ՊԵՏՐՈՍ ՎՐԴ. ՄԱՆՈՒԷԼԵԱՆ
Կիներու միջազգային օրը տարուան ընթացքին այն գեղեցիկ առիթներէն մին է, որ մենք թէ՛ որպէս հաւաքականութիւն եւ թէ՛ որպէս անհատ վեր բերենք եւ մտածենք Հայ Կնոջ ունեցած մարդկային, բարոյական, հոգեւոր ու ազգային բացառիկ արժէքներուն եւ յատկանիշներուն մասին: Հայոց պատմութեան ամենավաղ շրջաններէն սկսեալ մինչեւ մեր օրեր, մեզի հասած վկայութիւններն ու արձանագրութիւնները շատ յստակ ձեւով կը վկայեն, թէ հայ կինը ունեցած է իւրայատուկ եւ եզակի դերակատարութիւն հայ հասարակութեան կեանքէն ներս: Չեմ կարծեր, որ չափազանցութիւն ըրած կ՛ըլլամ, երբ ըսեմ` «Օրօրոցը օրօրող ձեռքերն են, որ կը կառավարեն աշխարհը» խօսքը, մեր ազգին համար ալ եղած է ճշմարտացի:
Մեր նպատակը չէ անշուշտ գրութեան մը նեղ սահմաններուն մէջ անդրադառնալ եւ վերլուծել, թէ ինչո՛ւ եւ ինչպէ՛ս հայ կինը ունեցած է եւ ունի այս յոյժ կարեւոր դերակատարութիւն մեր կեանքէն ներս: Բայց կ՛արժէ անգամ մը եւս այստեղ յիշել եւ թուել այն արժանիքները, որ ունի հայ կինը: Թէպէտ այս մէկն ալ ամբողջական չի կրնար ըլլալ, որովհետեւ անկարելի է բառերով նկարագրել կամ ներկայացնել հայ կնոջ արժանիքները: Սիրելի՛ ընթերցող, Կիներու միջազգային օրուան առիթով յիշենք հայ կնոջ ունեցած գլխաւոր գէթ երեք արժանիքները.-
Ա) Մայր: Կինը ամէն բանէ առաջ Մայր է: Ընդհանրապէս կնոջ, եւ յատկապէս հայ կնոջ գլխաւոր արժանիքը եղած է մայրութիւնը: Մայրութիւնը հայ կնոջ համար ո՛չ միայն մաս կը կազմէ իր բնութեան, այլ զայն կը նկատէ սրբազան կոչում: Հայ կնոջ համար մայրութեան կոչումը աստուածատուր է, իսկ անոր դերը` դիւցազնական: Հայ կինը միշտ ալ գիտակից եղած է, որ ինք իր մայրական առաքելութեամբ կը շարունակէ աստուածային արարչագործութիւնը: Հայ կինը լաւ գիտէ, որ մայր դառնալը հեշտ է, սակայն մայրութիւն կատարելը` դժուար: Ի վերջոյ, հայ կինը պատմութեան ընթացքին իր մայրութիւնը նկատած է որպէս հարստութիւն, եւ ահա այս իսկ պատճառով մայրը նկատուած է ընտանիքին սիւնը:
Բ) Դաստիարակ: Կինը միայն ծնունդ չէ, որ կու տայ մանուկին: Ընդհանրապէս կնոջ, եւ յատկապէս հայ կնոջ գլխաւոր պարտականութիւնը եղած է մանուկին դաստիարակութիւնը: Հայ կինը եղած է առաջին եւ գլխաւոր դաստիարակը իր մանուկին: Հայ կինը միշտ ալ գիտակից եղած է, որ իր մանուկի ֆիզիքական աճման կողքին, ինք պարտաւորութիւնը ունի հսկելու իր մանուկին հոգեմտաւոր աճման: Այլ խօսքով, հայ կինը որպէս դաստիարակ իր զաւկին եւ ամբողջ ընտանիքին բարոյական կրթութիւն, հոգեւոր դաստիարակութիւն եւ ազգային ոգի ջամբողը եղած է:
Գ) Պահապան: Կինը իր ընտանիքին «պահապան հրեշտակ»-ն է: Ընդհանրապէս կնոջ, եւ յատկապէս հայ կնոջ գլխաւոր առաքելութիւնը եղած է իր ընտանիքին պաշտպանութիւնը: Հայ կինը իր ընտանիքին սրբութեան պահպանումը միշտ ալ նկատած է որպէս առաջնահերթ եւ սրբազան առաքելութիւն: Հոգեւոր, բարոյական ու ազգային սկզբունքներու եւ արժէքներու պահպանութեամբ հայ կինը կրցած է պահել ու պաշտպանել իր ընտանիքը: Ընտանիքի պաշտպանութեամբ հայ կինը կրցած է նաեւ պահպանել ընտանիքներու ամբողջականութիւնը եղող հայ ազգը եւ ազգին պաշտպանութեամբ կրցած է պահպանել ազգին տուն հանդիսացող հայրենիքը:
Ահաւասիկ հայ կնոջ տիպարէն վեր բերուած գլխաւոր երեք արժանիքներ: Իր ունեցած այս արժանիքներուն շնորհիւ է, որ հայ կինը կրցած է գրաւել իր իւրայատուկ տեղն ու դերակատարութիւնը հայ կեանքէն ներս:
Կնոջ տիպարը Աստուածամօր ճամբով անգամ մը եւս նուիրականացաւ, եւ այդ իսկ պատճառով տիպար հայ կինը ինքզինք դիտեց Սուրբ Կոյսին ընդմէջէն եւ անոր օրինակին հետեւելով` զարգացուց եւ ծաղկեցուց իր արժանիքները: Կիներու միջազգային օրը առիթ մըն է, որ մեր մայրերն ու քոյրերը անգամ մը եւս իրենք զիրենք դիտեն Աստուածամօր ընդմէջէն եւ տեսնեն, թէ որքանո՛վ պահած են իրենց ունեցած արժանիքները, որքա՞ն համապատասխան եղած են հայ կնոջ տիպարին եւ այսօր ի՞նչ է, որ կը պահանջուի իրենցմէ: Հայոց հայրապետ Արամ Ա. կաթողիկոս Հայ կնոջ տարուան առիթով իր գրած հռչակագիրին մէջ հետեւեալ բառերով կը վերլուծէ նշեալ հարցը. «Հայ կինը մեր կեանքէն ներս պէտք է մնայ բարոյական, հոգեւոր ու ազգային արժէքներու ճառագայթող ներկայութիւն»: