Quantcast
Channel: Անդրադարձ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 13490

Հայ Կինը` Նորօրեայ Զարգացումներուն Ընդառաջ

$
0
0

ՍԱԼԲԻ ՔԻՒՐՔՃԵԱՆ-ԹԱՇՃԵԱՆ

Կիներու միջազգային օրը առաւել կ՛արժեւորէ կնոջ դերակատարութիւնը կեանքի ոլորտին մէջ` նկատի ունենալով այն ծանր պատասխանատուութիւնը, որուն դիմաց կը կանգնի մեզմէ իւրաքանչիւրս` բարձր գիտակցութեամբ կատարելու այն, ինչ որ զինք առաւել կը գեղեցկացնէ իր կոչումին մէջ:

Կեանքի տարբեր պայմաններուն ու զարգացումներուն զուգահեռ, ընթացք կ՛առնէ նաեւ կիներու իրաւունքներու պաշտպանութեան կարեւոր կէտը` նկատի ունենալով միջավայրի ու հաւաքականութեան ազդեցութիւնն ու կեանքի փոփոխութիւնները:

Պէտք է ընդունիլ, որ միջազգային մակարդակի վրայ, անցեալին թէ այսօր, կան բազմաթիւ կիներ, որոնք տարբեր ժամանակներու ու պայմաններու մէջ արձանագրած են նուաճումներ, մրցանիշներ, դարձած են հանրածանօթ դէմքեր` քաղաքական, տնտեսական, ընկերային թէ այլ գետնի վրայ:

Կիներու միջազգային օրը կը խրախուսէ ու կ՛արժեւորէ անոր անսակարկ նուիրման ու տիպար հայ մայր ըլլալու ձգտումը, կը կարեւորէ հայեցի-ազգային դաստիարակութիւն ջամբելու պարտաւորութիւնը, ազնուաբոյր զգացումներով մշտապէս ծառայելու իր ազգին, ներդրում ունենալու Հայ դատի պահանջատիրական  աշխատանքներուն, հայրենասիրական ու գաղափարական վեհ զգացումներով վարակելու իր շուրջինները, ինչո՞ւ ոչ, իր կարգին նոր էջ բանալով հայ կեանքի հորիզոնին:

«Տիկնայք փափկասունք հայոց աշխարհի», այսպէս ճանչցուած են հայոց աշխարհի տիկինները. այս տեղեկութիւնը կը քաղենք, երբ կը բանանք պատմութեան էջերը, որպէսզի մեր կարգին ծանօթանանք անցեալին, այնտեղ արձանագրուած դէպքերուն, իրադարձութիւններուն, դէմքերու, կին դէմքերու, որոնց մասին երբեմն կը պակսին կենսագրական տուեալներ, սակայն իրենց կատարած սխրագործութիւններուն ճամբով մենք կը ծանօթանանք անոնց աշխատասիրութեան, մարտունակ ոգիին, կը ծանօթանանք Սօսէ Մայրիկին, Լոլա Սասունիին, Ջաւօ Շանթին,  Ռուբինային, որոնց անունով մկրտուած են ԼՕԽ-ի կարգ մը մասնաճիւղեր, եւ եթէ քիչ մը ետ երթանք, կը ծանօթանանք`

– «Տիկնանց տիկին» Փառանձեմ թագուհիին,

– Նաեւ` առաջին հայ բժշկուհին, որուն անունն է Աղուիթա, որ ապրած է երրորդ դարուն.

– Ութերորդ դարու առաջին հայ բանաստեղծուհիին` Սահակադուխտին.

– Առաջին հայ կին օդաչուին, որ համաշխարհային մրցանիշ արձանագրած է 1912-ին, Սոֆիա Աճեմովան է,

– Թիֆլիսի մէջ 1882-ին կը հիմնուի առաջին հայկական մանկապարտէզը, որուն հիմնադիրը նոյնպէս կին մըն է, անունը` Սոֆիա Պապայեան,

– Նաեւ` առաջին հայ կինը, որ բարձրացած է Արարատ լեռը, Ալեքսանդրապոլէն բժշկուհի Հայկանդուխտ Չախմախեանն է: Ան ուրիշներու հետ 16 սեպտեմբեր 1912-ին նուաճած է գագաթը:

Եւ շարքը կարելի է երկարել ու ծանօթանալ յեղափոխական դէմքերէն` Մարոյին, Սաթենիկին, մտաւորական դէմքերէն` Սրբուհի Տիւսաբին, Սիպիլին, Զապէլ Եսայեանին եւ բազմաթիւ ուրիշներու:

Սակայն կարեւոր կէտի մըն ալ պէտք է անդրադառնալ. արձանագրուած անուններու կողքին պէտք է արժեւորել այն հայ կինը, որ Տէր Զօրի աւազներուն վրայ իր մանուկին սորվեցուց հայերէն գիրերը, դաստիարակեց իր որդին քարայրի մութ անկիւնը, իր նահատակներու արեան սրբութիւնը փոխանցեց տակաւին պատանեկութեան տարիք չհասած երեխային, սորվեցուց պահանջատէր ըլլալ, աշխատիլ ու ճակտի քրտինքով իր շահը ապահովել` հայրենիքէն մինչեւ սփիւռք:

Եւ այսպէս, սերունդէ սերունդ կը փոխանցուի այն ջահը, որ պատմութեան ճամբով կը հասնի մինչեւ մեր օրերը, նաեւ` հետագայ սերունդներուն:

Կ՛ըսեն, որ «պատմութիւնը ինքզինք կը կրկնէ», բայց այս մտածումը ընդունելով հանդերձ, երբ մենք լաւապէս պատրաստուած ենք եւ կ՛ըմբռնենք վիճակը, երբ նմանատիպ իրողութիւն մը դարձեալ պատահի, նախկին փորձառութենէն օգտուելով եւ մեր ուժերուն վստահելով` կրնանք պաշտպանուիլ ու լուծում գտնել: Այս առթիւ, կարելի է մէջբերումներ կատարել մեր առօրեայէն:

Մենք կ՛ապրինք քսանմէկերորդ դարաշրջանը, որ շատերու կողմէ սահմանումի արժանացած է. ոմանք կ՛ըսեն` արագութեան դար, ուրիշներ` գիտութեան դար, ձուլումի դար, վտանգի դար, դժգոհութեան դար, մինչդեռ խորքին մէջ կարելի է տեսնել, որ այս դարը, ինչպէս մնացեալ դարերը, հարիւր տարուան պատմութեան մը ծնունդն է, որուն ուղղութիւնը մարդ անհատը կրնայ որոշել, ինչո՞ւ ոչ, հասուն ու գիտակից հաւաքականութիւնը դրական ազդեցութիւն կրնայ ունենալ. այլ խօսքով, մենք կրնանք մեր անձնական կեանքին թէ հաւաքականութեան մը համար նորութիւն բերել, ոչ թէ` այն մտածումով, որ մենք կ՛ուզենք հռչակ շահիլ, այլ` պարզ տրամաբանութեամբ, որ մենք կ՛ուզենք նորութիւն բերել գիտութեան, արուեստի թէ այլ մարզի մէջ ստեղծագործելով:

Նախաձեռնութիւնը կարեւոր դեր կը կատարէ. նախաձեռնութեան կողքին, սակայն, անհրաժեշտ է քաջալերանքը. եթէ մեր զաւակը, մեր քոյրը կամ եղբայրը, կամ ոեւէ անհատ, որ ունի այդ նախաձեռնելու ոգին, պէտք է քաջալերենք եւ անոր կողքին ըլլանք: Եթէ քննենք մեր շուրջը, յատկապէս պատանի կամ պարմաններու պարագային, կը նկատենք, որ նորահաս սերունդը անպայմանօրէն ժառանգած է նախաձեռնող ոգին, սակայն պէտք եղած քանակութեամբ քաջալերանք չի ստանար. այստեղ հայ կինը (ըլլայ անոր մայրը կամ մօտիկ պարագան) իր ունեցած ուժով ու կարողութեամբ կարելին պիտի ընէ, որպէսզի օգնէ իր զաւակին, անոր անհատականութեան կազմաւորման հետամուտ ըլլալով, որպէսզի իր զաւակը ինքնավստահ քայլերով ուղղուի դէպի երիտասարդութիւն:

Ասիկա կարեւոր կէտ մըն է, որ կ՛արժեւորէ կնոջ դերակատարութիւնը ընտանեկան յարկին տակ. ասոր կողքին, կու գան նաեւ բազմաթիւ այլ պատասխանատուութիւններ` փոխյարաբերութիւն, փոխհասկացողութիւն, անկեղծութիւն եւ այլն:

Ինքնութեան պահպանման համար ոչ միայն դպրոցը, ակումբը, եկեղեցին դերակատար են, այս պարագային նաեւ` տան մթնոլորտը, յատկապէս` հայ կնոջ դերակատարութիւնը, որ իր զաւակին հետ անմիջական հաղորդակից ըլլալով` կրնայ որոշ բացատրութիւն տալ ինքնութեան կորուստի վտանգին մասին` ուսումնասիրութեան ճամբով, երբեմն հրատարակութիւններու ընթերցումով, հայկական մշակոյթով միտք զարգացնել, եւ ուղղակի թէ անուղղակի տարբեր միջոցառումներ ի գործ դնելով:

Այսօրուան մարտահրաւէրները նաեւ կը պարտադրեն, որ հայ կինը ունենայ քաղաքական միտք, հաւասարակշռուած դատողութիւն, որովհետեւ տարբեր հոսանքներ կրնան որեւէ առիթով աղաւաղել անոր միտքը եւ խաթարել   ընկերային-հասարակական կեանքը. քաջածանօթ ըլլալ ներքին թէ արտաքին աշխարհի վերիվայրումներուն, որովհետեւ մենք դատ ունեցող ժողովուրդ ենք, մենք կ՛ապրինք սփիւռքի մէջ, մենք ունինք պահանջատիրական հողեր ու իրաւունքներ, ունինք հայրենիք, եւ արտաքին երկիրներու քաղաքական որոշումներ կ՛ազդեն մեր ազգութեան վրայ:

Ինչպէս ուսուցիչը, արհեստաւորը կամ ոեւէ անհատ կը սիրէ հետեւիլ նորութիւններու, հայ կինը իր կարգին պահանջ կը զգայ ինքզինք նորոգելու, մտային-ֆիզիքական-հոգեկան այս եռեակի հաւասարակշռութիւնը ամուր պահելու, ինչպէս իր ընտանիքը, շրջապատը եւ իր ազգը: Եւ ինչպէս բանաստեղծ Մատթէոս Զարիֆեան կ՛ըսէ. «Կը սիրեմ հպարտութիւնը կիներու մէջ, բայց միայն այն ատեն, երբ յենած չէ ոչնչութեան, այլ հոգիի խորունկ ուժերու…»:

Հայ կինը կը գիտակցի իր անփոխարինելի դերին եւ աշխատանք կը տանի իր զօրութեան ջահով լուսաւորել մութ աշխարհը…

26 փետրուար 2017
Այնճար


Viewing all articles
Browse latest Browse all 13490

Trending Articles