«Ես իմ Տաքուկ Լիբանանի նեղ ու նուազ հողն եմ սիրում,
Իր լեռների ծմակների, կարճ ու գաճաճ ծառն եմ սիրում,
Մալարիայի իր դաշտերում, անհոտ վարդի գոյնն եմ սիրում,
Հազարամեայ իր գիւղերի չոր ակերի ջուրն եմ սիրում»:
Չարենցի ոտքով, Թուրիկի խելքով (Հատուած)
Image may be NSFW.
Clik here to view.Image may be NSFW.
Clik here to view.Անցեալ դարու` 1983-ի ապրիլի կէսերուն էր վերջին այցելութիւնս Պէյրութ: Տուն-տեղ ծախելու անյաջող փորձերէ ետք վերադարձայ Լոս Անճելըս, անգամ մըն ալ ծննդավայրս ոտք չկոխելու որոշումով: Ընտանիքէս մարդ չէր մնացած հոն: Որոշ թիւով բարեկամներ, դասընկերներ ու երաժիշտ գործընկերներ տակաւին հոն էին: Քանի մը հատին միայն հանդիպելու առիթը ունեցայ: Բոլորին դէմքին վրայ յուսահատութիւն կ’արտացոլար: Բան չէր փոխուած. Պուրճ Համուտի նեղ ու աղմկոտ փողոցները եղածին պէս հոն էին: Արեւմտեան Պէյրութ չայցելեցի, տակաւին «սահման» գոյութիւն ունէր: Բարեկամներէս Վաչէ Բրուտեան «Բագին»-ի աշխատակիցներէն էր եւ Արեւմտեան Պէյրութ կը մնար: Զիս տեսնելու համար մէկ օրուան համար այցելեց Պուրճ Համուտ: Տեսնուեցանք Դանիէլ Մածունեանի տան մէջ, քանի մը ժամ միայն: Անգամ մըն ալ հանդիպեցայ «Փորձառական թատրոն»-ի փորձի սրահը եւ ներկայ գտնուեցայ թատերախումբի մէկ փորձին: Բոլորը նոր դէմքեր էին, իմ ժամանակէս մարդ չէր մնացած: Պատահեցաւ նաեւ, որ ճամբան քալած ժամանակս հանդիպիմ քանի մը բարեկամներու եւ կարճ խօսակցութենէ ետք բաժնուիմ: Բոլորը, անխտիր. «Ի՞նչ կ’ընես հոս. ժամ առաջ գնա՛. օրերը լաւ չեն, կրնայ ամէն վայրկեան բռնկիլ եւ կը կախուիս»:
Այդ շրջանին` «Օրերը գեղեցիկ չէին»:
Ապրիլ 24-ի առիթով Անթիլիասի վանքի շրջափակին մէջ հսկումին ներկայ գտնուելէս քանի մը օր ետք ճամբայ ելայ դէպի Լոս Անճելըս:
Տարիները անզգալաբար իրարու յաջորդեցին, նոյնիսկ դարաշրջան փոխուեցաւ: Երկար տարիներ չէի մտածեր Պէյրութ այցելութեան մասին: Կապս բոլորովին կտրած էի ծննդավայրիս հետ, երբ, շնորհիւ արհեստագիտութեան բարիքներուն, վերագտայ նախկին բարեկամներուս մեծ մասը:
Համացանցի միջոցով ամէն օր «Ազդակ» «կը մտնեմ»: Գործատեղիս` աշխատած ատենս «Վանայ Ձայն» կ’ունկնդրեմ. մէկ խօսքով` հոս եմ, Լոս Անճելըս, միեւնոյն ժամանակ` հոն, Լիբանան, սիրելի ծննդավայրս:
* * *
Քանի մը ամառ ձգձգելէ ու յետաձգելէ ետք, վերջապէս այս տարի կինս ու ես կ’որոշենք ընտանիքով այցելել Լիբանան: Ներկայ պիտի գտնուինք պսակին կնոջս քրոջ աղջկան`Նանարին, որ հայկական ընտանիք մը պիտի կազմէ ճեմարանական մօտ բարեկամներէս Ատոմ եւ Սելլա Թնճուկեաններու որդիին` Յովանին հետ:
Անբացատրելի կարօտ մը ունիմ: Վերջին այցելութենէս արդէն 32 տարիներ անցած են, եւ 2015 յուլիս 1-ին ճամբայ կ’ելլենք Լոս Անճելըսէն եւ երկար ու յոգնեցուցիչ ճամբորդութենէ մը ետք, յուլիս 3-ի առաւօտեան ժամը 3:30-ին կը հասնինք Պէյրութի նորակառոյց, ամերիկեան եւ եւրոպական չափանիշով կառուցուած արդիական օդակայանը, որ ոչինչ կը յիշեցնէ նախկինէն:
Անցագիրիս էջերէն մէկուն մէջ կնքելէ ետք, օդակայանի պաշտօնեան կը թոյլատրէ, որ անցնիմ ներս: Առաջին անգամն է, որ ծննդավայրս կ’այցելեմ վիզայով եւ այդ մէկը քիչ մը տարօրինակ կը թուի ինծի, սակայն ո՞վ է մեղաւորը, պաշտօնեա՞ն, թէ՞ ես: Լիբանան ծնած ու հասակ նետած` այժմ ծննդավայրս կ’այցելեմ ամերիկեան անցագիրով:
Մեր ժամանումէն քիչ անց Պէյրութի բոլոր մզկիթներէն կը սկսի էզանը: Երկար տարիներ չէի լսած, սակայն, հաւատացէք, հաճոյքով կ’ունկնդրեմ: Ինծի կը յիշեցնէ այն տարիները, երբ Էշրեֆիէէն փոխադրուեցանք Պուրճ Համուտ, եւ Նապաայի մզկիթէն ամէն առաւօտ ժամը 4:00-ին կը լսուէր այդ «համերգը»:
Պտոյտ մը` Պուրճ Համուտի թաղերուն մէջ
Յաջորդ առաւօտ առաջին գործս կ’ըլլայ այցելել Պուրճ Համուտ եւ քալելով կինս ու ես կ’ուղղուինք Նոր Սիս թաղամասը, ուր կը գտնուէր մեր բնակարանը: Շատերէ լսած եմ, որ մեր բնակած Պօղոս Արիսի շէնքը գոյութիւն չունի. հիմնովին փլած են, եւ վրայէն կամուրջ մը անցած է, սակայն հետաքրքրուած եմ աչքերովս տեսնելու: Կը տեսնեմ ու կը յուզուիմ: Կը յուզուիմ ու կ’ընդվզիմ: Կամուրջը մեր դիմացի տակաւին կայուն մնացած շէնքին այնքան մօտ կառուցուած է, որ անզգուշ վարորդ մը շատ դիւրութեամբ կրնայ ինքնաշարժով «այցելել» վերի յարկերու տուներէն մէկը: Նոր կառուցուած օդակայանի հիանալի տպաւորութենէս ետք` առաջին յուսախաբութիւնս:
Կը շարունակենք մեր ճամբան դէպի Նոր Սիս, ու յանկարծ աչքիս կը զարնէ «Միսակ Ազիրեան» ակումբը, եւ նոր գլխի կ’իյնամ, թէ ո՞ւր հասած եմ: Շարունակելով ճամբան` կ’ուղղուիս դէպի Նապաա, սակայն նոյնիսկ Լիբանանի լաւագոյն օրերուն բնաւ չէի այցելեր այդ կողմերը:
Կը փոխենք մեր ուղղութիւնը ու կը թեքինք ձախ: Կը հասնինք Սուրբ Սարգիս եկեղեցի, որուն շրջափակին մէջ կը գտնուի Աքսոր Գասարճեան ազգային վարժարանը, ուր երկար տարիներ պաշտօնավարած էր քոյրս` Արսինէն: Չենք ուզեր աւելի հեռանալ` վախնալով, որ կրնանք կորսուիլ: Շատ բան փոխուած է, եւ նախկինէն գրեթէ ոչինչ կը յիշեցնէ:
Կը նախընտրենք վերադառնալ: Աջին կը տեսնեմ, բարեկամիս` Սարգիս Կիտցինեանի հօր շէնքը, «Դեղարան Պուրճ Համուտ»-ը, Ռաֆայէլեաններու շէնքը, ուր կը բնակէր երաժիշտ բարեկամս` Ստեփանը:
Վերադարձի ճամբուս նոր կ’անդրադառնամ, թէ երկաթուղագիծ չկայ. այդ փոքրիկ բարձրութիւնը վերցուած է, նոր ճամբայ մը բացուած է: Աջին Սրբուհի Ագնէս քոյրերու վարժարանն է, իսկ ձախին` Մեսրոպեան վարժարանն ու Սուրբ Փրկիչ հայ կաթողիկէ համայնքի եկեղեցին:
Աջ ու ձախ նայելով, երբեմն անտեղեակ, թէ ո՛ւր հասած ենք, երբեմն ալ կռահելով մեր հասած վայրը, արդէն գրեթէ հասած ենք ԱՖԷՏ-ի շէնքը, որուն գետնայարկի կառատան մէջ շարած ենք մեր վարձած ինքնաշարժը, երբ յանկարծ անտեղեակ թէ բաւական մեծ փոս մը գոյացած է մայթին վրայ, կինս թաւալգլոր կը փռուի գետին: Լիբանան է… մանաւանդ` Պուրճ Համուտ: Ամէն կողմէ վազելով օգնութեան կը հասնին: Քովի խանութէն մէկը ջուր կը հրամցնէ, ուրիշ մը ներսէն աթոռ մը կը բերէ, որ նստի ու հանգստանայ: Լիբանանեան հոգատարութիւն: Օրը` յուլիս 4, Ամերիկայի անկախութեան օր: Ամէն տարի այդ օրը եւ լման շաբաթը կինս ու ես սովորութիւն դարձուցած ենք մեր կամաւոր մասնակցութիւնը բերելու ՀՄԸՄ-ի Նաւասարդեան փառատօնին, օգտակար հանդիսանալու մեր շրջանի «Մասիս» մասնաճիւղին: Այսօր` յուլիս 4, Լիբանանի մէջ, մեր օրը կ’անցընենք հիւանդանոցի մէջ եւ ի յայտ կու գայ, որ արմուկին ոսկորները ճզմուած են: Աջ թեւը գաճի մէջ` գլխիկոր կը վերադառնանք տուն: Մէկ ամսուան մեր կեցութեան ամբողջ ընթացքին գրեթէ ամէն օր մեր ժամանակին մէկ մասը կ’անցընենք մասնաւոր մարզանքներու (Therapy) բուժարաններու մէջ:
«Անցած ըլլայ», «Ասոր ալ փառք, կրնար աւելի գէշ բան մը պատահիլ»: Ամէն կողմէ կը լսենք նոյնանման քաջալերական արտայայտութիւններ:
Յաջորդ օրը կինս մէկ ձեռքը գաճի մէջ, իսկ ես` պահապան հրեշտակի նման ուշադիր, որ Պուրճ Համուտի խճողումին մէջ անուշադրութեամբ մարդ չզարնուի վնասուած թեւին, կ’ուղղուինք դէպի Շաղզոյեան կեդրոն:
Անհամբեր եմ այցելելու «Ազդակ»-ի խմբագրատունը եւ անձամբ ծանօթանալու գլխաւոր խմբագիրին, խմբագրական կազմին, որոնցմէ քանի մը հատին հետ մնայուն կապի մէջ եմ ե-նամակի միջոցով:
«Ազդա՞կ» պիտի այցելէք. առաջին յարկ»: Շաղզոյեան կեդրոնի հայ պահակ տղաքն են մեզի ուղղութիւն տուողները:
Մուտքին` գրասեղանի ետին` Նելլի Աբրահամեանն է: Կը ճանչնա՞յ, թէ՞ կը կռահէ մեր ով ըլլալը, վստահ չեմ: Հաւանաբար երկուքը: «Ընկեր Շահանը ժողովի մէջ է, շուտով կը վերջացնէ, սակայն ընկերուհի Նորա Բարսեղեանը… հրամեցէք», եւ մեզ կ’առաջնորդէ դիմացի սրահը, ուր կողք կողքի շարուած գրասեղաններու ետին նստած են խմբագիրները: Նորան, արդէն նշմարած է մեր մուտքը ու ժպտուն կը դիմաւորէ մեզ: Անձամբ, առաջին հանդիպումս է, թէպէտեւ, ե- նամակագրութեամբ, իրարու ծանօթացած ու լաւ բարեկամներ դարձած ենք:
Մեզ կը ծանօթացնէ խմբագիրներուն, որոնց հետ երկուստեք ծանօթ ենք… անունով միայն:
Երբեք պիտի չմոռնամ, այդ ժպտուն դէմքով սիրելի խմբագիրները. հայ մշակոյթի արթուն պահակները, որոնք օտար մամուլի ծառայողներուն տասնապատիկը կ’արտադրեն` յաճախ զոհելով իրենց շաբաթավերջի թանկագին ժամերը ի սէր հայ մամուլին, եւ փոխարէնը` անարդարօրէն կը քննադատուին աննշան վրիպակի մը «յանցանք»-ով:
* * *
Հաւանաբար տարի մը առաջ էր, Միհրան Քիւրտօղլեանի ստորագրութեամբ «Ազդակ»-ի սուրճը» յօդուածը կարդացած ժամանակս, ես ինծի հարց տուի, «Ե՞րբ առիթը պիտի ունենամ ես ալ իմ կարգիս վայելելու «Ազդակ»-ի սուրճը», եւ ահաւասիկ, հազիւ մտած խմբագիրներու սենեակը ` արդէն սուրճը հասած է:
Յուզում եւ ուրախութիւն միաձուլուած են: Իրարու ծանօթ ենք անունով: Իմ գրութիւններս բազմիցս կարդացած են նախքան մամուլի յանձնելը. վստահաբար սրբագրութիւններ ալ կատարած են, եւ ահա, բոլորը անխտիր հաւաքուած շուրջերնիս, մէկ կողմէն մտահոգ կնոջս թեւով, միւս կողմէ` երկկողմանի հարցումներու տարափ մը:
Գլխաւոր խմբագիր-տնօրէն Շահան Գանտահարեան, որուն նմանապէս առաջին անգամն է, որ անձամբ ծանօթանալու պատիւն ու հաճոյքը կ’ունենամ, աւարտած է ժողովը ու կը միանայ մեզի: Նորա Բարսեղեանի ընկերակցութեամբ` «Շրջապտոյտ մը «Ազդակ»-ի խմբագրատունէն ներս»: Մեզի ցոյց կու տայ տարի մը առաջ յաւերժ բաժնուած, մեծ գրագէտ Պօղոս Սնապեանի թափուր գրասեղանը: Քիչ մը անդին` Շահանդուխտի գրասեղանն է, որ նոյնպէս թափուր է, տեսողութեան դժուարին պայմաններու մէջ ըլլալով` քանի մը ամիս առաջ հանգստեան կոչուած է, սակայն նոյնիսկ այդ վիճակին նոր հատոր մը աւարտած է` «Ճամբորդութիւն առանց հասցէի», որ շատ հաւանաբար շուտով լոյս տեսնէ:
Որքա՜ն կը ցաւիմ, որ չկրցայ սեղմել յիշած անուններուս ձեռքերը: Ձեռքեր, որոնք իրենց ամբողջ կեանքի տեւողութեան արտադրեցին գրական գործեր, հատորներ իրարու յաջորդեցին ու ճոխացուցին հայ գրականութիւնը:
Լոս Անճելըս վերադարձէս ամիս մը ետք Այնճարի մէջ տեղի ունեցած է մեծ գրագէտ Պօղոս Սնապեանի տուն-թանգարանի բացումը, որուն ներկայ չկարենալ գտնուելուս համար այնքան կը ցաւիմ:
Դարձեալ վերադառնալու խոստումով` կը բաժնուինք «Ազդակ»-ի մեծ ընտանիքէն:
(Շար. 1)
Լոս Անճելըս 2015