Quantcast
Channel: Անդրադարձ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 13414

Շնորհաւո՛ր Ձեր Տօնը, Հա՛յ Մայրեր Եւ Քոյրեր

$
0
0

ԵՍԱՅԻ ՀԱՒԱԹԵԱՆ

Մարտի 8-ը Կիներու միջազգային օրն է: Ամբողջ աշխարհը այս առթիւ կը շնորհաւորէ եւ կը գնահատէ իգական սեռի ներկայացուցիչները:

Ուշադրութեան արժանի է նաեւ այն իրողութիւնը,  որ հայրենիքի մէջ այս առիթը թէ՛ ժողովրդային եւ  թէ՛ պետական մակարդակով կը յիշատակուի, որ  խորհրդային շրջանի լաւ աւանդութիւններէն մէկը կարելի է նկատել:

Ժամանակին հետ այս առիթը սկսաւ նաեւ արժանի կերպով յիշատակուիլ սփիւռքի մէջ, ինչ որ ողջունելի է:

Անկախ այս առիթով տեղի ունեցող տօնակատարութիւններէն եւ գնահատանքի ձեռնարկներէն` առիթը կը պարտադրէ նաեւ վերլուծել իգական սեռի կարեւոր դերակատարութիւնը մարդկային ընկերութեանց մէջ:

Նախ ընդունինք, որ ժամանակները շատ փոխուած են, եւ մայրերն ու երիտասարդուհիները կղզիացած չեն իրենց ընտանիքներու յարկերուն տակ` սահմանուած  միայն տնային գործեր կատարելու, ինչպէս` նախկին դարերուն:

Այսօրուան մարդկային ընկերութեանց մէջ իգական սեռի դերակատարութիւնը չափազանց մեծ է բոլոր մակարդակներուն վրայ:

Մեր հայեացքը  դէպի մեր ազգը սեւեռելով` պիտի նկատենք, իգական սեռի հայ ներկայացուցիչները դերակատար դարձած են մեր կեանքի բոլոր բնագաւառներուն մէջ` սկսելով մշակոյթէն եւ հասնելով մինչեւ քաղաքականութիւն:

Իրականութեան մէջ հայ ժողովուրդը միշտ գտնուած է յառաջատար դիրքերու վրայ մարդկային քաղաքակրթութեան ամբողջ  պատմութեան  ընթացքին:

Տակաւին Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան ընթացքին իգական սեռը քուէարկելու իրաւունք ունէր եւ ի զարմանս շատերու` անկախ Հայաստանի դեսպանը Ճափոնի մէջ, Տիանա Աբգարը, աշխարհի առաջին կին դեսպաններէն էր:

Հայ մայրերու եւ հայ օրիորդներու դերակատարութիւնը շատ մեծ է մեր ազգի զարգացման եւ գոյատեւման ընթացքին մէջ:

Փաստօրէն մեր ազգը տոկուն եղած է, երբ ունեցած է զօրաւոր մայրեր (կապ չունի ուսման մակարդակին հետ) եւ տկարացած է, երբ հայ մայրը տկարութեան նշաններ ցոյց տուած է…

Եթէ չափազանցութիւն չնկատէք, կարելի է ըսել,  թէ ԱԶԳԻՆ ԱՊԱԳԱՆ ԿԱԽԵԱԼ Է ՀԱՅ ՄԱՅՐԵՐԷՆ: Մայրն է հայ ընտանիք պահողը, զաւակներ դաստիարակողը, տնտեսողը, հաւատք եւ ոգի փախանցողը: Հայ ընտանիքի, ուստի նաեւ հայ ազգի հիմնաքարն է հայ մայրը, որուն համար ի՛նչ ալ ընենք եւ ինչպէ՛ս ալ փորձենք գնահատել, ՉԵՆՔ ԿՐՆԱՐ ԱՐԺԱՆԻ ԿԵՐՊՈՎ ՀԱՏՈՒՑԵԼ ՀԱՅ ՄՕՐ ԱՆՍԱՀՄԱՆ ԶՈՀՈՂՈՒԹԻՒՆԸ:

Այս տօնական առիթով պարտաւոր ենք խոնարհիլ հայ մայրերու ծով զոհողութեանց առջեւ` երկար, արդիւնաբեր եւ ուրախ կեանք մաղթելով անոնց:

Վերադառնալով լիբանանահայ գաղութին` պէտք է միայն ողջունել կամաւոր այն իգական սեռի բանակները, որոնք կը գործեն կրթական, առողջապահական, մարզական, մշակութային, եկեղեցական, բարեսիրական եւ բազմաթիւ այլ բնագաւառներու մէջ: Այս բանակները, առանց համայնքային եւ կուսակցական խտրութեան,  արժանի են մեր բոլորին  աջակցութեան եւ յարգանքին:

Բնականաբար նկատի ունենալով հայ ժողովուրդի այսօրուան իրականութիւնը` մեծ ակնկալութիւններ ունինք հայ իգական սեռի ներկայացուցիչներէն:

Հայ ընտանիքները սկսած են տկարանալ, զաւակներուն մէջ նահանջած են հաւատքն ու ազգային ոգին, յոռի երեւոյթներ սկսած են մուտք գործել հայ ընտանիքներէն ներս, հայ-օտար ամուսնութիւնները դարձած են սովորական:

Ազգի տունը օր ըստ օրէ սաստկացող փոթորիկներուն դիմաց  սկսած է երկրաշարժի ենթարկուիլ, որ կրնայ քանդիչ հետեւանքներ ունենալ, ԵԹԷ ՀԱՅ ՄԱՅՐԵՐԸ ԱՄՈՒՐ ՉԿԱՆԳՆԻՆ ՓՈԹՈՐԻԿԻՆ ԴԻՄԱՑ:

Հայ մայրերն են հիմնական գրաւականը ազգի գոյատեւման, եւ տօնական այս առիթով պիտի մաղթենք, որ անոնք չտկարանան հոսանքներուն դիմաց:

Մուսա Լեռ – Այնճար                 
Փետրուար 2017

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 13414

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>