Quantcast
Channel: Անդրադարձ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 13480

Կիներու Միջազգային Օրուան` Մարտ 8-ի Առիթով Խորհրդածութիւններ

$
0
0

ՎԱՀԷ ՄԱՐԿՈՍԵԱՆ       

Մարտ 8-ը:

Կիներու միջազգային օր:

Այս յատկանշական  օրուան  առիթով, կարծեմ, մեզ  կը  հետաքրքրէ միայն  «ՀԱՅ  ԿԻՆԸ»:

Երբ  յետադարձ  ակնարկ  մը  նետենք  մեր  պատմութեան` սկսելով  Վարդանանց  պատերազմէն, 1915-ի ջարդերէն  ու  տեղահանութիւններէն,  Փետրուարեան  ապստամբութենէն, հասնելով մինչեւ  սփիւռքահայ  գաղութներու, ի մասնաւորի,  սուրիահայ  եւ  լիբանանահայ  գաղութներու կազմաւորման  աշխատանքներ, բոլորին  մէջ ալ, ռամիկէն  մինչեւ  ազնուական, հայ  կնոջ  ներդրումն  ու  դերակատարութիւնը եղած է անսահման  կամաւորական ոգիով:

Թերեւս  բոլոր ազգերէն աւելի հայ կինն  է, որ  արժանի էր յիշուելու, յարգուելու եւ մեծարուելու,  որովհետեւ  ան եղած է ընկերութիւններու,  ընտանիքներու գլխաւոր խթանը:  Հայ  կինը  կոչուած է նախ ըլլալու մայր, ապա` առաջին  դաստիարակը իր երեխաներուն: Հայ կինը  ընտանիքին համար կրնայ ըլլալ միեւնոյն  ժամանակ թէ՛ մայր եւ թէ՛ հայր:

***

21-րդ դարու երկրորդ տասնամեակի գրեթէ  աւարտն է: 5-րդ դարէն մինչեւ 21-րդ դար:

Գիտութիւններու արագավազ ու հսկայաքայլ  յառաջդիմութիւններու, համաշխարհայնացումի եւ իր  բազմակողմանի վտանգներով,  իսկ արդիականացումը` դիմակի ետեւ պահուըտած,  արդէն սկսած ենք կուլ երթալ ու կորսնցնել  ամէն  սրբութիւն, ամէն առաքինութիւն ու բոլոր տեսակի արժէքներ:

Այսօր ամէն կին իր արտաքինով նման է ոեւէ այլ  կնոջ իր` թաթուներով, իր պոթոքսներով, իր  վարսերով, իր շարժուձեւերու եւ ապրելաոճի  մրցակցութեամբ: Կարելի չէ զանազանել հայուհին`  ֆրանսուհիէն կամ արաբուհիէն: Բոլորն  ալ  անխտիր կը գործածեն լատինական տառերը, երբ  ուզեն բացիկ մը գրել:

Այսօրուան կնոջ մտահոգիչ կեդրոնացումը միմիայն  իր բջիջային գործիքն է: Ուացափներու ու  Դիմատետրի անմակարդակ ու անճոռնի լուրեր  ու  նկարներ իրարու փոխանցելով` կը սպաննեն  իրենց  ժամանակը: Ո՛չ մէկ փոխասացութիւն, ո՛չ մէկ  մտքերու փոխանակում: Սոյն երեւոյթը նկատելի  է  բոլոր ընկերութիւններու մէջ, ընտանիքներու,  միութիւններու, ժողովներու, նոյնիսկ նօսրացած  հանդիսատեսով ձեռնարկներու ընթացքին…

Ու հեռաւոր Ամերիկաներէն, Աւստրալիաներէն,  Միջին ու Ծայրագոյն Արեւելքէն կ՛իմանանք  նոյն  յանկերգը`  «ՄԱՐԴՈՒԺԻ  ՊԱԿԱՍ» …

Համաշխարհայնացում… Արդիական մեթոտներ…  Յառաջդիմութիւն…

Յո՞ երթանք…

 

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 13480

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>