան այդ չարաբաստիկ տարագրութիւնը: Ու վերադարձէն ետք հարկադրուած ձեռք առաւ անթացուպը:
Ան, որպէս լուռումունջ իսկական քրիստոնեայ, ջերմապէս կը հաւատար մարդ արարածի կեանքի տրամաբանական եւ աստուածային աւարտին, որուն կը սպասէր ամբողջ 2015 տարեթիւի տեւողութեան: Ֆիզիքապէս տկարանալով, ամուր հոգիով, կը սպասէր ու կը փնտռէր իր 89-ամեայ կեանքի աւարտը` խնդրելով ամենակալ Աստուծմէն, որ զինք չնետէ անկողին:
Իր սիրած ու հաւատացած Տէր Աստուածը լսեց անոր սրտախոր ձայնը ու կիրակի, 25 հոկտեմբեր 2015-ին, առաւօտեան ժամը 9:00-ին իր ոտքով ուղղուելով իր մահիճը, հանդարտօրէն փակեց իր աչքերը, որդիին եւ հարսին ձեռքերուն մէջ` գտնելով յաւիտենական հանգիստն ու խաղաղութիւնը:
Այս գիրը թող խնդրանք ըլլայ Աստուծմէ, որ անոր համեստօրէն ապրած կեանքէն վերջ, իր հոգիին տայ յաւիտենական հանգիստ ու խաղաղութիւն:
Խունկ ու մոմ իր Գարատուրան գիւղին մէջ գտնուող, մայրի ծառերու ներքեւ ինկած շիրիմին վրայ: